ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԵՑԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏՆԻ ՎԱՐՊԵՏ ՇԱՀԷ ՏԷՐ-ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ՔԱՂԱՔՍ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ հայկական խեցեգործութեան յայտնի վարպետ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ քաղաքս։ Վաղը առաւօտեան կանուխ ժամերուն ան պիտի ժամանէ Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով։ Գարակէօզեանի ընտանիքի հրաւէրին ընդառաջ տեղի կ՚ունենայ Շահէ Տէր-Յարութիւնեանի այցելութիւնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 30 Նոյեմբեր։

Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս, «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ նախատեսուած ծրագրի մը համար քաղաքս հրաւիրուած է Շահէ Տէր-Յարութիւնեան։ Իր հսկողութեան տակ նախատեսուած է հայկական խեցեգործութեան աշխատանոց մը։ Սոյն աշխատանոցը թէեւ նախատեսուած է դպրոցի բոլոր դասարաններու աշակերտներուն համար, սակայն չափահաս հետաքրքիրներ ալ պիտի կարենան օգտուիլ Շահէ Տէր-Յարութիւնեանի փորձառութենէն։ Աշխատանոցի կազմակերպչական հարցերուն համար Շահէ Տէր-Յարութիւնեանին պիտի օժանդակէ Գայուշ Կավրիլոֆ։ Աշխատանքային օրերուն Շահէ Տէր-Յարութիւնեան պիտի զբաղի Գարակէօզեանի սաներուն հետ։ 18 եւ 25 Նոյեմբեր Շաբաթ օրերուն ան ժամանակ պիտի յատկացնէ չափահասներու համար։

Խեցեգործութեան յայտնի վարպետ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան, որ ծնած է Սուրիա, յայտնի է իր գեղարուեստական ճաշակով։ Ան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Հայաստանի մէջ՝ «Փանոս Թերլեմեզեան» գեղարուեստական ուսումնարանէն ներս։ Աւարտած է նաեւ Հայաստանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ խեցեգործութեան բաժինը։ Ապրած եւ ստեղծագործած է Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ։ Ցայսօր մասնակցութիւն բերած է բազմաթիւ խառն կամ անհատական ցուցահանդէսներու։

Շահէ Տէր-Յարութիւնեան քաղաքիս մէջ կեցութեան օրերուն կ՚իջեւանի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի լրահաւաքի պատասխանատու Արի Թաշի բնակարանին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017