ԿԻԹԱՌԱՀԱՐԸ, ՈՐ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ՓՐԿԵՑ ԸՆԿՂՄՈՂ ՆԱՒՈՒՆ ՎՐԱՅ
Վտանգաւոր, ճակատագրական դէպքեր կարգ մը մարդոց մէջ երեւան կը հանեն այնպիսի գիծեր, որոնք նոյնիսկ ենթակային համար անակնկալ կ՚ըլլան: Իր կեանքը վտանգելու գնով ուրիշներ փրկելու համար ի յայտ կու գայ խիզախութիւն մը, որ կը դրսեւորուի զանազան ձեւերով: «Պի. Պի. Սի.» կը ներկայացնէ ընկղմող զբօսանաւու մը ճամբորդները փրկելու առաքելութիւնը ստանձնած նաւու կիթառահարին յուշերը:
*
Երբ 1991 թուականին «Ովկիանոս» շքեղ նաւը Հարաւային Ափրիկէի ափերուն շուրջ ճամբորդութեան ժամանակ ալեկոծ ծովուն մէջ սկսաւ ընկղմիլ, երաժիշտ Մոս Հիլս եւ անոր գործընկերները յանկարծ անդրադարձան, որ պատասխանատու են նաւուն վրայ գտնուողներուն համար:
Ճիշդ ընթրիքի ժամանակ Մոս Հիլզ սկսաւ հասկնալ, թէ որքան ուժեղ է փոթորիկը: Նաւու սպասեակները, որոնք սովորաբար ամբողջովին հմուտ էին խմիչքներ եւ ուտելիք տանելու՝ առանց թափելու, դժուարութեամբ կը շարժէին: Զիմպապուէէն կիթառահար Մոս, որ կ՚աշխատէր զբօսանաւուն վրայ իր կնոջ՝ պաս կիթառ նուագող Թրէյսիի հետ, նախապէս երբեք չէր տեսած, թէ ինչպէս ափսէները սպասեակներուն ձեռքէն կ՚իյնան:
Այդ օրը աւելի կանուխ, ուժգին քամին եւ տեղատարափ անձրեւը քանի մը անգամ յետաձգած էին նաւարկութեան վերջին փուլը դէպի Տուրպան: Բայց առանց պայմաններու բարելաւման նշաններու, նաւապետը ի վերջոյ որոշեց բարձրացնել խարիսխը, եւ «Ովկիանոս»ը՝ 581 հիւրերով եւ անձնակազմով, նաւարկեց: Քամին ուժգին էր եւ ալիքներուն բարձրութիւնը կը հասնէր 9 մեթրի:
Մոս եւ Թրէյսի, երկուքն ալ այն ատեն նոր թեւակոխած 30 տարիքը, սովորաբար խնջոյքներ կը կազմակերպէին լողաւազանի տախտակամածին վրայ, երբ նաւը նաւահանգիստէն կը հեռանար: Բայց այդ օրը խնջոյքը տեղափոխուած էր ներս, եւ կիթառ նուագած ատեն Մոս հազիւ կրնար ոտքի մնալ, երբ նաւը ուժգին կը տատանէր:
«Փոթորիկը պարզապէս աւելի եւ աւելի ուժեղացաւ», կ՚ըսէ Մոս:
Ընթրիքի ժամանակ Թրէյսի որոշեց երթալ իրենց սենեակը, շտապ օգնութեան պայուսակ պատրաստելու:
«Հազիւ ան գնաց, յանկարծ… պո՛ւմ, եւ բոլոր լոյսերը մարեցան: Երբ նաւուն պատասխանատուներէն ոչ ոք երեւցաւ, հակառակ անոր որ ես դիւրաւ վախցող մը չեմ, սկսայ մտահոգուիլ: Նաւու մը վրայ ենք, ովկիանոսին կեդրոնը: Զգացի, որ ստամոքսս կը պրկուի», կ՚ըսէ Մոս:
Երբ վառեցան արկածի պահու փոքր, աղօտ լոյսերը, Մոս բարձրացաւ ճաշարան, ստուգելու բեմի նուագարանները: Բոլորը գետին ինկած եւ տարտղնուած էին։
Յետոյ ան յանկարծ անդրադարձաւ, որ չի լսեր նաւուն շարժիչներու մնայուն, դողացող աղմուկը: Մեքենաները դադրած էին աշխատելէ եւ նաւը կը դանդաղէր:
Շուտով 153 մեթրնոց «Ովկիանոս»ը մէկ կողմ կը ծռէր զարնուող ալիքներուն վրայ:
«Նաւը կը մրճահարուէր», կը յիշէ Մոս:
Մտավախ ուղեւորները սկսան խուժել սրահ: Կաթսաները, թաղարները, մոխրամաններն ու աթոռները կը սահէին ամէն կողմ եւ մարդիկ ստիպուած էին շարժիլ իրենց տեղերէն յատակին նստելու համար, քանի որ նաւը ուժգին կը տատանէր մէկ կողմէն միւսը:
Անցաւ ժամ մը, սրահին մէջ տրամադրութիւնը լարուեցաւ: Մոս կիթառը առաւ եւ սկսաւ երգել քանի մը այլ երգիչներու հետ՝ փորձելով մարդիկը հանդարտ պահել:
Բայց քանի ժամանակ կ՚անցնէր, Մոս նկատեց, որ նաւը սկսած է ծռիլ գլխիվայր, այլեւս չի վերադառնար իր բնական դիրքին եւ կը նետուի փոթորիկին մէջ:
«Վատ բան մը կը պատահի: Ես պիտի փորձեմ գտնել, թէ ի՞նչ եղած է», ըսաւ Մոս՝ Թրէյսիին:
Ուղեւորները զուարճացնող խումբի քանի մը անդամներ մութին մէջ սողացին դէպի նաւուն կամրջակին մօտ, ուր մտավախ մարդիկ տարբեր լեզուներով կը խօսէին: Պաշտօնեաները ասդին-անդին կը վազվզէին, ոմանք փրկարար բաճկոններով, ուրիշներ պայուսակներով, ոմանք թրջուած էին:
«Բոլորն ալ սարսափահար աչքերով էին եւ խուճապի մատնուած», կ՚ըսէ Մոս: «Մենք կը փորձէինք հարցնել՝ ի՞նչ կը կատարուի: Բայց կարծես մենք չկայինք»:
Ճուլիան եւ Մոս շարունակեցին իջնել դէպի շարժիչի սենեակ, նաւուն ամենէն ցած մասը:
«Մենք ջուրի գիծէն շատ ցած էինք, մթութեան մէջ, առանձին, այնտեղ ոչ ոք կար։ Այդ երբեք, ոչ մէկ տեղ կը պատահի, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ նաւահանգիստն ես», կ՚ըսէ Մոս:
Հաստ, մետաղէ դռները, որոնք կը գործէին որպէս ապահովութեան պատնէշ՝ ջրհեղեղի պարագային, նաւուն մէկ հատուածէն միւսը ջուրի տեղափոխումը կանխելով, ամուր փակ էին:
«Բայց կը թուէր, թէ այդ դռներու ետին ջուրի հսկայ զանգուած մը կը շարժէր», կ՚ըսէ Մոս:
«Մեր նաւը կ՚ընկղմէր»:
Վերադառնալով սրահ, պարզուեցաւ, որ տակաւին ոչ մէկ յայտարարութիւն եղած էր կատարուածին մասին:
Մոս տեսաւ նաւագնացութեան տնօրէնը: Ան ըսաւ, որ, ըստ նաւապետին, ստիպուած են լքել նաւը:
«Ապա մենք գիտցանք, որ փրկարար նաւակ մը արդէն գացած է անձնակազմի անդամներով եւ բարձրաստիճան սպաներով», կ՚ըսէ ան:
Մոս եւ միւսները չէին գիտեր ինչպէ՛ս տարհանել զբօսաշրջային նաւը, ինչպէս արձակել փրկարար նաւակները, որոնք կախուած էին նաւուն բոլոր կողմերէն, տախտակամածէն բարձր: Իրենց շրջապատին մէջ ալ տկար մէկը, որ ատակ էր այդ մէկը ընելու:
Մէկ առ մէկ անոնք սկսան աջ կողմի փրկարար նաւակները իջեցնել տախտակամած: Անոնք չէին գիտեր ինչպէ՛ս կայուն մնալ, երբ մարդիկ կը բարձրանային, ուրեմն Մոս յանկարծաբանութիւն կ՚ընէր. մէկ ոտքը տեղադրելով նաւուն տախտակամածին, իսկ միւսը՝ փրկարար նաւակին վրայ:
Բայց ամէն անգամ, երբ նաւը կը ծռէր դէպի աջ, Մոս ստիպուած կ՚ըլլար ետ ցատկել դէպի նաւ, նախքան փրկարար նաւակին ճօճուիլը, բանալով երկու մեթր բացուածք, այնուհետեւ ետ կը շրջուէր՝ ուժգին հարուածելով նաւուն, նոր ճեղքեր յառաջացնելով:
Փրկարար իւրաքանչիւր նաւակ, որուն մէջ այժմ վախէն պոռացող 90 անձ կար, կ՚իջեցնէին ծով: Բայց Մոս գաղափար չունէր ինչպէ՛ս միացնել շարժիչները կամ նոյնիսկ՝ ո՛ւր կը գտնուէին բանալիները:
«Մենք զանոնք կը ձգէինք գիշերուան մութին մէջ, անոնք պարզապէս կը քշուէին ալիքներէն», կ՚ըսէ ան ու կը շարունակէ. «Փրկարար նաւակներուն մէջ գտնուող մարդիկ տանջալից ժամանակ անցուցին. անոնք կը խռնուէին նաւակին մէջ: Ցուրտ էր եւ ամբողջովին մութ, բայց մենք պարզապէս պէտք է շարունակէինք, մինչեւ որ աջակողմեան բոլոր փրկարար նաւակները գործարկուէին»:
Այժմ ջուրը աւելի շատ կը ներխուժէր նաւ, որ նկատելիօրէն կը ծռէր դէպի իր աջ կողմը: Մնացեալ փրկարար նաւակներու անվտանգ արձակումը գրեթէ անկարելի էր:
Մարդոցմով բեռնաւորուած փրկարար նաւակները, ջուրին մէջ իջնելու փոխարէն, կը կպչէին նաւու կողքին, յաջորդ խոշոր ալիքը կը հարուածէր, նաւը աւելի կը ծռէր եւ փրկարար նաւակները ազատ կը կախուէին: Ապա ձգողականութիւնը յանկարծ երեք-չորս մեթր վար կը ձգէր փրկարար նաւակը, որուն մէջէն մարդիկ քիչ մնար ջուրը իյնային, այդ սարսափելի էր: Ի վերջոյ, հասկցայ, որ չափազանց վտանգաւոր է ատիկա շարունակելը. մարդիկը փրկելու համար մենք, հաւանաբար, կը պատրաստուէինք սպաննել զանոնք, կ՚ըսէ Մոս:
Իսկ ժամանակը կը սպառէր:
Չկարողանալով այլեւս փրկարար նաւակներ արձակել, մինչ հարիւրաւոր մարդիկ դեռ փրկութեան կարիք ունէին, Մոս եւ ընկերները բարձրացան նաւուն կամրջակին վրայ, ուր անոնք կ՚ենթադրէին, որ կը գտնեն նաւապետը եւ մնացեալ բարձրաստիճան սպաները, հարցնելու համար, թէ յաջորդ քայլը ի՞նչ պիտի ըլլայ:
«Մենք նայեցանք ներս, բայց այնտեղ ոչ ոք կար: Այդ ժամանակ մենք հասկցանք, որ առանձին ենք», կ՚ըսէ Մոս:
Նարնջագոյն-կարմիր լոյսերը կը պլպլային մթութեան մէջ, բայց Մոս նոյնիսկ չէր գիտեր, թէ ի՛նչ բանի համար նախատեսուած է սարքերուն մեծ մասը եւ թէ ինչպէ՛ս կ՚աշխատին այդ սարքերը: Մոս եւ ընկերները կը փորձէին ձայնասփիւռով օգնութեան կանչ (SOS) ուղարկել:
«Ես կը կանչէի օգնութի՜ւն, օգնութի՜ւն… եւ պարզապէս կը սպասէի, որ մէկը պատասխան տայ», կ՚ըսէ Մոս:
Ի վերջոյ խոր ձայն մը լսուեցաւ. «Այո՛, ո՞ւր էք»:
Թեթեւցած՝ Մոս բացատրեց, որ ինք կը գտնուի «Ովկիանոս» զբօսանաւուն վրայ, որ կ՚ընկղմի:
-Լա՛ւ: Որքա՞ն ժամանակ մնացած է ծփալու:
-Չեմ գիտեր, ջուրին մէջ կը տատանինք, նաւը ողողուած է ջուրով: Առնուազն 200 անձեր տակաւին նաւուն վրայ են:
-Ի՞նչ է ձեր դիրքը:
-Մենք հաւանաբար կը գտնուինք Արեւելեան Լոնտոն նաւահանգիստի եւ Տուրպանի միջեւ ճամբու կէսին:
-Օ՜հ, ո՛չ: Ի՞նչ համակարգեր ունիք:
Մոս գաղափար նոյնիսկ չունէր, թէ ի՛նչ են նաւուն համակարգերը:
-Ի՞նչ աստիճանի ես:
-Ես աստիճանաւոր չեմ, ես կիթառահար եմ:
Պահ մը լռութիւն:
-Ի՞նչ կ՚ընես կամրջակին վրայ:
-Հոս ուրիշ ոչ ոք կայ:
-Ո՞վ կայ քեզի հետ կամրջակին վրայ:
- Կինս, պաս նուագողը եւ խումբի անդամ մը:
Մոսը հաղորդակցութեան մէջ դրին երկու փոքր նաւերու հետ, որոնք մօտ էին «Ովկիանոս»ին: Անոնք Մոսին ըսին, որ գտնէ նաւապետը եւ զայն բերէ կամրջակին վրայ, բայց Մոս չէր գիտեր, թէ ո՛ւր է ան:
«Ես գիտէի, որ ան վարը չ՚ըլլար, որովհետեւ մենք կ՚ընկղմէինք: Պարբերաբար ստուգումներ կ՚ընէի, տեսնելու, թէ ուր հասած է ջուրին մակարդակը եւ մեզմէ տախտակամած մը վար ջուրին տակն էր»:
Ի վերջոյ Մոս նաւապետը գտաւ նաւուն ետեւի մասին մէջ, ուր ան կը ծխէր: Մոս բացատրեց, որ իրենք օգնութեան կարիք ունին անմիջապէս:
«Ան ինծի կը նայէր դատարկ աչքերով եւ կ՚ըսէր, որ պէտք չէ, պէտք չէ: Կարծեմ ան խորապէս ցնցուած էր», կը յիշէ Մոս:
«Ովկիանոս»ին մօտ գտնուող երկու նաւերը ունէին միայն մէկ փրկարար նաւակ, ուրեմն անոնք հազիւ թէ կարենային օգնել իրենց: Անոնք տեղեկութիւններ ուղարկեցին Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, որոնք սկսան օդային փրկարարական առաքելութիւն կազմակերպել:
Մինչ փոթորիկը կը շարունակէր հարուածել նաւը, Մոս եւ Թրէյսի միասին նստան մութին մէջ՝ աղօթելով, որ օգնութիւնը հասնի, քանի դեռ ուշ չէ:
«Կը կարծեմ, թէ նաւը կ՚ընկղմի, շատ հաւանական է, որ մենք կ՚ընկղմինք հետը», ըսաւ Մոս կնոջը:
Անոնք ունէին 15-ամեայ դուստր մը՝ Էմպըրը, որ արձակուրդներուն «Ովկիանոս»ին մէջ կ՚ըլլար: Ան սակայն այս անգամ նաւէն իջած էր քանի մը օր առաջ: Էմպըր այժմ վերադարձած էր Հարաւային Ափրիկէի գիշերօթիկ դպրոցը:
«Ան չի կրնար կորսնցնել երկու ծնողները: Ինչ որ ընենք, մենք պէտք է համոզուինք, որ մեզմէ գոնէ մէկը կը փրկուի», կը յիշէ Մոս:
Աւելի քան երեք ժամ անցած էր, երբ առաջին փրկարար ուղղաթիռը եկաւ:
Ծովուժի երկու սուզորդներ իջան նաւուն տախտակամածին վրայ: Անոնք ըսին, որ օգնութեան կարիք ունին բոլորը փրկելու համար, նախքան նաւը ընկղմիլը: Մոսին հինգ վայրկեան բացատրեցին՝ ինչպէ՛ս մարդիկը կապել, որպէսզի ուղղաթիռ բարձրանան:
«Յիշէ՛, որ զրահը պէտք է բաւական ամուր ըլլայ մարդոց թեւերուն տակ», անոր ըսաւ նաւատորմի սուզորդը: «Լաւ ստուգեցէ՛ք, որովհետեւ հակառակ պարագային անոնք գլխիվայր կը շրջին եւ կ՚իյնան, դուք կը սպաննէք զանոնք տախտակամածին վրայ: Նոյն ատեն երկու հոգի առէք, թէ ոչ ժամանակը պիտի սպառի: Լա՛ւ, սկսինք»:
Սուզորդ մը գնաց նաւու ետեւի մասին մէջ ուղղաթիռի փրկութիւնը կազմակերպելու, իսկ Թրէյսի եւ Մոս պէտք է երկրորդը կազմակերպէին յառաջամասին մէջ: Բայց երբ նաւը կը խորտակուէր ալիքներու տակ, մարդիկ սկսան խուճապի մատնուիլ, նետուիլ տախտակամածէն, զանոնք փրկելու համար անիւի նմանող սարքը պէտք է ծով նետէին:
Քամին կը հարուածէր ուղղաթիռէն օդին մէջ կախուած մարդիկը, որոնք կը զարնուէին նաւուն զանազան մասերուն, երբ դէպի երկինք կը բարձրանային: Ոչ մէկ ձեւով կարելի էր գիտնալ, թէ որքա՛ն շատ վիրաւորուած են, եւ Մոս պահ մը կորսնցուց ջիղերը: Բայց քանի դեռ շատ մարդիկ կային նաւուն վրայ, ան հասկցաւ, որ այլ ելք չունի, բացի աշխատանքը շարունակելէ:
Հինգ ուղղաթիռներ միացան փրկարարական առաքելութեան, միաժամանակ 12 անձ տեղափոխելով անվտանգ վայր, երբ առաւօտ եղաւ:
Թրջուած եւ ուժասպառ՝ Մոս եւ Թրէյսի վերջիններէն էին, որոնք կապուեցան գօտիներուն:
«Երբ մենք կը թռչէինք նաւուն վերեւ, իսկապէս յուզուեցայ. կը տեսնէի ընկղմող նաւը: Ալիքները կը հարուածէին տախտակամածը, ուրկէ մենք կը փրկէինք սարսափահար ուղեւորները», կը պատմէ ան:
Երբ Մոսը տեղափոխող ուղղաթիռը դպաւ խոտին, զբօսանաւուն ուղեւորները վազեցին դէպի իր կողմ՝ երգելով, ուրախանալով եւ իրենց ձեռքերը երկարեցին զայն գրկելու համար:
«Ես սկսայ լալ եւ հեկեկալ, ապա գետին փռուեցայ», կը յիշէ Մոս:
1991 թուականի 4 օգոստոսին, ուղղաթիռին մէջ գտնուող վերջին անձը ապահով վայր տեղափոխուելէ շուրջ 45 վայրկեան ետք, «Ովկիանոս» նաւը ընկղմեցաւ: Բոլոր անոնք, որոնք տեղաւորուած էին փրկարար նաւակներու մէջ, փրկուեցան անցնող նաւերու միջոցով, եւ ուշագրաւ է, որ ոչ ոք զոհուած է:
Մոս եւ Թրէյսի, որոնք այժմ կը բնակին Անգլիոյ մէջ, երկար տարիներ շարունակած են աշխատիլ զբօսաշրջային նաւերու մէջ որպէս նուագողներ:
Նոյնիսկ հիմա՝ երեք տասնամեակ ետք, Թրէյսին կը նախընտրէ չխօսիլ խորտակման մասին կամ չարտայայտուիլ այն մասին, թէ անոնք որքան մօտ էին կորսնցնելու իրենց կեանքը:
Բայց Մոս, որուն շատ ու շատ անգամներ հարցուցած են «Ովկիանոս»ին մասին, կ՚ըսէ, որ հանդարտութիւնը պատած է զինք: Ան մեծ թեթեւութեամբ կը վերյիշէ կատարուածը:
«Ես անպարտելի չեմ, բայց եթէ ես յաջողեցայ յաղթահարել ա՛յդ, ես կրնամ յաղթահարել որեւէ բան», կ՚ըսէ Մոս:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ