ՄԱՅՐԻ՛Կ, ԱՆՈՆՔ ԻՆՉՈ՞Ւ ՀՈՆ ԵՆ
Բազմիցս անդրադարձած ենք արեւմտահայերէնի ներկայ անփառունակ վիճակին։ Ցաւով մենք մեզի խոստովանած ենք, թէ արեւմտահայ լեզուն ու գրականութիւնը մեր իսկ անփութութեան պատճառաւ կորստեան կը մատնուին… Սակայն ինչպէս առիթով մը ըսի.
Յոյսը վերջինն է մեռնում,
Բայց մեռնում է չէ՞
Մեռնում է, երբ մարդն է մահանում։
Ի՞նչ կը նշանակէ աս։ Այսինքն քանի գոյութիւն ունի հայ ազգը, քանի աշխարհի երեսին կ՚ապրի հայը՝ հայոց լեզուն, հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը պիտի ապրին ու բարգաւաճին։ Այո՛, այո, ճիշդ հասկցաք, այսօր բարի լուրեր ունիմ։ Ի ուրախութիւն բոլորիս, վերջերս արեւմտահայերէնով լոյս տեսան մի շարք մանկապատանեկան գիրքեր։
Իրերայաջորդ, տարբեր հեղինակներու կողմէ գրուած կամ թարգմանուած բանաստեղծութիւններու, հեքիաթներու ու պատմուածքներու գիրքերու մէջէն, իր բնոյթով կ՚առանձնանայ մէկը՝ Լեռնա Գարագիւթիւքի «Դպրոցի ճամբուն վրայ» պատմուածքներու շարքը։
Էսաեան վարժարանի հայերէնի ու կրօնի ուսուցչուհի՝ Լեռնա Գարագիւթիւք ծանօթ ու սիրելի անուն մըն է մեր համայնքին, մասնաւորապէս՝ դպրոցականներու շրջանակին մէջ։ Տիկին Լեռնան անխոնջ աշխատանքի շնորհիւ կը փորձէ նոր շունչ տալ ստուերի տակ մնացած արեւմտահայ մանկապատանեկան գրականութեան։ Սակայն հետաքրքրականն ու ողջունելին այն է, որ Լեռնա Գարագիւթիւք այս անգամ աշխատանքի լծուեցաւ ոչ թէ միայնակ, այլեւ իր ժրաջան աշակերտներուն օգնութեամբ։ Մատղաշ սերունդը բաւական խանդավառուած, ընդառաջելով իրենց սիրելի ուսուցչուհիի առաջարկին, մասնակցեցաւ՝ «Դպրոցի ճամբուն վրայ» պատմուածքներու գիրքի պատկերազարդման աշխատանքներուն։ Աշակերտները իրենց գծած պատկերներուն մէջ կարծես կենդանութիւն հաղորդեցին պատմուածքներու հերոսներուն ու իմաստին։
Որպէս ընթերցող՝ մէկ շունչի մէջ հաճոյքով կարդացի մեր ոսկեղնիկով գրած պատմուածքները…
Չկարծէք, թէ հեղինակը սահմանափակուեցաւ միայն պատմուածքներու գիրքով. միաժամանակ լոյս տեսաւ նաեւ Լեռնա Գարագիւթիւքի «Ան է որ կայ» բանաստեղծութիւններու գիրքը։
Թերեւս հոգւոյս ծալքերուն մէջ տեղ գտած հայու թախիծն ու աշխարհի երեսին տիրող տխրահռչակ վիճակն է պատճառը, որ թերթելով այս գիրքը՝ խայտաբղէտ բովանդակութեամբ ստեղծագործութիւններու շարքէն զիս ամենաշատ տպաւորեց՝ «Հոն են» բանաստեղծութիւնը, զոր կ՚ուզեմ ստորեւ նոյնութեամբ կիսուիլ ձեզի հետ։
Մայրի՛կ,
անոնք ինչո՞ւ հոն են.
իրենց վերմակը
սեւ հողին հատիկները
եղեր են… շատ դժուար է ըսել,
անոնք ինչո՞ւ ջնջուած են։
Հոն անդադար լացող ծառեր կան՝
նոճիները։
Ամէն գիշեր կը փայլին
լուսնի լոյսով։
Ինչո՞ւ լուռ են։
Առաւօտուն ծռած ու խոնարհ
ճիւղեր՝ անցեալը լացող։
Միշտ հոն կը կենան,
պաշտպան անոնց վերեւ
եւ կ՚ըմպեն շունչը հողին տակէն։
Հարցումները չունին պատասխան,
միայն տերեւներ կեանք կը փսփսան։
Մայրի՛կ,
անոնք հո՞ն են.
անոնց շունչը վեր,
հողէն վեր կը փոխադրե՞ն։
Մի՛ հարցներ, թէ ինչո՞ւ միշտ հոն են.
եթէ յանկարծ փոթորիկէն տապալին՝
ափսոս.
անպատասխան։
Մենք ինչո՞ւ հոս ենք
ու կը դիտենք քանդումն
արձաններու,
փճացումը քաղաքներու.
մարդիկ անձայն կու լան
պատմութիւն,
սպասումի մէջ փոշոտած.
պիտի ապրին միայն
արեւուն կիզիչ ճառագայթներուն տակ
արցունքները չորցած։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ