ԱՐԵՒԵԼԱԳԷՏԸ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՑ ՏՈՀՄԷՆ

Մեծանուն հայ արեւելագէտ, իրանագէտ, բանասիրութեան եւ արեւելեան լեզուագիտութեան ասպարէզին մէջ իր անջնջելի աւանդը ձգած գիտնական Ֆրիտրիխ Քարլ Անդրէասի ծննդեան 175-ամեակը լրացաւ: Միջազգային գիտական աշխարհին մէջ եւ հայագիտական աշխարհէն ներս չյիշուեցաւ անիրաւօրէն անտեսուած այս գիտնականը: Ժամանակին կասկածի տակ կը դրուէր նոյնիսկ անոր հայկական ծագումը, մինչդեռ առանձին ուսումնասիրողներ, պատմական փաստերու հիման վրայ ապացուցած են, որ Ֆրիտրիխ Քարլ Անդրէաս հայ է՝ հայկական արքայական Բագրատունիներու տոհմէն:

Գիտնականին կենսագրութեան մէջ իսկապէս խորհրդաւոր դրուագներ կան: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Պատմա-բանասիրական» հանդէսին մէջ, 2001 թուականին լոյս տեսած մէկ յօդուածը (հեղինակ՝ Տիգրան Սարուխանեան) կը փաստէ, որ նախքան Գերմանիա՝ Կէօթինկէն տեղափոխուիլը, անոր կենսագրութիւնը բաղկացած է կարգ մը դրուագներէ եւ բոլոր պարագաներուն՝ ոչ-հաւաստի աղբիւրներէ: Այս յառաջաբանը գրուած է նաեւ անոր կենսագրութեան մէջ, որ լոյս տեսած է Կէօթինկէնի Կէորկ-Աւկուստ համալսարանի նշանաւոր շրջանաւարտներուն եւ գիտնականներուն մասին երկհատորեակին մէջ: Նոյն յօդուածագիրի վկայութեամբ, աղբիւրները սակայն միահամուռ են այն հարցին մէջ, որ Անդրէաս հայազգի էր: Այդ մասին կը վկայեն գերմանական հանրագիտական հրապարակումները, անոր երբեմնի ուսանողները նաեւ Անդրէասի կնոջ՝ ռուսական արմատներով եւրոպացի գիտնական Լու Անդրէաս-Սալոմէի կենսագիրները:

Հիմնուելով «Պատմաբանասիրական» գիտական հանդէսին մէջ Տիգրան Սարուխանեանի հրատարակած յօդուածին, կը ներկայացնենք յատկանշական դրուագներ՝ Ֆրիտրիխ Քարլ Անդրէաս Բագրատունիի կենսագրութենէն եւ գործունէութենէն:

Անդրէաս, ի սկզբանէ՝ Բագրատեան, ծնած է 1846 թուականին՝ նետերլանտական Հնդկաստանի մէջ՝ Պաթավիա (այժմ՝ Ինտոնեզիա, Ճաքարթա)՝ ռազմական բժիշկ Բագրատեանի ընտանիքին մէջ։ Մայրը՝ տիկին Վայց, գերմանական եւ մալեզիական ծագում ունէր:

Ան ընդամէնը վեց տարեկան էր, երբ ընտանիքը տեղափոխուած է Համպուրկ, ուր Ֆրիտրիխ Քարլ Անդրէաս սկսած է իր ուսումնական առաջին քայլերը՝ յաճախելով մասնաւոր դասընթացքներու։

14 տարեկանին ան, իբրեւ կիմնազիայի սան, կը տիրապետէր գերմաներէնի, անգլերէնի, հոլանտերէնի, ֆրանսերէնի, լատիներէնի եւ յունարէնի։ Աւարտելով կիմնազիան՝ Անդրէաս-Բագրատունի կը շարունակէ կրթութիւնը Հալէի, Երլանկէնի, Կէօթինկէնի եւ Լայպցիքի համալսարաններուն մէջ՝ ուսանելով արեւելեան եւ դասական բանասիրութիւն, պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն:

Անդրէաս արեւելագիտութեան տոքթորի կոչման արժանացած է «Ներդրումներ միջին պարսկերէնի՝ պահլաւերէնի ճշգրիտ իմացութեան վերաբերեալ: Գիրն ու արտասանութեան համակարգը» ատենախօսութեան համար, զոր պաշտպանած է 1868 թուականին: Այս գիտական գործը կորսուած կը նկատուի:

Ատենախօսութիւնը պաշտպանելէ ետք երիտասարդ գիտնականը կը մեկնի Քոփենհակի համալսարան՝ ուսանելու համար Հիւսիսային Եւրոպայի լեզուները:

1870-1871 թուականներուն, կամաւոր զինուորագրուելով եւ մասնակցելով փրուս-ֆրանսական պատերազմին, ան կը յաջողի հրաշքով փրկուիլ ու վերադառնալ Լը Մանի յայտնի ճակատամարտէն։ Պատերազմը աւարտելուն պէս կը շարունակէ ուսումը, այս անգամ՝ Քիլի համալսարանը:

Ինչպէս կը նշէ Անդրէասի աշակերտներէն յայտնի իրանագէտ Վոլֆկանկ Լենտց, իր երբեմնի ուսուցիչը 1875-1881 թուականներու ընթացքին, դաշտային հետազօտութիւններ իրականացնելու նպատակով գտնուած է Հնդկաստան ու ուսումնասիրած՝ փարսերու լեզուն եւ մշակոյթը, ինչպէս նաեւ եղած է Հարաւային Իրանի մէջ: Ըստ Լենտցի, Անդրէասի հետաքրքրութեան լայն շրջանակները կը հասնէին մինչեւ հնդկաաֆղանական սահմանը՝ ուսումնասիրելու տեղի ժողովուրդներուն մշակոյթն ու լեզուն, իսկ Կովկասի մէջ զայն սկսած էր հետաքրքրել օսերէնը։

Պարսկաստանի մէջ անցուցած վաղ հնագիտական եւ լեզուագիտական աշխատանքին վերաբերեալ Անդրէասի գիտելիքները այնպիսի անհամաձայնութիւն ստեղծած էին իր եւ արշաւախումբի միւս մասնակիցներուն միջեւ, որ ատոր արձագանգները հասած էին Պերլին: Գերմանիայէն պահանջած են, որ ան լքէ արշաւախումբը եւ վերադառնայ։ Սակայն Անդրէաս չէ ենթարկուած եւ շուրջ վեց տարի, իր միջոցներուն հաշւոյն, յամառօրէն մնալով Պարսկաստան, շարունակած է լեզուագիտական ու հնագիտական պրպտումները՝ ամբողջութեամբ ծախսելով սեփական միջոցները: Այդպիսով սակայն ան ուսումնասիրած է Արեւելքը։

Անդրէաս Գերմանիա վերադարձած է ամբողջութեամբ սնանկացած: 1887 թուականին որպէս դասախօս կը սկսի աշխատիլ Պերլինի համալսարանը: Նոյն թուականին ամուսնացած է հոգեվերլուծող Լու Սալոմէի հետ, որ մտերիմ էր Ֆրիտրիխ Նիցչէին եւ ժամանակի ուրիշ փիլիսոփաներու հետ: Սակայն համալսարանի գործընկերները հաշտ աչքով չէին նայեր եռանդուն եւ բանիմաց գիտնականին եւ ան երկու տարի ետք կը հեռանայ համալսարանէն:

1882 թուականին Անդրէաս կը հրատարակէ երկհատորեայ «Փերսեփոլիս: Փերսեփոլիսի, Իսթաքխրի, Պասարկատայի, Շահփուրի աքեմենեան եւ սասանեան յուշարձաններն ու արձանագրութիւնները» աշխատութիւնը՝ գիտական շրջանակներուն ծանօթացնելով Պարսկաստանի հարաւին մէջ ունեցած իր հետազօտութիւններուն արդիւնքները։

«ՊԱՊԻՆԵՐԸ ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ» ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Չսահմանափակուելով միայն լեզուական բնոյթ կրող հետազօտութիւններով՝ Անդրէաս 1896 թուականին անդրադարձաւ նաեւ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին Պարսկաստանի մէջ լայն ծաւալ ստացած պապիներու կրօնական շարժումին եւ կրօնական աղանդներուն ու ուղղութիւններուն վերաբերեալ գործ հրատարակեց: Այդ շրջանին լոյս տեսան նաեւ հելլէնիզմին, արամերէնին եւ Պերլինի թանգարաններուն մէջ պահպանուող սասանեան եւ աքեմենեան շրջանի ձեռագրերուն, իսլամի զանազան աղանդներուն եւ Քուրանին առընչուող անոր հետազօտութիւնները:

ԳԻՏԱՐՇԱՒ ԴԷՊԻ ԹՈՒՐՖԱՆ

1902-1903 թուականներուն տեղի ունեցաւ դէպի Թուրֆան՝ Չինաստան, փրուսական թագաւորական հնագիտական առաջին գիտարշաւը։ Անդրէաս այդ արշաւախումբին մէջ ընդգրկուած չէր: Արշաւախումբը կը գլխաւորէր ծանօթ արեւելագէտ Ֆրիտրիխ Միւլլէր:

Ի թիւս այլ հնագիտական յայտնագործութիւններու՝ արշաւախումբը յայտնաբերեց եւ Պերլին տեղափոխեց միջին պարսկերէնի բազմաթիւ ձեռագրեր՝ մանիքէեան թեքստերը: 1903 թուականին ան նշանակուեցաւ Կէօթինկէնի համալսարանի Արեւմտեան Ասիոյ լեզուներու ուսումնասիրութեան ամպիոնի վարիչ եւ այդ ամպիոնը գլխաւորեց աւելի քան 27 տարի։

Կէօթինկէնի համալսարանին մէջ կը սկսի իրանագէտ-արեւելագէտին աշխատանքը, անոր գլխաւորած ամպիոնը կը վերածուի Թուրֆանի արշաւախումբին բերած հնագիտական եւ լեզուագիտական հարուստ նիւթի ուսումնասիրութեան կեդրոնի։ Կը ստեղծէ իրանագիտութեան այն դպրոցը, որ յայտնի է նաեւ որպէս «Անդրէասի դպրոց» անունով, իսկ անոր յառաջ քաշած տեսութիւնները՝ «Անդրէասի տեսութիւն»:

Հասարակական գիտութիւններու ասպարէզին մէջ ան առաջին եւ միակ հայ գիտնականն էր, որ արժանանած է փրուսիական ակադեմիոյ իսկական անդամ ըլլալու կոչման։

Անդրէասի համար Կէօթինկէնի համալսարանին մէջ անցուցած կեանքին ողջ շրջանը եղած է ո՛չ միայն բեղմնաւոր գիտական աշխատանքի շրջան, այլեւ՝ մանկավարժական։

1904 թուականին Փրուսիայի գիտութիւններու թագաւորական ակադեմիան Ֆրիտրիխ Քարլ Անդրէասը կ՚ընտրէ իսկական անդամ:

Անտիպ կը նկատուին օսերէն լեզուի, ոչ-իրանական լեզուաընտանիքին պատկանող Փրահույի լեզուի քերականութեան վերաբերեալ այն հարուստ գրառումները, որոնք Անդրէաս կատարած է Կվատարի մէջ 1876 թուականին՝ Հնդկաստանէն Պարսկաստան վերադառնալու ընթացքին։

Ֆրիտրիխ Անդրէասի ամենամեծ նուաճումներէն է նաեւ զազաներու լեզուի, ազգաբանութեան ու պատմութեան վերաբերեալ կատարած ուսումնասիրութիւնները։

Զազաներու ուսումնասիրութեան արդիւնքները աւարտին հասցուցած են անոր աշակերտներէն Օսքար Ման եւ Քարլ Հատանք։ 1932 թուականին, գլխաւորապէս Հատանքի ջանքերով, լոյս տեսած «Զազա լեզուին բարբառները» աշխատութիւնը նոյնպէս մեծ մասամբ գրուած է՝ հիմք ընդունելով 1906 թուականին Կասպից ծովու հարաւը բնակող պարթեւական ցեղերու ուսումնասիրութեան հետեւանքով Անդրէասի կատարած մէկ եզրայանգումը:

Կէօթինկէնի համալսարանը մեծ շուքով նշած է գիտնականին 70-ամեայ յոբելեանը՝ այդ առիթով 1916 թուականին հրատարակելով Անդրէասի ծննդեան նուիրուած գիտական աշխատութիւններու ժողովածուն, ուր յօդուածներ հրատարակած են մէկ տասնեակէ աւելի նշանաւոր արեւելագէտներ։

Հրատարակութեան նախաձեռնողները հոգ տարած էին նաեւ, որպէսզի գիրքին վերջաւորութեան տպագրուի գիտնականի աշխատութիւններուն կենսամատենագիտութիւնը, որ այսօր անոր գործը ուսումնասիրողներուն համար եզակի աղբիւր է:

Ֆրիտրիխ Անդրէաս մահացած է 1930 թուականին, 85 տարեկանին: Անոր շիրիմը կը գտնուի Կէօթինկէնի քաղաքային գերեզմանատան մէջ։ Անոր կեանքը ուսումնասիրած Տիգրան Սարուխանեան այցելած է շիրմը եւ կը վկայէ, որ սակաւաթիւ այցելուներ ծաղիկներ կը դնէին շիրմաքարին առջեւ, շատ էին մանաւանդ կնոջ՝ Սալոմէին այցելողները, քանի որ այսօր անոր անունով կը կոչուի Կէօթինկէնի համալսարանի հոգեկան վերլուծութեան հոգեկան դարմանումի հիմնարկը:

Անդրէասի կնոջ կենսագիրները կը գրեն, որ պատկառելի տարիքին Անդրէաս առոյգ էր, եռանդով լի եւ բարեհոգի՝ զինք շրջապատողներուն նկատմամբ: Նոյնիսկ տառապելով ծանր հիւանդութեամբ՝ ան գրեթէ ամէն օր կ՚այցելէր կնոջը՝ համալսարանական հիւանդանոցին մէջ վերջինիս յատկացուած աշխատասենեակին մէջ, ուր կինը հոգեբանական փորձեր կը կատարէր: Անդրէասի մահէն ետք կը ծանրանայ կնոջ առողջական վիճակը:

1933 թուականին գերմանական ֆաշական-ընկերվարական աշխատաւորական կուսակցութեան իշխանութեան գալը նոր թափ մը կը հաղորդէ հակասեմական տրամադրութիւններուն եւ բռնութիւններուն: Լու Անդրէաս-Սալոմէի մահէն (1937 թուական) օրեր առաջ անոր տուն կը ներխուժեն ոստիկանութեան աշխատակիցները, կը բռնագրաւեն ողջ փաստաթուղթերն ու հրատարակութիւնները՝ շեշտելով, որ ազգային-ընկերվարական Գերմանիոյ մէջ «հրէական գիտութեան» տեղ յատկացուած չէ:

Ուսումնասիրողներ այն կարծիքին են, որ հնարաւոր է՝ ատոնց մէջ եղած ըլլան Անդրէասին պատկանող որոշ ձեռագրեր կամ նամակներ:

Ծագումով հայ գիտնականին ձգած փաստավաւերագրական ողջ ժառանգութիւնը, Գերմանիոյ մէջ ընդունուած աւանդոյթին համաձայն, յանձնուած է Կէօթինկէնի համալսարանի գրադարանին։ Կրկին, ըստ հետազօտող Տիգրան Սարուխանեանին, Անդրէասի արխիւը կը գտնուի համալսարանի հին՝ «Ասիա-Ափրիկէ» անունը կրող գրադարանին մէջ՝ ի լրումն բազմաթիւ այլ արեւելեան ձեռագրերու եւ անուանի գիտնականներու արխիւներուն։ Անիկա կը պարունակէ 52 արկղ՝ լի փաստաթուղթերով, որոնցմէ 9-ը կը կազմեն նամակները, 2-ը քարտէս եւ 15 հատոր փաստավաւերագրական տարաբնոյթ նիւթեր:

Ֆրիտրիխ Քարլ Անդրէասի մահէն ետք, որպէս գիտական ժառանգութիւն, հսկայական քանակութեամբ անտիպ ձեռագրերէն եւ աշխատութիւններէն զատ Անդրէաս ձգած է մի քանի հազարը գերազանցող նամակներ։ Ան թղթակցութիւն վարած է բազմաթիւ արեւելագէտներու, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, հոգեւորականներու, ընկերներու, ուսանողներու հետ, այդ կարգին նաեւ հայերու: Գիտնականը յարաբերութիւններ պահած է օսերու, պարսիկներու, Գերմանիոյ մէջ ապաստանած օսմանեան նախկին հպատակներու հետ, որոնք հաւատափոխ ըլլալով դարձած էին քրիստոնեայ։

Այն բազմաթիւ օտարազգիները, որոնք թղթակցած են Անդրէասին հետ, օժանդակած են անոր իր լեզուագիտական, մշակութաբանական, ազգագրական, պատմագիտական հետազօտութիւններուն մէջ:

Ծաւալուն նամակներուն մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն հայազգի հայագէտներուն հետ Անդրէասին ունեցած հաղորդակցութիւնները։

Տիգրան Սարուխանեան Կէօթինկէնի մէջ կարճատեւ ուսումնասիրութիւն կատարած է Անդրէասի արխիւին մէջ, մասնաւորապէս՝ նամականին ուսումնասիրելով յայտնաբերած է, որ հայազգի մեծ արեւելագէտը հաղորդակցած ու մասնագիտական խորհուրդներ տրամադրած է 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ մեծ աւանդ ներդրած, հանրածանօթ արեւելագէտներու:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022