ՈՉՆՉԱՑՆԵԼ ԵՒ ՈՉՆՉԱՆԱԼ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները աշխարհի վրայ մարդու դերին մասին։
Պատմութեան ընթացքին յառաջացած իւրաքանչիւր խնդրի համար գտնուած են ժամանակաւոր լուծումներ, բայց բացայայտուած չեն անկայունութեան եւ բնական միջավայրերու ոչնչացման հիմնական պատճառները:
Աշխարհ կը դիտէ իր մօտալուտ կործանումը. կլոպալ տաքացում, կլիմայի փոփոխութիւն եւ անվերահսկելի անտառային հրդեհներ, մոլեգնող համաճարակներ, ամպերու պայթիւններ, երկարատեւ ջրհեղեղներ, անբուժելի հիւանդութիւններ, երաշտներ, օդաորակիչի եւ կերպընկալի անվերահսկուող օգտագործում, բարձր ու խիտ շէնքեր, արագ սնունդ, ինքնաշարժներ, մարդամեքենաներ… Ցուցակը այսպէս կարելի է շարունակել։ Մարդիկ կը տառապին սովորութիւններու, ապրելակերպի խանգարումներէն, որոնք յաճախ կ՚արժեն իրենց կեանքը՝ քաղցկեղի ախտորոշումներով, գիրութեան համաճարակով, ճնշուածութեամբ, ընկճախտով եւ այլն:
Բայց եւ այնպէս, այս խնդիրներու մեծամասնութիւնը մարդածին են։ Բնական աղբիւրներու սպառումը եւ մարդոց բնութեան վրայ միջամտութիւնը արագացած են։ Թէեւ մարդոց մեծամասնութիւնը գիտէ, որ սխալ ուղղութեամբ կ՚ընթանայ, սակայն չունի առկայ խնդիրներու լուծումը։ Ինչո՞ւ այսպէս է։
Բնութեան մէջ ամէն ինչ հաւասարակշռուած է: Երբ իւրաքանչիւր անհատի շահերու մղումն ու ձգտումը կը հաւասարակշռեն զիրար, բնութեան մէջ ներդաշնակութիւն կը տիրէ: Այդ կերպով հաւասարակշռութիւնը պարտադրուած չ՚ըլլար, այլ՝ կը գոյանայ ինքնաբերաբար։ Ահա թէ ինչպէ՛ս կեանքը ընթացած է այս մոլորակի վրայ: Այնուամենայնիւ, ո՞ւր ձախողած ենք։
Սպաննել մարդիկ, կենդանիներ եւ ոչնչացնել ամբողջ էքօհամակարգերը… Քաղաքակրթութիւններ կործանած են համերաշխութիւնը եւ հաստատած են նեղմիտ եսասիրական կարգավիճակ, ինչ որ մեծամասնութեան տառապանքին պատճառ դարձած է։
Մեզի անհրաժեշտ է գաղափարական կամ փիլիսոփայական փոփոխութիւն՝ դարերու վաղեմութեամբ ընկերային կամ բնապահպանական հարցերու շուրջ։ Արդարեւ, մարդիկ բնութեան մէկ մասն են: Մենք ծնած ենք Երկիրը կազմող տարրերէն, կը գոյատեւենք անոնցմով, իսկ կը հիւանդանանք, երբ մեր մարմնի տարրերը չեն համապատասխաներ բնութեան տարրերուն եւ երբ մահանանք, դարձեալ կը դառնանք բնութեան մէկ մասը: Այն ինչ որ կը խախտէ բնական միջավայրը, մեզ նոյնպէս կը խանգարէ եւ այն ինչ որ կը հարստացնէ բնական միջավայրը, կը հարստացնէ նաեւ մեզ: Եթէ հաւասարակշռութիւնը փլուզուի՝ գիտութեան, կամ այլ միջոցով, մարդիկ անոր զոհը կը դառնան:
Մենք պէտք է սկսինք բացայայտելով մեր հասարակաց բարոյական արժէքները։ Պէտք է վերջանայ «բնութեան սպանութիւնը պարտադիր է յառաջդիմելու եւ զարգանալու համար» մտածելակերպը, որ աշխարհի բոլոր բնակիչներու անհետացման պատճառ կրնայ դառնալ։ Պէտք է ջանանք աստիճանաբար նուազեցնել բնութեան ապականումն ու բնական աղբիւրներու ոչնչացումը։ Պէտք է ներգրաւուինք անհատական, ընկերային կամ զանգուածային ջանքերով բարելաւել բնութիւնն ու մարդոց հոգեկան կամ մարմնային առողջութիւնը, որոնց համար հարկաւոր է մաքուր հող, մաքուր ջուր, մաքուր օդ, մաքուր սնունդ եւ մաքուր բնութիւն։
Ինչպէս աւելի առաջ նշեցինք՝ մարդը, նաեւ միւս բոլոր կենդանի էակները, բնութեան մէկ մասն են ու ունին շատ տարբեր յատկանիշներ. օրինակ՝ տարբեր տրամաբանութիւն, հաղորդակցելու եւ բարդ խնդիրներ լուծելու ընդունակութիւն, սեփական զգացումներն ու գաղափարները արտայայտելու կարողութիւն: Մարդկութեան գիտելիքներով եւ փորձագիտութեամբ մենք սկսած ենք շատ աւելի լաւ հասկնալ մեր աշխարհը, բնութիւնը եւ աշխարհի վրայ մարդկութեան գործառոյթն ու ազդեցութիւնները, բայց դեռ շատ բան ունինք սորվելու: Ուժ ունինք՝ բուժելու բնութիւնը մեր ունեցած միջոցներով: Աշխարհի վրայ բոլորի նպատակը պէտք է ըլլայ բուժել բնութիւնը։ Յոյս ունիմ, որ աշխարհը կը վերածաղկի, երբ աւելի ու աւելի մարդիկ սկսին ձգտիլ իրենց նպատակները իրականացնել՝ այս մտադրութեամբ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•վերջ