ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. «ՇԱԲԱԹ ՕՐԸ ՅԱՐԳԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ»
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 1.2-15:
Պօղոս առաքեալին Հռոմէացիներուն ուղղած նամակէն 6.12-23:
Մատթէոսի Աւետարանէն 12.1-8:
Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Շաբաթ օր մը Յիսուս ցորենի արտերուն մէջէն կ՚անցնէր։ Աշակերտները անօթեցած ըլլալով՝ սկսան հասկ փրցնել եւ ուտել։ Երբ Փարիսեցիները ասիկա տեսան, ըսին Յիսուսի.
-Տե՛ս, աշակերտներդ ի՛նչ կ՚ընեն. բան մը որ մեր Օրէնքը կ՚արգիլէ Շաբաթ օրով ընել։
Յիսուս պատասխանեց.
-Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան։ Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ եւ առաջաւորութեան հացերը չկերա՞ւ, բան մը՝ որ Օրէնքին համաձայն արտօնուած չէր իրեն եւ ոչ ալ իրեն հետ եղողներուն, այլ միայն քահանաներուն։ Կամ չէ՞ք կարդացած Օրէնքին մէջ, թէ Շաբաթ օրերը քահանաները տաճարին մէջ կը սրբապղծեն Շաբաթ օրը եւ սակայն ատիկա մեղք չի համարուիր իրենց։ Ահա կ՚ըսեմ ձեզի, որ տաճարէն աւելի մեծ մէկը չկայ հոս։ Եթէ իրապէս հասկնայիք թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ սա խօսքը. «Ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ», այն ատեն չէիք դատապարտեր անմեղները, որովհետեւ Մարդու Որդին Տէրն է Շաբաթին» (Մտ 12.1-8):
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լուսահոգի միաբաններէն՝ Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան այսպէս կը բացատրէ այս հատուածը.
• Ասկէ առաջ երկու դրուագներու հանդիպեցանք, որոնց մէջ եւս Շաբաթի մասին կը խօսուէր: Եւ անդրադարձանք հանգիստի օրուան կարեւորութեան ու Յիսուսի կատարած բժշկագործութիւններուն մասին:
Հին կտակարանի պատուէրը ծանօթ է. որեւէ գործ արգիլուած էր Շաբաթ օրով կատարել: Շատ խստօրէն այսպէս կ՚ըսէր պատուէրը. «Վեց օր գործ պիտի գործուի բայց եօթներորդ օրը, հանգստութեան Շաբաթը, սուրբ պիտի ըլլայ Տիրոջ: Ով որ Շաբաթ օրը գործ մը գործէ, անշուշտ պիտի մեռցուի» (Ելք 31.15):
Քանի Շաբաթ օրով որեւէ գործ արգիլուած էր կատարել, հասկ փրցնելը եւ ափին մէջ զայն շփելով ցորենը հանելը եւ ուտելը գո՞րծ է, թէ գործ չէ:
Հին կտակարանի Օրէնքը այդ մասին ոչինչ ունի: Բայց Յիսուսի ժամանակակից ռաբբիները կամ ուսուցիչները Օրէնքին մեկնութեան ընդարձակ ձեռնարկներ ունէին: Ըստ այդ աւանդութեան, հասկը փրցնելը եւ ափին մէջ շփելով ցորենը հանելը գործեր էին: Մեկնութեան այս կերպին արդարացիութիւնը կամ անարդարացիութիւնը ցոյց տալը մեր նպատակը չէ այստեղ: Մեզի համար կարեւորը Յիսուսի պատասխանն է: Ի՞նչ կ՚ըսէ Ան:
Յիսուս օրինակի մը կը դիմէ, որ Հին կտակարանի Ա. Թգ.ին մէջ (21.1-6) արձանագրուած է:
Դաւիթ խոյս տալով Սաւուղէն, հալածական Նոբ գնաց:
Նոբի մէջ քահանայից խումբեր կային: Վկայութեան խորան մըն ալ կար: Դաւիթ ներկայացաւ Աբիմէլէք քահանային եւ անկէ հինգ հատ հաց, կամ որեւէ ուտելիք խնդրեց: Իսկ քահանան պատասխանեց, ըսելով. «ձեռքիս տակ հասարակ հաց չկայ, միայն սուրբ հաց կայ»: Այդ հացերը Առաջաւորութեան հացերէն էին: Առաջաւորութեան հացերը իւրաքանչիւր Շաբաթ օր կը դրուէին Խորանին հիւսիսը գտնուող այն սեղանին վրայ, որ կը կոչուէր Առաջաւորութեան հացերու սեղան: Այն հացերը Աստուծոյ կ՚ընծայուէին: Իսրայէլի ժողովուրդը անոնց մէջ կը տեսնէր իր տասներկու ցեղերուն առ Աստուած ընծայումը: Անոնցմով Իսրայէլի տասներկու ցեղերը մնայուն կերպով Աստուծոյ աչքին առջեւ իրենք զիրենք կը դնէին: Ըստ Ղեւտացւոց գիրքին, հացերը միայն քահանաները եւ անոնց որդիները կրնային ուտել, եւ ուրիշ ոչ ոք (Ղւ 10.12-13):
Ուրեմն, Դաւիթ եւ իր ընկերները կերան արգիլուած հացէն:
Յիսուս այս օրինակը կը յիշէ պարզապէս ըսելու համար, թէ որոշ պայմաններու մէջ, Օրէնքը կրնայ խախտիլ: Սակայն Աստուծոյ կամեցածը ի՞նչն էր, երբ այդ օրէնքը կը սահմանէր: Օրէնքը Օրէնքի՞ն սիրոյն պահել, թէ օրէնքը մարդո՛ւն սիրոյն պահել: Օրէնքը մարդո՞ւն պէտք է ծառայէ, թէ մարդը օրէնքին:
Անշուշտ որ օրէնքը մարդուն պէտք է ծառայէ: Արդ, այս հասկացողութեամբ ալ Յիսուս Իր աշակերտները արդարացուց:
Ինչ որ բացառապէս արտօնուեցաւ Դաւիթի, արդեօք արտօնուած չէ՞ Դաւիթի որդիին:
Յիսուս Ինք Դաւիթի Որդին կը կոչուի: Այդ տիտղոսին մէջ տեսնուած է իբր Աստուծոյ կողմէ Իր ժողովուրդին փրկութեան համար առաքուած անձը: Բայց Յիսուս ոչ միայն Դաւիթի Որդին էր, այլ նաեւ անկէ բարձր էր:
Յիսուս ուրիշ օրինակ մըն ալ կը յիշէ, երբ կ՚ըսէ. «Չէ՞ք կարդացած Օրէնքին մէջ, թէ Շաբաթ օրերը քահանաները տաճարին մէջ կը սրբապղծեն Շաբաթ օրը եւ սակայն ատիկա մեղք չի համարուիր իրենց»:
Քահանաները օրէնքին պահապաններն էին, բայց իրենք ալ Շաբաթին օրէնքը կը խախտէին: Ինչպէ՞ս:
Քահանաները Առաջաւորութեան հացերը Շաբաթ օրը կը զետեղէին խորանին վրայ: Ատիկա գո՞րծ էր, թէ գործ չէր: Եթէ գործ էր, ուրեմն, Շաբաթի օրէնքը խախտած կ՚ըլլային կամ «պղծած»:
Ղեւտացւոց գիրքին մէջ կայ նաեւ Ողջակէզի օրէնքը: Ամէն օր առաւօտ եւ իրիկուն քահանաները իրենք կը մատուցանէին ողջակէզը: Զոհ մատուցանելը գո՞րծ է, թէ գործ չէ:
Յիսուս ցոյց կու տար, որ քահանաները օրէնքը կը գործադրէին, ուստի օրէնքը զիրենք չէր մեղադրեր, զիրենք չէր դատապարտեր: Ուրեմն, Շաբաթին օրէնքը ենթակայ էր բացառութիւններու կամ պայմաններու՝ որոնք Աստուծոյ համար աւելի կարեւոր էին քան օրէնքը:
Յիսուս կ՚ըսէ. «Եթէ իրապէս հասկնայիք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ սա խօսքը. Ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ»: Ովսէ մարգարէէն այս մէջբերումով (Ովս 6.6), ի՞նչ ըսել կ՚ուզէր Ան:
Մէջբերումը կը խօսի զոհի սկզբունքին մասին եւ ողորմութեան սկզբունքին մասին: Աստուած ի՞նչ բանի վրայ կը դնէ շեշտը կամ կարեւորութիւնը: Զո՞հն է կարեւորը, թէ ողորմութիւնը:
Ողորմութիւնն է կարեւորը:
Բայց կրնանք հարց տալ:
Աստուած Ինք չդրա՞ւ զոհի օրէնքը: Եւ եթէ Ինք դրաւ այդ օրէնքը, մենք կրնա՞նք ըսել, թէ այդ օրէնքը կարեւոր չէ: Ո՛չ: Զոհի օրէնքը կարեւոր է, սակայն աւելի կարեւոր բան մը կայ, որ հետեւեալն է:
Կարգ մը մեկնիչներ ժխտականօրէն կ՚ըսեն, թէ Յիսուս Իր այս խօսքով ըսել կ՚ուզէ, թէ ալ զոհի օրէնքը կարեւոր չէ: Անիկա ջնջուած է, որովհետեւ Յիսուս եկաւ այդ օրէնքը ջնջելու: Ըստ անոնց, Յիսուսէն ետք միայն ի զօրու է ողորմութեան օրէնքը:
Բայց մարգարէն այդպէ՞ս ըսել կ՚ուզէ:
Յիշեալ մեկնիչներուն եզրակացութիւնը աճապարուած է: Իրական իմաստը ուրիշ բան է:
Աստուած երբեք ծիսական կանոնները չջնջեց: Կ՚արժէ կարդալ Եսայիի մարգարէութեան Ա. գլուխը: Մարգարէն կատաղի կերպով կը խօսի տաճարի զոհերուն մասին, աղօթքներու մասին, բոլոր տեսակի ծիսական ձեւակերպութիւններուն մասին: Աստուած կը մերժէ այս բոլորը եւ զզուելի կը կոչէ: Եթէ չհասկնանք իսկական իմաստը ըսուածին, կրնանք ըսել, թէ Աստուած ո՛չ զոհ կ՚ուզէ, ո՛չ ծէս կ՚ուզէ: Բայց ի՞նչ կ՚ըսէ Աստուած.
«Ի՞նչ պէտք է Ինծի ձեր զոհերուն շատութիւնը,- կ՚ըսէ Տէրը,- ձեր խոյերուն ողջակէզներէն ու պարարտ անասուններուն ճարպէն կշտացած եմ:
Եւ զուարակներուն ու գառներուն եւ նոխազներուն արիւնները չեմ ուզեր:
Երբ կու գաք Իմ առջեւս երեւնալու,
ո՞վ պահանջեց ձեզմէ, որ այսպէս Իմ սրահներս կոխկռտէք:
Ա՛լ Ինծի ունայն ընծաներ մի՛ բերէք:
Ձեր խունկը Ինծի պիղծ է:
Ամսագլուխներուն ու Շաբաթներուն եւ ժողովներու գումարուելուն չեմ կրնար հանդուրժել:
Ձեր տօնախմբութիւնը անգամ անօրէնութիւն է:
Ձեր ամսագլուխներէն ու տօներէն կը զզուի Իմ հոգիս,
անոնք Իմ վրաս ծանր բեռ եղան, վերցնելէ յոգնեցայ:
Ուստի, երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ,
վասնզի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են:
Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք,
Իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք,
չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք.
բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք,
իրաւունքը փնտռեցէ՛ք, զրկուածին ուղղութիւն ըրէք,
որբին դատաստանը տեսէ՛ք ու որբեւայրիին դատը պաշտպանեցէ՛ք» (Ես 1.11-17):
Հետեւաբար, Աստուծոյ զոհը պէտք է արտայայտութիւնը ըլլայ մաքուր սրտի, արդար խղճմտանքի: Եթէ զոհը մաքուր սրտի եւ արդար խղճմտանքի արտայայտութիւնը չէ՝ անընդունելի է: Այդ տեսակ զոհն է, որ Աստուած կը մերժէ, եւ ոչ թէ մաքուր սիրտի եւ արդար խղճմտանքի արտայայութեան զոհը:
Յիսուս ալ կը դառնայ ըսելու, որ Աստուծոյ համար կարեւոր սկզբունքը զոհին մատուցման հոգեւոր յանձնառութիւնն է: Նոյնպէս՝ Շաբաթը պահելը չէ, այլ Շաբաթը պահելու հոգեւոր յանձնառութիւնն է: Եթէ ես զոհը պիտի մատուցանեմ ձեւականօրէն, կամ Շաբաթը պիտի պահեմ ձեւականօրէն, այսինքն՝ Աստուծոյ պատուիրանը կատարած ըլլալու համար, այն ատեն զոհի մատուցման բուն նպատակէն շեղած կ՚ըլլամ: Անոնց բուն նպատակը մաքուր սիրտ ունենալն է, արդար խղճմտանք ունենալն է:
«Անմեղները», ըսելով, Յիսուս որո՞նք կը հասկնայ:
Ինքզինք եւ Իր աշակերտները:
Այս հատուածէն մեզի կը մնան տակաւին երկու նկատառելի յայտարարութիւններ:
Առաջինը 6-րդ համարին մէջ, եւ երկրորդը 8-րդ համարին մէջ:
Առաջինը. «Ահա կ՚ըսեմ ձեզի, որ տաճարէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս»:
Ինչպէ՞ս հասկնալ այս խօսքը:
Ո՞վ կրնայ ըլլալ տաճարէն մեծ մէկը:
Տաճարը Աստուծոյ բնակավայրն է (Մտ 23.21): Բայց Աստուած տաճարին մէջ բնակելով հանդերձ՝ տաճարէն աւելի մեծ է: Սակայն դարձեալ՝ ի՞նչ ըսել կ՚ուզէր Յիսուս «տաճարէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս» հաստատումով:
Նոյն այս գլուխի 41-րդ եւ 42-րդ համարներուն մէջ բաղդատութիւններ կատարած է Յիսուս եւ ըսած, նախ՝ «Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս», ապա՝ «Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս»:
Այս երեք հաստատումներով Յիսուս Իր ինքնութեան յայտնութիւնը կատարած է: Ան իբր Աստուծոյ Որդի աւելի մեծ է քան Յովնան մարգարէն եւ Սողոմոն թագաւորը:
«Մարդու Որդին Տէրն է Շաբաթին»:
Ո՞վ է «Մարդու Որդին»:
Տիտղոսին եբրայերէնը իր պարզ եւ սովորական հասկացողութեան մէջ՝ մարդ կը նշանակէ: Բայց Յիսուս այս տիտղոսը այլ նշանակութեամբ նկատի ունեցած է: Ամէն անգամ որ ուզած է ըսել՝ «Ես», ըսած է՝ «Մարդու Որդի»: Ուրեմն, Իր անձին մասին անուղղակի արտայայտութեան կերպ մը գործածած է:
Դանիէլի մարգարէութեան մէջ գրուած է Մարդու Որդիին մասին, Որուն յաւիտենական իշխանութիւն կը տրուի (Դն 7.14):
Մարդու Որդի տիտղոսը Յիսուսի բերնին մէջ՝ ոչ թէ միայն Դանիէլի մարգարէութեան ակնարկութիւն էր, այլեւ յայտնութիւն էր Իր մարդեղացումով անոր իրականացման:
«Շաբաթ» անունը հանգիստ կը նշանակէ, եւ կը խորհրդանշէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որուն մէջ Աստուծոյ հաւատարիմները իրենց հանգիստը պիտի գտնեն:
Երբ Յիսուս կը յայտարարէ, թէ Մարդու Որդին Տէրն է Շաբաթին, ըսել կ՚ուզէ, թէ Ինք իբր Տէրը գալիք Աստուծոյ Թագաւորութեան, իշխանութիւն ունի նաեւ ներկայի հանգիստի օրուան, որ ստուերն է գալիքին:
• «Սերտողութիւն Մատթոսի Աւետարանին», Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, Մոնթրէալ 2016, էջ 250-254:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
12 յունիս 2023, Վաղարշապատ