ՍԻՊԻԼԻ ՀԱՄԱՐ ԴՐՈՒԱՏԻՔ

Հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Սի­պի­լի ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հէն ներս ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծել զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։ Վեր­ջին օ­րե­րուն «Էօն­ճէ Վա­թան» թեր­թը անդ­րա­դար­ձաւ Սի­պի­լի վե­րել­քին։ Կիւ­նէյ Կիւ­նէ­յեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ յի­շեալ թեր­թին մէջ լոյս տե­սաւ ի­րեն հետ կա­տարուած ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյց մը։ Այս առ­թիւ Սի­պիլ ո­րա­կուե­ցաւ թուրք եւ հայ մշա­կոյթ­նե­րու բա­զում գե­ղե­ցիկ ա­նուն­նե­րէն մին։

Հար­ցազ­րոյ­ցի հե­ղի­նա­կը մատ­նան­շած է, որ թուր­քե­րը եւ հա­յե­րը դա­րե­րէ ի վեր միաս­նա­բար կ՚ապ­րին այս աշ­խար­հագ­րու­թեան մէջ։ Ան մե­ներգ­չու­հիին մա­սին բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուած է՝ ազ­գա­յին ու մի­ջազ­գա­յին յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն, մայ­րե­նի լե­զուին նկատ­մամբ տա­ծած սի­րոյն եւ Վա­նայ լի­ճին նկատ­մամբ ու­նե­ցած զգայ­նու­թեան բե­րու­մով։ Հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Սի­պիլ ո­րա­կուած է հայ­կա­կան Սփիւռ­քի ա­մե­նա­փայ­լուն ա­րուես­տա­գի­տու­հի­նե­րէն մին։

Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Սի­պիլ ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուած է իր կեն­սագ­րու­թեան շուրջ։ Ան անդ­րա­դար­ձած է նաեւ իր ներ­կայ աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Այս­պէս, Սի­պիլ վեր­ջերս այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան, ուր մնաց ա­ւե­լի քան ա­միս մը։ Սի­պիլ կե­ցու­թեան շրջա­նին ի­րա­կա­նա­ցուց զա­նա­զան ձայ­նագ­րու­թիւն­ներ եւ աշ­խա­տանք տա­րաւ նոր ծրագ­րե­րու վրայ։ Ան իր ներ­կայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը յա­ռաջ կը տա­նի շատ ար­ժէ­քա­ւոր, տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­ժիշտ­նե­րու հետ եւ այդ հի­ման վրայ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին կրնայ ա­նակն­կալ­ներ մա­տու­ցել իր ունկն­դիր­նե­րուն հա­մար։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Սի­պիլ շեշ­տած է, որ սի­րո­ղա­կան ո­գիով, սա­կայն ար­հես­տա­վարժ մա­կար­դա­կով կ՚աշ­խա­տի ե­րաժշ­տա­կան գետ­նի վրայ։

Սի­պի­լի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մեծ ու­րա­խու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն մեր հա­մայն­քի ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն, ո­րոնք գնա­հա­տան­քով ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լան ա­նոր նուա­ճում­նե­րուն։ Սի­պիլ որ­քան որ ալ իր ճա­նա­չու­մը ամ­րապն­դէ լայն զան­գուած­նե­րու մօտ՝ մեր հա­մայն­քի ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ միշտ կը մնայ հա­րա­զատ։

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2017