ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԲԱՌԵՐՆ ՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՓՈԽԵԼ ԱՇԽԱՐՀԸ

Կարելի՞ է, որ մարդ մը փոխէ ամբողջ աշխարհի մտածելակերպը: Միայն մարդ մը կրնա՞յ յեղափոխութիւն կատարել որեւէ դպրոցի դասարանէ մը: «Մահացած բանաստեղծներու միութիւն» (Dead Poets Society) շարժանկարի բեմադրիչ Փիթըր Ուէյր կը հաւատար այս գաղափարին: Իր բեմադրած ժապաւէնը ցոյց կու տայ տրամաթիք եւ բազմաթիւ հոգեբանական խնդիրներ, ինչպէս նաեւ կը պատմէ ոգեշնչող երիտասարդ ուսուցիչ մը եւ իր աշակերտներու կեանքը:

1959 թուականին անգլերէնի երիտասարդ ուսուցիչ Ճոն Քիթինկ կը փորձէ կրթել խումբ մը երիտասարդ ուսանողները Ուէլթըն ակադեմիոյ մէջ՝ տղաներու հեղինակաւոր նախապատրաստական ​​դպրոցին մէջ, ուրկէ ինք շրջանաւարտ եղած է: Երբ դպրոցի խիստ կանոնները կը սկսին ազդել աշակերտներու վրայ, Քիթինկ կամ ինչպէս աշակերտները զինք կը կոչեն՝ «նաւապետ»ը, կը փորձէ երեխաներուն սորվեցնել ազատօրէն մտածել եւ կը ջանայ բանալ անոնց միտքը նոր հորիզոններու առջեւ: Քիթինկ կը փորձէ խրախուսել այս երիտասարդները՝ ապրիլ իրենց կեանքը ազատօրէն։ Երբ ուսանողները կը փորձեն գտնել իրենց իրական նպատակը, անոնք կը յայտնաբերեն «Մահացած բանաստեղծներու միութիւն» անունով ակումբ մը, որու անդամն էր նաեւ իրենց երիտասարդ ուսուցիչը իր աշակերտական տարիներուն։ Անոնք նաեւ կը տեսնեն, թէ այս խումբը այլեւս գոյութիւն չունի դպրոցէն ներս։ Քիթինկ աշակերտներուն կը բացատրէ, որ այս ակումբէն ներս ուսանողները կը հաւաքուէին գեղարուեստական ​​ձեւով բանաստեղծութիւն արտասանելու, ինչ որ կ՚ընէին ամենայն լրջութեամբ: Կը նշուի, թէ այս ակումբի այլեւս գոյութիւն չունենալուն պատճառն է, որ անոր անդամները կը փորձէին անսովոր կերպով խրախուսել վերացական մտածելակերպը։ Աշակերտներէն մին խումբի մնացեալ անդամներուն կ՚առաջարկէ վերախմբաւորել «Մահացած բանաստեղծներու միութիւն»ը, որ զայն գլխաւորուի «նաւապետի» գաղտնի աջակցութեամբ։

Աւելի վերջ կ՚որոշուի վերստին ստեղծել «Մահացած բանաստեղծներու միութիւն»ը: Խումբի անդամները կը սկսին կանոնաւոր ճանապարհորդել դպրոցի սահմաններէն դուրս գտնուող քարայր մը՝ իրենց հանդիպումները իրականացնելու համար: Խումբի նպատակը դուրս կու գայ պարզ ակումբ մը ըլլալու սահմաններէն եւ կը վերածուի փոխադարձ աջակցութեան միութեան: Անդամները կը կարդան բանաստեղծութիւններ եւ կը բաժնեն իրենց գաղափարները՝ ծիծաղելով եւ զուարճանալով խարոյկի մօտ: Քիթինկ կը փորձէ օգնել ակումբի անդամներէն Թոտին, որպէսզի ան յաղթահարէ հրապարակային ելոյթ ունենալու վախը՝ ամբողջ դասարանի առջեւ կատարած վարժութիւններով: Մէկ այլ ուսանող՝ Նիլ կ՚անդրադառնայ, թէ իր երազն է դառնալ դերասան։ Ան կը վախնայ, թէ իր այս ցանկութեան հայրը հաւանութիւն չի տար: Նիլ գաղտնաբար կ՚արձանագրուի «Հենլի հոլ» խաղի գլխաւոր դերի համար:  Երբ հայրը կ՚իմանայ այս իրավիճակի մասին, ան կը ստիպէ Նիլը դուրս գալ խաղէն։ Նիլ օգնութիւն կը խնդրէ Քիթինկէն, որ կ՚առաջարկէ, թէ ան խօսի իր հօր հետ եւ պատմէ, թէ ինչ կը զգայ դերասանութեան մասին։ Նիլ չհամարձակելով խօսիլ հօրը հետ, գաղտնաբար եւ իր հօր կամքին հակառակ գործելով կը ստանձնէ «Հենլի հոլ»ի գլխաւոր դերը։ Նիլի հայրը կու գայ խաղը դիտելու եւ խաղի վերջաւորութեան զայրանալով տուն կը տանի իր որդին։ Հայրը Նիլին կ՚ըսէ, թէ ան պէտք է արձանագրուի ռազմական դպրոց, որպէսզի վերանան այն բոլոր գործօնները, որոնք կը խանգարեն զինք ընդունուիլ Հարվըրտի համալսարանը։ Նիլ չի կրնար ընդունիլ իր կեանքի մասին հօր ծրագիրները եւ ծանր որոշում մը առնելով ինքնասպան կ՚ըլլայ։ Նիլի ընտանիքը կը պահանջէ հարցաքննութիւն՝ պարզելու համար իրենց որդւոյն մահուան պատճառը։ Դպրոցի պաշտօնեաները անմիջապէս որպէս պատասխանատու կը մատնանշեն Քիթինկը, որովհետեւ ան Նիլը քաջալերած ու անդամագրած է «Մահացած բանաստեղծներու միութեան»: Արդիւնքին՝ Քիթինկ կը հեռացուի աշխատանքէն։ Երբ Քիթինկ իր  իրերը հաւաքելու համար կը մտնէ տնօրէն Կէյլ Նոլընի գտնուած դասարանը, Թոտ եւ միւս բոլոր աշակերտները ոտքի կը կանգնին՝ ցոյց տալու համար իրենց աջակցութիւնն ու յարգանքը իրենց «նաւապետ»ին նկատմամբ։

Նիլ կը փնտռէր իր ինքնութիւնը՝ ֆիզիքապէս եւ մտապէս։ Երբ հայրը միջամտեց եւ անոր պարտադրեց ինքնութիւն մը, Նիլ չափազանց վատ արձագանգեց եւ ինքնասպանութիւն գործեց։ Նիլ չէր ուզեր իրաւաբան ըլլալ, ան կ՚ուզէր դերասան ըլլալ։ Այսպէս բազում հոգեբանական խնդիրներ կարելի է գտնել ժապաւէնի ուսումնասիրութեան ժամանակ, բայց այս իրադարձութիւնը ամենաաչքառուն է։

Ժապաւէնը, կարելի է ըսել, չափազանց սուր է ու յստակ՝ այս հոգեբանական խնդիրները ցուցադրելու պարագային։ Ան ո՛չ միայն ցոյց կու տայ հոգեբանական խնդիրները, այլեւ դիտողին հնարաւորութիւն կու տայ ցուցադրուած բոլոր խնդիրները դիտել բոլոր տեսանկիւններէ։ Դերասաններու դէմքի արտայայտութիւնն ու մարմնի շարժումները ամենալաւ միջոցն են հասկնալու համար բացատրուող խնդիրները եւ անոնց ազդեցութիւնները։

«Մահացած բանաստեղծներու միութիւն»ը հիանալի ժապաւէն մըն է եւ օգտակար՝ տարբեր հոգեբանութիւններ ու հասկացութիւններ հասկնալու համար: Ժապաւէնը ո՛չ միայն տեղեկութիւն կու տայ հոգեբանութեան մասին, այլեւ կը փորձէ բացատրութիւններ տալ 1950-ականներու եւ մեր օրերու ընկրային խնդիրներու վերաբերեալ։ Ժապաւէնը նաեւ կը թելադրէ, թէ մարդիկ կարիքն ունին վայելելու իրենց մերձաւորներու սէրը եւ ընդունուելու  այնպէս, ինչպէս որ կը զգան իրենք զիրենք։ «Մահացած բանաստեղծներու միութիւն»ը ոգեշնչող արտադրութիւն մըն է՝ ապրելու համար կեանքը այնպէս, ինչպէս կը փափաքինք՝ առանց յայտնուելու ուրիշներու վերահսկողութեան տակ: Կեանքը պէտք է ապրիլ եռանդով, ոչ թէ վախով։

Թէեւ «Մահացած բանաստեղծներու միութիւն»ը նկարահանուած է 1989 թուականին եւ կը պատմէ 1950-60-ականներու մասին, իր պարունակած գաղափարները, մտածելակերպը, համոզումները ժամանակավրէպ չեն դարձած։ Արդարեւ, ժապաւէնի ներկայացուցած ընկերային խնդիրները ներկայիս եւս կը յուզեն ամբողջ մարդկութիւնը՝ թէկուզ աւելի դառն ու ուժգին ձեւով։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2022