ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ Կ՚ԱԽՏՈՐՈՇԵՆ ԵՒ ԼՍՈՂ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆ, ՆԵՐՍԸ ԵՒ ԴՈՒՐՍԸ
«Եթէ կ՚ուզէք մարդոց համագործակցութիւնը ձեր շուրջ,
դուք պարտիք անոնց զգացնել, որ իրենք կարեւոր են,
եւ այդ ըրէք՝ ըլլալով վաւերական եւ համեստ»:
ՆԵԼՍԸՆ ՄԱՆՏԵԼԱ
Խտրական վարչաձեւէն ետք
Հարաւային Ափրիկէի պետութեան Ա. նախագահ
Հայաստանեան մամուլին մէջ, թեր ու դէմ կարծիքներու եւ խծբծանքի նմանող թոհուբոհին մէջ, երբեմն կը յայտնուին մտաւորականներու միտքեր, որոնք եթէ լսուին յաճախ քարացած կամ թմբիրի մատնուած հանրային կարծիքին կողմէ, երկրին մէջ ստեղծուած կիրքի եւ թշնամանքի մթնոլորտը կը փոխուի, կը գերակշռեն իրատեսութիւնը եւ ազգայինը:
Օրեր առաջ, 30 յունիսին, «Առաւօտ» թերթի կայքին վրայ կարդացած եւ արձանագրած էի Հայաստանի Ճարտարագիտական ակադեմիայի թղթակից անդամ Անանիա Մաղաքեանի առանց չարութեան կատարած դիպուկ ախտորոշումը: Ան ըսած էր.
«Խօսքեր չեմ գտնում ասելու, թէ որքա՛ն ամօթալի է, երբ այսքան կորուստներից յետոյ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի անդամ ուժերը իշխանութեան հետ ուս-ուսի տուած ընտրապայքար են անում, թէ ո՛վ աւելի շատ մանդատների (լիազօրութիւններու, Յ. Պ.) կը տիրանայ: Այս պարագայում ի՞նչ տարբերութիւն կայ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան գործելակերպի մէջ: Արդեօ՞ք նրանք նոյնը չեն…»:
Մեծ քաղաքագէտի կամ տեսաբանի կարիք չկայ հասկնալու համար ողջախոհական քննադատութիւնը: Արդարեւ, տասնվեց կուսակցութիւններ օրեր շարունակ եւ խմբովին պահանջելէ ետք պարտուած եւ ձախողած իշխանութեան հեռացումը, անոր հետ ընտրական մրցակցութեան խաղի մէջ մտնելը հակասութիւնն իսկ էր պահանջին, քանի որ, տրամաբանականօրէն, մրցակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ նոյն նպատակին ձգտողներու միջեւ:
Ակադեմիայի թղթակից անդամ Անանիա Մաղաքեանի գնահատումը բարոյական եւ քաղաքական է: Ընտրական խաղի մէջ մտնելով՝ տասնվեց կուսակցութիւնները եւ շարժումները խաղընկեր դարձան անոր, որուն հրաժարականի պահանջով հրապարակ իջած էին: Ի վերջոյ, վարչապետի հրաժարականի պահանջը Ազգային ժողովին մէջ աւելի կամ նուազ պատգամաւոր ունենալու խաղի վերածուեցաւ, սկսած շարժումը կոտորակուեցաւ եւ ծառայեց հետապնդուած նպատակի հակառակին:
Պէտք է յուսալ, որ Անանիա Մաղաքեանի նշդրակող դատումը գալիքի համար ուսանելի կ՚ըլլայ, հասարակաց նպատակի հետապնդումը չի լուծուիր եսական եւ փառասիրական ցանկութիւններու արջասպին (ասիտ սիւլֆիրիք) մէջ:
Թեր, դէմ, միասին. խաղը նոյն է եւ տարբեր:
2 յուլիսին «Իրաւունք» թերթի կայքին վրայ կար բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանի հարցազրոյցը, որ այլապէս հետաքրքրական է կացութիւն եւ մարդիկ հասկնալու համար: Խորագիրը կը նշէր Ռազմիկ Դաւոյեանի ախտորոշումը. «Ժողովուրդը կա՛մ թմբիրի, կա՛մ խորը անյուսութեան մէջ է»:
Ռազմիկ Դաւոյեանի խօսքը պէտք է մտածելու մղէ ե՛ւ թմբիրի ե՛ւ խոր անյուսութեան մէջ եղողները: Ասոնք քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներու յիսուն տոկոսն են, որոնք եթէ գիտնային, թէ այս կամ այն կողմը, միշտ յիշելով, որ այդ կողմերը քսանհինգ էին, զիրենք եւ երկիրը փակուղիէն պիտի հանէր, կը քուէարկէին: Թէեւ ընտրապայքարի հեւքին մէջ ոչինչ լսելի էր, քանի որ երկրի ընկճուածութեան մէջ նուագուող քսանհինգ ջութակներու սփռած տարբեր մեղեդիները, որքան ալ գեղեցիկ ըլլային, կարելի չէր զանոնք գնահատել: Ոչ մէկը յստակութեամբ լսելի էր:
Հետեւաբար դժուար էր կողմնորոշուիլ: Եւ քուէարկողներու յիսուն տոկոսը չընտրեց:
Պէտք չէ մոռնալ, որ զանգուածին մէկ մասը դեռ կը շարունակէ մնալ նախկիններու դէմ հրահրուած քէնի մէջ՝ առանց կացութիւնը վերլուծելու եւ հասկնալու, որ անփառունակ պարտութիւնը տեղի ունեցաւ նորերու իշխանութեան գլուխ գալէն երեք տարի ետք, եւ զուր պատճառաբանութիւն է նախկինները պարտութեան պատասխանատու համարել: Երեք տարուան ընթացքին ի՞նչ պէտք էր ընել, ի՞նչ կրնային ընել, ի՞նչ չըրին եւ ինչո՞ւ: Պակսեցաւ քաղաքական ազգային հեռանկարը, իշխանութիւնը չնուաճեց բոլորին իշխանութիւնը ըլլալու բարենիշը, ինքզինք հաստատելու համար մնաց «նախայեղափոխական» հռետորաբանութեան մէջ, որմէ դուրս թերեւս կարենար գալ, եթէ երկրի տնտեսութեան մէջ զգալի բարելաւում իրականացած ըլլար: Եւ շարունակուեցաւ պատնէշներու պատերազմը: Տուժեց երկիրը:
Կացութեան հանգուցալուծման համար պէտք է սպասել Սահմանադրական դատարանի վճիռին՝ ընտրական խարդախութիւններու դէմ եղած բողոքի հարցով: Սահմանադրական դատարանը օրէնքի ոգիին եւ տառին հաւատարիմ ըմբռնումով պիտի կարենա՞յ բոլորին համար համոզիչ որոշում կայացնել: Կա՞յ հնարաւորութիւն ո՛չ յաղթող եւ ո՛չ պարտեալ հրաշք տարազի մը:
Իշխանութիւնը կրնա՞յ, պիտի ուզէ՞, յանուն ազգային համերաշխութեան եւ վերականգնումի, հրաժարիլ ամբոխահաճական ճառէն, կիրքեր հրահրելէ եւ ազգաշէն քաղաքականութեան մը շուրջ համախմբել ազգի բոլոր դրական ուժերը, ի հարկին՝ զիջումներով, համախոհութեամբ՝ ազգի եւ հայրենիքի շահը անձերէ եւ խմբակցութիւններէ վեր դասելով:
Թող ներուի յիշեցնել, որ քուէարկելու իրաւունք ունեցող զանգուածի կէսի բացակայութիւնը վստահութեան պակասի արտայայտութիւն է իշխանութեան եւ իշխանութիւն ցանկացողին հանդէպ:
Ինչպէս կ՚ըսուի, կառուցողական պէտք է ըլլալ: Բայց կառուցողական կարելի՞ է ըլլալ զիրար մերժելով եւ զիրար անգիտանալով:
Ներքին «քաղաքացիական կռիւ»ի վիճակը կրնա՞նք շարունակել մինչեւ յաջորդ ընտրութիւն: Ինչպիսի՞ վիճակով կը հասնինք հոն:
Նորարարութիւն եւ յեղափոխութիւն յոյսի եւ երազի շուկայ են:
Պետութեան եւ ղեկավարի ողջախոհութիւն, դժուարութեան մէջ գտնուող երկրին համար փրկութեան լաստ են:
Պէտք է հասկնալ, ինչպէս բոլոր երկիրներու մէջ, նոյնիսկ երբ ժողովրդային ընդվզումը իշխանափոխութիւն յառաջացուցած է, պետութիւնը յաջողելու համար պէտք է առաջնորդուի իր պատրաստութիւն եւ որակ ունեցող հիներով եւ նորերով: Պետութիւնը կը պահանջէ հմտութիւն եւ փորձ:
Ողջախոհութիւնը պէտք է ըլլայ հասարակ յայտարար՝ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան համար: Այսօր այդ հասարակ յայտարարը չկայ: Ինչպէ՞ս ըլլայ, երբ կիրքը կը գերակշռէ:
Առանց տիքթաթներու պէտք է խօսիլ այդ ողջախոհութիւնը ինչպէ՞ս ունենալու եւ հասարակ յայտարարի հասնելու մասին:
Ներկան հասկնալու, դատելու եւ գնահատելու համար պէտք է դադրիլ «նախկիններ»ուն յղում ընելէ, երբ յոյսերու ամպին վրայ նստած եկաւ նոր իշխանութիւնը եւ քէն հրահրեց, երկիրը առաջնորդեց պարտութեան եւ պառակտումի, ժողովուրդն ալ՝ անյուսութեան:
Եթէ Նելսըն Մանտելան, որ գիտցաւ խտրականութեան դէմ պայքարիլ եւ յաղթանակէն վերջ համագործակցութիւն ստեղծել երկարատեւ թշնամութենէ եւ մահերէ ետք, հիմա եթէ ողջ ըլլար եւ Հայաստան այցելէր, իրաւ մեծի իմաստութեամբ պիտի ըսէր. «Եթէ կ՚ուզէք մարդոց համագործակցութիւնը ձեր շուրջ, դուք պարտիք անոնց զգացնել, որ իրենք կարեւոր են, եւ այդ ըրէք՝ ըլլալով վաւերական եւ համեստ»: Հասկնալ՝ առանց ամբոխավարութեան:
Այլ հարց է, թէ լսող կ՚ունենա՞ր, թէ՞ ոչ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024