ՈՎՔԵ՞Ր ԵՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՎԱՐՆԵՐԸ
Շատեր կը հետաքրքրուին, թէ ովքեր են միջազգայնավարները կամ համաշխարհայնավարները: Անոնք ամերիկեան ու անգլիական ուժեր են, որոնք կ՚ուզեն աշխարհը ղեկավարել մէկ կեդրոնէ: Անոնց ձեռքին կը գտնուի տոլար տպելու մեքենան: Որքան փող ուզեն կը տպեն եւ ինչ ուզեն կ՚ընեն այդ փողով: Քանի որ աշխարհի փողը կը գտնուի անոնց ձեռքին, անոնք կը խորհին, որ աշխարհը պիտի ենթարկուի իրենց եւ ապրի իրենց ըսածի ու կամքի համաձայն:
Որպէսզի այս ամէնը պատկերացնենք աւելի յստակ, Հայաստանի գիւղերուն մէջ կը հանդիպիք Ռուսաստանէ ներս հարստացած մեծահարուստներու, որոնք իրենց գիւղերուն մէջ կը բաժնեն փող եւ կ՚ուզեն, որ ամբողջ գիւղի բնակչութիւնը ապրի իրենց ցանկութեամբ: Շաքար մը կու տան մարդուն եւ կ՚ըսեն. «Թուղթն ալ հետը պիտի ուտես»: Ինչո՞ւ: Քանզի իրենք ունին փող: Նոյնն ալ համաշխարհայնավարներն են, սակայն վիթխարի չափերով:
Որպէսզի կեդրոնէ մը ղեկավարեն աշխարհը, միջազգայնավարները որոշած են, որ պիտի չըլլան սահմաններ, ազգային բանակներ, ազգութիւններ, կրօններ, ազգային ինքնութիւն... այս բոլորը պէտք է վերանայ: Պարզ պատճառով մը՝ առանց պատկանելիութեան, առանց ազգութեան, առանց լեզուի, առանց պատմութեան, առանց կրօնի, առանց յիշողութեան մարդը կը վերածուի սնուող-քնացող կենդանիի մը, եւ այդ կենդանին դիւրութեամբ պիտի կառավարուի հեռավարման վահանակի միջոցաւ:
Այս բոլորին կ՚աւելցնենք օգտագործումի խրախուսումը թմրանիւթերու, զորս համաշխարհայնավարները կը հրամցնեն իւրաքանչիւր զաւթած երկրի: Ի վերջոյ, խորհեցէք առանց մշակոյթի, առանց ազգութեան, առանց պատկանելիութեան, առանց յիշողութեան մարդ մը, այս բոլորին ալ գումարած՝ թմրամոլ, կրնաք խորհիլ՝ այդպիսիք որքան դիւրութեամբ պիտի ղեկավարուին:
Եթէ մէկը կամենայ ընկղմուիլ համաշխարհայնավարներու կառավարումի փիլիսոփայութեան մէջ, կրնայ ընթերցել Քարլ Փոփփերի «Բաց հասարակութիւն եւ անոր թշնամիները» գիրքը: Պէտք է գիտնալ, որ իւրաքանչիւր իշխանութեան ետեւը կայ փիլիսոփայութիւն մը: Զոր օրինակ, համայնավարներու փիլիսոփաները Մարքսն ու Էնկելսն էին, Ալեքսանդր Մակեդոնացիի փիլիսոփան Արիստոտելը: Միջազգայնավարներու փիլիսոփան Քարլ Փոփփերն է: Եթէ կ՚ուզէք հասկնալ իշխանութեան քայլերը կամ գործերը, պէտք է հասկնաք՝ ինչ փիլիսոփայութիւն կայ անոր ետեւը:
Այժմու՝ համաշխարհայնավարները ինչպէ՞ս կը փորձեն հասնիլ իրենց նպատակներուն: Իրենց նպատակին հասնելու համար անոնք աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ կը նշանակեն իրենց ուզած ղեկավարները: Այդ ղեկավարները պարտադիր պէտք է ըլլան անգրագէտ, անհայրենիք, քիչ մըն ալ այլասերած, կեանքէն յոգնած ու նեղացած, եւ ատոնց կողքին չարացած խամաճիկներ:
Ինչպէս կ՚ըսէ իտալացի յայտնի դատախազ մը. «Յանցաւոր աշխարհի պարագլուխները մշտապէս կը ջանան հաւաքագրել յիմարները եւ անգրագէտները: Որքան յիմար ըլլան, այդքան լաւ պիտի ենթարկուին ու պիտի կատարեն հրամաններ»:
Նոյն կարգախօսով ալ կը շարժին համաշխարհայնավարները. իրենց ընտրած մարդոց մեծամասնութիւնը չունի բարձրագոյն կրթութիւն: Խորհեցէք մարդ մը հազիւ դպրոցը աւարտած, մարզադաշտի մը մէջ ջուր կը վաճառէ, մէյ մըն ալ կը տեսնես, կը նշանակուի արտաքին գործոց նախարար՝ Իտալիոյ օրինակը:
Ինչպէ՞ս կը զաւթեն երկիրները:
Համաշխարհայնավարները իրենց ձեռքին մէջ կ՚առնեն՝ դրամով կը գնեն, տուեալ երկրի լրատուամիջոցներու մեծ մասը:
Խորհեցէք՝ կու գան Վանաձոր, կը հանդիպին լրագրողի մը, որ չի կրնար վճարել իր խմբագրատունի հոսանքի փոխարժէքը եւ կ՚առաջարկեն. «Քեզի տարեկան պատրաստակամ ենք վճարելու հարիւր հազար տոլար, եթէ մէկ տարուան ընթացքին երեք հարիւր յօդուած գրէք բանակի դէմ, եկեղեցիի դէմ...»:
Այդ լրագրողներու միջոցաւ կրնան ազդեցութիւն ունենալ բնակչութեան զգալի հատուածի մը վրայ: Բոլոր լրատուամիջոցներով կը գրեն. «Մածունը սեւ է», հինգ հազար անգամ այդ կը կրկնեն, ու մարդիկ կը սկսին մտածել, թէ «մածունը սեւ է»:
Անոնք, որոնք կը տեսնեն, թէ մածունը սեւ չէ, կը սկսին վախնալ այդ մասին արտայայտուելէ, կամաց-կամաց կ՚իյնան կասկածի մէջ. «Կրնա՞յ պատահիլ մենք լաւ չենք տեսներ»:
Ինչպէս նախապէս նշեցի, համաշխարհայնավարներու հիմնական ու ամենակարեւոր «հումքը» յիմար մարդն է:
Լրատուամիջոցներէն զատ, ի հարկէ, երկրի նիւթական բոլոր հոսքերը, կեդրոնական դրամատուներն ու միջազգային «հզօր» կազմակերպութիւնները համաշխարհայնավարներու գործիքներէն են:
Եւ, հարկաւ, համաշխարհայնավարներու սիրած գործիքներէն են այսպէս կոչուած՝ գունաւոր, թաւշեայ յեղափոխութիւնները: Բազում երկիրներ զաւթած են ամբողջութեամբ ու նշանակած՝ իրենց մարդիկը ու այդ մարդոց միջոցաւ ղեկավարել այդ երկիրները. Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրները, Միջին Ասիա, Ուքրայնա, Վրաստան... Հայաստան: Բոլոր այն երկրները, ուր որ եղած են գունաւոր յեղափոխութիւններ, մարդիկ սկսած են հազար անգամ աւելի վատ ապրելու...
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•շարունակելի
Երեւան