ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԻՍ

«Ամէ՛ն մշակոյթ, ամէն բանէ առաջ, ոգեկան,
մտաւորական եւ բարոյական իրականութիւն մըն է,
եւ մարդուն մտաւորական, բարոյական ու
ոգեկան կեանքին սկզբնական գործիքը՝ մարդուն լեզուն [է]»

(Արշամ Տատրեան)

Նախորդ գրութեամբ անդրադարձ կատարած էի, որ Հոկտեմբեր ամիսը Մշակոյթի ամիս է. առ այդ, այս գրութեամբ եւս պիտի անդրադառնամ մշակոյթին, մի քանի մէջբերումներ կատարելով Արշամ Տատրեանէն՝ փորձելով խորհրդածութիւններ կատարել այդ մէջբերումներու մասին:

Տատրեան կը գրէ. «Ու որեւէ քաղաքականութիւն երբեք չէ ունեցած մշակոյթ մը եւ չի կրնար ունենալ, այլ եղած է մի՛շտ թշնամին մշակոյթին։ Մարդը որ ինքզինքը ամբողջութեամբ եւ միայն տրամադրած է քաղաքականութեան, արդէն իսկ կորսնցուցած է իր սեփական մշակոյթը եւ զգացումն ու գիտակցութիւնը մշակոյթին իրականութեան եւ արժէքին»։

Կարծէք այսօրուան համար գրուած ըլլան այս տողերը, որովհետեւ ազգովին՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ալ սփիւռքի մէջ մեր մշակոյթը քաղաքականացուցած ենք, այլ խօսքով՝ մշակոյթը քաղաքականութեան աղախինը դարձուցած ենք եւ անոր քաղաքական գոյնզգոյն հագուստներ սկսած ենք հագցնել: Իւրաքանչիւր կողմ իր ուզած կամ պատկերացուցած ձեւով կը ներկայացնէ կամ կը գործածէ զայն, մոռնալով սակայն, որ մշակոյթը քմահաճոյքներու փորձադաշտ չէ, մշակոյթը ապրելակերպ է, իւրայատուկ արժէք ունեցող երեւոյթ է մշակոյթը, որուն պէտք է գուրգուրալ, հոգ տանիլ, յարգել ու սիրել, առանց կեղտոտելու եւ առանց այլասերելու: Այսօր, թող ներուի մեզի ըսել, փորձ կը կատարուի մեր Մշակոյթը այլասերելու եւ ապականելու, յանուն քաղաքական ի՜նչ-ինչ շահերու եւ նկատառումներու: Մշակոյթը, այսօր, ի տարբերութիւն անցեալին վերածուած է «խաղալիք»ի մը, եւ խաղացողները իրենց ուզածին պէս կը խաղան անոր հետ, առանց նկատի ունենալու անոր դիմացկոտութիւնը կամ ամրութիւնը: Ցաւալին այն է, սակայն, որ ո՛չ ոք մտահոգուած է այս ուղղութեամբ, ընդհակառակը, երբ երբեմն-երբեմն տակաւին առողջ տրամաբանութիւն եւ մտածելակերպ ունեցող մշակութային գործիչներ ձայն կը բարձրացնեն այս կամ այն տհաճ երեւոյթին մասին, առաջին հակադարձումը կ՚ըլլայ, թէ անոնք հին գլուխ են, ժամանակին հետ քայլ չեն պահած, պէտք է ժամանակին հետ քայլ պահել, եւ այլն, եւ այլն: Պահ մը պատկերացուցէք, եթէ շուրջ 70-80 տարի կամ 100-130 տարի առաջ ալ մեր նախնիները նոյն կերպով մտածէին, այսօր արդեօք մշակոյթ ըսուած բան պիտի ունենայի՞նք, թէ՞ գիրքերուն մէջէն պիտի փնտռէինք մեր մշակոյթը: Եթէ չենք ուզեր, որ մեզմէ ետք եկողները նոյն բանը ըսեն մեր մասին, հետեւաբար մշակոյթը գերեզմանող չդառնանք զայն քաղաքականացնելով, այլ՝ մշակոյթը փորձենք պահել իր բարձրութեան վրայ, եւ ամէն կերպ աշխատինք որ միշտ ծաղկի եւ ծաղկեցնէ. որովհետեւ դարձեալ ինչպէս Տատրեան կը գրէ. «Մեր մշակոյթը, իրապէ՛ս, մեր միտքին միութիւնն է, ըլլալով անոր ինքնութիւնն իսկ։ Յետոյ, որովհետեւ այսօր, մեր ժողովուրդը ցրուած է երկիրէ երկիր, ժողովուրդէ ժողովուրդ, քաղաքակրթութենէ քաղաքակրթութիւն եւ լեզուէ լեզու ու այս արտաքին բաժանումին կողքին, կայ նաեւ ներքին բաժանումը. կուսակցութիւնները, յարանուանութիւնները, ո՛չ-կուսակցական զանգուածները, եւ մանաւանդ անհամար ու այլազան միութիւնները՝ որոնց բոլորին ալ գաղափարաբանութիւնները տարբեր են իրարմէ եւ այս տարբերութիւնները ո՛չ թէ զիրար կը լրացնեն այլ կ՚ընդդիմանան իրարու։ Ու անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր սեփական ու մասնայատուկ շահերն է, որ կը հետապնդէ։ Զանոնք իրարու կապող, այսինքն անոնց մէջ միութիւն մը ստեղծող եւ անոնց իւրաքանչիւրին ու բոլորին հիմնական ինքնութիւն մը շնորհող միակ իրականութիւնը, մեր մշակոյթն է։ Մեր մշակոյթն է, որ զանոնք հայ-մարդեր ըրած է ու կ՚ընէ եւ ոչ թէ անոնց քաղաքական, գեղարուեստական, կրօնական ու ընկերային գաղափարները՝ որոնցմով եւ որոնց համար անոնք կը կռուին իրարու դէմ»:

Դարձեալ. «Մարդկային էակը իր սեփական մշակոյթովը միայն ինքզինքը հարուստ կը զգայ, կը գտնէ, կը ճանչնայ ու գիտէ, այս աշխարհին վրայ։ Ու հարստութիւն՝ հոս կը նշանակէ զօրութիւն, արժանաւորութիւն, պատիւ ու հրճուանք, խաղաղութիւն ու կարգ, անկախութիւն եւ ազատութիւն։ Ու հայ-մարդը, ամէ՛ն բանէ առաջ, այս բաներուն ներկայութեան եւ գործունէութեան պէտք ունի ներկայիս, ե՛ւ իր մէջը եւ իր շուրջը, այսինքն իր էութեան եւ իր գոյութեան մէջ։ Որովհետեւ, հայ-մարդը, ամէ՛ն օր քիչ մը աւելի ցաւագինօրէն կը զգայ իր մէջ նուազումը իր սեփական մշակոյթին։ Ու որքան որ իր մշակոյթը նուազի, սպառի, ցամքի իր մէջ, այնքան կ՚աւելնայ իր դժբախտութեան զգացումն ու ամօթը, իր հայ-մարդու մահուան մղձաւանջը կ՚ըլլայ այնքան դաժան եւ անոգորելի։ Ու մարդուն դժբախտութեան զգացումին մէջ կը հալի ու կը լուծուի մարդուն անձնականութիւնը, այսինքն հոգեկան միութիւնը, այսինքն իր գիտակցութեան կեդրոնական վառարանը»։ Ի՜նչ ծանրակշիռ սահմանում համաշխարհայնացման մեր օրերուն. մարդ՝ «իր սեփական մշակոյթովը միայն ինքզինքը հարուստ կը զգայ, կը գտնէ, կը ճանչնայ ու գիտէ, այս աշխարհին վրայ»: Այսօր եթէ պահ մը նայինք մեր չորս կողմը, մի միայն օտարաբանաութիւն կը նկատենք, մի միայն անծանօթութիւն, անհարազատութիւն կը նկատենք, ինչո՞ւ. որովհետեւ այսօր մերը չճանչցած, մեր չսորված ու չսերտած, մի միայն տարուած ենք ուրիշներունը ընդօրինակելով եւ ուրիշներունը առաջ մղելով, մոռնալով, անտեսելով եւ շատ յաճախ ոտնակոխելով մեր սեփականը: Այս երեւոյթը՝ օտարամոլութիւնը յատկապէս կը վերաբերի մեր՝ մեր մշակոյթին նկատմամբ ունեցած վերաբերմունքին, որովհետեւ անծանօթ եւ օտար ըլլալով մեր մշակոյթին, մենք կամաւորաբար անէացման կը մատնենք զայն, անոր տեղ «նոր» այլանդակ եւ վատասերուած մշակոյթ մը յառաջացնելով: Այս վերաբերմունքին պատճառը մէ՛կն է, այն որ մենք չե՛նք ճանչնար, չե՛նք գիտեր մեր մշակոյթը, մեր մշակոյթը օր օրի կ՚օտարանայ մեզի համար, որովհետեւ անտեսելով ու անգիտանալով մեր ունեցած հարստութիւնը, մեր ուշքն ու միտքը օտարներուն ոսկորներուն վրայ է…: Իսկ երբ մեր մշակոյթով «հարուստ» չենք զգար մենք մեզ, ապա դատապարտուած ենք աղքատանալու, իսկ ա՛յս տեսակի աղքատութեան աւարտը դժնդակ ու շա՜տ ծանր կ՚ըլլայ:

Եթէ այսօր կ՚ուզենք մեր գոյերթը շարունակել եւ եթէ կ՚ուզենք մեր նախնիներու փառաւոր ժառանգը ա՛լ աւելի փառաւորուած կերպով ժառանգել մեր յետնորդներուն, աւելին, եթէ կ՚ուզենք զօրաւոր ըլլալ, արժանաւորութիւն, պատիւ ու հրճուանք, խաղաղութիւն ու կարգ, անկախութիւն եւ ազատութիւն ունենալ, ապա պէտք է գուրգուրանք ու փայփայենք մեր Մշակոյթը, պէտք է ա՛լ աւելի գեղեցկացնենք ու հարստացնենք զայն, քանի որ ինչքան զօրաւոր ու հարուստ է ժողովուրդի մը, ազգի մը մշակոյթը, այդքան զօրաւոր ու հարուստ է այդ ժողովուրդը ինք: Հետեւաբար, մեր ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ղայիմութեան համար, պէտք է ղա՛յիմ պահենք մեր Մշակոյթը: Եւ որպէսզի մեր Մշակոյթը ղայիմ պահել յաջողինք, միշտ փորձենք յիշել այս տողերը. «Ու որքան որ իր [մարդ էակին] մշակոյթը նուազի, սպառի, ցամքի իր մէջ, այնքան կ՚աւելնայ իր դժբախտութեան զգացումն ու ամօթը, իր հայ-մարդու մահուան մղձաւանջը կ՚ըլլայ այնքան դաժան եւ անոգորելի»:

Դարձեալ. «Այսօր, անտեսելով մեր մշակոյթը կամ մեր մշակոյթին գերադասելով մեր «քաղաքականութիւնը», որ վերջ ի վերջոյ ստրուկի քաղաքականութիւն մըն է, մենք կը թունաւորենք հայ-մարդուն կենսունակութեան ակնաղբիւրները։ Այսուհանդերձ, նոյնիսկ մեր ամբողջ թշուառութեան մէջ, մեր մտաւորական եւ ստեղծագործ կենսունակութիւնը կենդանի է տակաւին, բայց մեզի կը պակսին իրականացնելու կարողութիւնն ու պայմանները։ Ուրեմն, մեր մշակոյթին եւ հայ-մարդուն ներկային ու ապագային սպառնացող վտանգները ներքին են ու արտաքին - մեր դառնութիւնը, յուսահատութիւնը, բնական եւ գէշ դաստիարակութենէ մը յառաջ եկած նկարագիրի թերութիւնները, չարութիւնն ու անգիտակցութիւնը եւ նաեւ նիւթական միջոցներու ու կազմակերպութեան պակասը։ - Հայ-մարդուն մէջ, հայ հաստատութիւններուն մէջ, մեր կազմակերպութիւններուն եւ ընկերութիւններուն մէջ ինչ որ խախտած է, իրենց հիմն իսկ է, այսինքն՝ իրենց բարոյականը։ Վերստին հաստատութիւն մը տալ այս հիմին, գործն է իւրաքանչիւր հայ-մարդու, իւրաքանչիւր հաստատութեան…։ Հայ-գրողը կրնայ այս անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը արթնցնել միայն իւրաքանչիւր հայ-մարդու մէջ, զայն դնելով իր ոգեկան ներկայութեան մէջ, ուստի իր մարդկային արժանաւորութեան եւ պատասխանատուութեան առջեւ։ Որովհետեւ հայ-մարդը, իր ոգեկանութեան ներկայութեան ու գիտակցութեան մէջ միայն կրնայ զատորոշել ժամանակաւորը՝ ոչ-ժամանակաւորէն, միտքը՝ բնութենէն, բանաւորը՝ անբանաւորէն, մարդը՝ ամբոխէն ու զԱստուած՝ Կեսարէն։ Ու զատորոշումի այս արարքը, իր սեփական մշակոյթին զարգացման անհրաժեշտ եղող արեւի լոյսն է։ Ու մշակոյթը՝ քաղաքակրթութիւն չէ։ Հայ-մարդը մշակոյթ մը ունի, առանց քաղաքակրթութիւն մը ունենալու։ Առանց քաղաքական անկախութեան քաղաքակրթութիւն չկայ անշուշտ, բայց կայ մշակոյթ, որովհետեւ մշակոյթը ոչ թէ քաղաքական անկախութեան՝ այլ մարդկային ազատութեան եւ ժողովուրդի մը հաւաքական գիտակցութեան կը կարօտի՝ ծնելու եւ զարգանալու համար»։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

8 հոկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2021