ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՆՈՐՈԳՈՒՄ ԵՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՃՇԳՐՏՈՒՄՆԵՐ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին վերանորոգման աւարտը մօտ է. 2023 թուականին, երբ կը լրանայ Մայր Տաճարին հիմնադրման 1720-ամեակը եւ եթէ ամէն ինչ նախատեսուածին պէս ընթանայ, ապա համայն հայութեան հոգեւոր մայրաքաղաքին մէջ Մայր Տաճարը կրկին կը բանայ իր դռները:
Յայտնի է, որ 2018 թուականի վերջաւորութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը գոցուեցաւ այցելուներուն առջեւ եւ մօտաւորապէս չորս տարի է՝ պատուած է շինարարական ցանկապատով: Վերջին անգամ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը վերանորոգուած էր 1954-1958 թուականներուն, նորոգումներ կատարուած էին նաեւ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակելու 1700-ամեակին առթիւ՝ 2000 թուականին. այդ ժամանակ վերանորոգուած էր արտաքին ծածկոյթը, որմնանկարները մաքրուած էին մոմերու արձակած մուխի հետքերէն եւ վերջին տարիներուն կրկին թարմացումներու, նորոգումներու եւ ամրացումներու անհրաժեշտութիւնը յառաջացած էր: Այս անգամ տաճարի ողնասիւնը՝ ներքին օրկանիզմը հիմնականը ենթարկուած է նորոգման, ամրացման: Հիմնովին կը նորոգուին նաեւ տաճարին որմնանկարները, որոնք արուեստանոց տարուած եւ մասնագէտներու կողմէ մանրամասնօրէն վերականգնուած եւ տեղադրուած են տաճարին մէջ:
Որմնանկարները հանելէն ետք ի յայտ եկած է, որ անոնց ետին, պատերուն վրայ ճեղքեր, ճաքեր ու խաթարումներ կան: Մասնագէտները ջանացած են ճեղքերը գոցել, նորագոյն միջոցներով ամրացնել սիւները, կամարները, զանգակատունը, բարեկարգել բակը եւ այլն: Նոյն մասնագէտները կը նշեն, որ այնպիսի աշխատանք մը տարուած է, որ շուրջ հարիւրամեակ մը այլեւս հիմնովին նորոգման կարիք չըլլայ:
ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ
Հակառակ նորոգութեան աշխատանքներուն, Մայր Աթոռին շրջափակը միշտ լեցուն է այցելուներով եւ զբօսաշրջիկներով: Աշխարհի ամենահին մայր տաճարներէն մէկը միշտ կը հետաքրքրէ օտարները, որոնք հոս կը ծանօթանան կրօնական կառոյցին պատմութեան, որ նաեւ մշակութային, քաղաքական, քաղաքակրթական հնագոյն օրրան է: Մայր Տաճարը նաեւ ուխտավայր է, եւ ուխտաւորներ չեն յետաձգէր իրենց ուխտը, անպայման կը կատարեն…
ՀԱՐԹԱՔԱՆԴԱԿԸ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒ ՄԸ ԴԷՄՔՆ Է
Նոյն մասնագէտները նորոգումներուն ընթացքին զբօսավարներուն կոչ կ՚ընեն՝ սխալ տեղեկութիւններ չհաղորդել տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներուն եւ լաւ ծանօթանալով Մայր Տաճարին պատմութեան եւ անոր կառուցման մանրամասնութիւններուն՝ ներկայացնել միայն ճշդուած եւ ստոյգ տեղեկութիւններ:
Շատ երկար ժամանակ տաճարին հիւսիսային զանգակատան պատի հարթաքանդակին վրայի դէմքը վերագրուած է պարսից շահ Ապպասին եւ մարդոց ներկայացուած է, թէ պատին քանդուակած այդ դէմքը Սեֆեան Պարսկաստանի հզօրագոյն իշխան շահ Ապպասն է: Մինչդեռ, զանգակատան պատին պատկերուած է եկեղեցւոյ բարերար, պոլսահայ մեծահարուստ Անտոն Չելեպին:
Սխալ տարածուած տեղեկութեան հիմքը եղած է այն, որ շահ Ապպասի գահակալութեան ժամանակ տեղի ունեցած է Ջուղայի հայերուն բռնի տարհանումը՝ դէպի ներկայ Սպահան քաղաք: 1605 թուականին շուրջ 500 հազար հայեր Արեւելեան Հայաստանէն՝ Նախիջեւանէն, բռնի կերպով տեղահանուեցան եւ Պարսկաստան տարուեցան: Շահին նպատակն էր հայ բնակչութիւնը տեղափոխել Պարսկաստանի կեդրոնական մասեր, որպէսզի հայերուն միջոցով երկրին տնտեսութիւնը զարգանայ եւ զարկ տրուի մետաքսի միջազգային առեւտուրին: Եւ քանի որ հայերը կը տիրապետէին եւրոպական լեզուներուն, հայ արհեստաւորներուն եւ արուեստագէտներուն միջոցով արհեստներն ու արուեստները զարգացնելու նպատակ կար։
Այս տեղահանութիւնը շատ ցաւալի կ՚ըլլայ հայերուն համար, քանի որ անոնք շատ ամուր կապուած էին իրենց հողին, մանաւանդ՝ հոգեւոր կեդրոնին՝ Սուրբ Էջմիածնին: Նկատի առնելով վերջին հանգամանքը, շահը կը հրամայէ քանդել Մայր Տաճարը եւ զայն վերակառուցել Պարսկաստանի մէջ, որպէսզի հոն փոխադրուած հայերը ետ չնային: Սակայն ժամանակի ընթացքին, բարեբախտաբար, որոշ գործիչներ կը յաջողին շահը ետ պահել այդ գաղափարէն: Շահը սակայն կը հրամայէ տաճարէն որոշ քարեր, արարողութեան իրեր եւ մասունքներ հանել եւ տանիլ Պարսկաստան:
Ըստ առասպելի մը՝ իբրեւ թէ մէկ գիշերուան մէջ հայ վարպետներ շահ Ապպասին դէմքը կը քանդակեն զանգակատան պատին, որ պարսից զօրքը տեսնելով, հրաժարի դպչիլ պատերուն եւ քարերուն:
Ժողովուրդը այսպիսի հետաքրքրական առասպել մը հիւսած է, բայց մասնագէտները կը հերքեն այս մէկը, նշելով, որ իրականութեան հետ ոչ մէկ աղերս ունի: Մայր Տաճարին զանգակատուները կառուցուած են 1680-ականներուն, իսկ շահ Ապպաս մահացած է 1629 թուականին, ուստի հիւսիսային զանգակատան պատին նշանաւոր հարթաքանդակին պատմութիւնը, որ կը ներկայացուի, պարզած են, որ իրական չէ:
Այդ պատկերին մէջ, մասնագէտները կը փաստեն, որ զանգակատան կառուցման հովանաւոր Անտոն Չելեպին է, Սարոյեան մականունով յայտնի վաճառականը, որ նուիրատուութիւն կատարած է Մայր Տաճարին: Անոր դէմքը պատկերող հարթաքանդակը շատ լաւ պահպանուած է դարերու ընթացքին, ուստի այս նորոգութեան ընթացքին վերականգնման կարիք չէ զգացուած: Պատկերը ճիշդ նոյն վիճակին մէջ կը գտնուի, ինչպէս տաշուած, քանդակուած եւ տեղադրուած է ժամանակին: Միջնադարեան հայ ճարտարապետութեան մէջ ընդունուած կարգ էր կառոյցին հովանաւորը պատկերել կառոյցին ճակտին կամ կարեւոր ու երեւելի տեղ մը:
Մեծ զանգակատունը ուշ միջնադարու հայկական ճարտարապետութեան լաւագոյն կառոյցներէն մէկն է, որուն կառուցումը Փիլիպպոս Կաթողիկոսի ամենակարեւոր ձեռնարկներէն մէկը եղած է: Իր հովուապետական այցելութիւններուն ընթացքին Փիլիպպոս Ա. Աղբակեցի Կաթողիկոսը կ՚այցելէ նաեւ Կոստանդնուպոլիս, ուր կը հանդիպի պուրսացի մեծահարուստ Անտոն Չելեպիին: Վերջինս ուրախութեամբ կ՚ընդունի կաթողիկոսին փափաքը իրականացնելու առաջարկը եւ առատ միջոցներ կը տրամադրէ՝ Մայր Տաճարին կից զանգակատուն կառուցելու:
1654 թուականին կը սկսի զանգակատան շինարարութիւնը եւ կ՚աւարտի Յակոբ Դ. Ջուղայեցի (1655-1680 թուականներ) Կաթողիկոսին օրով՝ 1658 թուականին: Զանգակատունը կառուցող վարպետ-քանդակագործը եղած է Սահակ Խիզանեցին (Հիզանեցին), որուն օգնած են իր ազգականները: Որմնանկարներուն հեղինակը Զաքարէ ոսկերիչն է: Եռայարկ զանգակատան ընդհանուր բարձրութիւնը 27 մեթր է: Առաջին յարկի վերին հատուածը կ՚աւարտի զարդաքանդակով: Երկրորդ յարկին վրայ կը գտնուի Հրեշտակապետերուն նուիրուած Ս. Խորանը, իսկ երրորդ յարկը նոյնինք զանգակատունն է՝ կանգնեցուած շրջանաձեւ ութնասսիւնի վրայ: Միւս երկու յարկերէն իւրաքանչիւրը յենած է քառասսիւնի մը վրայ:
Աղբիւրները կը վկայեն, որ Հայաստանի մէջ առաջին զանգակատուները կառուցուած են 10-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ, երբ Հայ Եկեղեցին ընդունած է զանգակի գործածութիւնը (մինչ այդ կիրարկուած է կոչնակը)։ 10-րդ դարուն զանգակատուները փայտաշէն, քառասիւն աշտարակներ էին։ Զանգակատուներուն շինարարութիւնը Հայաստանի մէջ լայնօրէն ծաւալած է 17-19-րդ դարերուն, երբ մշակուած է նոր՝ քառամոյթ, կամարակապ բացուածքներով երկաստիճան, սիւնազարդ բոլորակով աւարտող տիպը, որուն նախօրինակն ալ եղած է Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի արեւմտեան ճակատին կից զանգակատունը:
Մայր Տաճարի վերանորոգութիւններու եւ անոր շուրջ կառոյցներ շինելու կարեւոր շրջան մըն ալ կը սկսի Եղիազար Ա. Այնթապցիին (1681-1691 թուականներ) կաթողիկոսական գահին նստելէն ետք: Մայր Տաճարին մէջ անոր կատարած աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ կը յայտնեն Սիմէոն Ա. Երեւանցի Կաթողիկոսը եւ Զաքարիա Ագուլեցին:
ՊՈԼՍԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐԱԾ ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ
Թէեւ Մայր Տաճարին հետ կապուած ոչ մէկ գործ կը յիշատակուի, որ կատարուած է Եղիազար Կաթողիկոսին յաջորդ՝ Ալեքսանտր Ջուղայեցի Հայրապետին կողմէ, սակայն անմոռանալի է անոր կաթողիկոսութեան տարիներուն Մայր Տաճարին պոլսեցիներուն նուիրաբերած նշանաւոր ասեղնագործ վարագոյրը, որուն պատկերագրութեան նիւթը Լուսաւորիչի տեսիլքին մէջ յայտնուած Մայր Տաճարի ճարտարապետական արտապատկերումն է:
Վարագոյրը ասեղնագործուած է Կոստանդնուպոլիս՝ 1705-1714 թուականներուն, ասեղնագործութիւնը կատարուած է կարմիր, մեծ չափերով մետաքսեայ կտորի վրայ՝ ոսկի եւ արծաթ թելերով: Վարագոյրին վրայ, կարմիրէն զատ նաեւ ճերմակի, կանաչի, կապոյտի երանգներ կան: Վարագոյրը Հայ Եկեղեցւոյ ծիսաարարողակարգին կարեւոր եւ պարտադիր բաղադրամասն է, որուն գործածումը երկար պատմութիւն ունի՝ հասնելով հնագոյն եւ վաւերական աղբիւրին՝ Աստուածաշունչին: Եկեղեցական հնագոյն վարագոյրները շատ հարուստ նիւթ կը պարունակեն: Նոյնպէս հարուստ է նաեւ Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքը կամ «Քրիստոնէութեան հաստատումը հայոց մէջ» նիւթը՝ մանրամասնօրէն պատկերած պոլսեցիներուն պատրաստած վարագոյրին վրայ:
Մայր Տաճարին վերանորոգման աշխատանքները հասած են նաեւ զանգակատուն, որուն վեղարը նորոգելու ընթացքին՝ մօտաւորապէս 160 կուժ ու կարաս դուրս բերուած է ծածկոյթին մէջէն: Մասնագէտները կը փաստեն, որ այդ մէկը հին ժամանակ ընդունուած շինարարական հնարք մըն էր. կառոյցին այն մասը, ուր ծաւալը մեծ է, թեթեւցնելու կարիք կայ, որպէսզի ծանրութիւնը չազդէ կառոյցին վրայ, եւ վարպետ ճարտարապետները կաւով եւ այլ նիւթերով պատրաստուած իրեր, ամաններ, անօթներ, կուժեր դրած են այդ հատուածին մէջ:
Մայր Տաճարին զանգակատան վեղարին ներսէն, այս նորոգման ընթացքին գտնուած է այդպիսի իրերու մեծ հաւաքածոյ մը, որուն մէջ 17-րդ դարու արուեստի նմոյշներ կան: Տեղեկութիւններ կան, որ իրերուն մեծ մասը մարդիկ նուիրատուութիւն կատարած են եկեղեցւոյ եւ ճարտարապետները զանոնք զետեղած են զանգակատան ծածկին մէջ: Այս նորոգման ընթացքին անոնց մեծ մասը կրկին ետ դրուած է զանգակատան մէջ՝ հնագոյն ճարտարապետական այդ հնարքը չվնասելու համար: Առհասարակ, հոգեւոր իշխանութեան, վերականգնող խումբին եւ ճարտարապետներուն համար գերագոյն նպատակ եղած է տաճարը նորոգութեան ընթացքին պահել այնպէս, ինչպէս եղած է միշտ:
ՎԱՐԴԳԷՍ ՍՈՒՐԷՆԵԱՆՑ՝ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Սուրբ Էջմիածնայ վերաշինութեան խնդիրը» խորագրով զեկուցագիր մը գրած է ականաւոր հայ նկարիչ, հայ պատմանկարչութեան հիմնադիր Վարդգէս Սուրէնեանց (1860-1921թթ.): Նկարիչը, տակաւին նախանցեալ դարուն ներկայացուցած է իր տեսլականները Էջմիածնի Մայր Տաճարին վերանորոգման ծրագրերուն վերաբերեալ: Ուսումնասիրողներուն անյայտ է, թէ ո՞ր թուականին Սուրէնեանց ձեռնամուխ եղած է զեկուցագիրը գրելու գործին, սակայն յստակ է, որ անիկա ուղղուած է Ամենայն Հայոց Մատթէոս Բ. Կաթողիկոսին:
Նկարիչը անդրադարձած է տաճարին վերանորոգման առընչուող կարեւոր խնդիրներուն եւ քննադատած օտար ճարտարապետ Շտէրնի նախագիծը, որ կը նախատեսէր Մայր Տաճարի ճարտարապետական ոճի նկատելի փոփոխութիւններ։
«Ո՞ր պատմութիւն արտագրողը իրաւունք ունի անոր էջերէն ջնջել Ներոնի կամ Քալիկուլայի անունները մի միայն այն պատճառով, որ անոնք իր բարիի եւ չարի հասկացողութեան չեն համապատասխաներ:
«…Տաճարը պէտք է այնպէս վերանորոգուի, որ մարդ չգիտնայ, թէ անոր ձեռք դպած է, եւ այնպիսի տպաւորութիւն մը պէտք է գործէ, իբրեւ թէ ընդհանրապէս անոր վնաս չէ հասցուած անողոք ժամանակին շունչէն: Մի միայն այս ձեւով վերաշինելը կրնայ կանոնաւոր եւ օրինաւոր համարուիլ, որովհետեւ ատիկա միայն կրնայ փրկել աւերումէն եւ աղաւաղումէն մեր սիրտերուն համար թանկագին գեղարուեստական գոհարը, որ չունի իր հասակակիցը եւ նմանը ամբողջ աշխարհին մէջ եւ որուն գինը մենք տակաւին ապագային պիտի հասկնանք», գրած է Սուրէնեանց:
Ինք՝ նկարիչը հեղինակած է հոգեւոր նիւթերով բազում նկարներ, որոնց մէկ մասը նուիրուած են Հայոց Մայր Տաճարին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան