ՀԱՅՐ ՈՒ ՈՐԴԻ ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ՀԵՐՈԼՏ ՅԱԿՈԲԵԱՆՆԵՐԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԵՐԵԿՈՅԹԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԹՈՒՐՔ ՅԱՅՏՆԻ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան Պէ­յօղ­լուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րե­ւե­լեան ե­րաժշ­տու­թեան հա­մա­կիր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ան­մո­ռա­նա­լի ձեռ­նարկ մը։ Այս­պէս, «Մա­րի» ճա­շա­րա­նի եր­դի­քին տակ, Ակ­նէս Յա­կո­բեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ե­րե­կոյթ մը, ո­րու պա­տուոյ հիւրն էր Գա­լի­ֆո­րնիա­յէն հռչա­կա­ւոր ու­տա­հար Ռի­չըրտ Յա­կո­բեան։ Այս վեր­ջի­նը ե­կած էր իր որդ­ւոյն՝ Հե­րոլտ Յա­կո­բեա­նի հետ, որ կը բնա­կի Նիւ Եոր­քի մէջ։ Հայր ու որ­դի Յա­կո­բեան­նե­րը թուրք ե­րա­ժիշտ­նե­րու հետ միա­նա­լով իս­կա­պէս բարձր մա­կար­դա­կով յայ­տա­գիր մը գոր­ծադ­րե­ցին, ինչ որ անկրկ­նե­լի հա­ճոյք մը ե­ղաւ ե­րե­կոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Ռի­չըրտ Յա­կո­բեա­նի ըն­տա­նի­քին ար­մատ­նե­րը կը հաս­նին մին­չեւ Էրզ­րում եւ Մա­րաշ։ Ան մօ­տիկ բա­րե­կա­մու­թիւն ու մտեր­մու­թիւն ու­նե­ցած է ու­տի Հրան­դի հետ։ Ռի­չըրտ Յա­կո­բեան ի ծնէ թէեւ ու­նե­ցած է նուա­գե­լու տա­ղան­դը, իսկ ու­տի Հրան­դի հետ ու­նե­ցած յա­րա­բե­րու­թիւնն ալ ներշն­չան­քի կա­րե­ւոր աղ­բիւր մը ե­ղած է ի­րեն հա­մար։ Իր որ­դին՝ Հե­րոլտ Յա­կո­բեան եւս նուի­րուած է ե­րաժշ­տա­կան աս­պա­րէ­զի։ Ան ա­րե­ւե­լեան ե­րաժշ­տու­թեան լա­րա­յին ու շնչա­ւոր նուա­գա­րան­նե­րու մաս­նա­գէտ մըն է։ Ա­ւար­տած է Juilliard ե­րաժշ­տա­կան բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նը, ներ­կա­յիս Նիւ Եոր­քի մէջ կը զբա­ղի նուա­գա­րան­նե­րու վա­ճառ­քով ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ սա­փա­կա­նա­տէրն է Traditional Crossroads սկա­ւա­ռակ­նե­րու թո­ղարկ­ման ծա­նօթ ըն­կե­րու­թեան։ Յա­կո­բեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին մէջ ե­րաժշ­տա­կան տա­ղան­դը կը ժա­ռան­գուի սե­րուն­դէ սե­րունդ, ար­դա­րեւ Հե­րոլտ Յա­կո­բեա­նի որ­դին ալ տա­կա­ւին պա­տա­նի հա­սա­կի մէջ ար­դէն խոստմ­նա­լից ջու­թա­կա­հար մըն է, որ իր սերն­դա­կից­նե­րու շար­քին կը դա­սուի հան­ճար մը։

Շա­բա­թա­վեր­ջին Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյ­թը թէ՛ ունկնդ­րու­թիւն մըն էր եւ թէ մե­ծա­րանք մը՝ Ռի­չըրտ Յա­կո­բեան վար­պե­տին հա­մար։ Ան այս առ­թիւ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Պո­լիս այ­ցե­լե­լու շար­ժա­ռի­թին կա­պակ­ցու­թեամբ ու յար­գան­քով վեր­յի­շեց իր նախ­նի­նե­րը, ո­րոնք Էրզ­րու­մէն եւ Մա­րա­շէն էին։

Բա­րե­կա­մա­կան նեղ շրջա­նա­կի հա­մար նա­խա­տե­սուած այս ե­րե­կոյ­թին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին նաեւ խումբ մը ա­րե­ւե­լեան ե­րաժշ­տու­թեան հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ ու քննա­դատ­ներ, ո­րոնք ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նե­ցին Ռի­չըրտ Յա­կո­բեա­նը, թէ՛ զին­քը ունկնդ­րե­լու ա­ռիթ ու­նե­ցան եւ թէ ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րու շուրջ վա­յե­լե­ցին ա­նոր ան­մի­ջա­կա­նու­թիւ­նը։ Հայր ու որ­դի Յա­կո­բեան­նե­րուն միա­ցան Սեր­քան Չաղ­րը (քլա­րի­նեթ), Եուր­տալ Թոք­ճան (ուտ), Պա­քի Քե­ման­ճը (ջու­թակ), Թուր­կուտ Էօ­զիւֆ­լէր (քա­նոն), Մեհ­մէտ Կիւն­թէ­քին (թէֆ)։ Այս նուա­գա­խում­բին որ­պէս մե­նա­կա­տար միա­ցած էր Եափ­րաք Սա­յար։ Թէեւ հե­ռա­կայ դրու­թեամբ, սա­կայն, այս բո­լոր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը յար­գանք ու հա­մակ­րանք կը տա­ծէին Ռի­չըրտ Յա­կո­բեան վար­պե­տին նկատ­մամբ։ Այս վեր­ջինն ալ, իր կար­գին, փո­խա­դարձ զգա­ցում­ներ կը տա­ծէր ա­նոնց նկատ­մամբ, ու­նէր ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, մա­նա­ւանդ, որ ան­ցեա­լի մէջ Ռի­չըրտ Յա­կո­բեան նուա­գակ­ցած էր նաեւ քա­նո­նա­հար Թուր­կուտ Էօ­զիւֆ­լէ­րի հան­գու­ցեալ մեծ­հօր։

Վե­րո­յի­շեալ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու խում­բը գոր­ծադ­րեց շատ ո­րա­կեալ յայ­տա­գիր մը, ո­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ նաեւ նոյ­նինքն Ռի­չըրտ Յա­կո­բեան։ Ան թէ՛ իր ու­տի նուագ­նե­րով եւ թէ մե­ներգ­նե­րով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ե­րե­կոյ­թին, իս­կա­պէս տպա­ւո­րուած ըլ­լա­լով խո­րա­պէս։ Ռի­չըրտ Յա­կո­բեան բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան խում­բի ան­դամ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ալ նման հե­ղի­նա­կա­ւոր վար­պե­տի մը հետ նոյն բե­մը բաժ­նե­լու եր­ջան­կու­թիւ­նը եւ պա­տի­ւը ապ­րե­ցան։

Շա­բաթ գի­շե­րուան ուշ ժա­մե­րուն ա­ւար­տին հա­սաւ այս ե­րաժշ­տա­կան ե­րե­կոյ­թը, որ ա­պա­հո­վա­բար ան­մո­ռա­նա­լի պի­տի դառ­նայ մաս­նա­կից­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ, Ռի­չըրտ Յա­կո­բեա­նի ա­րուես­տին հա­ղորդ դառ­նա­լու ե­զա­կի հնա­րա­ւո­րու­թեան բե­րու­մով։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016