Մալալա Եուսուֆզայ Աւարտեց Դպրոցը
Կիներու իրաւունքներու համար պայքարող փաքիստանուհի Մալալա Եուսուֆզայ, որ ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում նուաճած է հայրենիքին մէջ յանուն կիներու կրթութեան իրաւունքի եւ այլ անարդարութիւններու դէմ պայքարելով, տեղեկացուց, որ աւարտած է դպրոցը:
20-ամեայ իրաւապաշտպանը այս մասին յայտնած է թուիթըրեան իր առաջին արձանագրութեամբ: «Այսօր իմ վերջին օրս է դպրոցին եւ առաջին օրը «Թուիթըր»ի մէջ», գրած է փաքիստանուհին:
Մալալայի պայքարն ու կրթութեան ձգտումը յառաջացուցած էին զայրոյթը «Թալեպան» շարժման զինեալներուն, որոնք 2012 թուականին յարձակած էին անոր դպրոցական հանրակառքին վրայ՝ թիրախ դարձնելով աղջնակը: Վէրքերը բուժուելէ եւ ապաքինելէ ետք, ան կրկին շարունակեց դպրոց յաճախել:
Զինեալները անոր դէմ շարք մը յարձակումներ կազմակերպած են, երբ ան սկսած է ոգեշնչել տեղւոյն աղջիկները՝ խօսելով կրթութեան կարեւորութեան մասին:
Ան հիմնած է «Մալալա» հիմնադրամը, որ հանգանակութիւն կ՚իրականացնէ աղջիկներու կրթութեան համար:
2014-ին 16 տարեկան Մալալա դարձաւ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի ամենէն երիտասարդ դափնեկիրը:
ՄԱԼԱԼԱՅԻ ԱՆՑԵԱԼԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ
«Եթէ ես շահիմ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը, ատիկա մեծ պատեհութիւն մը պիտի ըլլայ ինծի համար. բայց եթէ ատիկա չստանամ, կարեւոր չէ, որովհետեւ իմ նպատակս Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը նուաճելը չէ, իմ նպատակս է նուաճել իւրաքանչիւր երախայի կրթութեան իրաւունքը»:
«Սիրելի՛ ընկերներ, 9 Օգոստոս 2012-ին Թալեպան կրակեց իմ վրաս: Անոնք նոյնպէս կրակեցին իմ ընկերներուս վրայ: Անոնք կարծեցին, թէ փամփուշտները պիտի լռեցնեն մեզ, բայց չյաջողեցան»:
«Կ՚ուզեմ, որ մարդիկ յիշեն, թէ Փաքիստանը իմ երկիրս է: Ես տակաւին պիտի սիրեմ զայն: Նոյնիսկ եթէ անոր ժողովուրդը կ՚ատէ զիս, ես պիտի սիրեմ զայն»:
«Ես միայն կրթութեան մասին կը խօսիմ, կիներու իրաւունքները եւ խաղաղութիւն: Ես կ՚ուզեմ, որ աղքատութիւնը վերջ գտնէ վաղուան Փաքիստանի մէջ: Կ՚ուզեմ, որ իւրաքանչիւր աղջիկ դպրոց յաճախէ Փաքիստանի մէջ»:
«Ես տակաւին նախկին Մալալան եմ: Ես տակաւին կը փորձեմ բնականոն ապրիլ, բայց այո՛, իմ կեանքս շատ փոխուած է»:
«Կրթութիւնը ո՛չ արեւելեան, ո՛չ ալ արեւմտեան է: Կրթութիւնը կրթութիւն է եւ իւրաքանչիւր մարդկային էակի իրաւունքը»:
ՄԱԼԱԼԱ ՄԱԿ-Ի ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐ
2017-ի Ապրիլին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ Եուսուֆզայը նշանակեց ՄԱԿ-ի Խաղաղութեան պատգամաբեր, աղջիկներու կրթութիւնը քաջալերելու եւ տարածելու համար: Այս նշանակումը ՄԱԿ-ի կողմէ տրուած բարձրագոյն մեծարանքն է երկու տարուան սկզբնական ժամանակամիջոցի մէջ: Ապրիլին Եուսուֆզայի շնորհուեցաւ գանատական քաղաքացիութիւն: Ան այդ մեծարանքը ստացող վեցերորդ անձն է եւ երկրին մէջ՝ ամենէն կրտսերը:
ՄԱԼԱԼԱ ԵՒ ԹՈՒԻԹԸՐ
Մալալա Եուսուֆզայ թուիթըրեան իր առաջին արձանագրութեամբ միայն երեք ժամուան մէջ 134 հազար հետեւորդներ ունեցաւ:
Զինք ողջունեցին հազարաւորներ, ներառեալ՝ Մայքրոսոֆթի հիմնադիրներէն Պիլ Կէյց եւ դերասանուհի Միա Ֆարոն:
Պիլ Կէյց @Bill Gates։ «Դուն կը շարունակես ոգեւորել զիս, @Malala: Շնորհիւ քեզի՝ ամբողջ աշխարհի մէջ երիտասարդ կիներ կրնան երազել իրենց համար աւելի փայլուն ապագայ մը»:
«ԱՆ ԶԻՍ ՄԱԼԱԼԱ ԱՆՈՒԱՆԵՑ»
Մալալա Եուսուֆզայի մասին Հոկտեմբեր 2015 թուականին հրապարակուեցաւ վաւերագրական շարժապատկեր մը. «Ան զիս Մալալա անուանեց»: Ծանօթ բեմադրիչ Տէյվիս Կուկկենհայմի պատրաստած շարժապատկերը հանրութեան կը ներկայացնէ Մալալայի մտերմիկ կեանքը, անոր ընտանիքը եւ նուիրուածութիւնը, յանձնառութիւնը՝ զօրակցելու ամբողջ աշխարհի մէջ աղջիկներու կրթութեան:
ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
- «Կը մաղթեմ, որ գործօն ըլլայ քաղաքական կեանքին մէջ իր երկրին, որ ներկայիս կը տուայտի փտած գործիչներու վարած քաղաքականութեան տակ: Մալալա կրնայ ըլլալ թարմ, ոչ փտած այլընտրանք, որ կ՚անարգէ ահաբեկչութիւնը եւ կը պայքարի կիներու իրաւունքներուն համար»:
- «Մալալա շատ ներշնչող, ոգեւորող անձնաւորութիւն մըն է: Նոյնիսկ ինծի նման միջին տարիքի անձի մը համար ան ներշնչող է»:
- «Ես կը ծափահարեմ ձեզ, Մալալա»:
- «Մալալա իսկական տիպար օրինակ մըն է ամբողջ աշխարհի աղջիկներուն համար: Ամէն Ուրբաթ գիշերային զբօսավայրեր այցելելը, զեխ հաւաքոյթներու մասնակցիլը, ոգելից ըմպելի գործածելը սկը-սած է քանդել աղջիկներու յաջորդ սերունդը»:
- «Ապրի՛ս: Գերազա՛նց… Մեծ բաներ կը սպասեն քեզի: Դուն ներշնչում մըն ես բոլորին»:
- «Շնորհաւորութիւններ: Կը մաղթեմ, որ քու կեանքդ շարունակէ ծաղկիլ, եւ քու բոլոր երազներդ իրականանան»:
- «Այս անգոյն եւ անհամ աշխարհին մէջ դուն իսկական փայլող ծաղիկ մըն ես»:
- «Զարմանալի է, որ քաղաքական գործիչներ չեն կրնար հետեւիլ անոր օրինակին. արդեօ՞ք ճիշդ չեն գտնե՞ր ատիկա»:
- «Սարսափելի է մտածելը, որ այսպիսի աղջնակ մը անհաւասար պայքար պիտի մղէ, մինչ կուշտ ղեկավարներ անտարբեր պիտի մնան»:
- «Եթէ մարդկութեան պատմութեան էջերը թերթենք, բազմաթիւ են արդար դատերու համար պայքարի դաշտ նետուած կիներ»:
- «Շարունակէ՛ առաքելութիւնդ, Մալալա՛, արձակուած փամփուշտները կրակողներուն կը վերադառնան»:
- «Երբ կը մտածեմ, որ աշխարհը տակաւին անոր նման առաքեալներու անմիջական կարիքը ունի, ուղղակի կը յուսահատիմ, բայց տեսնելով Մալալայի հաստատակամութիւնը՝ կը մտածեմ, որ կարելի է տակաւին բան մը փրկել»:
- «Հեգնական է, երբ կը տեսնես, որ պատասխանատուներ իրենց աթոռներուն վրայ անգործ նստած՝ կը գնահատեն Մալալան»:
- «Փամփուշտէն աւելի ազդու է քու գործդ: Սուրա՛, ոչ մէկ փամփուշտ կրնայ լռեցնել արդար ձայնը»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Պի.Պի.Սի.», «Սի.Էն.Էն.» եւ «Մէյլ»
«Ազդակ», Լիբանան
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024