«ԱՆՅԻՇԱՉԱՐ ՄԱՐԴԸ»

Կոմիտասի գնահատած մեներգիչը եղած է Վահան Տէր-Առաքելեան: Հայաստանի Եղեգնաձորի շրջանի Մալիշկա գիւղը ծնած այս արուեստագէտը 1901-1905 թուականներուն ուսանած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը. ուսանողներուն մէջ առանձնացուած է իր գեղեցիկ ձայնով ու երաժշտական փայլուն ընդունակութիւններով: Կոմիտաս անմիջապէս զայն երգիչ նկատած է եւ 1905 թուականէն սկսեալ ան մասնակցած է Կոմիտասի երգչախումբերու համերգներուն՝ Թիֆլիզի, Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:

1908 թուականին ան որպէս դասատու աշխատած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի մէջ: 1909 թուականին տեղափոխուած է Սեն Փեթերսպուրկ, ուր ուսանած է տեղւոյն երաժշտանոցը, նաեւ համալսարանը. երգած է Սեն Փեթերսպուրկի Մարինեան թատրոնի խումբին եւ տեղւոյն հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբին մէջ:

Վահան Տէր-Առաքելեան հարուստ կենսագրութիւն մը ունեցած է. ան Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբին զօրակոչուած է ռազմաճակատ, պարգեւատրուած է շքանշաններով ու պատուոյ զէնքերով: 1917 թուականին փոխադրուած է Թիֆլիզ՝ 2-րդ հայկական հրձիգ ջոկատ, 1918 թուականի մայիսին զինուորական ծառայութեան անցած է Հայաստանի մէջ, մասնակցած է Սարդարապատի ճակատամարտին, եղած է Կարս ամրոցի շտապի պետ մինչեւ 1920 թուականի նոյեմբերը, երբ, Կարսի անկումէն ետք, որպէս բանագնաց, գերեվարուած է եւ յետագային՝ ազատած:

Վահան Տէր-Առաքելեան 1921 թուականին բնակած է Թիֆլիզ, դասաւանդած է, աշխատած է խմբագրութիւններու մէջ, եռանդուն մասնակցութիւն բերած է համայնքի կեանքին եւ իբրեւ երգիչ համերգներ սարքած է Թիֆլիզ, Երեւան, Կիւմրի՝ հանդէս գալով մանաւանդ Կոմիտասի, Ռոմանոս Մելիքեանի, Սայաթ Նովայի երգերու անզուգական կատարումներով: 1927 թուականին Տէր-Առաքելեան համերգ ունեցած է նաեւ Մոսկուա, իսկ 1928 թուականին՝ Մայնի Ֆրանքֆուրթ:

Յատկանշական է, որ Վահան Տէր-Առաքելեան ունեցած է նաեւ թարգմանիչի հարուստ կենսագրութիւն: Ան հայերէնի թարգմանած է Լեւ Թոլսթոյի «Աննա Քարենինա» նշանաւոր վէպը, Եարոսլաւ Հաշէկի «Քաջ զինուոր Շվէյկի արկածները» եւ այլ համաշխարհային ճանաչում ունեցող գրական ստեղծագործութիւններ:

Վահան Տէր-Առաքելեան նաեւ կը գրէր, հեղինակ է պատմուածքներու, առակներու ու բանաստեղծութիւններու: Իր գործերուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն Կոմիտասի մասին իր յուշերը՝ «Անյիշաչար մարդը» խորագրեալ: Կոմիտասի կենդանութեան ժամանակ՝ 1931 թուականին այդ յուշերը արդէն լոյս տեսած էին Հայաստանի մէջ, սակայն, Կոմիտաս, իր լռութեան մէջ, անշուշտ, անհաղորդ էր ամէն ինչի:

*

Կոմիտասին հետ կապուած իմ յիշողութիւններս մէկը միւսէն աւելի վառ ու գունեղ են, որովհետեւ Էջմիածնի գորշ իրականութեան մէջ ան այնպիսի պայծառ դէմք մըն էր, որուն ցայտուն գիծերը ժամանակը երբեք չի կրնար աղօտել:

Պէտք է ըսեմ, որ ճեմարանի ամբողջ աշակերտութիւնը սրտանց կը սիրէր պարզ ու կենսուրախ Կոմիտասը եւ լիովին կը վայելէր անոր ջերմ սէրն ու ընկերական վերաբերմունքը, գիշերօթիկ սաներու յատուկ խանդավառութեամբ կը համախմբուէին անոր շուրջ եւ կը լսէին անոր մտերիմ կատակներն ու սրախօսութիւնները:

Այդպիսի սիրաշող շրջանակներու մէջ դնելով փոխյարաբերութիւնները՝ ճեմարանի աշակերտութեան հետ ընդհանրապէս, Կոմիտասն առանձնապէս կը գուրգուրար ձայնեղ եւ երաժշտասէր տղոց: Վերջիններուս թուին կը պատկանէր նաեւ տողերս գրողը: Ամէն անգամ, երբ ան գրի կ՚առնէր եւ կը մշակէր ժողովրդական որեւէ երգ կամ եկեղեցական դրուագ, կու գար ճեմարանի հանդիսարանը կամ կը կանչէր մեզ իր քով, երգել կու տար եւ տեղւոյն վրայ ուղղումներ կ՚ընէր:

Կոմիտասի արտասահմանէն վերադառնալէն անցած էր 6-7 ամիս: Այդ ժամանակամիջոցին անոր ցուցաբերած աշխատանքը արդէն որոշակի հմայք ու համբաւ ստեղծած էր անոր շուրջը. անոր համեստ խուցը դարձած էր հայ երաժշտական արուեստի ուխտատեղի բոլոր անոնց համար, որոնք Էջմիածին այցելութեան կու գային: Անոր ոգեւորութիւնը եւ ստեղծագործական թափը կը զարնէր զօրեղ շատրուանի պէս: Սակայն Էջմիածնի սեւագլուխ կղերը շատ հաշտ աչքով չէին նայեր «սէր» երգող վանականին, որուն քառաձայն պատարագէն «լութերականութեան հօտ կը փչէր»:

Մինչ այդ, մեր մամուլին մէջ լոյս տեսաւ յօդուած մը, ուր խօսելով Կոմիտասի մասին, կեղծանուն յօդուածագիրը կը եզրակացնէր. «Երեքուկէս տարուան մէջ կօշկակարութիւն սովորիլ չի կարելի, չէ թէ՝ երաժշտութիւն»:

Էջմիածնի վեղարաւոր ագռաւներու վայրահաչութիւնը Կոմիտաս չլսելու կու տար, բայց յիշեալ արտառոց յօդուածը լուրջ վիշտ պատճառեց իրեն, թէեւ ան կը ձեւացնէր, թէ նկատի չ՚առներ յօդուածագրին խօսքերուն պարունակած թոյնը:

Անցան օրեր, շաբաթներ: Ապրիլ ամսուն, կիրակի մը, պատարագէն յետոյ Կոմիտաս զիս ու Մ. Քրիսճեանը կանչեց իր քով` լսելու «Ծիրանի ծառ, բար մի տար» ժողովրդական մեներգը, որ ան պատրաստած էր խումբի երգակցութեամբ:

Թրքական սեւ սուրճով մեզ հիւրասիրելէ ետք, գործի անցանք, երբ դուռը զարկին:

-Herein (մտէք),- հնչեց անոր դիւրալի թենորը:

Ներս մտաւ վիպասան Վրթանէս Փափազեանը, ձեռքը ջութակի տուփ մը կարճահասակ գիրուկ մարդու մը հետ, զոր Փափազեանը Կոմիտասի հետ ողջագուրուելէ ետք ներկայացուց ըսելով.

-Հայ բոշաներու բանասէր Գրիգոր Վանցեան:

Վերջինս կարմրեցաւ եւ իր մազոտ աջով ամուր սեղմեց մեր ձեռքը եւ տեսակ մը շփոթած դրութեամբ կանգնած մնաց:

Կոմիտասը եկուորներուն սուրճ հրամցնելէ ետք՝ անոնց խնդրանքով նստաւ ֆիզհարմոնիային դիմաց, սկսաւ նուագել եւ երգել իր ներդաշնակած ժողովրդական «լէ-լէ»ներեէն ու եկեղեցական երգերէն զանազան կտորներ, մեծ հիացմունք պատճառելով անոնց: Ընդհատելով երգն ու նուագը, Կոմիտաս դարձաւ Փափազեանին.

-Վրթանէս ճան, բան մըն ալ դու չալէ, ես լսեմ:

-Ուրախութեամբ: Ճիշդ այդ նպատակով ալ ջութակս հետս բերի, որ նուագեմ քեզի համար քրտական «Լուր-տա-լուր»ը: Ատիկա սիրուած լեգենդ մըն է, որ ես մշակած եմ եւ շուտով պիտի հրատարակեմ:    

Նստած մեր տեղերուն վրայ դարձանք լարուած ուշադրութիւն:

Կոմիտասը կեցաւ իր բարձր գրասեղանին դիմաց, հիւրերէն աննկատելի կերպով վերցուց ճերմակ թուղթ մը, մատիտ մը եւ ծնօտը յենեց ձախ ձեռքի բռունցքին ու աչքերը Փափազեանին յառած կը լսէր անոր նուագը եւ միաժամանակ հայկական ձայնանիշներով գրի կ՚առնէր «Լուր-տա-լուր»ը:

Ան աչք կը նետէր թուղթին միայն այն պահերուն, երբ պէտք էր որոշել նոր տողին սկիզբը:

Փափազեան կը նուագէր սրտախտիտ ջերմ զգացումով: Քրտական մեղեդին, օդին մէջ փողփողացող երկար ժապաւէնի մը պէս, մէյ մը շեշտակի կը դառնար դէպի վեր, մէյ մը գլխապտոյտ արագութեամբ կ՚իջնէր վար, թաւշահնչիւն կը մրմնջար, կը քթքթար եւ ապա նորէն սահիկ ոլորտով կը տարածուէր դէպի բարձրերը: Այստեղ «Լուր-տա-լուր»ը իրարու ետեւէ վազող թեթեւ ալիքներու շարժումով մղկտաց եւ յուսակտուր ճիչով մէկէն ընդհատուեցաւ, համակելով մեզ թախիծի անձկութեան խոր յոյզով:

-Ինչպէ՞ս է, Կոմիտա՛ս, հաւնեցա՞ր,- հարցուց Փափազեան ջութակը կուրծքէն վերցնելով:

-Հիանալի է: Հաւնեցայ ու սիրեցի ալ: Հիմա ես նուագեմ, դուն լսէ՛:

Այսպէս ըսելով, Կոմիտաս վերցուց իր թուղթը գրասեղանէն, մօտեցաւ ֆիզհարմոնիային, նստաւ ու սկսաւ նուագել եւ երգել «Լուր-տա-լուր»ը, որ տեղւոյն վրայ ձայնագրած էր:

Ֆիզհարմոնիայի ծորուն հնչիւնները դժուարութեամբ կ՚արտայայտէին մեղեդիի արագընթաց չափն ու ճկուն ոլորտները, սակայն աներկբայ էր, որ եղանակին վերարտադրութիւնը լիովին ճիշդ եւ հարազատ էր:

Մենք բոլորս զարմանքով կը նայէինք այդ հմայիչ մարդուն: Փափազեան ուղղակի ապշած, քարացած էր:

-Կոմիտաս, «Լուր-տա-լուր»ը դուն առաջուընէ ձայնագրա՞ծ էիր:

-Ո՛չ, ձայնագրեցի, երբ դուն կը նուագէիր:

-Չէ՞ որ դուք կանգնած կը լսէիք Վրթանէսի նուագը,- բացագանչեց Վանցեանը՝ տեսակ մը արտասովոր տարակոյսով:

-Ի՞նչ կայ որ, ականջս կը լսէր, ձեռքս ալ կը գրէր՝ ահաւասիկ, նայեցէք:

Ան վերցուց ֆիզհարմոնիայի վրայ դրուած թերթը եւ ցոյց տուաւ ծուռ ու մուռ տողերով գրի առնուած «Լուր-տա-լուր»ը:

-Չէ՛, ճանըս, հոս օյին մը կայ, կամ…

-Կամ ի՞նչ, Փափազ:

-Կամ կախարդ ես դուն:

-Պոշ բաներ մի խօսիր, կախարդը ո՞րն է:

-Բայց չէ՞ որ չափազանց դժուար է ձայնագրել քրտական եղանակները, որոնք լեցուն են կոտորակային ձայնամիջոցներով:

-Միթէ դուն կը դժուարանայի՞ր ճշդութեամբ գրելու քեզի եղած հայերէն թելադրութիւնը, որքան ալ անիկա բարդ ըլլար:

-Հարկաւ՝ ո՛չ: Սակայն մեծ տարբերութիւն կայ թելադրութեանց միջեւ, Կոմիտա՛ս:

-Ինծի համար ոչ մէկ տարբերութիւն, ա՛յ վարժապետ Փափազ,- «յանգաբանեց» Կոմիտասը զուարթ քրքիջով:

Փափազեան շեղակի, բայց շեշտակի հայեացք մը նետելով Վանցեանի կողմը, ձայնեց.

-Մի՞թէ անբարեխիղճ, անամօթ չէ այն մարդը, որ առանց ծանօթանալու Կոմիտասին հետ, առանց գաղափար ունենալու անոր շնորհքին եւ ընդունակութիւններուն մասին, հրապարակաւ կը քննադատէ զայն եւ կը գրէ. «Երեք ու կէս տարուան մէջ կօշկակարութիւն սովորել չի կարելի, չէ թէ երաժշտութիւն»:

-Այդ անամօթ մարդը ես եմ, Կոմիտաս, եւ ներողութիւն կը խնդրեմ իմ անբարեխղճութեանս համար, - թոթովեց Վանցեանը խեցգետինի պէս կարմրելով եւ ձեռքերը մեկնելով Կոմիտասին:

Յանկարծակիի եկած Կոմիտասին դէմքը մթագնեցաւ անհաճոյ զգացումէն, բայց վայրկենական այդ մութ ստուերին յաջորդեց լայն ու պայծառ ժպիտը, եւ ան, սեղմելով իրեն պարզուած ձեռքերը, մանկական անյիշաչարութեամբ ըսաւ.

-Երկու կոպեկ տուր, յօդուածին դառնութիւնը քամուն տանք:

-Հայր սո՛ւրբ ճան, երկու ալ, տասներկու ալ կու տամ, միայն ներեցէք զիս:

- Ո՛չ, ճիշդ երկու կոպեկ:

Քանի մը տարուան ընթացքին այդպէս հաւաքուած երկու կոպեկներով Կոմիտաս Փարիզի մէջ հրատարակեց «Հայ Քնար» գեղջուկ երգերու իր առաջին ժողովածոն:

ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Կոմիտասի 150-ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ ամէն օր նոր ու հետաքրքրական ցուցադրութիւն մը կը բացուի: Երեւանի Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ կը գործէ Կոմիտասին նուիրուած «Կտոր-կտոր» խորագրեալ ցուցադրութիւնը, որ խեցեգործական հետաքրքրական համադրում մըն է: Ցուցահանդէսին ներկայացուած կտորները կը յիշեցնեն Կոմիտասի ծննդավայր Կուտինայի հայ վարպետներուն գործերը: Այս ցուցահանդէսը համադրողը Նաիրի Խաչատուրեանն է, որ գործակցած է Անուշ Ղուկասեանին հետ եւ մէջտեղ եկած է կտորներով հաւաքուած այս յատկանշական ցուցադրութիւնը:

Անուշ Ղուկասեանը խեցեգործական արուեստի վարպետ է եւ պատահական չէ, որ ցուցադրութիւնը ներկայացուած է ոչ թէ ամբողջական սկիհներու կամ ափսէներու տեսքով, այլ՝ կտորներու:

Հեղինակները կը բացատրեն, որ Կոմիտաս իր բանահաւաքչական աշխատանքը կատարելու ընթացքին գիւղերէն կտոր-կտոր հաւաքած է բանահիւսական նմոյշներ: Այս ցուցահանդէսը Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ կը գործէ մինչեւ օգոստոսի 21-ը:

Նոյն վայրին մէջ բացուած է այլ ցուցահանդէս մը, որ կը կրէ «Ապագայ մտածողը» խորագիրը: Այս մէկը թանգարանի պատերէն դուրս է՝ թանգարանին յարակից այգիին մէջ, ուր ծառերուն վրայ փակցուած ազդագրերը կրկին կոմիտասեան են:

Այդ ազդագրերուն հեղինակները արուեստագէտներ են՝ Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Լեհաստանէն եւ Պելժիայէն: Այգին տեսակ մը արուեստի ծառուղի դարձած է, իսկ ցուցահանդէսին խորագիրը նոյնպէս պատահական չէ. «Ապագայ մտածողը» կոչուած է, քանի որ 1906 թուականին Կոմիտասը նամակ մը ղրկած է իր մտերիմ ընկերուհիներէն մէկուն՝ երաժիշտ Մարգարիտ Պապայեանին, եւ նամակի աւարտին ստորագրած է. «Ապագայ մտածողը»:

Երեւանի Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային պողոտայի «Տաշիր Սթրիթ» կեդրոնին մէջ ալ բացուած է ազգային նուագարաններու ժամանակաւոր ցուցադրութիւն մը՝ «Կախարդական սրինգե խորագրով: Ցուցադրուած նուագարաններուն մէջ է նաեւ Կոմիտասի սրինգը, որ ցուցադրութեան վայր տարուած է Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն: Ծանօթ է, որ ազգային նուագարաններէն Կոմիտասի սիրելի գործիքը եղած է սրինգը: Ան սրինգ նուագած է իր կեանքի յուզական բոլոր պահերուն, իբրեւ հանգստացնող եւ առողջացնող միջոց մը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2019