ՀՈՂԵՐԸ ՎԱՂՈՒՑ «ԾԱԽԱԾ» ԷՐ
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ ես կը գտնուէի իմ հայրենիքէն շատ հեռու: Բարեբախտաբար մինչեւ այսօր իմ աչքերը չեն տեսած պատերազմ, որու համար երախտապարտ եմ Բարձրեալին: Ամէն անգամ հեռուէ հեռու կ՚ապրիմ հայրենիքիս տառապանքը: Հայրենիք ըսելով ի նկատի ունեմ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները, որոնցմէ առաջինի մէջ ես այժմ կը բնակիմ, սակայն հոգիս կը վխտայ երկրորդի լեռներու մէջ:
Այդ օրերուն իմ ականջներուն նոյնպէս հասած էին այն ասէկօսութիւնները, ըստ որոնց իբր թէ քառօրեայ պատերազմը նախապէս պայմանաւորուած էր. Սերժ Սարգսեան Իլհամ Ալիեւին ըսած էր. «Մտէ՛ք, ինչ-որ կրնաք վերցուցէ՛ք»: Վստահաբար մեզմէ ոչ մէկը գիտէ, թէ այս լուրը ինչքանով կը համապատասխանէ իրականութեան, թերեւս յերիւրանք մը կրնայ ըլլալ:
Արդիւնքին պատերազմը սկսաւ եւ տեւեց չորս օր: Քառօրեայ պատերազմին հայկական կողմը ունեցաւ 93 զոհ եւ կորսնցուց 800 հեկտար տարածք, որու մէջ կը գտնուի Վարազաթումբ բարձունքը՝ Լելէ թեփէն: Թէ ինչպէս բարձունքը ստացաւ Վարազաթումբ տեղանունը. հայոց Վաչէ թագաւորի որդին՝ Վաչագան թագաւորը, կու գար Արաքսի հովիտ՝ վարազի որսի: Անոր արքունի որսորդները այդ թումբի վրայէն կը դիտէին տարածքը ու վարազ մը նշմարելու պարագային փող կը փչէին: Այդ ժամանակուընէ ի վեր, բարձունքը, չնայած ոչ-մեծ բարձրութեանը, ստացաւ «Վարազաթումբ» տեղանունը:
Այժմ հարց՝ ինչո՞ւ նախորդ պատերազմը տեւեց չորս, ոչ թէ քառասունչորս օր... ինչո՞ւ… ըստ շրջանառուող լուրերու, յանցաւոր պայմանաւորուածութեան գալով Ատրպէյճանը լայնածաւալ պատերազմի չսկսաւ... ինչո՞ւ այն ատեն անօդաչու թռչող սարքերով եւ այլ միջոցներով չհրթիռակոծեց Արցախիս քաղաքներն ու մայրաքաղաքը: Կրնա՞յ պատահիլ հայոց լեռնաշխարհի օդը լաւագոյնս պաշտպանուած էր, այս իսկ պատճառաւ հակառակորդը չկրցաւ, հնարաւորութիւն չունեցաւ հրթիռակոծելու, ծաւալելու... Կրնա՞յ պատահիլ՝ կազմակերպուած բանակն էր պատճառը, որ պատերազմը տեւեց ընդամէնը չորս օր...
Ես ամենեւին միտում չունիմ պաշտպանելու Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը, պարզապէս փաստը կ՚արձանագրեմ: Եթէ չըլլային Հայաստանի Հանրապետութեան եկրորդ ու երրորդ նախագահներու թերացումները, ժողովուրդը չէր մոլորեր, ատելութենէն չէր կուրանար եւ Սերժ Սարգսեանէն ազատելու համար պատրաստ չէր ըլլար դաշինք կնքելու՝ նոյնիսկ սատանայի մը հետ: Ներքին թշնամին ալ օգտուելով յարմար առիթէն՝ գառնուկի մորթ հագած հասաւ իր նպատակին՝ վարչապետի աթոռին՝ երկրի ղեկին:
Արդիւնքին կորսնցուցինք մեր հայրենիքի մէկ քառորդը՝ Հայաստանի դարպասները այլեւս բաց են: Կորսնցուցինք մեր մատղաշ, քաջ ու խիզախ աւելի քան հինգ հազար հերոս մարտիկները: Մի ամբողջ սերունդ բռնեց յաւերժի ուղին: Կորսնցուցինք ու տակաւին կը շարունակենք կորսնցնել:
Ժամանակին վարչապետ Փաշինեանը կը պոռար, թէ կոպեկ առ կոպեկ թալանածը ետ պիտի բերեմ, մինչդեռ այսօր՝ գիւղ առ գիւղ, բլուր առ բլուր կը նուիրէ, կը վաճառէ: Այսօր ո՛չ բարձունք ունինք, ո՛չ ալ տղերք:
Կորսնցնելով Արցախը՝ այսօր կանգնած ենք հայոց պատմութեան վերջին էջը թերթելու վտանգին առջեւ: Երկիրը մատնուած է անտէրութեան. քաոսի մէջ ենք:
Իսկ այս ամէնի գլխաւոր մեղաւորները Սերժ Սարգսեանն է, Ռոպերթ Քոչարեանը, ժողովուրդը: Եթէ մեր նախկին ղեկավարները չձգէին, որպէսզի իրենց մերձաւորներն ու մտերիմները այդքան լպիրշանային ու կորսնցնէին չափի զգացումը, Փաշինեանն ո՞վ է, որ կարենար գլուխ բարձրացնել, մօտենար երկրի ղեկին, ինքզինքին իրաւունք վերապահէր որոշել Արցախի, արցախահայութեան ճակատագիրը:
Այսօր Հայաստանի ղեկին կ՚ըլլար Սերժ Սարգսեանը, Արցախը կ՚ըլլար իր տեղը՝ ազատ, անկախ ու անվտանգ: Ամենավերջին մեղաւորը՝ երկիրը կործանման եզրին հասցուցած դաւաճանն է: Այսօր մեղքերու թողութիւն խնդրելու, ուշքի գալու ժամանակն է, թէ ոչ վաղը այլեւս ուշ պիտի ըլլայ: Վտանգուած է Հայաստանն ու հայոց պետականութիւնը:
Հողերն ալ այսօր ծախեցին:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան