ԽՂՃԻԴ ՁԱՅՆԻՆ ՀԵՏԵՒԷ…

Խիղճը դիւթիչ եւ հնչեղ ձայն մը ունի, որուն քաղցրութիւնը ամէն մարդ կրնայ վայելել եւ իր կեանքին մնայուն ու հաւատարիմ ընկերը դարձնել։ Այդ ձայնը մարմնական ականջով չես կրնար լսել, այլ միայն հոգեւոր ականջով, եթէ ականջ ունիս այդ աստուածաստեղծ ձայնը լսելու եւ անոր շնորհիւ կեանքդ կերպարանափոխելու ու բարօր դարձնելու։ Ներաշխարհդ բազմաթիւ ձայներու խառնարան մըն է, որուն ներդաշնակող «խմբավարը» դուն ես՝ քու կամքովդ եւ գիտակցութեամբդ։ «Խմբավար» արարած ըլլալով, քու իսկ որոշումովդ այդ խառնիճաղանչ ձայները կը ներդաշնակես՝ բարիին յորդորները լսելով, բայց չարին մտմտուքները անտեսելով, հաճոյապաշտութեան «մեղմաթրթիռ» արձագանգներուն հաղորդ դառնալով, սակայն առաքինութեան առաջնորդող մեղեդիները ունկնդրելով։ Չարին բացագանչող ձայնը բուացող բուէ մը աւելի ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ, սակայն խղճիդ բարի ձայնը որոշումներդ ու արարքներդ հաշուեկշռող նժար մըն է, որուն շնորհիւ կը կողմնորոշես կեանքիդ ընթացքն ու իւրաքանչիւր քայլափոխդ։

Խիղճը մարդ էակի անցած ճանապարհի խիճն է. իսկ միտքը՝ անոր լոյսը: Այդ խիճը երբեմն յարաշարժ ուժգնութեամբ կը դղրդայ՝ քեզ խոր թմբիրէդ սթափեցնելու, զգօն դարձնելու եւ կեանքդ առաքինութեամբ խճապատելու համար։ Խիղճը ներսիդիդ դրուած իրողութիւն եղող ներկայութիւն մըն է, զոր անկախաբար մտքէդ, կը հրահանգէ, թոյլ կամքդ կ՚ուղղէ եւ արարքներդ կը դատէ։ Ներքին բարի ձայն մըն է ան, զոր ստէպ կը լսես, բայց մանաւանդ՝ երբ իր հրահանգին դէմ գործած եւ իր մատնանշած ուղղութեան հակառակ շարժած ես։ Կը զգաս զայն իբր խայթի մը կսկիծը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ կորսուած ազնուութեան մը արձագանգը։

Խրիմեան Հայրիկ կ՚ըսէ. «Խիղճը պահապան ոստիկան է, որ իբրեւ դատաւոր սրտիդ աթոռին վրայ բազմած կը խայթահարէ քեզ»։ Այդ արթուն պահակ-ոստիկանը մշտապէս արարքներդ կը հսկէ եւ զանոնք կը փորձէ բարիով փոխարինել ու բարիին նախանձախնդիր գործերու վերածել։ Իր տարբերութիւնը բանականութենէն կը կայանայ անոր մէջ, որ արարքներուդ կատարման ատեն բանականութենէն շատ առաջ ան իր վճիռը կ՚արձակէ եւ հրահանգը կու տայ։ Մինչդեռ միտքը բանականութեան կարիքը ունի՝ մտածելու, խորհրդածելու, կշռադատելու, պարագաները քննելու, օրէնքները վերլուծելու եւ ըստ այդմ որոշումներ կայացնելու։

Մարդկութիւնը փեղկուած է երկու «բեւեռներու»՝ չարի եւ բարիի։ Չարը բանաւոր էակիդ սրտին մէջ մտնելով՝ կը փորձէ քայքայել այդ մաքրամաքուր ու անձեռնմխելի խիղճդ։ Եթէ տկար գտնուիս՝ չարը կ՚ընկլուզէ քեզ եւ իր գերին կը դարձնէ։ Իսկ երբ խիղճդ կը վերանայ, ինքնաբերաբար կը սկսիս Սադայէլին յարիր արարքներ դրսեւորել եւ խղճիդ փոխարէն՝ բոյն կը դնես նախանձի, նենգութեան, չկամեցողութեան, որկրամոլութեան, քինախնդրութեան, ագահութեան, դաւաճանութեան, բղջախոհութեան, շնութեան ու նմանատիպ այլ մոլութիւններուն։ Չարին մոլուցքները ածուխի նման են, եթէ նոյնիսկ չայրեն, ներաշխարհդ կը սեւցնեն ու կը մթագնեն։ Խիղճը Աստուծոյ ձայնն է ընդոծին քու մէջդ դրուած։ Ահա այդ խիղճն է, որ իր մեղմ ձայնով քեզ չարին քմայքներէն հեռու կը պահէ, Կատարեալին ներկայութիւնը կը զգացնէ եւ արարքներուդ ընդմէջէն զԱյն կը ցոլացնէ։ Ս. Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Աստուած հոգիի մէջ է։ Ան բարիներուն խիղճը իբրեւ աթոռ ունի սրտին մէջ, Աստուծոյ աթոռը մարդոց սրտերուն մէջ է։ Քու խղճիդ մէջ ոեւէ մարդ չի կրնար մտնել, հոն կան Աստուած եւ դուն»։  

Մանկավարժներ խորհուրդ կու տան երեխայի դաստիարակութեան ժամանակ իրեն հետ խօսիլ բարիի եւ չարի գոյութեան մասին։ Ծնողքը պէտք է իր զաւկին մէջ բարին այնպէս սերմանէ, որ ան չարը կամաւորաբար եւ կտրականապէս մերժէ: Մայրը իր վարուելակերպով պէտք է երեխային օրինակ հանդիսանայ եւ թոյլ չտայ, որպէսզի ան ահեղավազ ջուրի նման չտարուբերի եւ ինքզինք երկու ճամբեզրի վրայ չգտնէ։ Երեխայի դաստիարակութիւնը սոսկ տեսութեան սահմաններուն մէջ պէտք չէ՛ սահմանափակուի, այլ «մի՛ ըներ, արգիլուած է» յանկերգուող բառերէն պէտք է դուրս գայ։ Ծնողներ տեսականօրէն ջամբուած այդ դաստիարակութիւնը պէտք է գործնականօրէն, անկեղծութեամբ ցոյց տան, ապրին ու ապրեցնեն զայն իրենց փոքրիկ բոյնին՝ ընտանիքին մէջ։ Շատ յաճախ երեխայիդ հոգւոյն մէջ «երկրաշարժ»ի յառաջացման պատճառը անզգալաբար դուն կը դառնաս եւ անխոհեմ արարքիդ իբրեւ հետեւանք՝ դաստիարակութեանդ արդիւնքը երբեք չես տեսներ։ Օրինակ՝ տունդ երբ հիւրեր կու գան, քաղաքավարութենէ մղուած՝ զանոնք կը յարգես, կը պատուես եւ ապա կը ճանապարհես։ Յետո՞յ. կը սկսիս բամբասել վերջիններուն մասին. թէեւ քիչ առաջ կեղծաւորութեամբ զիրենք յարգած ու գովաբանած էիր։ Չմոռնաս, որ զաւակդ այս բոլոր անցուդարձերուն ականատես վկան է։

«Աւելի շատ ճանճ կը բռնուի մեղրով քան թէ քացախով», կ՚ըսէ առածը։ Բարոյական դաստիարակութեան յաջողութեան առաջին ու միա՛կ պայմանը քաղցրութիւնն է. որ զգայուն, փափուկ ու սիրող հոգիներ «կառուցելու» գրաւականն է։ Բարոյական դաստիարակութեամբ մանուկիդ խիղճը կը զարգացնես եւ իր անմեղունակ սրտին մէջ ազնիւ ու առաքինի զգացումներուն ջրտուքը կը կատարես. որոնց պտուղը մօտիկ ապագային կը քաղես, նամանաւանդ երբ զինք կը տեսնես որպէս առաքինի, կայացած եւ իր շրջապատին կողմէ սիրուած անձնաւորութիւն մը։ Առ այդ, մանուկիդ խիղճը առաջին իսկ օրէն կոփէ, որովհետեւ եթէ խիղճը սխալ կերպով աճի ու չյղկուի՝ ապագային կրնայ երեխադ չզգուշացնել եւ զինք մոլութեան տիղմին մէջ թողուլ։ Խիղճը առաջնորդ չի կրնար ըլլալ, եթէ զայն չմարզես շինիչ ու բարոյական սկզբունքներով։ Միշտ մտաբերէ, որ շրջապատը. դպրոցը եւ ընկերները երեխայիդ խղճին վրայ բացասական ազդեցութիւն կրնան ունենալ, որոնց պատճառով մանուկդ ինքզինք սխալ կը դրսեւորէ՝ սխալ սկզբունքներով եւ օրէնքներով առաջնորդուելով։

Բարութիւնն ու խիղճը ընտանեկան դաստիարակութեան հենքը կը կազմեն։ Ընտանեկան լաւ, համերաշխ յարաբերութիւնները պէտք է ընտանիքի բոլոր անդամները իրենք ապահովեն: Բոյսը չի կրնար ծաղկիլ. աճիլ՝ եթէ հողը, արեւը եւ ջուրը գոյութիւն չունենան։ Բոյսը աճեցնելու համար՝ չի՛ բաւեր միայն ջուր ունենալ, այլ պէտք է հոգ տանիլ ու խնամել զայն։ Այդ խնամքը ամէնօրեայ աշխատանք ու բծախնդրութիւն կը պահանջէ։ Նոյնպէս ալ մանուկը պէտք է ամէն օր խնամել ու դաստիարակել՝ դաստիարակչական խօսքեր ըսելով. լաւ արարքներ կատարելով, բարոյախօսական հեքիաթներ կարդալով…։ Այսպիսով, երեխան պատիժէն փախուստ չի տար, ընդհակառակը, իր կատարած չարաճճիութիւնները ծնողներուն կը խոստովանի՝ իր մէջ զարկ տալով ճշմարտութիւնը ջատագովելու եւ խղճին ձայնը լսելու հակումներուն։

Ֆրէօյտ իր ստեղծագործական կեանքի վերջին շրջանին իր տեսութեան մէջ ուղղութիւններ ներմուծեց. զորս արտայայտեց շարք մը աշխատութեանց մէջ՝ «Խումբի հոգեբանութիւն եւ Եսի վերլուծութիւն» (1921). «Ես եւ Այն« (1923)։ Սոյն աշխատութիւններուն մէջ Ֆրէօյտ անձի կառուցուածքը ներկայացուցած է երեք բաղադրիչներով՝ «Այն» (Id), «Ես» (Ego) եւ «Գեր-Ես» (Super Ego), որուն ամենակարեւոր գործօնը խիղճն է։ Ֆրէօյտ շեշտադրած է, որ այս յատկանիշները պէտք է դիտարկել որպէս գործընթացներ, քան՝ «կառուցուածքներ»։ Ըստ Ֆրէօյտի՝ «Այնը» (Id) ամբողջապէս  անգիտակցականին մէջ կը գործէ եւ սերտօրէն կապուած է բնազդային կենսաբանական մղումներուն հետ, որոնք մեր վարքը եռանդով կը լեցնեն։ «Այնը» մութ է. քաոսիկ. օրէնքներ չունեցող, կանոններ չճանչցող եւ օրէնքներու չենթարկուող գործօն է։ «Եսը» (Ego) հոգեկան աշխարհի այն բաղադրիչն է, որ որոշումներ ընդունելու պատասխանատուն է։ «Եսը» «Այն»ի ցանկութիւնները կ՚արտայայտէ եւ կը բաւարարէ՝ արտաքին աշխարհէն եկող սահմանափակումներուն համապատասխան։ «Եսը» մարդու վարքը կ՚ուղղէ անհրաժեշտ հունով, որովհետեւ մարդուս մէջ գոյաւորուած մտածողական գործընթացներու եւ հարցերու լուծման իրականացման  միակ վայրն է։ Ինչ կը վերաբարի «Գեր-Ես»ին (Super Ego), Ֆրէօյտ զայն բաժնած է երկու ենթահամակարգերու՝ խիղճ եւ «ես»-իտէալ։ Խիղճը իր մէջ կը ներառնէ քննադատական ինքնագնահատման ունակութիւն. բարոյական արգելքներու առկայութիւն եւ մեղքի զգացման առաջացում…։ «Գեր-Ես»ը վերջնականապէս ձեւաւորուած կը համարուի այն ժամանակ, երբ ծնողական վերահսկողութիւնը կը փոխարինուի ինքնավերահսկողութեամբ, իսկ կայացած ու գիտակից մարդը ի վիճակի կ՚ըլլայ անսալու իր խղճի ձայնին եւ ցուցմունքներուն։

Յաճախ տեսնուած է, որ մարդիկ սկզբնական շրջանին կը լսեն իրենց խղճի ձայնը, բայց զայն կեանքի չեն կոչեր։ Եթէ մեր ընթացքը եւ ապրելաձեւը կը հակասէ խղճի աստուածադիր կանոններուն՝ խիղճը ինքնաբերաբար կը նախազգուշացնէ մեզ։ Սակայն ան կը յուշէ ու կը գործէ միայն այն ատեն, երբ բթացած չէ. զգայուն է եւ անոր նախազգուշացումները մեր կողմէ անտեսուած չե՛ն։ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս խօսելով խղճի տեսակներուն մասին՝ կ՚ըսէ. «Նախ կարելի է որոշել խղճին երկու տեսակ արտայայտութիւնները. երկուքն ալ թերի են՝ խիղճը ամբողջապէս եւ հարազատօրէն ներկայացնելու տեսակէտէն։ Անոնք առհասարակ եւ պատկերաւոր բացատրութեամբ կը կոչուին լայն եւ նեղ։ 1) Խիղճը՝ լայն է այն ատեն, երբ մէկը թոյլ վերաբերում ունի սեփական արարքներուն հանդէպ, եւ բարոյական ծանրակշիռ արարքները, գործերը կը ժխտէ ու կը դատէ թեթեւօրէն։ Այնքան լայն է ցանցը, որ բարոյապէս մեծ յանցանքներ կրնան անցնիլ անոր մէջէն առանց փուշի եւ արգելքի՝ խղճի խայթի հանդիպելու։ Օրինակ, լայն է խիղճը այն մարդուն, որուն համար նպաստ բերող սուտ մը խօսիլը մեղք կամ յանցանք չէ…։ 2) Խիղճը նեղ կը կոչուի հակադրաբար նախորդին, երբ անձի մը վերաբերումը շատ խիստ է սեփական արարքներու նկատմամբ եւ բոլորովին փոքր ու հազիւ թերի արարք մը, իբրեւ ծանրակշիռ յանցանք կ՚ըմբռնէ ու կը դատէ։ Օրինակ՝ մտքին մէջէն չար մտածումի մը անցնիլը նկատել իբրեւ չափազանց մեծ յանցանք եւ օրերով տագնապիլ չարչարուիլ անոր համար, կ՚ենթադրէ շատ նեղ խիղճ մը»։

Խիղճը պէտք է մարզել ու դաստիարակել աստուածաշնչական ուսուցումներով՝ զայն իր բնական վիճակին մէջ անաղարտ պահելով։ Պահել խիղճը իր սկզբնական, անայլայլ ու ջինջ վիճակին մէջ, կը նշանակէ զայն հեռու պահել չարին արբանեանկներէն ու սադրանքներէն եւ աշխարհիկ գնայուն ազդեցութիւններէն, որոնք մարդկային խղճի պայծառութիւնը կը պղտորեն եւ Աստուծոյ ձայնը անլսելի կը դարձնեն։ Պօղոս առաքեալ բնութագրելով Աստուծոյ ձայնին եւ խօսքին զօրութիւնը՝ կը յորդորէ ըսելով. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է եւ ազդու, աւելի հատու՝ քան ոեւէ երկսայրի սուր, եւ կը թափանցէ մարդուս շունչին ու հոգիին մէջ, մինչեւ ողն ու ծուծը, եւ կը քննէ մտածումներն ու սրտին խորհուրդները։ Եւ չկայ արարած մը որ Աստուծոյ տեսողութենէն վրիպի։ Անիկա պարզ ու յստակ կը տեսնէ ամէն ինչ, իրենց ամբողջ մերկութեամբ։ Եւ անոր համար է որ հաշիւ պիտի տանք» (Եբր 4.12-13)։ Իսկ այլուր խօսելով կեղծաւոր մարդոց խղճի մասին՝ կը շեշտէ. «Խղճմտանքով մաքուր մարդուն համար ամէն բան մաքուր է. մինչդեռ պիղծ եւ անհաւատ մարդոց համար չկա՛յ ոեւէ մաքուր բան, որովհետեւ իրենց միտքն ու խիղճը ապականած են։ Կը յայտարարեն՝ թէ կը ճանչնան զԱստուած, բայց իրենց գործերով կ՚ուրանան զայն, քանի որ պիղծ են, անհնազանդ եւ ոեւէ բարի գործի անպէտ» (Տիտ 1.15-16)։ Աստուած յաճախ խղճիդ միջոցաւ քեզ կը զգուշացնէ՝ անուղղայ ճանապարհներէ, չարադաւան արարքներէ ու նենգամտութիւններէ զերծ պահելու, ինչպէս նաեւ քեզ մեղքի աղտեղութենէն եւ աշխարհապատկան հաճոյքներէն մաքրելու համար։ Բայց եթէ նոյնիսկ ստայօդ կեանքիդ եւ չարաստեղծ հնարամտութիւններուդ համար վայրկեան մը իսկ խղճի խայթ չես ունեցած, միշտ յիշէ, որ խիղճը պիտի չխղճայ քեզի՝ եթէ չխղճաս իրեն։ Եթէ անտարբեր ըլլաս քու սեփական խղճիդ նկատմամբ՝ խիղճդ ո՛չ միայն անտարբեր պիտի ըլլայ քեզի հանդէպ, այլեւ պիտի տանջէ ու տառապեցնէ քեզ։

Վաշխառու մը անտառի մը մէջ արեւու կիզիչ ճառագայթներուն տակ կը քալէր։ Յանկարծ թփուտներու մէջ ինկած ցնցոտիներով պատուած երեխայ մը կը նկատէ. որ հիւծած եւ աղիողորմ ջուր կը խնդրէր: Վաշխառուն կը մտածէ, որ եթէ այս երեխային ջուր տայ, ապա ճանապարհի ընթացքին իր ջուրը պիտի վերջանայ եւ պիտի ծարաւնայ։ Ուստի, առջեւ կը նայի եւ ճամբան կը շարունակէ։ Որոշ ժամանակ անց, հեռուէն հեծեալ զինուորներ կը տեսնէ, որոնք իրեն մօտենալով՝ կ՚ըսեն.

-Թագաւորի որդին կորսուած է։ Ով որ գտնէ զինք, մէկ պարկ ոսկիով պիտի պարգեւատրուի։

Վաշխառուի սիրտը կը սկսի արագ տրոփել: Մեծ փութաջանութեամբ կը վերադառնայ այն թփուտը, ուր լքեալ երեխային հանդիպած էր։ Անմիջապէս երեխան խոտերով կը ծածկէ, որպէսզի ձիաւոր զինուորները չտեսնեն զինք։ Այնուհետեւ իր պայուսակէն ջուրը կը հանէ եւ տղուն կը խմցնէ՝ ուրախութեամբ ըսելով,

-Խմէ, խմէ, որքան որ կ՚ուզես։ Ինծի համար շատ կարեւոր ես, քանի որ թագաւորին որդին ես:

Տղան ջուրը կը խմէ, ուշքի կու գայ ու կը պատասխանէ.

-Ես թագաւորի որդին չեմ, այլ քու խիղճդ եմ։ Ինչքան ալ ինձմէ փախչիս, անտեսես զիս, վերջաւորութեան իմ քովս պիտի գաս եւ մեղքերուդ համար պատասխան պիտի տաս։

Տղան այս բոլոր խօսքերը ըսելով՝ հողմի նման կ՚անհետանայ, իսկ շփոթած վաշխառուն կը գոռայ.

-Ջուրս խմե՜ց, ես այսքան երկար ճամբան ինչպէ՞ս պիտի կտրեմ։

Սիրելի՛ ընթերցող, խիղճը կը նմանի հովահարի այն պտուտակին, որ սկզբնապէս «դժուարութեամբ» կը դառնայ եւ քեզի խղճի խայթ կը պատճառէ։ Այս ընթացքը կրնայ ըլլալ որոշ ժամանակ մը կրկնուի։ Բայց երբ խղճիդ ձայնին ականջ չես տար, խղճիդ պտուտակը նախկինին պէս այլեւս դժուարութեամբ չի դառնար, որովհետեւ  անընդհատ գործելով՝ տեղ շինած եւ լայնցած կ՚ըլլայ։ Ահա այդպիսով քու իսկ ձեռքովդ խղճիդ ձայնը անխօս ու համր դարձուցած կ՚ըլլաս՝ դուն քեզ զրկելով չարին դէմ մարտնչող անժամանցելի զէնքէ մը։ Բուշքին կ՚ըսէ. «Խիղճը մագիլներ ունեցող գազան է, որ սիրտը կը ճանկռտէ»

Խիղճդ քու անսխալ դատաւորդ եւ հաւատարիմ «ընկերդ» է, որ քեզ երբեք չի դաւաճաներ, այլ դուն անմտութեանդ եւ անփթութեանդ պատճառով զինք մշտապէս կը դաւաճանես ու երեսի վրայ կը ձգես։ Կեանքիդ ընթացքին վստահաբար բազմաթիւ մարդոց հանդիպած ես, ոմանց վստահած ես, իսկ շատերուն՝ բարիք գործած։ Վստահելի կարծած ընկերներդ երբեմն քեզ մէջքէդ զարկած են, իսկ նեղ օրերուդ՝ անոնցմէ շատ քիչերը քեզի օգնութեան ձեռք կարկառած են։ Խիղճը անխարդախ եւ անկեղծ միա՛կ ընկերդ է, որ քեզի հետ կը խօսի եւ կը փորձէ ողջ էութիւնդ ու կեանքդ բարիին հետամուտ եղող մտածումներով «ողողել»։ Ինչպէս արեւու լուսաշող ճառագայթները մշտապէս կը ճաճանչեն եւ լոյս կու տան մարդկութեան ու բնութեան, որովհետեւ արեգակէն կը շառաւիղուին, այնպէս ալ բարի եւ առաքինի են գործերը այն մարդոց, որոնք կը բխին ուղիղ, յստակ եւ անաղարտ խղճէ մը։ Մի՛ անտեսեր խիղճդ, մի՛ արհամարհեր անոր ներկայութիւնը, այլ ընդհակառակը, զայն կեանքիդ մնայուն կողմնացոյցը դարձուր եւ հետեւէ՛ անոր ձայնին…։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2017