System of a Down Խումբը Պիտի Ստանայ Փարաջանով-Վարդանովի Հիմնարկի Մրցանակը

Աշ­խար­հահռ­չակ System of a Down խում­բը Փա­րա­ճա­նով-Վար­դա­նո­վի հիմ­նար­կի մրցա­նակ պի­տի ստա­նայ: Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հոկ­տեմ­բե­րի 21-ին, Հո­լի­վու­տի մէջ: Ե­րա­ժիշտ­նե­րը պի­տի պար­գե­ւատ­րուին Wake Up the Souls շրջա­գա­յու­թեան հա­մար, որ ցոյց կու տայ ար­դա­րու­թեան հաս­նե­լու ա­նոնց ձգտու­մը:

Հիմ­նար­կը կը զբա­ղի Սէր­կէյ Փա­րա­ճա­նո­վով եւ Մի­քա­յէլ Վար­դա­նո­վով, ո­րոնք ի­րենց կեան­քը նուի­րած էին բռնա­պե­տա­կան վար­չա­կար­գե­րու ա­նար­դա­րու­թեան դէմ պայ­քա­րին, աշ­խա­տանք­նե­րու պահ­պա­նու­մով եւ ցու­ցադ­րու­թեամբ:

Ան­ցեալ տա­րի այս մրցա­նա­կը յանձ­նուած էր հան­րա­յայտ բե­մադ­րիչ Մար­թին Սքոր­սե­զէին:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015