ԿԱՄԱՒՈՐ ԱՐԱՅԻԿԻ ՕՐԱԳԻՐԷՆ - ՅՈՒՇԵՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ -1-

Այդ օրը երեկոյեան ժամերուն գացի արկ բեռնելու: Այլեւս ամէն օր, քանի մը անգամ արկ կը կրէի, քանզի հակառակորդը ամէնուր մեզի կը հետեւէր, արկ կրելու համար լաւագոյն ժամանակահատուածը մթնշաղն էր ու կէսգիշերը: Կը խաչակնքուէի, կը խնդրէի Տիրոջմէ զիս մինակ չձգել՝ առաջնորդել ու խաւարի մէջէն անցնելով կը կատարէի իմ պարտքը:

Ինչո՞ւ խաւարի մէջէն՝ քանզի չունէի գիշերային տեսանելիութեան սարքեր: Թէեւ չունէի, սակայն պարտաւոր էի հայրենիքիս նկատմամբ իմ սրբազան պարտքը կատարելու: Առհասարակ պատերազմը յարմարաւէտութիւն մը չէ, այնտեղ հանգստանալու չեն երթար: Կ՚երթան երկրային դժոխքին ծանօթանալու, մահուան աչքերուն մէջ նայելու, արագ կողմնորոշուելու, ստեղծագործելու, գոյատեւելու ու յաղթելու համար եւ յոյսով: Համազգեստիս գրպաններէն մէկուն մէջ խծկած էի նռնակ մը, ձեռքիս տակ ալ ունէի սրած ինքնաձիգ մը. պատերազմ է, պէտք կ՚ըլլայ: Նռնակն ու ինքնաձիգը պահանջած էի ռազմաճակատ մտնելէ առաջ: Այդ պահին ինքզինքս չէի խորհեր: Միակ մտածումս այն բազում մատղաշ զինուորներն էին, որոնք այդքան շատ ունէին այդ արկերու կարիքը: Այդ արկերով անոնք կը պաշտպանէին մեր հողն ու ջուրը, իրենց ու մեր բոլորի կեանքը, մեր տուներն ու ընտանիքները: Պարտաւոր էի անվնաս տեղը հասցնելու: Մերձաւորներէս քանի մը հոգի, ի սկզբանէ ինծի յորդորած էին չստանձնել այս վտանգաւոր ու գերպատասխանատու պարտականութիւնը: Սակայն եթէ ես չստանձնեմ, մէկ ուրիշը չստանձնէ, ապա ո՞վ յանձն պիտի առնէ... Սաստիկ ու դաժան պատերազմ է, պէտք է պատուով պահենք մեր ծննդավայրը:

Պատերազմի առաջին իսկ վայրկեանէն սկսեալ Արցախի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքը այլեւս վերածուած էր ռազմաճակատի: Վտանգը ամէնուր էր, եթէ կ՚ուզէք ճիշդը գիտնալ՝ մայրաքաղաքին՝ Ստեփանակերտի մէջ առաւել վտանգաւոր էր, քան այնտեղ, ուր ես կը կատարէի իմ մարտական պարտականութիւնները: Երեք անգամ մահէ փրկուեցայ. երեք անգամն ալ նոյն տեղը, նոյն պարտականութիւնը կատարելու ժամանակ: Իմ ռազմական բեռնատարը արկերով բեռնած հասայ, որպէսզի թափեմ, յանկարծ նշմարեցի, որ մարտընկերներս խուճապի մատնուած զիս զգուշացուցին անմիջապէս բեռնատարը մէկ կողմ քաշել: Երկվայրկեաններու ընթացքին անմիջապէս քանի մը մեթր առաջ գալուն պէս, արկ մը եկաւ եւ ճիշդ նոյն տեղը պայթեցաւ: Քարացայ: Այսպէս երեք անգամ ճիշդ նոյն տեղը, նոյն գործառոյթը կատարելու ընթացքին նայեցայ՝ ուղիղ մահուան աչքերուն մէջ:

Ինչեւէ, երբ վերջին անգամ նոյեմբերի 9-ին արկ բեռնելու գացի, տուեալ վայրին մէջ քանի մը ռազմական պաշտօնեաներ կային՝ շուշեցի: Այդ պարոնները մեզի ըսին, որ Շուշին վերջնականապէս ազատագրած ենք: Մեր ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր: Բեռնակիրներու հետ միասին նստանք, երեք-չորս հոգի անօթի փորով շիշ մը օղի դատարկեցինք:

Այնուհետեւ, բարձր տրամադրութեամբ ու ոգեւորուած նստայ իմ բեռնատարի ղեկին եւ կէսգիշերը անց մարտընկերոջս հետ արկերը տեղը հասցուցինք: Բեռնաթափելէ վերջ դիրքերու մէջ նշմարեցինք խառնաշփոթ մը, աղմուկ-աղաղակ մը: Մօտեցանք, որպէսզի հասկնանք, թէ ինչ պատահած է.

-Եղբայր, պատերազմը աւարտած է, հողերը վաճառուած է,- բաւական բորբոքած ու հիասթափած ըսաւ զինուոր մը:

Այդ վայրկեանին կարծես իմ գլուխին կրակ թափած ըլլային: Կը հրաժարէի հաւատալ դաժան ճշմարտութեան: Զօրքը խելագարած էր, բորբոքած: Կարծես դժոխքի ճիրաններու մէջ յայտնուած ըլլայինք: Դրախտն ու դժոխքը իրարու խառնուեցան: Ընդամէնը վայրկեաններ առաջ կը հրթիռակոծէին, կը կրակէին, ամէնուր արկեր կը պայթէին, իսկ հիմա քար լռութիւն կար, նոյնիսկ կրակոցի ձայն մը չկար: Մեզ դժոխքէն հանելով՝ մխրճեցին աւելի վատ դժոխքի մը մէջ:

Պատերազմը աւարտած է, Արցախը չկայ:

Բարձունքները այլեւս Արցախինը չեն, տղերքը չկան:

Այսպէս մեզ ողջ-ողջ թաղեցին, մեզ հողին հաւասարեցուցին: Մեր պատիւն ու կեանքը գետնով տուին: Ու մենք բոլորով սկսանք երանի տալ բացականերուն, որոնք չեն ապրիր սա խայտառակութիւնը, սա նողկանքը: Պատերազմի քառասունչորս օրերու ընթացքին, այդ օրը ամենադաժանն ու ամօթալին էր: Մեր ներքին տականքներն ու դաւաճանները մեզ ստիպեցին կարօտնալ պատերազմի օրերը: Թէպէտ պատերազմը դաժան էր ու սաստիկ, սակայն կար յոյս, ինչ որ այսօր ի սպառ ի չիք դարձուցին:

Հոգիս խռով է ու դատարկ: Օրէ օր իմ հիասթափութիւնը ա՛լ աւելի կը մեծնայ: Կը հարցնէք, թէ ի՞նչ կը զգամ՝ դատարկութիւն: Ինքզինքս կը զգամ ոչինչ, անպէտ մէկը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2020