ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ
Թիֆլիզի մէջ երէկ բացումը կատարուեցաւ անուանի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսին, զոր կազմակերպած էին Թիֆլիզի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունն ու Վրաստանի Ազգային թանգարանը։
«Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» տիտղոսը կրող Արա Կիւլէրի գործերը այսօր կը զարդարեն աշխարհի բազմաթիւ թանգարանները, մասնաւոր եւ ազգային հաւաքածոները։
Ան լուսանկարած է Փապլօ Փիքասոն, Սալվատոր Տալին, Ուիլիըմ Սարոյեանը, Ուինսթըն Չէօրչիլը, Պեռնար Ռասըլը, Ինտրա Կանտին, Սէրկէյ Փարաճանովն ու 20-րդ դարու այլ մեծերը։ Արա Կիւլէր իր տեսախցիկով անմահացուցած է գրեթէ ամէն ինչ այն քաղաքին մէջ, ուր մեծցած է։ Այդ պատճառով զինք յաճախ կ՚անուանեն նաեւ «Պոլսոյ աչքը»։ Արա Կիւլէրի աշխատանքները Թիֆլիզի Ազգային պատկերասրահին մէջ պիտի ներկայացուին մինչեւ Հոկտեմբերի 31-ը։