ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՉԶԲԱՂՈՂՆԵՐԸ ՓԼՈՒԶԵՑԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
«Գոյք պարտքի դիմաց» վայրահաչողներ, ճիշդը՝ տարածքներ գերիներու դիմա՞ցն է: Ինչո՞ւ հասանք այս օրուան:
«Ես այդ գերիները կը համարեմ, որ անոնք չկան: Անոնք այլեւս ինծի համար չկան...». մէջբերում Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ազգադաւ նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գաղտնի նկարահանումէն:
Հարց՝ ինչո՞ւ գերիներու մասին այս տեսակ վայրահաչողը վաղը միւս օր սրճարաններու, ճաշարաններու մէջ հանգիստ պիտի սրճէ կամ ընթրէ... Այսօր քանի մը հականիկոլական երիտասարդներ կ՚ըսեն, թէ երեքն ալ նոյն ազգուրացն են՝ Ռոպերթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանը, Փաշինեանը: Ու կը յաւելեն, թէ եկէք դադրեցնենք քննարկումը, մենք քաղաքականութեամբ չենք զբաղիր: Բարի, համաձայն եմ: Սակայն 2018 թուականին կը զբաղէիք:
Քանի դեռ ամենա«մարտունակ» սերունդը՝ երեսուն-երեսունհինգ տարեկանները չեն կրցած տարբերակել Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը Ռոպերթ Քոչարեանէն, Ռոպերթ Քոչարեանը՝ Սերժ Սարգսեանէն, վերջինս ալ՝ Նիկոլ Փաշինեանէն, հայուն թշնամիէն, քանի տակաւին չեն կրցած տարբերակել քաղաքականութիւնը՝ վաղուայ օրուընէ, սեփական երեխաներու վաղուայ օրուընէ, Նիկոլը, նիկոլիզմը պիտի մնայ:
Քանի դեռ ամենածաղկուն տարիքի մէջ գտնուողին կը թուի, թէ ինք իրաւունք ունի զարդարելու Կաղանդի ծառը, քանզի «երեխաները ի՞նչ մեղք ունին», մեր երեխաները պիտի շարունակեն գերեվարել ու անոնց ետեւէն այսպէս խօսիլ:
Երեխաները ի՞նչ մեղք ունին: Մեղաւորները զանոնք 2018 թուականին դպրոցական նստարաններէն հրապարակի նստարաններ խորոված ուտելու տանողներն են:
Որոնք այժմ քաղաքականութեամբ չեն զբաղիր:
Բացատրեցէք այդ երեխաներուն, որ այս տարի ալ պիտի չըլլայ Կաղանդի ծառ, քանզի Հայաստանն ու Արցախը ծանր հիւանդ են: Օրէ օր վիճակը աւելի կը բարդանայ ու կը վատթարանայ: Իսկ երբ մեր օճախներուն մէջ՝ երբ մեր ընտանիքի մայրը կը հիւանդանայ, այն ալ ծանր, մենք ոչ մէկ բանի համար կ՚ունենանք սիրտ, առաւել եւս ուրախութիւն տօնի մը: Իսկ ատոր մեղաւորները դաւաճաններու ոհմակն է իւր պարագլուխով: 2020 թուականի սեպտեմբերի 27-էն ի վեր իմ ամուսինը չէ սափրուած: Ինչպէս գիտէք, Հայաստանի մէջ մօրուք պահելը՝ ժամանակակից ըլլալէ զատ, սուգի նշան է: Աւելի քան տարիէ մը ի վեր Արին չի կրնար ածելին ձեռքը առնել. կը սպասէ բաղձալի օրուան, որ հետզհետէ կը մնայ մշուշի մէջ:
Բացատրեցէք երեխաներուն, որ այս տարի ալ տօնածառ պիտի չըլլայ, որպէսզի երբ մեծնան, յիշեն, թէ ո՛վ պատճառ դարձած է իրենց անհոգ մանկութեան խեղաթիւրման: Եւ երթան վրէժխնդիր ըլլան: Թէ ոչ դուք բթացած էք՝ քաղաքականութեամբ չէք զբաղիր, տօնածառ կը զարդարէք: Առանց գիտակցելու, որ սա քաղաքականութիւն է: Սա սիրոյ չափման միաւոր մըն է հանդէպ մեր զաւակներու, ընտանիքներու, հայրենիքի: Սա մեր հայրենիքի, հայոց պետականութեան, մեր վաղուայ խաղաղ այգաբացի ծագիլ-չծագելու հարցն է: Ես նոյնպէս քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր: Ես քաղաքագէտ մը չեմ: Ես պարզապէս խիստ մտահոգուած եմ իմ երկու հայրենիքներու ներկայի վիճակով ու վաղուայ օրով: Եւ որպէս ծովի մէջ կաթիլ մը, միշտ պատրաստ եմ սատարելու, համալրելու մտահոգներու, ոտքի ելածներու շարքերը:
Խաղաղութիւն, լոլիկ, խառն կանաչի կ՚ուզէք Կաղանդ պապուկէն, երբ խառն են ժամանակները, որպէսզի բերէ եւ դնէ ձեր գոյնզգոյն լոյսերու մէջ փայլատակող, ժամանակակից տօնածառերու տակ: Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի ժամանակաշրջանին գնած գեղեցիկ Կաղանդի ծառերու տակ, ինչ որ Նիկոլի թուականին սուղցած է քանի մը անգամ:
Սակայն երբ Կաղանդ պապուկը պենզինն ու խաղաղութիւնը բերէ եւ դնէ տօնածառի տակ, զգոյշ կը բանաք. չպայթի խաղաղաբար, չէ՞ որ ամէն պարագայի պենզին է:
Նորը այլեւս չէք կրնար գնել, սուղցած է հնգապատիկ:
Եւ յետոյ, եթէ բոլորն ալ նոյն դաւաճանն են, ինչո՞ւ համար նախկին երկու «դաւաճաններու» օրօք երեխաները Կաղանդ պապուկէն խաղաղութիւն ուզելու փոխարէն կ՚ուզէին խաղալիք:
Վերջերս դիմատետրի պատերուն կը տարածեն Կաղանդ պապուկին գրուած հայ մանուկներու նամակները, որոնց մէջ երեխաները մոռցած են խաղալիքներու մասին: Վեց-եօթ եւ աւելի մեծ տարիքային խումբի երեխաները իրենց սրտաբուխ նամակներու մէջ Կաղանդ պապուկէն անխտիր կը խնդրեն խաղաղութիւն, այնուհետեւ, մէկը զինուորական համազգեստ՝ հայրենիքը պաշտպանելու համար, միւսը՝ իր հիւանդ մայրիկի համար լուացքի մեքենայ, վիրաւորներուն շուտափոյթ առողջութիւն եւ այլն...
Խաղալիք...
Խաղալիք սարքեցիք քաղաքականութիւնը: Իսկ այժմ ալ՝ տեսէք-տեսէք, չէք զբաղիր:
Խաղացիք, ձանձրացաք, մէկ կողմ նետեցի՞ք...
Դե՜հ խաղացէ՛ք, ինչու չէք խաղար քաղաքականութեամբ:
Դագաղները, զորս ամէն օր կը տանին Եռաբլուր, նաեւ ձեր մեղքով է, իսկ յետոյ ալ կ՚ըսեն՝ երեխաները ի՞նչ մեղք ունին:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան