Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՎԷՊԵՐԸ (Դ.)

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները վարակիչ հիւանդութիւններու եւ համաճարակներու գրականութեան մէջ տեղին մասին։

Համաճարակներու կամ վարակիչ հիւանդութիւններու մասին վէպերը աննկարագրելի կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ամբողջ մարդկութեան համար՝ այն առումով, որ հեղինակներու գրեթէ բոլորը ներշնչուած են աշխարհի վրայ նախապէս գոյութիւն ունեցած հիւանդութիւններէ եւ անոնց նիւթական, առողջապահական, ընկերային եւ այլ ազդեցութիւններէն։ Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ այն հանգամանքը, թէ նշեալ գիրքերու մէջ նկարագրուած դէպքերը, երեւոյթները, պատճառներն ու հետեւանքները եւ գիրքերու հերոսներու փորձառութիւնները կրնան ունենալ քաղուելիք դասի մը բնոյթը։ Արդարեւ, անհերքելի է, որ համաճարակներու մասին գրուած բազում գիրքեր հիմք հանդիսացած են հիւանդութիւններու ապաքինման ու տարածման կանխարգիլման մասին ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու։

Առաջին աշխարհամարտէն անմիջապէս առաջ հրատարակուած «Կարմիր ժանտախտը» նոյնպէս բազմաթիւ նախազգուշացումներ կը պարունակէր համաշխարհային պատերազմի մը հետեւանքներու, նոյնիսկ այդ պայմաններու ներքեւ աշխարհի վրայ ապրելու մասին։ «Տարիներ, տարիներ առաջ, երբ աշխարհի վրայ ընդամէնը քանի մը մարդ կար, հիւանդութիւնները շատ քիչ էին», ըսաւ փրոֆեսէօրը «Կարմիր ժանտախտը» գիրքին մէջ։ Ան կը շարունակէ. «Երբ մարդիկ բազմացան ու բնակութիւն հաստատեցին մեծ քաղաքներու եւ քաղաքակիրթ վայրերու մէջ, ի յայտ եկան նոր հիւանդութիւններ, նոր տեսակի մանրէներ ներթափանցեցին անոնց մարմինները՝ սպաննելով միլիոնաւոր ու միլիառաւոր մարդիկ: Այնքան սարսափելի էին նոր հիւանդութիւնները, որոնք աւելի շատ տարածուեցան խիտ բնակչութեամբ վայրերու մէջ։ Վերապրածները չէին կրնար զանոնք յայտնաբերել ու հետեւաբար լուծումներ գտնել հիւանդութեան աւելի շատ տարածումը կանխելու համար արագօրէն միջա-մըտելու առումով: Ըստ 2010 թուականի վերջին մարդահամարի՝ աշխարհի վրայ կ՚ապրէր 8 միլիառ մարդ»։ Երեխաները կը դժուարանային հաւատալ, անոնք չէին կրնար պատկերացնել, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ մարդահամարի արդիւնքը՝ երբ տեղի ունենայ իրենց ժամանակին։

«Ակնթարթի մը ընթացքին վերացած էին մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու տասը հազար տարուան ժառանգութիւնը», կ՚ըսէ փրոֆեսէօրը: Ան ամբողջ կեանքը անցուցած էր՝ որպէս գրադարանավար այդ տասը հազար տարին արխիւացնելու համար։ «Telegraph Hill»ի մէջ գտնուող քարայրի մը մէջ թաքցուց իրեն հասանելի բոլոր գիրքերը՝ հակառակ, որ ան միակ մարդն էր, որ կրնար կարդալ: «Յոյս ունիմ, թէ օր մը մարդիկ դաձեալ կը սկսին կարդալ», կը խոստանայ ան իրեն ունկնդրողներուն։ Իր թոռները դեռ չէին կրնար պատկերացնել, թէ ան ինչի մասին կը խօսի։

Ալպէռ Քամիւ իր «Ժանտախտը» գիրքին մէջ նկարագրեց վայր մը, ուր մարդը լըք-ւած է այլ մարդոց համար: Մարդիկ կը հեռանային միւս բոլոր մարդոցմէ՝ ի տարբերութիւն «փոսթ-ափոքալիփթիք» ​​գրականութեան այլ ստեղծագործութիւններու, ուր մարդկութեան թշնամին է տարրալուծարանային նիւթերը, հրաբուխները, երկրաշարժները կամ այլ մոլորակային զաւթիչները։

Քամիւի դիտարկումը՝ «մարդկութեան իր ցաւը անկեղծօրէն բաժնելու եւ արտայայտելու ի վիճակի չըլլալուն» մասին, խելամտօրէն վերարտադրուած է Խոզէ Սարամակոյի 1995 թուականի «Կուրութիւն» վէպին մէջ, ուր նկարագրուած է ակնաբոյժ մը, որ կը ձախողի ճանչնալ յանկարծակիօրէն ի յայտ եկած հիւանդութիւն մը, որ մարդիկը կը վերածէ միայն շնչառու էակի մը: «Կուրութիւնը» կ՚ընդգծէ, որ 20-րդ դարու ամբողջատիրական պետութիւնը մեղաւոր է հոգեբուժարաններու, հիմնարկներու մէջ յարձակման կամ բռնութեան դէմ անպաշտպան մարդիկը տեղաւորելու եւ զինուորական կառավարիչներու դաժանութեան թոյլատրման ու անտեսման մէջ: Երբ հիւանդութիւնը կը հարուածէ մարդկութիւնը, կառավարութիւնը կը հաւաքէ բոլոր կոյրերը եւ զանոնք կը փակէ հոգեբուժարաններու մէջ, ուր կը պատերազմին իրարու հետ: «Կոյրերը միշտ կը պատերազմին, անոնք միշտ կը պատերազմին», կը գրէ Սարամակոն։

«Կուրութիւնը» շատ աւելի մութ երանգ մը կը պարզէ՝ քան այլ վէպերու, որոնք կը նկարագրեն հիւանդութեան մը տարածումը։ Սարամակոյի համար կուրութիւնը հիւանդութիւն չէ, այլ մարդու վիճակ է։ Տեսողութեան կարողութիւնը չկորսնցուցած միակ մարդ մը մնացած է։ Այդ մարդը կը նայի կոյրին, ինչ որ անոր համար թէ՛ յաւերժական երջանկութիւն է եւ թէ զայրոյթ։ Եւ սա աշխարհի վերջին աղէտն է, որ աւարտեցաւ համաճարակով, մարդու գիտելիքներու խոր կորուստով, որու միակ միջոցը մարդու ինքն իրեն կարդալն է: Սարամակօ կը յայտնէ, թէ ակնաբոյժը կը հասկանայ, երբ ան կը կորսնցնէ տեսողութիւնը նախքան հիւանդութեան յայտնաբերուիլը, ան կը գիտակցի գիտելիքի թանկութիւնն ու փխրունութիւնը: Շփոթուած յանկարծ հիւանդացած եւ անհասկանալիօրէն կուրացած հիւանդէն, որ կը տեսնէ միայն սպիտակ անվերջ տեսիլք, ակնաբոյժը ընթրելէ յետոյ կը դիմէ իր գրադարանի գիրքերուն։ Սարամակօ գրած է հետեւեալը. «Ուշ գիշերին, ան մէկդի դրաւ այն գիրքերը, որոնց վրայ կ՚աշխատէր, շփեց յոգնած աչքերը եւ կռթնեցաւ աթոռին։ Սա տեղի ունեցած է քնանալէ քիչ առաջ։ Վերցնելով գիրքերը գրադարան տանելու համար, սկիզբին ան չկրցաւ տեսնել իր ձեռքերը, յետոյ հասկցաւ, որ կոյրը թաղուած է սպիտակներու մէջ։ Ամէն ինչ սպիտակացաւ. սպիտակ՝ ինչպէս դատարկ էջ մը…»։

•վերջ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2023