ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ճշմարիտ ուղին բռնած եմ ինքնուրոյն: Ոչ մէկը իմ ձեռքէն բռնած եւ զիս եկեղեցի տարած է, կա՛մ գիշերները ինծի համար Աստուածաշունչ ընթերցած, ինծի Բարձրեալի, Քրիստոսի մասին պատմած է: Մա՞յրս... մեծ մա՞յրս... Անոնց հաւատքը կը սահմանափակուէր հաւատալով Աստուծոյ գոյութեան. Աստուած կայ: Տէրը կը բնակի մեզմէ իւրաքանչիւրի հոգիին մէջ: Փորձանքի եւ փորձութեան հանդիպած ատեն մերոնք անդադար կը յիշէին զԱստուած, իսկ առօրեայի մէջ Տրիոջ անունը չէին յիշատակեր: Աստուած կը փառաբանէին նաեւ ուրախութեան ակնթարթերուն:

Տասներեք տարեկանիս ինքնուրոյն ճանչցայ Տէրը: Իմ ոտքերը զիս ակամայ հասցուցին Տիրոջ տուն: Եւ այդ օրուընէ՝ ես սկսայ ապրիլ հաւատքով: Սակայն իմ հաւատքը տակաւին ամուր չէր: Մէկ-երկու անգամ ալ պահք բռնեցի:

Շնորհակալ եմ Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս, տասնեակ հազարաւորներու մէջէն զիս ընտրելու համար: Փառք Ձեզ, օրհնեալ ըլլաք Դուք:

Թէպէտ ճանչցայ զԱստուած, սակայն ամէն օր Տիրոջ աղօթելու, զայն փառաբանելու, Սուրբ Գիրք կարդալու ժամանակ չէի կրնար գտնել կամ ալ փափաքս շատ մեծ չէր, ինչպէս նաեւ եկեղեցի այցելելու, հաղորդութիւն ստանալու ատեն չէի ունենար: Օր մը քուն ունէի, օր մը շատ անօթի էի, մինչեւ հաղորդութիւն ստանալը՝ չէի կրնար քանի մը ժամ ծոմ պահել. գլուխս կը դառնար: Եւ կամ եղանակը անբարենպաստ էր, այցելութեան պիտի երթայի... պատճառաբանութիւնները շատ էին: Անդադար մտքիս մէջ պատճառաբանութիւն մը կը գտնէի Տիրոջ աւելի մօտ ըլլալու իմ հնարաւորութիւնը ակամայ յետաձգելու համար: Արցախեան պատերազմը ամէն ինչ փոխեց: Իմ հաւատքը ա՛լ աւելի ամրապնդեց: Եկեղեցին դարձաւ իմ երկրորդ տունը: Իմ կիրակիները կը սկսին հաղորդութիւն ստանալով: Աղօթքը անդադար շուրթերուս է: Իսկ երեկոյեան իմ աչքերուն քուն կու գայ Աստուածաշունչը ձեռքիս:

Արցախեան պատերազմի առաջին իսկ վայրկեանին ես հասկցայ, որ իմ հայրենիքը ինծի համար անգին է ու թանկագին: Հայրենիքիս՝ Հայաստան ու Արցախ աշխարհներու հանդէպ իմ սէրը բազմապատկուեցաւ: Կրնամ ըսել, թէ ծննդավայրիս նկատմամբ ունեցած իմ սէրը ա՛լ աւելի ամրապնդեց իմ հաւատքը:

Թեւակոխած ենք Մեծ պահքի շրջան: Եթէ նախապէս Մեծ պահքը ինծի համար կենդանական ծագում ունեցող ուտելիքներէ հրաժարիլն էր, ապա այժմ ես կը գիտակցիմ, թէ միայն կաթնամթերքէ եւ մսամթերքէ հրաժարելով մեր պահեցողութիւնը Տիրոջ կողմէ ընդունելի պիտի չըլլայ:

Միաժամանակ անհրաժեշտ է ապաշխարել: Տիրոջմէ ներողութիւն հայցել մեր գործած մեծ ու փոքր մեղքերու համար: Իսկ եթէ մենք չենք կրնար ինքնուրոյն նշմարել մեր մեղքերը, Աստուծմէ պիտի խնդրենք, որպէսզի Տէրը մեզի յայտնի դարձնէ մեր սխալները:

Երկրորդը՝ պէտք է աղօթենք, փառաբանենք Տէրը: Եթէ նախապէս ամէն օր աղօթելու համար չէինք կրնար ժամանակ գտնել, ապա այժմ գոնէ մէկ անգամով սկսինք աղօթելու: Այդ աղօթը պէտք է բխի մեր սրտերէն: Իսկ եթէ օրը անգամ մը կ՚աղօթէինք, ապա կրկնապատկենք: Երկուքը ընենք երեք, երեքը՝ չորս եւ ասանկ շարունակ:

Պահեցողութեան երրորդ կարեւոր կէտը՝ բարի գործ կատարելն է: Աղքատը կերակրելը, ընչազուրկին օգնութեան հասնիլը: Եթէ նոյնիսկ չենք կրնար օգնել գումարով, մեր ուտելիքներէն բաժին պէտք է հանենք կարօտեալներուն:

Չորրորդը՝ եկեղեցին պէտք է դառնայ մեր երկրորդ տունը: Մեր կիրակիները պէտք է սկսին Աստուծոյ տունէն:

Պահեցողութեան կարեւորագոյն մաս կը կազմէ հինգերորդ կէտը: Գեղեցիկ գիծ մը պիտի ընտրենք բնաւորութեան, զոր կը բացակայէր մէր մէջ, եւ Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի փորձենք իւրացնել զայն: Այնուհետեւ այդ գիծը պիտի փորձենք պահել մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ես ընտրած եմ հանդուրժողականութիւնը:

Մեծ պահքի ընթացքին պէտք է մաքրենք ո՛չ միայն մեր մարմինները, այլեւ՝ հոգիները: Վերոնշեալ կէտերը պահելու պարագային միայն Տիրոջ կողմէ ընդունելի կ՚ըլլայ մեր պահեցողութիւնը: Պահք պէտք է բռնել սիրով ու հաւատքով:

Ազգ ըլլալով այսօր մենք կ՚ապրինք վտանգաւոր ու բախտորոշ ժամանակաշրջան մը: Ամէն օր հետզհետէ սեւ ամպեր կը կուտակուին Հայաստանի ու Արցախի գլուխին: Ստեղծուած իրավիճակի մէջ յանցաւոր ենք ամէնքս՝ իւրաքանչիւր հայ: Մեր ժողովուրդի մեղքերը այնքան շատցան ու ծով դարձան, որ Տէրը որոշեց այս ձեւով պատժել մեզ: Ապաշխարելու փոխարէն ամէն վայրկեան կը մեղանչենք: Անթիւ, անհամար հայհոյանքները, անէծքները, բամբասանքները, նախանձը, որկրամոլութիւնը, փառասիրութիւնը, եսասիրութիւնը, դաւաճանութիւնները, յղութեան ընդհատումները, չարամտութիւնն ու զայրոյթը մեր վրայ արժեց Արցախի յանձնում, հայոց պետականութեան խարխլում:

Նոյնիսկ սա օրհասական պահուն ժողովուրդը ուժգի չի գար: Չի բռներ ճշմարիտ ուղին, ընդհակառակը՝ կը շարունակէ կրկնապատկել իր մեղքերը:

Իրականութեան մէջ Հայաստանի հզօրացումն ու զարգացումը, Արցախի վերադարձը երազ մը չէ: Ամէն բան մեր ձեռքին է: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ նպաստել հայրենիքի ծաղկումին ու վերադարձին: Ինչպէ՞ս... Հաւատքով, ապաշխարելով, բռնելով ճշմարիտ ուղին, Աստուծոյ հետ միասին քայլելով:

Եթէ մենք ազգովին փոխուինք, կը մեղմենք Տիրոջ զայրոյթը: Մեծ պահքն ալ լաւագոյն շրջանն է ապաշխարելու համար: Պէտք է ապրինք յոյսով ու հաւատքով: Մեր ժողովուրդի փրկութեան համար պէտք է շատ աղօթենք: Մեր աղօթքներու մէջ Տիրոջմէ պիտի խնդրենք, որ ապաշխարութիւն տայ հայուն: Միայն այն պարագային մենք կրնանք ունենալ մեր բաղձալի հայրենիքը: Միայն այն պարագային մենք կրնանք մեր թիւը բազմապատկել, Հայաստան վերադարձնել համայն հայութիւնը: Հաւատքն է, որ կը փրկէ:

Ազգովին ապաշխարելու, հաւատքով ապրելու պարագային մենք կը դառնանք անսասան: Ոչ մէկը պիտի կարենայ ծուռ աչքով նայիլ հայուն ու անոր հայրենիքին, քանզի մեզի հետ պիտի ըլլայ Տէրը: Պիտի վայելենք անոր սուրբ ներկայութիւնը: Եւ ամենակարեւորը մեր հաւատքի անսասանութեամբ պիտի արժանանանք Տիրոջ արքայութեան:

Փառք Տէր Յիսուսին,

Թող Աստուծոյ կամքը ըլլայ Արցախի ու Հայաստանի ճակատագրերու մէջ,

Տէր իմ կ՚աղաչեմ ապաշխարութիւն տուր ազգիս հայոց:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021