ՀԱՍԿՆԱԼ ԵՐԿԱԹԻ ԼԵԶՈՒՆ…
Երկաթը՝ ծանր, կռելի այդ մետաղը կեանք կառուցող տարր մըն է: Այս եզրայանգումին կու գանք անգամ մը եւս՝ ծանօթանալով սփիւռքահայ մտաւորական Կիրակոս Գույումճեանի «Իմ երթս երկաթին հետ» նորատիպ գիրքի բովանդակութեան: Գիրքը արաբերէնով է, եւ այդ լեզուին տիրապետող կարգ մը հայ ընթերցողներ գիրքի Երեւանի մէջ տեղի ունեցած շնորհանդէսի ընթացքին յայտնած են իրենց կարծիքը այս հրատարակութեան մասին, զարմանքով նկատելով, որ հատորին մէջ ամփոփ եւ ուշագրաւ կերպով գրուած է գրեթէ ամէն ինչ՝ երկաթի մասին:
Երկաթը մեր կեանքին մէջ անփոխարինելի դեր ունեցող մասնիկ մըն է. ան կը նկատուի «արդիւնաբերութեան հացը», առանց որուն անհնար է պատկերացնել ո՛չ միայն տնտեսութիւնը, այլեւ՝ առողջապահութիւնը եւ բազում այլ ասպարէզներ:
Մարդը, նախնադարեան ժամանակներուն յայտնագործելով երկաթը եւ անկէ պատրաստելով գործիքներ, զէնք եւ այլ առարկաներ՝ մեծ գիւտ կատարած է մարդկութեան պատմութեան մէջ: Երբ մարդը կարողացաւ երկաթ ձուլել, պարզեց, որ ան աւելի ամուր է, քան՝ պրոնզը: Զարգացան արհեստները, առեւտուրը:
Երկաթի յայտնագործումէն ետք նախնադարեան համայնական կարգերը սկսած են արագօրէն քայքայուիլ եւ ի յայտ եկած են առաջին խոշոր պետութիւնները։
Առաջին երկաթեայ առարկաներուն համար հումք ծառայած է երկնաքարային երկաթը, որմէ պատրաստուած զարդարանքներ գտնուած են Նախքան Քրիստոս 3-րդ հազարամեակի պատկանող եգիպտական դամբարաններու մէջ: Հայ մեծանուն լեզուաբան Գէորգ Ջահուկեան «երկաթ» բառին ստուգաբանութիւնը կը կապէ «երկինք» բառին հետ, քանի որ երկաթ կը ստացուի նաեւ երկնաքարերէ:
Կիրակոս Գույումճեան իր գիրքին մէջ մեծարած է երկաթը եւ ցոյց տուած իր սէրը՝ այդ մետաղին հանդէպ, որ իրեն տուած է աշխատելու, արարելու, ստեղծագործելու եւ բարերարութիւններ կատարելու ազատ թեւեր:
Կիրակոս Գույումճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: 1972 թուականին տեղափոխուած է Քուէյթ: 1982 թուականին, Քուէյթի մէջ հիմնած է մինչեւ օրս գործող մետաղագործական խոշոր ընկերութիւն մը: Ան իր աշխատանքներուն կողքին, յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է գրականութեան, պատմութեան, ժողովուրդներու եւ մա՛նաւանդ՝ հայութեան արդի հարցերուն հանդէպ:
Գույումճեան հեղինակ է յօդուածներու եւ գիրքերու ու իր նոր գիրքին ոգին եւ խորհուրդը փոխանցելով՝ ան շնորհանդէսին ըսաւ հետեւալը.
Երկաթի մասին գրելը ինծի համար նախ եւ առաջ հաճոյք եղած է եւ շատ-շատ զգացած եմ երկաթին կարեւորութիւնը: Երկաթին ճանչցուած, գիտցուած կարողութիւններէն որոշներ յստակ է ժողովուրդին եւ հասարակաց է եւ ես փորձած եմ գտնել անոնք, որոնց մասին տեղեակ չեն շատ մարդիկ կամ ալ ատոր մասին չեն խորհած: Օրինակ, ես խօսած եմ, գամի մը մասին, որ որեւէ մէկու միտքէն թերեւս չ՚անցնիր, որ ատիկա յօդուածի նիւթ կրնայ ըլլալ կամ արժեւորուիլ: Գամը արժեւորած եմ ինչպէս շինարարութեան մէջ, այնպէս ալ ձիու սմբակին տակ՝ պայտին վրայ: Պայտը առանց գամի չ՚ըլլար, իսկ ձին, մենք բոլորս գիտենք, թէ ինչ դեր տարած է եւ կը տանի պատմութեան մէջ եւ կեանքին մէջ առհասարակ: Եթէ պայտը չըլլայ, ձիու կարողութիւնը շատ-շատ քիչ պիտի ըլլայ, պայտն է, որ ձիուն կարողութիւնը տասնեակ անգամ կ՚աւելցնէ:
Իմ այս գիրքս գրելը տեւած է չորս տարի: Այդ չորս տարուան ընթացքին շատ օրեր պատահեցան, որ օրինակ, կէսգիշերին, անկողինիս մէջ յիշեցի միտք մը կամ բառ մը կամ գաղափար մը, որ կը կարծէի, թէ անհրաժեշտ է գիրքիս մէջ, եւ կ՚ելլէի մահճակալէս եւ ատիկա կը նօթագրէի, որպէսզի չմոռնամ: Շատ անգամներ այդպէս եղած է, եւ գրածներս ալ տասնեակ անգամներ փոխած եմ, զարգացուցած եմ: Բաւականին յոգնեցուցիչ էր այդ մէկը, դժուար ծննդաբերութեան պէս գործընթաց մըն էր: Բայց հիմա, որ ձեր ներկայութիւնը կայ, ատիկա ինծի համար ձեւով մը սիրտիս վրայ պաղ ջուր լեցնելու պէս կը զգամ, եւ առիթ կու տայ, որ շնորհակալ ըլլամ ձեզի:
Իմ հետս դէպք մը պատահած է, որ կը կարծեմ, թէ ատիկա յիշեցնելն ալ աւելորդ չ՚ըլլար: Հալէպցիները մանաւանդ գիտեն, որ հայ ծնողքը ընդհանրապէս ամառ ժամանակ իրենց զաւակները կա՛մ ամառնային դպրոց կը ղրկեն կա՛մ բարեկամի մը, ազգականի մը աշխատատեղը, որպէսզի արհեստ սորվի եւ ձեռքին ոսկեայ ապարանջան ըլլայ ատիկա: Առիթ կու տան, որ երեխան զարգանայ արհեստի մէջ: Իմ մայրս ալ, ճիշդ այդպէս մտածելով, երբ ես տակաւին 13-14 տարեկան էի, զիս ղրկած է մեր բարեկամներէն մէկուն արհեստանոցը, ուր հաստոցներու վրայ կ՚աշխատէին: Ես երկու-երեք ամառ այդպէս աշկերտ աշխատեցայ հոն, եւ ունեցայ կարգ մը փորձառութիւններ, որոնցմէ մին ձեզի պիտի պատմեմ, որ քիչ մը հանելուկ, քիչ մը զուարճալի է: Այդ արհեստանոցին մէջ զանազան տեսակի գործիքներ կային եւ կար մեծ չարխը՝ ճախարակը: Այդ չարխէն ինչպէս գիտէք՝ կայծեր կ՚ելլեն: Կը պատահէր, որ կայծը ելլէր եւ արհեստաւորներուն աչքը մտնէր: Խալֆան՝ աւագ գործաւորը, թուղթը կը ծալլէր եւ կը հանէր այդ կայծը, եւ եթէ չկարողանար, ապա կը ղրկէր Հալէպի մէջ նշանաւոր բժիշկ Ճէպէճեանին քով եւ անիկա իր գործիքներով կը հանէր: Ես ալ քանի մը անգամ ենթարկուեցայ ատոր, ղրկուեցայ բժշկին քով եւ ան հանեց կայծը: Մոռցած էի այդ պատմութիւնները: Տարիներ անցան եւ 50-60 տարի ետք պէտք ունեցայ MRI քննութեան ենթարկուելու: Գացի այդ հետազօտութեան, գործիքին վրայ դրին զիս, կապեցին, գլուխս մտաւ գործիքին մէջ եւ յանկարծ սկսան տագնապի ազդանշաններ ելլել, լոյսեր վառիլ՝ շտապ օգնութեան մեքենայի ձայներու պէս, կարծես փորձանք պատահեցաւ: Ըսին՝ մենք չկրցանք քեզի հետ շարունակել, որովհետեւ ձեր մարմինին մէջը կայ օտար տարր, որ երկաթեայ է: Եւ կանչեցին ու էքրանին վրայ ցոյց տուին հազիւ աղի հատիկին չափ մասնիկ մը, որ երկու աչքերուս մէջտեղը կեցած է: Ու ըսին, որ դուն բնաւ չես կրնար այդ հետազօտութեան ենթարկուիլ, պէտք է ուրիշ ճանապարհներով հետազօտուիս:
Իսկ երբ գիրքս կը գրէի, Քուէյթի մէջ շատ արժէքաւոր գիտնական բժշուհիի մը պատմեցի այս պատմութիւնը, ըսի, որ մարմինիս մէջը երկաթի մասնիկ մը կայ: Բժշկուհին բացագանչեց, ըսելով՝ ահա, պարզ եղաւ, թէ դուն ինչո՛ւ երկաթ կը սիրես: Ես չեմ գիտեր, թէ գիտական հիմք ունի՞ այս մէկը կամ ոչ, սակայն բժշկուհին ըսաւ, որ մարմնիդ մէջ երկաթի մասնիկ կայ եւ դուն ալ կապուած ես երկաթին, բայց ըսաւ, որ հակառակն ալ փաստուած չէ: Ան ըսաւ՝ թերեւս այդ երկաթը միախառնուած է մարմնիդ եւ ժամանակի ընթացքին սէր եւ հակում յառաջացած է դէպի երկաթը:
Ես նաեւ ձօն գրած եմ երկաթին, որ արաբերէնով է, ատոր մէջ իմ ամէն զգացումներս են՝ հանդէպ այդ շատ կարեւոր եւ արժէքաւոր նիւթը:
Յ.Գ.- Երէկ արդիւնաբերական խոշոր անցեալ ունեցող եւ արդիւնաբերութիւնը այսօր ալ կարեւորող կարգ մը երկիրներու, որոնց կարգին նաեւ՝ Հայաստանի մէջ, նշուեցաւ մետաղագործի օրը: Այս օրը իբրեւ տօն հաստատուած է 1980-ականներուն, իսկ վերջին տարիներուն վերականգնուելով՝ ամէն տարի յուլիսի երրորդ կիրակի օրը կը նշուի եւ մետաղագործին յարգանքի, մեծարանքի եւս մէկ առիթ ընծայելու օր կը դառնայ: Կը շնորհաւորենք բոլոր մետաղագործները, որոնք կը փորձեն հասկնալ մետաղի լեզուն եւ զայն փոխանցել մեզի:
Երեւան
ԵՐԿԱԹԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ՝ ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեան քուէյթահայ աշխոյժ գործարար մըն է, որուն աշխատանքները երեւելի են Քուէյթի ամենէ օտար ոլորտներուն մէջ իսկ եւ այլուր: Ան ծանօթ է հանրութեան, որպէս բարերար՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ հաւասարապէս: «Ներսէս Շնորհալի» շքանշանակիր է, Կիլիկիոյ «Ասպետ» եւ հրապարակագիր: Իր հայերէն եւ արաբերէն մտորումներուն յաճախ հանրութիւնը հաղորդակից եղած է, հայ եւ օտար թերթերով: «Իմ երթս երկաթին հետ» գիրքը հրատարակուած է Քուէյթ, 332 էջերու ընդմէջէն իր ընդհանուր բովանդակութեան գիծերուն մէջ, երկաթին պատմականն է: Սկսեալ նախամարդուն ճանաչմամբ, ապա զարգացումը մարդու զանազան քաղաքակրթութիւններուն հետ, հաս-նելով այն իրականութեան, թէ մարդը եւ բնութիւնը շաղախուած են երկաթին, եւ երկաթը երրորդ կռուանն է ջուրին եւ օդին հետ կեանքի շարունակութեան:
Ան գրուած է արաբերէն պարզ լեզուով մը, հասարակութեան համար հասկնալի: Հեղինակը յաջողած է իր սրամիտ դասաւորութեամբ գիրքը ներկայացնել իրերայաջորդ մասերով, որոնք դիւրաւ կը կլանեն ընթերցողը եւ կը յանձնեն յաջորդ մասին. եւ շարունակաբար այսպէս մինչեւ վերջին էջը, հասցնելով ընթերցողը գիրքին գիտական տուեալ աղբիւրներուն, որոնք յիշատակուած են գիրքին վերջաւորութեան: Հեղինակը չէ մոռցած նաեւ գիրքը օժտել ամփոփ եւ գողտրիկ բառարանով մը, որ կը բացատրէ երկաթի յատուկ գիտական եզրաբառերը՝ նիւթին գիտական հասկացողութիւնը դիւրացնելու մտահոգութեամբ:
Հեղինակը իր տողերը սկսած է երկաթին հետ իր ծանօթութեամբ, մանկութեան օրերէն իսկ, որ շարունակուած է մինչեւ օրս եւ շաղախուելով անոր հետ, վերածուած է գերագոյն սիրոյ՝ ներշնչուելով անոր հոտէն ու համէն:
Ստեղծագործած է իւրայատուկ երկաթի արուեստ մը. երկաթը մշակած է իր ձեռքերով, խմորած է զայն եւ ստեղծած անհաւատալի երկաթէ կոթողներ:
Հեղինակը կեանքի ընթացքին կուտակած է հսկայ փորձառութին, պողպատը իրեն կամքին ենթարկելու հմտութիւն եւ զարմանալի գաղափարներ ստեղծելու ունակութիւն: Ան կը նկարագրէ իր պայքարը երկաթին հետ, կարծես ըլլան ինքը եւ երկաթը՝ երկու տիտաններ, որոնք կոչուած են յաւիտենական պայքարի: Եւ ահաւասիկ հեղինակը ճարտարութեամբ կը խօսի երկաթի գիտական պայմաններուն մասին, որ պէտք է արհեստավարժը ծանօթ ըլլայ՝ երկաթը իրեն կամքին ենթարկելու համար:
Ան մանրամասն կը թուէ երկաթը գործածելու արուեստը, երկաթի եւ պողպատի տեսակներն ու անոնց յատկութիւնները եւ կարեւորութիւնը՝ գործին վերջնական յաջողութեան համար: Հեղինակը կը բանայ գիրքի նոր էջ մը, երկաթին եւ նախամարդուն ծանօթութիւնը Արարատի լանջերուն (4000-3500 տարի առաջ. Ն. Ք.), մարդ էակին առաջին հանդիպումը երկաթ մետաղին: Ժամանակը կը սահի, մարդիկ կամաց-կամաց կը սկսին ընտելանալ մետաղներու յատկութիւններուն եւ ահաւասիկ երկաթը միշտ ու միշտ գերազանց է, ամէն օր կը հրամցնէ նոր կարողութիւն մը շարունակաբար, մինչեւ օրերս: Տողերը լուրջ են եւ հեղինակը սրամտութեամբ մը կը դիմէ սրախօսութիւններու:
Յաջորդաբար կը ներկայացնէ շարք մը միջազգային եւ պատմական սրախօսութիւններ երկաթի շուրջ: Շարունակելով երկաթի պատմականը՝ ան կը խօսի հին աշխարհի ծանօթ երկաթի այլ բնօրրաններու մասին. ինչպէս՝ պարսկական, հնդկական, չինական, իպէրիական եւ այլ վայրերու շուրջ:
Կը յիշատակէ երկաթէ պարզ նախնական գործիքներու ազդեցութիւնը եւ դերակատարութիւնը՝ քաղաքակրթութիւններ կերտելու ընթացքի առընչութեամբ: Կը յիշատակէ գամը, թէ որքան հսկայ դերակատարութիւն ունեցած է քաղաքակրթութիւններ կերտելու. նաւերու տախտակները միացնելով, պայտերը ձիու սմբակներուն ամրացնելով՝ մարդը նուաճած է ծովերն ու հողամասերը: Նոյնպէս ասեղն ու պտուտակը մարդը փոխադրած են կարողութիւններու հարթակէ հարթակ՝ տալով նոր շունչ մարդկային քաղաքակրթութեան: Իսկ մուրճն ու սալը, կարծր մետաղը վերածած են դիւրախմորուող նիւթի մը՝ ենթարկելով զայն մարդու քմահաճութեան: Հեղինակը վերջապէս չի մոռնար թուել սուրերը եւ անոնց զարգացման ու կատարելագործման ուղին. կը թուէ ճաբոնական քաթանան, եգիպտական խոպէշը, պարսկական շամշիրը, հռոմէական կլատիոսը, եւրոպական րաբիրը, վայքինկներու սուրը, ուրիշներ եւ վերջապէս Դամասկոսի սուրը եւ անոր գաղտնիքները:
Եւ վերջապէս հեղինակը կ՚անդրադառնայ երկաթի ու պողպատի նոր պատմութեան եւ անոր զարգացումը Գերմանիոյ մէջ. կը խօսի Ֆրետերիխ Ատոլֆ Ֆոն Մորցի, Քրիստիան Փիթըր Վիլհելմ Պիոսի գործերուն մասին: Երկաթի ու պողպատի զարգացումը Ցարական Ռուսիոյ մէջ պատմելով՝ կը յիշէ Պաւըլ Պիթրովիչ Անասովի, Պաւըլ Մաթւեւիչ Ապուխովի գործերը:
Հեղինակը կը շարժի յառաջ: Կը հրամցնէ շոգեկառքի գիւտը, որպէս օրինակ եւ անոր արագընթաց զարգացումը, ապա ազդեցութիւնը քաղաքակրթութիւններու տեղաշարժին, մարդոց նիստ ու կացին եւ ապրելակերպին վրայ. օրինակ կը վերցնէ նաեւ արագ զարգացող շինարարութիւնը երկնաքերներու հետաքրքիր լուծումներով, որոնք դարձան իրականութիւն՝ միայն երկաթի ու պողպատի շնորհիւ: Կը յիշատակէ ծանր մեքենաներու երկաթէ զանգուածները, ծանր եւ հսկայ տարողութեամբ ովկիանոսներու վրայ ծփացող նաւերը, ընդծովեաները:
Այս բոլորին կողքին հեղինակը չի մոռնար գովերգելու երկաթի զարմանալի կարողութիւնը դասական եւ այժմէական արուեստին հետ խառնուելու եւ ստեղծելու աներեւակայելի գեղեցկութեամբ արուեստի գործեր, ինչպիսիք են՝ զբօսավայրերու նստարաններ, ծառուղիներու գեղեցիկ լուսաձողեր, պալատներու կամ առանձնատուներու դարպասներ եւ հրապարակներու ու ցուցասրահներու պողպատէ արձաններ:
Հեղինակը յատուկ էջեր կը տրամադրէ «Էյֆել» աշտարակին ու անոր պատմականին, յիշատակելու համար այն հսկայ պայքարը, որ մղուած է քաղաքակրթութիւն կերտող առաջնեկներու կողմէ՝ երկաթի իրական զօրութիւնը հաստատելու եւ օգտագործելու համար, որ իրականացած է միայն ու միայն յամառ պայքարով: Շարունակաբար հեղինակը կը յիշատակէ կամուրջներու զարգացումը, օրինակ կը վերցնէ Սիտնիի, Շէյխ ճապէրի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի կամուրջները, կ՚անդրադառնայ չինական կամուրջաշինութեան արուեստին: «Իմ երթս երկաթին հետ» գիրքին հետա-քըրքրական մասերէն է նաեւ երկաթի հանքերու խորհրդաւոր պատմականը, աշխարհը, զարգացման հանգրուանները, հանքագործներու արիւնոտ պայքարը եւ վերջապէս նոր ճարտարուեստի կենսանիւթը:
Լայնօրէն անդրադարձ եղած է նաեւ երկաթի բազաներու նախանիւթերու տեսականիին, մշակման, արտադրական եղանակներու եւ ազնիւ որակաւոր տեսականիներու ստացման հնարքներու շուրջ եւ այս բոլորը հանքային բազայէն մինչեւ գործածական մետաղ:
Կը յիշատակէ վերջին տասնամեակին տեղի ունեցող շուկայական վիճակը՝ մէջբերումներ կատարելով միջազգային աղբիւրներէ, որոնք կը ցոլացնեն օրուայ երկաթի արտադրութիւնը, սպառումը, վերարտադրումը, գործածութիւնները: Գիրքը կը խօսի երկաթի զօդման արուեստին, պատմականին, եղանակներուն, դրական եւ բացասական յատկութիւններուն մասին:
Այս բոլորին կողքին գիրքը կ՚անդրադառնայ ապրող էակներու մօտ երկաթի նիւթին, կը հաստատէ երկաթին դերակատարութիւնը կեանքի գոյութեան եւ շարունակութեան, կենդանիներու ու մասնաւորապէս մարդու կերակրատեսակներու հարստութիւնը երկաթով ըլլալուն, կը յիշեցնէ կերակուրի կամ պտուղներու մէջ ամբարուած երկաթի օգտակարութիւնը եւ կ՚եզրակացնէ, թէ այս կարեւոր տարրին պակասը անհնարին կը դարձնէ կեանքի շարունակականութիւնը:
Կը յիշատակուի նաեւ երկաթի, պողպատի, երկաթի խառնուրդներու, պողպատի համաձուլուածքներու, չուգունի յատկանիշերը, կարողութիւնները եւ գործածութիւնը: Հեղինակը կը փափաքի անգամ մը եւս վերադառնալ գրական աշխարհ եւ կը խօսի ու կը պատմէ երկաթի հետ առընչուող ժողովրդային հեքիաթներ, ուրախ զուարճալիքներ եւ ժողովրդական սովորութիւններ. կը հրամցնէ տիալոկ մը՝ երկաթին եւ ոսկիին միջեւ, ուր կը վիճին երկու մետաղները՝ պարծենալով իրենց կարեւորութեան շուրջ:
Հոս հեղինակը տրամաբանութեամբ մը կը ղեկավարէ երկխօսութիւնը գիտական ու տրամաբանական հատուածներով ու յաղթանակը կը հասնի երկաթին: Կը յիշատակէ ժամացոյցի, ժամանակի պատմականը, որպէս օրինակ, թէ այլ երեւոյթներ, գիտելիքներ, ինչպէ՛ս կարողացած են յառաջդիմել շնորհիւ երկաթի զարգացման, երբ երկաթի զարգացումը կը ստեղծագործէ շոգեկառքը եւ վերջինը կարելի չ՚ըլլար շահագործել միայն երկրի զանազան շըր-ջաններու ճշգրիտ ժամացուցակներով:
Ան կ՚անդրադառնայ երկաթի կարողութեանը, որպէս ազդեցիկ գործօն վաճառականութեան ու միջազգային եւ տեղական տնտեսութեան վրայ՝ յիշատակելով Անտրեու Քարնեկիի ու Չարլզ Շուապի անցած ճանապարհը, ու կ՚ամփոփէ միտքը, թէ երկաթը շահու ու բարօրութեան ազդակ է:
Եւ վերջապէս կը վերջացնէ իր պատկերազարդ գիրքը՝ փունջ մը ժողովրդային ասացուածքներով, որոնք երկաթը օրինակ կը վերցնեն՝ գաղափար մը կամ միտք մը հաստատելու կամ արտայայտելու համար:
Կը յիշատակէ կարգ մը միջազգային դէմքեր, որոնց անունները երկաթ կը պարունակեն եւ զուարթ տրամադրութեամբ կը վերջացնէ իր հետաքրքիր տողերը: Եզրակացութիւն: «Իմ երթս երկաթին հետ» գիրքը խորքին մէջ պատմական, գիտական համեմուած թեթեւ եւ աշխուժացնող գրական նիւթերով, միջին հաստութեամբ, պատկերազարդ, արաբերէն դիւրահաս լեզուով մը գրուած, բոլորին հասանելի գիրք մըն է, որ հիւսելով երկաթին գովքը՝ կը թելադրէ գիտական իրականութիւններ, բարոյախօսական միտքեր, պատմական ընդհանուր զարգացումներ եւ վերջապէս անձնական պիտանի փորձառութիւններ՝ բոլորին հետաքրքրող:
Հեղինակը մտահոգուած է նաեւ իր գիրքը հանրութեան հրամցնելու եւ կրնանք խոստովանիլ, որ յաջողած է՝ իր նուրբ լրջութեամբ գիտական աշխարհի վայել կողքով, որակաւոր թուղթով, ընթերցողը չյոգնեցնող գիրի չափերով, յստակ ու գունաւոր պատկերներով, մասերու յստակ բաժանումով ու վերջապէս իր խստապահանջ մօտեցումով հրամցնել զայն:
Հալէպ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ