ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (32)
Երկուշաբթի առտու կանուխ հնչեց Կապոյտ մզկիթի զանգը։
Զանան ուղղեց մէջքը, նստաւ անկողնին։ Չէր հասկնար ինչո՞ւ էր այս այդքան շուտ։ Խարխափելով գնաց դէպի սենեակի դուռ, դուրս ելաւ բակ, քալեց մինչեւ դարպաս։ Լոյսը նոր էր բացուեր, արեւը դեռ բաւական հեռու էր բակի թուփերուն, ծառերուն ու աւազանին հասնելէ։
Բացաւ դարպասը, ու դիմացը իրեն տարեկից երիտասարդ մը տեսաւ. փոշոտ շապիկով ու մաշած տաբատով, որմէ կախուեր էր մուրճ մը։ Հասկցաւ անմիջապէս. շինարարներն էին։
-Դո՞ւ ես գալու... շէյխն ասել էր։
-Հա... սպասեք պատրաստեմ... հա՞…
-Բայց շուտ արա՛...
Զանան վազեց ներս, մտաւ սենեակ։ Փնտռեց ամենէն հին ու աղտոտ հագուկապը, որ ունէր։ Ու դուրս եկաւ Ֆարզատ քեռիի տուած ճամպրուկի խորքերէն, այնքան ամիս չհանուած, մոռցուած, պատռած փոշոտ շապիկը, որ իր հետ բերեր էր Պամէն։ Վրան դեռ իրենց տան հողի գոյնը կար...
Քիչ անց, կազմ ու պատրաստ բացաւ դարպասը նորէն, ելաւ դուրս։ Երիտասարդը, որուն հետ խօսած էր քիչ առաջ, մարեց ձեռքի սիկառեթը ելեկտրական սիւնին, մօտեցաւ, երկարեց ձեռքը՝
-Վահան,
-Զանա,
-Հաճելի ա,
-Նմանապէս։
Զանան հաճոյքով անդրադարձաւ, որ հանգիստ հայերէն կը խօսէր, կարծես օտար չըլլար։ Ու յիշեց Նորան. տեսնես նորէն ե՞րբ հանդիպէին պիտի։ Այս գործն իրմէ ինչքա՞ն ժամանակ պիտի խլէր, դեռ չէր գիտեր։ Այն գիտէր միայն, որ չէր կրնար մերժել շէյխը, որ մի քանի ամիս արդէն պահեր էր զինք ազնուաբար։ Պէտք է աշխատէր, պէտք է վաստակէր, պէտք է ճամբայ մը գծէր...
Ինքնաշարժը տարաւ դէպի Չարբախ թաղամաս։ Հոն, վայրկեան մը կանգ առին փոքր խանութի մը դիմաց. «գրասենեակն ա», ըսաւ Վահանը, իջաւ տոպրակ մը առաւ, ու շարունակեցին։ Քիչ անց, Երրորդ Մասի շէնքերէն մէկը հասան։
-Այս մէկ ամիսը ստեղ կ՚աշխատենք... հին բնակարան մըն է, նորոգման աշխատանքներ են, հեշտ կը սովորես...
Զանան անձկութեամբ բարձրացաւ երեք յարկերը, ու մտնելով բնակարանի բաց դուռէն ներս, դիմացը գտաւ մաշած, կիսաքանդ սենեակ մը խոշոր։ Եւ իրենց Պամի փլատակն յիշեց դարձեալ։ Ու տեսաւ ինքզինք, նոյն իր հիմա հագած շապիկով, իրենց տան փլատակներուն վրայ։
Զանան տարօրինակ միտք մը ունեցաւ. կարծես, մտածեց, այս գործը դէպի Պամ ճամբայ մը կը բանար...
ԵՐԱՄ
•շարունակելի