ԵՌԱՄԵԾ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԻ ՄԱՍԻՆ (ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ)

- Գիրքը Քրիստոսի ծնունդը կրկնակի կը սորվեցնէ:

Նախ՝ յաւիտեաններէն առաջ եւ նախքան ժամանակը Բանն Աստուածը Հօրմէն ծնունդ է. ըստ Դաւիթի, որ Հայրը Որդիին կ՚ըսէր. «Արուսեակէն իսկ առաջ ծնայ Քեզ»: Երկրորդ, ժամանակի մէջ ծնունդը, ինչպէս հիմա կ՚ըսէ. «Տէրը ըսաւ Ինծի. Դուն Իմ Որդիս ես, ու Ես Քեզ այսօր ծնայ», որ երկու ծնունդները կը նշանակէ. ըսելով՝ Դուն Իմ Որդիս ես, յաւիտեաններէն առաջ ծնունդը կը յայտնէ: Քեզ այսօր ծնայ՝ որ ժամանակին մէջ երեւցաւ: Այն ծնունդը՝ յաւիտեաններէն ու ժամանկէն առաջ է:

Եւ ասիկա՝ ժամանկին մէջ: Այն ծնունդը՝ անմարմին է, իսկ այս՝ մարմինով: Այն՝ Հօրմէն ու առանց մօր, իսկ այս՝ մօրմէ ու առանց Հօր: Այն՝ երկինքին մէջ, իսկ այս՝ երկրին: Այն՝ առանց պատճառի, իսկ այս՝ պատճառով՝ մեզի համար, որովհետեւ Աստուած մարդ եղաւ՝ մարդոց փրկութեան համար:

Աստուած խոնարհեցաւ, որպէսզի մարդիկը բարձրացնէ: Աստուծոյ Որդին մարդու Որդի եղաւ, որպէսզի մեզ Աստուծոյ որդիներ ընէ: Անիկա մարմնապէս ծնաւ, որպէսզի մենք՝ հոգեւորապէս ծնինք: Եւ ասիկա ե՞րբ կը պատահի. այսինքն՝ երբ որ Աւազանէն վերստին կը ծնինք, շնորհքով Աստուծոյ որդի եւ Քրիստոսի ժառանգակից կ՚ըլլանք, ըստ այնմ. «Անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու»: Այս տօնը՝ մեր Աստուծոյն Քրիստոսի ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան, բոլոր բարիքներուն եւ փառաւոր շնորհքներուն սկիզբն ու հիմքն է:

Միայն ասիկա չէ. այլ՝ Աստուծոյ Որդիին բոլոր տնօրինական տօներուն ու հոգեւոր ուրախութիւններուն սկիզբն ու հիմքը եւ գլուխն է մեր Քրիստոս Աստուծոյ ծնըն-դեան եւ յայտնութեան տօնը...:

- ...Հինգերորդ հարցումը. որովհետեւ այսօր՝ յունուար 5-ին նախատօնակը կը կատարենք: Նախ, որովհետեւ յունուարը նոր ամիս է. եւ Քրիստոս նորոգեց մեզ մեղքերու հնութենէն, որ հինգ զգայութիւններով գործեցինք:

Երկրորդ, որովհետեւ յունուարը՝ ծննդեան ամիս կը թարգմանուի. եւ մենք՝ Քրիստոսի երկրին մէջ ծնելով, մենք հոգեւոր կեանքին համար երկինքին մէջ կը ծնինք: Իսկ յունուար 6-ին Քրիստոսի ծնունդը կը տօնենք:

- Իսկ երրորդ, ոմանք ըսին թէ, Բանը մարմին եղաւ՝ ո՛չ թէ մեր բնութենէն, այլ՝ երկինքէն առաւ մարմինը եւ մեր մէջ երեւցաւ. կամ պատուական ուրիշ մարմին մը անշունչներէն ու ո՛չ թէ մեր մարմինէն:

Այս եւս հերձուած է: Որովհետեւ, եթէ երկինքէն առաւ մարմինը, մեզի համար փրկութիւն չըրաւ, այլ՝ երկնաւորներուն փրկութիւն ըրաւ, կամ՝ ուրիշ անշունչներու եւ շնչաւորներու: Սակայն, Բանն Աստուածը մեր մարմինը առաւ, եւ մերինով՝ մեզի փրկութիւն ըրաւ. ասիկա յայտնի է յետագայ խօսքէն, որ կ՚ըսէ. «Բանը մարմին եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ». մեր մէջ բնակելով՝ ցոյց կու տայ, թէ մեր մէջէն եւ մեր բնութենէն մարմին առաւ:

- Իսկ թէ ինչո՞ւ համար քարայրի մը մէջ ծնաւ:

Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ չորս պատճառով: Նախ, մարդահամարին պատճառով, որ բազմաթիւ մարդիկ հաւաքուած էին քաղաքին մէջ եւ իրենք իջեւանելու տեղ չունէին. եւ երեկոն հասնելուն, Քրիստոս՝ աշխարհի Փրկիչը այնտեղ ծնաւ:

Երկրորդ, խորհուրդին համար, որովհետեւ ջրհեղեղէն ետք Նոյին անդրանիկ որդին՝ Սէմը, ու Արփաքսաթը՝ անոր որդին, Ադամին նշխարները բերին ու Գողգոթայի վրայ թաղեցին. իսկ Եւային նշխարները Բեթղեհէմ բերին այդ քարայրին՝ այդ երկրէն իրենց բաժինին մէջ թաղեցին: Ասիկա մարգարէական հոգիով, որպէսզի Աստ-ւածածինով Եւան կենդանանայ ու երկունքի անէծքէն ազատուի: Իսկ խաչին միջոցով Ադամը կենդնանայ ու դժոխքէն ազատուի:

Երրորդ պատճառ. որովհետեւ Ադամը լուսեղէն դրախտը ձգեց եւ երկրի խաւարամած քարայրին մէջ բնակեցաւ, այդ պատճառով Երկրորդ Ադամը նոյն ճանապարհով երկիր եկաւ, եւ ժայռափոր քարայրի մը մէջ ծնաւ, որպէսզի Ադամին իր նախկին լուսեղէն տեղը հանէ:

Չորրորդ, Քրիստոս Վէմը ժայռափոր քարայրին մէջ ծնաւ. այն ցոյց կու տար, թէ անոնք որոնք հաւատքով տաճարացած են ու իբրեւ վէմ հաստատուած են, այդպիսիներուն սիրտերուն մէջ պիտի ծնի Քրիստոս, երեւի անոնց ու լուսաւորէ զանոնք: Այսքան պատճառներու համար Բեթղեհէմի մէջ, քարայրի մը մէջ ծնաւ մանկացեալ Աստուածը:

Իսկ թէ ե՞րբ ծնար Քրիստոս, Աւետարանը կ՚ըսէ. «Անոր մայրը փաթթեց զԻնք խանձարուրով ու մսուրի մը մէջ դրաւ»:

Քրիստոս խանձարուրով փաթթուեցաւ երեք պատճառի համար:

Նախ, որովհետեւ Ադամը թզենիով ծածկուեցաւ եւ ապա երկիր եկաւ. այդպէս ալ, Ադամին Փրկիչը խանձարուրով փաթթուելով ծածկուեցաւ, նախ՝ մօրմէն ծնելով, եւ ապա երկրի վրայ երեւցաւ:

Երկրորդ, Ան խանձարուրով կապուեցաւ, որպէսզի մեր կապանքները քակէ, այսինքն՝ մեղքերուն կապանքները, որովհետեւ «մեղաւորները իրենց ձեռքերուն գործերով կը կապուին». եւ Իր ծնունդին սկիզբը, մեզ յանցանքներու կապանքներէն ազատեց:

Երրորդ, խանձարուրով փաթթուեցաւ, որպէսզի մեր մերկութիւնը ծածկէ, որ մերկացած էինք բարի գործերէն եւ շնորհներէն. ու Քրիստոս մեզի համար մերկութեան ծածկոյթ եւ զգեստ եղաւ, ու ուրախութեան պատմուճան, այդ պատճառով նախ խանձարուրով փաթթուեցաւ:

- Երրորդ հարցում. Թէ ինչո՞ւ համար ձմեռ եղանաին ծնաւ:

Վարդապետները կ՚ըսեն թէ չորս պատճառով:

Նախ, որովհետեւ ձմեռ ժամանակ արեգակը դէպի վեր կը դառնայ ու օրը կ՚երկարի. այն կը նշանակէ, որ Քրիստոսի երեւնալուն, հաւատքի լոյսը աճեցաւ մարդոց մէջ, որ մինչեւ այդ ժամանակ մեղքերու եւ անհաւատութեան գիշերը աճած էր. այժմ՝ հաւատքին լոյսը մեծցաւ մարդոց մէջ:

Երկրորդ, այս ժամանակին արեգակը կը բարձրանայ, այս կը նշանակէ, թէ Քրիստոսի անունը երկրի վրայ պիտի բարձրանայ, որովհետեւ Ան է արդարութեան Արեգակը։ Յովհաննէսը ամառ ժամանակ ծնաւ, երբ օրը կը փոքրանայ. կը նշանակէ, թէ ինք՝ Յովհաննէսը քան զՔրիստոս պիտի փոքրանայ: Որովհետեւ նախապէս զինք Քրիստոսէն աւելի մեծ կը կարծէին, մինչեւ իսկ անոր մօտ մարդիկ ղրկեցին ու հարցուցին, թէ ո՞վ ես դուն. դուն Քրիստո՞սն ես, թէ ուրիշ մէկը. ըսաւ՝ թէ ես Քրիստոսը չեմ, այլ՝ Անոր նախընթացն ու կարապետը, իսկ Ան Փեսան ու Գլուխն է եկեղեցւոյ, ու ես Անոր բարեկամն եմ:

Ան մեծ Արեգակն է ու ես Լոյսի ճրագը ունիմ. Ան պէտք է աճի (մեծնայ) իսկ ես՝ փոքրանամ:

Երրորդ, այն պատճառով ձմեռ ժամանակ ծնաւ, որպէսզի ծանուցէ, թէ ամբողջ աշխարհը սառած էր Աստուծոյ սէրէն ու Ես եկայ, որպէսզի Աստուծոյ սէրին ջերմացնեմ, ըստ այնմ. «Կրակ ձգելու եկայ երկիր, այսինքն՝ Աստուծոյ սիրոյ ջերմութեան»:

Չորրորդ, ձմեռ ժամանակով ծնաւ, որ ցուրտ ու դժուար է, որպէսզի ցուցնէ, թէ Ինք՝ մեր Տէրը, բազմաթիւ նեղութիւններ պիտի կրէ չարչարանքներու ժամանակ՝ մարդոց փրկութեան համար, ու ապա մարդիկ սատանային ձեռքէն պիտի ազատուին. այդ պատճառով ձմեռ եղանակին ծը-նաւ աշխարհի Փրկիչը:

- Կրկին են ուրացողները:

Մէկը, որ խօսքով կ՚ուրանայ Քրիստոսի հաւատքը, լոյսը կը ձգէ եւ խաւարին կ՚երթայ, ու սուտ եւ անցաւոր կեանքին համար կը կորսնցնէ յաւիտենական կեանքը:

Իսկ միւսը, որ գործով կ՚ուրանայ զՔրիստոս: Կամակար միտքով բարին կը ձգէ եւ զանազան ու տեսակ-տեսակ չարութիւն կը գործէ: Այնպիսին, թէեւ խօսքով կը հաւատայ Քրիստոսին, բայց գործով ուրացած է ու զրկուած է Անոր շնորհներէն:

Իսկ մենք, եղբայրներ, Աստուծոյ ժառանգն ու Քրիստոսի ժառանգակիցն ենք, խօսքով, գործով ու միտքով հաւատացած ենք Քրիստոսին, ժամանենք մեր Տիրոջ ու Աստուծոյ այս մեծ ու հրաշալի ծննդեան ու յայտնութեան օրին, ուրախանանք հոգեւոր ցնծութեամբ, որ զՔրիստոս ունինք. Անով բոլոր բարութիւնները ունինք, որովհետեւ Ա՛ն է Աստուած ու մեզ Ստեղծողը: Ա՛ն է մեր Հայրն ու մեր Ծնողը: Ա՛ն է մեր եղբայրը: Ա՛ն է մեր ծածկոյթն ու լուսեղէն զգեստը: Ա՛ն է մեր կերակուրն ու ըմպելին: Ա՛ն է մեր ցնծութիւնն ու ուրախութիւնը: Ա՛ն է մեր փարթամութիւնն ու մեծութիւնը: Ա՛ն է մեր արքայութիւնն ու անմահութիւնը: Ա՛ն է մեր յարութիւնն ու յաւիտենական կեանքը: Ու Անոր՝ Իր Հօր ու Ամենասուրբ Հոգիին հետ միասին փառք եւ երկրպագութիւն յաւիտեան:

- Երկրորդ, թէ ինչո՞ւ համար Քրիստոս երեսուն տարեկանին մկրտուեցաւ:

Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ երեք պատճառի համար:

Նախ՝ երեսուն տարեկանին մկրտուեցաւ, որպէսզի սկիզբը դնէ վարդապետելու  եւ ուսուցանելու: Վարդապետելուն ու ուսուցանելուն կատարեալ հասակ պէտք էր, եւ երեսուն տարեկանը կատարեալ հասակ է. մանուկներուն պատշաճ չէ ուրիշներուն ուսուցանել. Յովսէփ երեսուն տարեկան էր, երբ Եգիպտոսի վրայ թագաւորեց. Դաւիթը երեսուն տարեկան էր, երբ սկսաւ թագաւորել. Եզեկիէլը երեսուն տարեկան էր, երբ սկսաւ մարգարէանալ:

Այսպէս, Քրիստոս երեսուն տարեկան էր, երբ մկրտուեցաւ ու Իր քարոզութեան սկիզբը դրաւ:

Երկրորդ պատճառը այս է, որովհետեւ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս մկրտութենէն ետք կ՚ուզէր հին օրէնքը խափանել, եւ եթէ մանուկ հասակին մկրտուած ըլլար ու օրէնքը խափանած, այն ատեն կ՚ըսէին, թէ չկրցաւ պահել, այդ պատճառով ալ օրէնքը խափանեց: Այդ պատճառով Քրիստոս մինչեւ երեսուն տարեկանը սպասեց, որ է կատարեալ հասակ. եւ ամբողջ օրէնքները Ինքն Իր վրայ առաւ ու ապա մկրտուեցաւ, եւ հին օրէնքները պատուելով գերեզման դրաւ ու նոր օրէնքները դրաւ:

Երրորդ, այն պատճառով երեսուն տարեկանին մկրտուեցաւ, որ է կատարեալ հասակը, որպէսզի ցոյց տայ, թէ մկրտութեան ժամանակ մարդը կատարեալ ձեւով կը ծնի՝ լի շնորհքով եւ առաքինութեամբ, ինչպէս Պօղոսը Եփեսացիներուն ուղղած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Մինչեւ կատարեալ մարդու հասակին հասնինք՝ Քրիստոսի կատարեալ հասակի չափին» [տե՛ս Եփ 4.13]:

Տակաւին, այս երեսուն թիւը կատարելութիւն ցոյց կու տայ, որովհետեւ երեսունը երեք տասնեակէ կ՚ըլլայ. քանի որ երեք տասնեակը՝ երեսուն է. երեքը՝ Երրորդութեան հաւատքը կը ցուցնէ, իսկ տասը՝ տասը պատուիրաններուն պահպանութիւնը. եւ այս երկուքը կապուած են քրիստոնեաներու հաւատքին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 18, 2020