ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Նախ պարզ յիշեցում մը:
Աշխարհի վրայ կը գործածուին շուրջ եօթ հազար լեզուներ եւ նոյն թիւով ալ բարբառներ: ԻՒՆԷՍՔՕ-ն լեզուաբաններու ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ բացայայտած է, թէ մեր արեւմտահայերէնը կամ արեւմտահայ մեր գործածած այսօրուան լեզուն, ուրիշ կարգ մը լեզուներու կողքին, «խստօրէն վտանգուած» լեզուներու շարքին գրանցուած է:
Իր իսկ բացատրութեամբ, այս կը նշանակէ, թէ սոյն լեզուով կը խօսին միայն մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը եւ անոնց սերունդին պատկանող հայերը: Ասոնց զաւակները, թէեւ լեզուն կը հասկնան, սակայն իրարու եւ նոյնիսկ իրենց զաւակներուն հետ հաղորդակցելու համար, իրենց մայրենի լեզուն չեն գործածեր: Ահա թէ ինչո՞ւ «խստօրէն վտանգուած»ներուն մէջ կ՚իյնայ մեր պաշտելի արեւմտահայերէնը: Այլ խօսքով՝ ան արդէն իսկ դասուած է աշխարհի կորսուելու վտանգին ենթակայ լեզուներու շարքին:
Տխուր եւ վշտալի իրականութիւն:
Օրին եւ ամէն առիթով, պատշաճօրէն արեւմտահայ մամուլի էջերուն մէջ, մտահոգ յարգելի մեր գրիչները անդրադարձան այս մասին: Բաժնեցին ու հրապարակեցին իրենց մօտ գտնուած վախն ու սարսափը եւ իրենց միտքի թափառումներով, կատարեցին հաստատումներ, որոնք մտավախութիւն ըլլալով հանդերձ, կ՚արտացոլացնէին նաեւ արեւմտահայերէն մայրենիին հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքն ու սէրը:
Ճշմարտութիւն է, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ, այլեւս արեւմտահայերէնը հետզհետէ սկսած է կորսնցնելու իր գեղեցիկ գործածութիւնը եւ ասոր իբրեւ հետեւանք՝ իր ներկայութիւնը: Այս ձեւով, կամաց-կամաց իր դիմադրական ուժը պակսած ըլլալով՝ իր ճակատագիրին յստակութիւնն ալ կորսուած է:
Առաջին իսկ հերթին, կ՚ուզեմ հիմնաւորել այն վարկածը, թէ ժողովուրդի մը գոյատեւման գլխաւոր եւ որոշիչ դերը կը կատարէ նոյն այդ ժողովուրդի գործածած լեզուն: Նոյն այդ լեզուն չգործածուելով, այսինքն՝ չխօսուելով, չգրուելով եւ չկարդացուելով՝ նախ ան կը տկարանայ, ապա կ՚աղքատանայ, հետզհետէ կը հալի, նոյնիսկ ան կը մարի եւ վերջապէս կը կորսնցնէ ապրելու եւ ապրեցնելու իր ուժն ու կարողութիւնը, եւ օր մըն ալ կը կորսուի կամ կը մոռցուի ու ապա կ՚անհետանայ այս աշխարհին վրայէն:
Օրինակները շատ են եւ բազմաթիւ:
Ներկայիս, սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, այս անձայն ու լուռ եւ սակայն տեսանելի ու զգալի «փորձանքը» ամէնօրեայ տագնապի մը վերածած են հայ միտքի կարգ մը մշակները, գրագէտներն ու մտաւորակնները: Մէկ խօսքով՝ մեր լեզուին ճակատագիրով իսկապէս մտահոգ հայորդիները, որոնք զգալով վտանգին մեծութիւնն ու մօտիկութիւնը՝ մեզ զգաստութեան կը փորձեն հրաւիրել եւ միաժամանակ զգուշացնել:
Նորութիւն ըսած պիտի չըլլանք, եթէ յայտնենք, թէ սփիւռքի տարածքին եւ ամէն տեղ հայախօսներու թիւն ալ սկսած է պակսելու, եւ արդէն իսկ կարգ մը գաղութներէ ներս զգալիօրէն այս մէկը բացայայտ է: Նաեւ աւելցնենք, որ պակսած է հայերէն կարդացողներուն եւ նոյնպէս ալ գրողներուն թիւը: Ահա նոր ցաւ մը եւս: Այս բոլորը ինքնին արդէն լուրջ աղէտ ու մտահոգութիւններ կը նկատուին:
Լեզուն գիտնալը բաւարար չէ. զայն պէտք է գործածել ամէնօրեայ կեանքի ընթացքին, որպէսզի ան չկորսնցնէ իր թարմութիւնը եւ ապրելու կորովը, ու մնայ աշխոյժ եւ սերունդէ սերունդ յարատեւէ ու գոյատեւէ: Խորքին մէջ, ամէնօրեայ մեր խօսկացութեան ընթացքին, մեր նախադասութիւններուն մէջ օգտագործած օտար լեզուներով մեր արտայայտութիւններն ու բացատրութիւնները կը տկարացնեն մեր լեզուի տոկունութիւնն ու հարստութիւնը եւ նոյնիսկ շատ յաճախ զայն մոռացութեան կը մատնեն: Այս ձեւով մենք մեր «ձեռքերով» մեր լեզուն յանձնած կ՚ըլլանք օտար ճանկերու՝ միաժամանակ թոյլատրելով, որ նոյն այդ օտար լեզուները նման «կապկումներով» բզկտեն մեր լեզուին մաս կազմող գեղեցիկ բառերու հարստութիւնը, եւ զայն անճանաչելի դարձնեն:
Մի զարմանաք այս իրականութեան դիմաց, որովհետեւ հաւանաբար սփիւռքեան կարգ մը գաղութներէ ներս անպայմանօրէն կը հանդիպիք անգործածելի եւ կամ նոյնիսկ անճանաչելի դարձած արեւմտահայերէնին:
Չեմ փորձեր յուզականութիւն խառնել այս իրականութեան:
Միւս կողմէ՝ չմոռնանք սակայն, որ տակաւին շատ լաւ բաներ կը կատարուին կամ կը փորձուին արեւմտահայ գրականութեան ճակատին վրայ, կամ անոր ածուին մէջ:
Այս բաժինէն ներս մեր մամուլը առոյգ է, մանաւանդ՝ խնամատարի իր ազնիւ ու արդար դերով ու կոչումով: Այս ձեւով, հայ միտքի բոլոր այն մշակները, որոնք կը հաւատան մեր լեզուի էականութեան եւ անոր յաւիտենականութեան, տակաւին կը շարունակեն մնալ պատնէշի վրայ, եւ արեւմտահայ գրականութեան հողին մէջ յամառօրէն վար ու ցան կը կատարեն, որովհետեւ անոնց համար արեւմտահայերէնը մեր դարաւոր մշակոյթին մէջ նետուած գեղեցիկ ու հարազատ տունկ մըն է, որ ժամանակի ընթացքին տարածելով իր արմատները՝ տուած է իր արժանի եւ համեղ պտուղները ու դարձած հաստատուն կաղնի, եւ որ կը վայելէ իր յստակ ու յարգալի ներկայութիւնը իր միւս հարազատին՝ արեւելահայերէնի կողքին:
Կասկած չկայ, որ հայերէն լեզուի մեր երկու այս բաժիններն ալ, իբրեւ անբաժան եւ գործօն մասնիկներ, մեր ժողովուրդի գոյութեան երաշխիքներն են: Այս օրերուն, սակայն, սփիւռքի տարածքին վերոնշեալ ահազանգէն հետեւցնելով՝ աղէտ մը ճակատագրուած կը տեսնուի արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայոց հասցէին: Այս մասին կատարուած են ու տակաւին պիտի կատարուին մատնանշումներ: Սակայն ամէն տեղ լաւ տրամադրութիւններ ըլլալով հանդերձ, իմ կարծիքով, կը պակսի նման մտահոգութիւնները հաւաքող, համադրող ու ստեղծուած տագնապին առաջքը առնող առաջին քայլին նախաձեռնող ուժը, որ պիտի փորձէ մեզ՝ մեր անտարբերութենէն հեռացնել:
Գիտենք, որ ներկայիս ամէն տեղ հայապահպանման հոլովոյթը դժուարացած է: Նաեւ աշխարհի տնտեսական եւ ընկերային հարցերը մեզ ազգովին կլանած են: Իրազեկ ենք, թէ սփիւռքեան շատ գաղութներէ ներս մեր երազները կը զարնուին դժուարութիւններու եւ դժբախտութիւններու ալիքներուն, ու կը խորտակեն մեր յոյսերը: Կարծես ամէն տեղ հայոց ներկայ պատմութիւնը իր անիւը ծուռ դարձուցած է: Բայց այս բոլորին կողքին, կը կարծեմ, որ տակաւին լաւատեսութեան զեփիւռներ միշտ կան եւ պիտի ըլլան, եթէ անշուշտ ունենանք հասուն լայնախոհութիւն եւ լրջամիտ ուղեկցութիւն, ու փորձենք դառնալ ներշնչող եւ ապրող հաւաքականութիւն: Եւ որպէսզի չկոտրի հաւատքիս թափը, իմ կարգիս չեմ գոհանար այս տողերով միայն հարցը լոյսին բերելով, այլեւ այս մասին համեստօրէն կը փորձեմ կարծիք եւ ինչու չէ նաեւ՝ անմեղօրէն կարծիքներ ալ փոխանցել:
Նախ ըսեմ, որ անձնապէս հաւատացողներէն եմ, որ ներկայ այս ազգային կամ սփիւռքի պատկանող տագնապը կրնայ որոշ չափով իր լուծումին հասնիլ միայն ու միայն մեր միասնական իմաստութեամբ եւ գործով, դրական մօտեցումով, հաստատ կամքով ու յանձնառութեամբ:
Ուստի, առաջին իսկ հերթին, կը կարծեմ, որ պէտք է սփիւռքեան մեր մտածող միտքերուն բեկորները անմիջապէս մէկտեղել՝ անկեղծ մօտեցումով եւ վերաբերումով, ու միասնաբար մէկ յարկի տակ, գլուխ գլուխի՝ ստեղծուած տագնապին անդրադառնալէ աւելին՝ սրտբաց խօսիլ եւ արտայայտուիլ՝ միշտ հեռու մնալով անհաճոյ վէճերէն:
Իրականութիւնը յստակ է. ներկայիս մէջտեղը մեծ զոհ մը կայ՝ արեւմտահայ լեզուն, եւ ապա կամաց-կամաց անոր հետեւող, անոր ճակատագիրին հասնող՝ մենք՝ արեւմտահայերս, եւ մեր սփիւռքը: Այս մէկը արդէն իսկ սոսկ ահազանգէ մը աւելին է: Այլեւս կիսամիջոցներով կամ կարկտաններով կարելի չէ շարունակել մեր այս իրավիճակը: Հեռու մնալով շուկայի հաշիւներէն՝ արմատական կարգադրութիւններ կատարելու ժամը հասած է: Նոյնիսկ կը կարծեմ, որ դարմանումի նախաձեռնելու մեր աշխատանքին ազգովին արդէն ուշացած ենք:
Սակայն «աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք», ըսած ու պատգամած է մեր առածը:
Գիտեմ, որ սփիւռքի մեր ազգային գոյատեւման գլխաւոր խարիսխներէն մէկն է հայ տան կողքին՝ նաեւ հայ դպրոցն ու ազգային բոլոր հաստատութիւնները: Այսօր, ամէն բանէ աւելի, նաեւ հրամայական կարիքը կայ ազգային առողջ արժէքները հունաւորող եւ նախաձեռնող անձերու, մտածող միտքերու, լեզուի մասնագէտներու, ճիշդ ու գիտակից առաջնորդողներու, հաւատաւոր եւ պարկեշտ քաղաքական ու հոգեւոր պետերու եւ ղեկավարներու, որոնք հեռու են եւ մանաւանդ կ՚անտեսեն մանր ու ոխակալ հաշիւներն ու աժան փառամոլութիւնները, եւ որոնք գիտակցելով ստեղծուած տագնապի ծանրութեան՝ պիտի ուզեն «արթննալ» եւ «արթնցնել» մեզ, ապա ղեկը ստանձնելով՝ նախաձեռնել պարտն ու պատշաճը՝ յանուն մեր լեզուի յարատեւման:
Այս հայորդիները, բոլորն ալ ոչ պատահական, այլ կատարեալ, լուրջ ու ծրագրուած գուրգուրանքի արժանի պէտք է դարձնեն մեր լեզուին սպառնացող վտանգը: Անոնք վերատեսութեան ենթարկելէ ետք ներկայ ազգային մեր կառոյցները, պէտք է վերամշակեն անոնց հիմքերն ու հաղորդականութիւնը, եւ այս ձեւով պէտք է փորձեն փրկութեան եզրին յանգիլ:
Մեզմէ, մեր իսկ տուներէն սկսելով, եւ հասնելով մեր վարժարաններուն ու միութենական, կազմակերպչական հինցած ու մաշած աշխատանքերուն եւ ծրագրումներու ներկայ կարգավիճակներուն, ամէն տեղ անհրաժեշտութիւն կը նկատեմ նոր մթնոլորտի մը ստեղծման, ինչ որ մեզ նախ զգաստութեան պիտի հրաւիրէ, պիտի թարմացնէ մեր գործընթացը եւ ապա մեր կեդրոնացումը դէպի ազգային ուղղութիւն պիտի առաջնորդէ:
Մեր ժողովուրդը յոգնած է կարգախօս մտիկ ընելէ: Հինցած ու մաշած են մեր կանոնագիրները, անգիր ու գրաւոր օրէնքներն ու մեր ժողովական երկար, տհաճ եւ ոչ-գործնական կեանքերը: Դուրսէն դիտողի մը համար, պարզապէս ժամանակի վատնում պիտի նկատուին անոնք: Ժամը հասած է լուրջ ծրագրումի եւ իսկական աշխատանքի: Սակայն հարց պիտի տրուի, թէ ո՞վ կամ ո՞ր միութիւնը, խորհուրդը, կազմակերպութիւնը կամ յանձնախումբը պիտի ըլլայ այս միտքերը համադրողն ու ուժերը մէկտեղողը, կամ համադրական աշխատանքին նախաձեռնողը:
Կ՚ըսենք՝ փառք Աստուծոյ, գրեթէ մեր բոլոր գաղութներէն ներս, գէշ-աղէկ ունինք որոշ թիւով եւ զանազան երանգներով մշակութային միութիւններ, ուսումնական խորհուրդներ, օտար համալսարաններէ ներս գործող հայկական ամպիոններ, հայագէտ փրոֆեսէօրներ, արեւմտահայերէնի սփիւռքեան եւ հայրենի հայագէտներ ու մասնագէտներ, որոնք ամէն ոքէ առաջ, իրե՛նք պէտք է դառնան առաջարկուած հայ միտքերու համադրումը նախաձեռնողն ու կազմաւորողը:
Արեւմտահայերէնով մտահոգ, գիտակից ու ատակ մարդոցմով համախմբում մը շատ հաւանաբար դառնայ բարերար առաջին նախաքայլը՝ ապագայ գալիք նման այլ ծրագրումներուն:
Այսօր, միշտ կը կրկնեմ, ամէն բանի կարիքը ունինք՝ բացի ազգային անտարբերութենէն, որովհետեւ սփիւռքեան երկինքին տակ ամէն բան փայլուն չէ: Ա՛լ բաւարար է մենք զմեզ խաբենք: Ուստի ժամանակն է, որ հեռու մնանք պոռոտախօսութիւններէ եւ ձեւականութիւններէ, ու անդրադառնանք մեր այս հսկայ եւ տխուր իրականութեան:
Ամէն բանէ աւելի, արեւմտահայ մեր լեզուին ու մեր ներկայ իրավիճակին գիտակցելու եւ անոր նոր ուղի մը տալու անհրաժեշտութիւնն ու պարտականութիւնը ունինք, բոլորս, եւ այս բոլորին պէտք է սկսինք մեր տուներէն, մեր դպրոցներէն ու անոնց դասագիրքերէն, մեր միութիւններէն եւ մեր հաւաքներէն:
Իբրեւ մտահոգներէն մէկը, անձնապէս այս մէկը մորթիս վրայ կը զգամ, արդէն: Վերջ ի վերջոյ, դաւաճանութիւն է մեր լեզուն եւ մեր ժողովուրդը աշխարհի պատահականութեան յանձնելը:
Պէտք է, վերջապէս, իբրեւ գաղութահայեր, մենք զմեզ դուրս բերենք մեր սնապարծութենէն, մեր փառամոլութեան ախորժակներու ճիրաններէն, աժան ծափահարութիւններու եւ սովորական, ձեւական ու առատ գնահատականներու տիրանալու մեր ախորժակներէն, գերակայութեան եւ այլամերժութեան մեր մտայնութենէն եւ անձնասիրութիւններէն, մեր հին ոխերէն եւ անձնական վէճերէն, ու լծուինք լուրջ ծրագրումի եւ գործի:
Ժամանակն է, որ այլեւս վերջ տանք միայն ահազանգ հնչեցնելու մեր ճիգին: Աղէտը մեր դրան շեմին կանգնած է արդէն: Անիկա ո՛չ միայն նշմարելի է, այլեւ՝ տեսանելի: Գործնականի անցնելու եւ լծուելու արդար հրաւէր մըն է այս մէկը:
Մնացեալը՝ դուք գիտէք… մեղքը ձեր վիզը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ