Գիրքը Որպէս Արտադրութիւն
Գիրքը որպէս սպառողական ապրանք, ինչպէս որեւէ այլ արտադրութիւն, կ՚ենթարկուի արտադրութեան եւ պահանջքի (supply&demand) օրէնքներուն:
Հակառակ այն իրականութեան, որ ան-գըրագիտութեան երեւոյթը բաւական նուազած է հայ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ, նամանաւանդ երիտասարդ սերունդին մօտ, հայերէն գիրքի հրատարակութեան ճարտարարուեստը եւ հոն օգտագործուող թեքնիկը տակաւին բաւականին տկար են ու անբաւարար, համեմատած ուրիշ ժողովուրդներու գիրքերու արտադրութեան ճարտարարուեստին:
Իւրաքանչիւր մէկ միլիոն անձի համեմատութեամբ հրատարակուած գիրքանուններու թիւը մեր մօտ շատ աւելի նուազ է՝ քան քաղաքակրթուած ազգերու արտադրած գիրքանուններու թիւը:
Եթէ ընդունինք այն կէտը, թէ գիրքը որպէս սպառողական ապրանք՝ կ՚ենթարկուի արտադրութեան եւ պահանջքի օրէնքներուն, այսինքն չ՚արտադրուիր եթէ պահանջքը չկայ, պիտի տեսնենք, որ կարգ մը Հայ աղբիւրներու տուած պատճառաբանութիւնը, թէ ելեկտրոնային սարքերու գոյութիւնը, համակարգիչի գոյութիւնը եւ արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացումը բացասական երեւոյթներ են կամ պատճառներ՝ հայ ժողովուրդի մօտ ընթերցասիրութեան եւ հետեւաբար գիրքի պա-հանջքի նուազումին, այնքան ալ ճիշդ չէ, նամանաւանդ երբ նկատի ունենանք, թէ Հայաստանի մէջ օրինակի համար, ըստ վերջին տուեալներուն (մէկ տարուան հաշուարկով), հոն ապրող բնակչութեան իւրաքանչիւր մէկ միլիոն անձի համեմատութեամբ հրատարակուած է 105 անուն գիրք, երբ համացանցի (Internet) օգտագործող անձերուն թիւը կը կազմէ Հայաստանի բնակչութեան 40 առ հարիւր տոկոսը: Մինչ օրինակի համար երբ Ճաբոնի մէջ համացանց օգտագործող անձերուն թիւը կը կազմէ բնակչութեան 40 առ հարիւր տոկոսը (ուր օգտագործուող ելեկտրոնային սարքերու եւ համակարգիչներու թիւերու համեմատութիւնը եւ արհեստագիտութեան զարգացումը կարելի է ո՛չ մէկ ձեւով բաղդատել Հայաստանի հետ), հոն հրատարակուող գիրքի անուններու թիւը (միեւնոյն տարուան տուեալներով), մէկ միլիոն բնակչութեան համեմատութեամբ եղած է 450 անուն գիրք… այսինքն՝ քառապատիկ աւելին քան Հայաստանի մէջ հրատարակուած գիրքերու թիւին համեմատութիւնը:
Անձնական հետաքրքրութեամբ կատարած այցելութիւններովս գրախանութներու, գիրքերու ցուցահանդէսներու եւ գրադարաններու, ինչպէս նաեւ հիմնուելով ծնողներու եւ ուսուցիչներու հետ փոխանակած խօսակցութիւններուս արդիւնքներուն վրայ, ինծի համար յստակ է այլեւս, թէ տարբեր տարիքներու ճաշակներն ու հետաքրքրութիւնները գոհացնող հայերէն գիրքերու զանազանութիւն մը գոյութիւն չունի հրապարակին վրայ, իսկ ամենակարեւորը գոյութիւն չունի որպէս արտադրութիւն, գիրքի վաճառունակութեան (marketing) ոչ մէկ սերտուած ու գիտական ձեւ:
Շատ յաճախ հայերէն գիրքեր կը հրատարակուին՝ հրատարակուելու սիրոյն, տրցակներով դիզուելու համար հրատարակող ազգային հաստատութեանց ամբարներուն մէջ: Գրասէր անհատներու մեկենասութիւնն ու այլ բարեսիրական հաստատութիւններու նիւթական մեծ ներդրումներն ալ կը վատնուին այս ձեւով:
Հետեւաբար եթէ դարձեալ հիմնուինք արտադրութեան եւ պահանջքի օրէնքին վրայ, կարելի է եզրակացնել, թէ հայերէն գիրքին բովանդակութիւնն ու ձեւը եթէ ժամանակավրէպ են եւ ոչ քաշողական ու սպառողին (ընթերցողին) ճաշակն ու պէտքը չեն գոհացներ, եւ եթէ մանաւանդ չի յարգուիր վաճառունակութեան գիտական միջոցները, որոնք են արտադրութեան պիտանելիութիւնը, գինը, ներկայացման ձեւն ու անոր օգտակարութիւնը ցոյց տալու աշխատանքը եւ ցրւումի մեքանիզմը (The Four “P”s: Product, Price, Promotion, Place), այս պարագային հայ գիրքի պահանջք տեղի պիտի չունենայ, այսինքն հայերէն գիրքի պահանջքը պիտի պակսի, հետեւաբար նաեւ հայերէն ընթերցասիրութիւնը:
Անցնինք այլ կարեւոր հարցի մը, որն է անընթերցասիրութիւնը։
ԱՆԸՆԹԵՐՑԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ
Անընթերցասիրութեան (aliteracy) խնդիրը եւ անկէ բխող հետեւանքները շատ աւելի լուրջ եւ վտանգաւոր են, քան ինքնին անգրագիտութիւնը: Անընթերցասէրները այն անձերն են, որոնք կարողութիւնը ունին կարդալու, սակայն կը նախընտրեն չկարդալ: Անընթերցասէրներու գրագիտական կարողութիւնները շատ յաճախ բաւարար են համալսարանական պա-հանջքներուն, սակայն անոնք հաճոյք մը չեն տեսներ ընթերցանութեան մէջ եւ ոչ ալ անոր կը ձեռնարկեն՝ բացի չափազանց կարեւոր պարագաներուն, ուր անոնք ստիպուած կը զգան քանի մը տող կարդալու կամ գրելու:
Անընթերցասիրութիւնը կը ծնեցնէ անգրագիտութիւն: Անընթերցասէրները երբ ծնողք կը դառնան, շատ գէշ օրինակ կը հանդիսանան իրենց զաւակներուն, քանի ոչ մէկ ձեւով անոնք կը քաջալերեն կամ կը մղեն իրենց զաւակները գիրն ու գրականութիւնը սիրելու:
Ընտանիքը մանուկներու դաստիարակութեան գործընթացին մէջ առաջին կարեւոր ազդակն է: Հոն է, որ փոքրիկը առաջին անգամ կ՚ընկալէ մարդ արարածի յատուկ կենսական գիտելիքներ, իսկ այդ ընկալումը շատ յաճախ կը կատարուի ծնողները կապկելով: Հետեւաբար երբ տան մը մէջ ծնողքը չի կարդար՝ փոքրիկը պիտի չկարդայ:
Գիտական լուրջ փաստեր չկան, թէ ընթերցասիրութիւնը կը փոխանցուի ժառանգութեամբ: Ուրեմն ընթերցասիրութիւնը, ինչպէս այլ արժէքներ կամ ժխտական մոլութիւններ, տան մթնոլորտին արդիւնքն են, որ շատ կարեւոր դեր կը խաղայ այս եւ նման պարագաներուն:
Միւս կողմէ ընթերցասիրութեան զարգացման շատ աւելի վտանգ կը հանդիսանան անընթերցասէր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, մանաւանդ եթէ անոնք լեզուներու եւ գրականութեան դասատուներ են։ Անընթերցասէր ուսուցիչ-ուսուցչու-հիները երբ շատ գէշ ձեւով կը ներկայացնեն կարեւոր նիւթերը, անոնց դասապահերը շատ անհրապուրիչ եւ վանողական կ՚ըլլան ու զուրկ ընդհանուր գիտելիքներէ եւ կը սահմանափակուին դասագիրքի պարունակութիւնը միայն գոց սորվիլ տալով, առանց նոր եւ հետաքրքրական տեղեկութիւն մը փոխանցելու աշակերտին, որուն համար դասապահը կը վերածուի պատիժի, ըմբոստացնելով փոքրիկները եւ անոնց մէջ սերմանելով ուսուցիչին, հետեւաբար եւ անոր սորվեցուցած գիրին ու ընթերցանութեան դէմ ժխտական կողմնորոշում: Այսօր փաստ է, թէ այն փոքրիկները, որոնք իրենց դպրոցական տարիները որպէս աշակերտ կ՚անցընեն անընթերցասէր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու դասարաններուն մէջ, իրենց կարգին անընթերցասէր դառնալու լուրջ վտանգին առջեւ կը գտնուին: Իսկ երբ այդ փոքրիկները կու գան նաեւ անընթերցասէր կամ անգրագէտ տուներէ կամ ծնողներէ, վտանգն ու փորձանքը կը դառնան կրկնապատիկ:
Գիրքին եւ ընթերցասիրութեան հանդէպ սէրը՝ մանուկին քով կը զարգանան իր կեանքի առաջին տարիներուն, այսինքն նախադպրոցական եւ դպրոցական առաջին տարիներուն: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ ընթերցասէր տուներէ եկող փոքրիկներ շատ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգեն դպրոցին մէջ: Հետեւաբար ընթերցասէր սերունդ մը պատրաստելու մէջ մեծ դեր ունին ծնողներն ու մանաւանդ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:
Կանուխ տարիքին՝ անգամ մը որ գիրքը փոքրիկին յաջողինք սիրցնել, ան հաճոյք պիտի զգայ զայն կարդալով։ Եւ որովհետեւ այսօրուայ փոքրիկը վաղուայ մարդն է, ապագայի համար մենք ստեղծած պիտի ըլլանք ընթերցասէր գլխագիր Մարդիկ:
ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԵՐԿՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
Հայ փոքրիկներուն համար հայերէն ընթերցանութիւնը ունի իր դժուարութիւնները: Սփիւռքահայ (արեւմտահայ) փոքրիկները, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը արդէն իսկ արեւելահայ գրականութիւն ընթերցելու անկարելիութեան առջեւ կը գտնուին (նկատի առած նաեւ տարբեր ուղղագրութեանց պարագան), ունին նաեւ այլ շատ կարեւոր դժուարութիւն մը, որն է այն հսկայ տարբերութիւնը, որ կայ այսօր սփիւռքահայ տան խօսակցական լեզուին եւ սփիւռքահայ գրական լեզուին մէջ: Այս իրավիճակը լուրջ պարագայ մըն է, որ հեղինակները, մանաւանդ փոքրիկներու գրականութեամբ զբաղող հեղինակները պէտք է մղէ պարզեցնելու իրենց գործածած գրական լեզուն, բառերն ու ոճը, որպէսզի ընկալելի ըլլան փոքրիկ ընթերցողին կողմէ:
Ընթերցողները իրենց փորձառութենէն գիտեն, թէ երբ կը կարդան բան մը, որ լաւ չեն հասկնար, այս մէկը կ՚առաջնորդէ զրկուածութեան զգացումին (frustration), հետեւաբար գիրքը մէկ կողմ նետելու փորձութեան:
Արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող լեզուական դժուարութիւններուն վրայ՝ պէտք է աւելցնել նաեւ հայերէն լեզուի ուսուցման ձեւը եւ միջոցները, հայերէն լեզուի դպրոցական ծրագիրներու եւ դասագիրքերու, այլ լեզուներու գիրքերու հետ համեմատած անհրապուրիչ, ժամանակավրէպ եւ աղքատ որակով ըլլալու փաստը, որոնք բնաւ չեն գոհացներ հայ աշակերտին ընկերային, մտային եւ դաստիարակչական պէտքերը։ Վերոյիշեալ տխուր իրականութիւնը աւելի եւս վանողական կը դարձնէ ընթերցասիրութիւնը հայ աշակերտին մօտ:
ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ
Որեւէ հարցի արմատական լուծումը կարիք ունի գիտական լուրջ ուսումնասիրութեան, բան մը որ դժբախտաբար կը պակսի մեր ժողովուրդին մօտ, ուր ընդհանրապէս լուծումներ կը փորձենք գտնել շատ յաճախ հիմնուելով մեր ողջմտութեան (common sense) վրայ, որ կրնայ դժբախտաբար զուրկ ըլլալ գիտական հիմքէ:
Հիմնուելով կարիքները արժէւորելու գիտական ուսումնասիրութենէ բխող արդիւնքներուն վրայ, պէտք է կազմակերպել ծրագրուած վարժանիստեր (workshops) ուղղուած ծնողներուն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, գրադարանապետերուն եւ փոքրիկներուն հետ աշխատող այլ ան-հատներուն:
Երբ փոքրիկները կու գան ընթերցասիրութեան մթնոլորտէ զուրկ տուներէ, անոնց գրաճանաչումի եւ ընթերցասիրութեան ծանօթանալու առիթը պիտի յետաձգուի մինչեւ իրենց դպրոց մուտք գործելը, ուր դարձեալ շատ մը պարագաներուն՝ հարցական կը մնայ այս ուղղութեամբ կատարուող ճշգրիտ աշխատանքը: Հետեւաբար մանուկը զրկուած պիտի ըլլայ գիրն ու գիրքը սիրելու առիթէն, իր կեանքի սկզբնական շատ կարեւոր տարիներուն:
Եթէ կ՚ուզենք բարեփոխել այս տխուր իրավիճակը եւ մանուկին առիթ տալ՝ լաւագոյնս օգտուելու ընթերցասիրութեան կապուելու այդ շատ կենսական տարիներէն, հիմնական փոփոխութիւններու պէտք է ձեռնարկենք եւ փորձենք ծնողներն ու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները ուսուցանել եւ մարզել այդ ուղղութեամբ: Անոնց պէտք է տրուին բոլոր կարեւոր տեղեկութիւններն ու ռազմավարական միջոցները, որպէսզի կարողանան զանոնք ի գործ դնել՝ ընթերցասէր սերունդներ պատրաստելու համար:
Գիրքերու գոյութիւնը մեծապէս կախեալ է անոնց ստեղծած պահանջքէն: Տարիքային խումբերու հետ յարմարող հայերէն լեզուով գրուած քաշողական եւ հետաքրքրական գիրքերու չգոյութիւնը՝ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունի հայերէն ընթերցասիրութեան զարգացումին վրայ: Միութենական թէ անհատական հրատարակչատուներն ու հեղինակները պէտք է նկատի ունենան այս պարագան: Գիրք ստեղծելէ աւելի կարեւոր է՝ ճի՛շդ գրականութիւն ստեղծելը: Լաւ կ՚ըլլայ օգտուիլ արեւմտեան աշխարհի այս դաշտին մէջ կատարած փորձէն եւ անոնց հրապուրիչ ու օգտակար մանկական հրատարակութիւններէն: Ապա թէ ոչ՝ հայերէն գիրքերուն մեծամասնութիւնը պիտի հրատա-րակուի հրատարակուելու սիրոյն եւ ի զուր պիտի երթան անոր համար տրամա-դըրւած մարդուժը, ժամանակը եւ մանաւանդ նիւթականը:
Մերօրեայ փոքրիկներուն ուղղուած գրականութիւնը պէտք է արտացոլացնէ անոնց ժամանակակից ընկերային, մտային եւ մշակութային պէտքերը։ Իսկ նիւթերը ըլլան իմաստալից եւ օգտաշատ ու անդրադառնան մերօրեայ կարեւոր ընկերային արժէքներուն, ինչպէս գործակցութեան ոգի, ծագած հարցերու խաղաղ լուծում, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, հանդուրժողականութիւն, եւայլն:
Ամենակարեւորը՝ լեզուն պէտք է ըլլայ հասկնալի, որպէսզի դիւրացնէ փոքրիկին իր կարդացած գիրքէն ընկալած տեղեկութիւնները՝ իր հերթին օգտագործելու իր ամէնօրեայ խօսակցութեան, մտածելակերպին եւ վարուելակերպին մէջ:
Գանք այլ կենսական հարցի մը. հրատարակութեամբ զբաղող կողմերը ՊԷՏՔ է լաւատեղեակ ըլլան վաճառունակութեան (marketing) բոլոր միջոցներուն եւ գիտելիքներուն, ամէն առիթով գործի դնելով զանոնք:
ԻՍԿ Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԸՆԷ ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ
Պատասխանելու համար այս հարցին նախ պիտի շեշտեմ, թէ կարենալու համար ունենալ յարաճուն եւ շարունակական մարդկային զարգացում (Sustainable Human Development), ազգ մը կարիքը ունի պետութեան եւ հասարակական ու անհատական հաստատութիւններուն, որոնք երբեմն ձեռք ձեռքի տալով, շատ յաճախ ալ զիրար ամբողջացնելով՝ սատարեն իրենց ժողովուրդի զարգացման:
Ի չգոյութիւն «սփիւռքահայ պետութեան», այս հարցի լուծման նախաձեռնողները պէտք է ըլլան հայկական հաստատութիւններն ու միութիւնները՝ իրենց ներկայացուցած ազգային-եկեղեցական-հասարակական կազմակերպութիւններով եւ լրատուական միջոցներով՝ մետիայով (media), ինչպէս նաեւ մենք՝ որպէս գիրով, գրականութեամբ եւ սերունդներու դաստիարակութեամբ զբաղող անհատներ, իւրաքանչիւրս իր կարողութիւններով եւ հմտութիւններով, որ բնաւ չեն պակսիր, եթէ անշուշտ ճիշդ ձեւով օգտագործուին: Այո՛, մենք ունինք ուժեր եւ արժէքներ, որոնք մեծապէս կրնան սատարել այս եւ նման հարցերու լուծման:
Սակայն ո՞ւր են անոնք: Պատմականօրէն հայերս բացառիկ կարողութիւնը ունինք նեղացնելու եւ խրտչեցնելու մեր հանճարներն ու արժէքները, որոնք շատ յաճախ հայութեան մէջ գործելադաշտ չգտնելով եւ կամ սրտնեղած՝ կը փնտռեն ու կը գտնեն օտար դաշտեր, ուր կ՚աշխատին ու կը փայլին որպէս անհատ աշխարհաքաղաքացիներ եւ բնականաբար այլեւս հայ չեն մնար:
Ունինք նաեւ այլ մոլութիւն մը, որն է տեղ տալ միջակութիւններուն, որոնցմով դժբախտաբար քիչ բացառութեամբ կը ղեկավարուին մեր ազգային եւ կրթական հաստատութիւնները՝ պատճառ դառնալով անոնց ձախողութեան։ Այս մոլութիւնները եթէ չսրբագրուին՝ արժէքաւոր տղաք պիտի շարունակեն երթալ աշխատելու օտար դաշտերուն մէջ՝ փառք ու պատիւ ստանալու լուրջ ամպիոններու վրայ, իսկ հայկական հաստատութիւնները պիտի չկարենան կատարել իրենց վստահուած լուրջ դերը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ