ԽԱՉԸ՝ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԶՈՀՈՂՈՒԹԵԱՆ

«Ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.14-15)։

Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդի ամենէն հոգեգրաւ եւ խորազդեցիկ մեկնաբան Յովհաննէս առաքեալ, Աստուածորդւոյն սիրով տոգորուած ու աստուածային ներշնչումով արբշիռ, Մովսէս մարգարէի անապատին մէջ բարձրացուցած պղնձեայ օձը կը նմանցնէ այն կենսատու խաչին, որուն վրայ Աստուծոյ Միածին Որդին գերագոյն զոհողութեամբ մը Իր անձը պիտի ընծայաբերէր Իր ձեռակերտներուն՝ մարդկութեան մեղքերուն քաւութեան ի խնդիր։ Այն խաչին, որուն վրայ Անհունը պիտի ամփոփուէր, Դատաւորը՝ մահուան պիտի դատապարտուէր, Օրէնսդիրը՝ անօրինաբար պիտի ծեծուէր, Բարին ու Բարեխօսը՝ չարագործի մը պէս պիտի չարչարուէր, Ազատարարը՝ անշարժութեան պիտի դատապարտուէր, Ողորմածը՝ անողորմաբար պիտի տանջուէր, Կենդանին ու Կենդանարարը՝ դաժանօրէն պիտի մահացուէր։

Արդարեւ, խաչը խորհրդանիշ էր տառապանքի, նեղութեան, դառնութեան, չարչարանքի, բայց եւ այնպէս նաեւ խորհրդանիշ է՝ զոհողութեան, ընծայաբերումի եւ ինքնատուչութեան։ Չի՛ կրնար ըլլալ նեղութեան եւ տառապանքի յանձնառութիւն՝ առանց սիրոյ բռնկումի։ Չի՛ կրնար ըլլալ զոհաբերում եւ ինքնընծայում՝ եթէ ան զսպանակուած, բխած չըլլայ անխարդախ սէրէն։ Քրիստոսի չարչարանքը, ձաղկումը, փշէ պսակն ու խաչելութիւնը իրենց ետին ունէին աստուածային անհուն սէրը հանդէպ մարդկութեան։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոսէ ետք խաչը կեանքէն զրկող գործիք ըլլալէն դադրեցաւ եւ դարձաւ փրկաւէտ ու կենսապարգեւ նշան մը։ Խաչը, որ մարդիկը խոցոտող գործիք մըն էր, Քրիստոսով դարձաւ Աստուծոյ կենսագործող եւ բժշկարար բազուկ։

Յովհաննու Աւետարանէն առնուած այս խօսքը, մեր ուշադրութեան կը յանձնէ հիմնական երկու ճշմարտութիւններ։

Ա) Հաշտութիւն՝ Քրիստոսի մահուամբ եւ փրկութիւն՝ Քրիստոսի կեանքով. Զազրելի մեղքին իբրեւ արդիւնք՝ գժտութիւն եւ խրամատ մը յառաջացած էր Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ։ Գժտութիւն մը, որ միայն Աստուծոյ Որդիին միջոցաւ կրնար իր լուծումը գտնել։ Առանց Աստուածորդւոյն՝ մարդիկ չէին կրնար դառնալ Աստուծոյ։ Ինչո՞ւ Աստուծոյ Որդիին միջամտութիւնը անհրաժեշտ ու կենսական էր Աստուած եւ մարդ հաշտութիւնը իրականացնելու համար։ Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ թէ՝ «Օրէնքին համաձայն գրեթէ ամէն ինչ արիւնով կը սրբուի. մեղքերու թողութիւնն ալ առանց արեան հեղումի չ՚ըլլար» (Եբր 9.22)։ Եւ որովհետեւ «ցուլերու եւ նոխազներու արիւնը բնաւ չի կրնար մեղքերը ջնջել» (Եբր 10.4), այդ իսկ պատճառով, Որդին խօսքը ուղղելով մեր երկնաւոր Հօր՝ կ՚ըսէ. «Ահա կու գամ՝ ճիշդ ինչպէս որ Օրէնքներու գիրքին մէջ ինծի համար գրուած է՝ որպէսզի քու կամքդ ընեմ, ո՛վ Աստուած» (Եբր 10.7)։ Իսկ ի՞նչ էր Աստուծոյ կամքը, եթէ ոչ վերցնել բոլոր նախկին զոհերը եւ անոնց տեղ բոլոր ժամանակներուն համար Քրիստոսը անկրկնելիօրէն զոհագործել։

Լոյսն էր եկած աշխարհ, բայց մարդիկ նախանձի թոյնով ու մեղքի ժահրով կուրցած՝ խաւարը աւելի սիրեցին եւ լոյսը խաւարեցնել փորձեցին, լոյսը միախառնել ու նոյնացնել՝ ցուրտ գերեզմանի խաւարին մէջ։ Բայց ո՞վ կրնայ ճառագայթարձակ լոյսը խաւարեցնել եւ արեգակը գերեզմանել։ Քրիստոսի խաչն ու գերեզմանը խիստ փոթորկոտ մէ՛կ օրուան լոկ տխուր ու մռայլ մայրամուտ եղան։ Շուտով բացուող Յարութիւնը Միաշաբաթի առաւօտուն եղաւ հրաշափառ ու յաւերժափայլ այն արեւածագը, որուն չկրցան ու չեն կրնար նայիլ մեղքի աղտով պղտորած նայուածքներ, որմէ սարսեցան ու կը սարսին մեղապարտ հոգիներ, դողացին ու կը դողան ատելութեան մաղձով սնանող սիրտեր, եւ որուն սիրաջերմ ու կենսաձիր շողերուն տակ կեանքը նո՛ր իմաստ եւ նոր նշանակութիւն զգեցաւ, մահուան անդունդը իր անթափանց խորհուրդին մէջ պատռեցաւ եւ մարդկութիւնը մահուան խորհուրդին ահեղագոչ սարսափը թօթափած՝ մութ գերեզմանէն անդին լուսե՛ղ յաւերժութիւնը տեսաւ եւ ողջունեց զայն կենսախայտ խնդութեամբ։

Բ) Քրիստոսի կենարար խաչը՝ մարդոց փրկութեան միջոց. Քրիստոսի ժամանակ, յանցապարտ մարդիկ դառն յուսահատութեամբ իրենց հայեացքները կը սեւեռէին խաչին՝ անոր մէջ տեսնելով մահ սփռող, ահ ու սարսափ տարածող գործիքը։ Բայց Քրիստոսի բազկատարած զոհողութեամբ, յանցապարտ նոյն մարդիկը ցնծութեամբ նայեցան խաչին, որովհետեւ անոր մէջ տեսան իրենց ազատագրութիւնը մահէն, մեղսակիր կեանքէն, մեղքի ստրկութենէն եւ Սատանայի սադրալի իշխանութենէն։ Խաչը, որ անարգուածութեան կնիքն էր դրոշմուած մեղաւոր մարդուն ճակտին, Քրիստոսով դարձաւ Աստուծոյ փառքին եւ սիրոյն ամբողջական արտացոլացումը, Աստուծոյ փառքէն ինկած, Աստուծոյ սէրէն պարպուած մարդոց կեանքին մէջ։ Խաչը, որ Արդարէն եւ արդարութենէն հեռացած կեանքի մը վերջալոյսն էր, Քրիստոսով դարձաւ Արդարին եւ արդարութեան մօտեցնող կեանքի մը արշալոյսը։ Խաչը, որ դարձած էր իրաւազանց մարդոց մշտաբաց մահապատիժը, Քրիստոսի նահատակութեամբ անոր վրայ, դարձաւ Աստուծոյ շնորհքին մշտահոս ակը։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Որովհետեւ Հայրը ուզեց, որ Քրիստոս իր մէջ ունենայ աստուածային բնութեան լիութիւնը։ Անոր ձեռքով ուզեց իր հետ հաշտեցնել ամէն բան, երկինքի մէջ թէ երկրի վրայ, խաղաղութիւն հաստատելով խաչի վրայ մահուամբն անոր» (Կղ 1.19-20)։

Յիսուս չխաչուեցաւ լոկ փրկելու համար մեզ մեղքէն ու մեղքի դատապարտութենէն. դժոխքէն ու դժոխքի սարսափէն. այլ խաչուեցաւ՝ որովհետեւ սիրե՛ց մեզ. անսահմանօրէն սիրե՛ց. սրտագինս սիրե՛ց. անկեղծօրէն սիրե՛ց. յաւերժական սիրով սիրե՛ց: Քրիստոս մեր սիրոյն համար խաչի մահը յանձն առաւ, եթէ մենք կը սիրենք զԻնք՝ ի՞նչ բան յանձն կ՚առնենք Իրեն համար: Յիսուս չ՚ուզեր, որ մեռնինք Իրեն համար. այլ՝ կ՚ուզէ որ ապրինք ու գործենք Իր փառքին համար: Ան չ՚ուզեր, որ խաչուինք Իրեն համար. բայց կ՚ուզէ, որ խաչենք մեր եսն ու եսասիրութիւնը. խաչենք ուրիշներուն հանդէպ մեր ունեցած նախանձի ու ատելութեան զգացումները. խաչենք մեր մարմնական ցանկութիւններն ու հետաքրքրութիւնները. խաչենք մեր անտարբերութիւնն ու ծուլութիւնը: Անոնք, որոնք կը սիրեն նիւթն ու նիւթականը. երկիրն ու երկրայինը. աշխարհն ու աշխարհայինը. չե՛ն կրնար խաչել իրենց եսը. իրենց դրամասիրութիւնն ու փառասիրութիւնը: Անոնք, որոնք կը սիրեն մեղքը եւ անոր կամակատարը դարձած են. չեն կրնար սիրել զՔրիստոս, հետեւիլ Անոր քայլերուն եւ որդեգրել խաչի՛ ճամբան:

Սիրելի՛ ընթերցող, քեզի համար խաչը ի՞նչ բանի խորհրդանիշ եւ նշանակ է։ Ի՞նչ կը տեսնես խաչին մէջ։ Քեզի համար սոսկ զա՞րդ մըն է, թէ՞ փրկութեան տանող ճանապարհի գլխաւորագոյն բանալին։ Քեզ փորձութեանց առաջնորդող գործի՞ք մըն է, թէ՞ փորձութիւնները յաղթահարող «բոցեղէն սուր»ի մը ներկայութիւնը։ Խաչո՞վ կը պարծենա՞ս, թէ՞ ֆիզիքական ուժովդ, մարմնական գեղեցկութեամբդ եւ տխե՛ղծ դաջուածքներովդ կը հպարտանաս։ Յիշէ՛ Պօղոս առաքեալի խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Քա՛ւ լիցի, որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար» (Գղ 6.14)։ Առ այդ, կ՚ուզե՞ս հաւատքի անմոլոր առաջնորդ մը ունենալ՝ խա՛չը առ ձեռքդ իբրեւ մական։ Խաչը ամօթանք չէ՛, այլ պարծա՛նքդ ու մշտակայ զէ՛նքդ է…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017