YOLCU ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ՇՔԵՂ ԿԱԼԱՆ

Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Yolcu» ներկայացման կալան երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Զորլու» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։ Լեւոն Թապէրեանի բեմադրութեամբ պատրաստուած ներկայացումը գեղարուեստասէրներու հիացմունքին առարկայ դարձաւ։ Ձեռնարկը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկաները երեկոյթի ընթացքին ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Լեւոն Թապէրեանը, որու նկատմամբ արտայայտեցին իրենց համակրանքն ու գնահատանքը։ Կարգադիր յանձնախումբէն Արսէն Գովան ձեռնարկի ընթացքին յուշանուէր մը յանձնեց յայտնի համայնքային բարերար, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլին, որ այս ծրագրի հովանաւորն է։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020