ԵՐԵՒԱՆԻ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎԵՐԷՆ

Քա­նի մը օր ետք գա­րու­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ իր լիի­րաւ ի­րա­ւունք­նե­րուն կը տի­րա­պե­տէ: Ար­դէն ա­ռա­ւօ­տուն քա­ղա­քին մէջ քեզ ա­ռա­ջին ող­ջու­նող­նե­րը կ­­՚ըլ­լան ծաղ­կած ծա­ռե­րը, ո­րոնք ճեր­մակ ծա­ղիկ­նե­րով կ՚ա­ւե­տեն գար­նան գա­լուս­տը, իսկ ա­նոնց­մով հիա­ցող­նե­րը եւ ա­ռատ բեր­քին սպա­սող­նե­րը կ՚ա­ղօ­թեն, որ խիստ ցրտա­հա­րու­թիւն մը չըլ­լայ եւ գար­նան բերքն ու բա­րի­քը ա­ռատ ըլ­լան ամ­րան ա­միս­նե­րուն:

Բա­ցուած են նաեւ բա­ցօ­թեայ սրճա­րան­նե­րը եւ սրճա­րան­նե­րուն մէջ յայտ­նուած են գե­ղե­ցիկ ու վառ գոյ­ներ կրող այ­ցե­լու­ներ. ի դէպ նաեւ՝ մե­ծա­թիւ զբօ­սաշր­ջիկ­ներ: Բա­ցօ­թեայ սրճա­րա­նը տրա­մադ­րու­թիւն կը բարձ­րաց­նէ փո­ղո­ցին մէջ, բայց Ե­րե­ւա­նի սրճա­րա­նա­յին կեան­քին մէջ նոր բա­ցա­յայ­տում մը ը­րինք, պե­ղե­լով եւ գտնե­լով այն սրճա­րան­նե­րը, ո­րոնք տե­ղա­կա­յուած են տա­նի­քի մը վրայ կամ շէն­քի մը վե­րի յար­կե­րուն մէջ (rooftop): Յի­րա­ւի, Ե­րե­ւա­նը վե­րէն ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ է: Վեր­նա­տու­նե­րուն, տա­նիք­նե­րուն եւ մէջ­տե­ղի յար­կե­րուն մէջ տե­ղադ­րուած սրճա­րան­նե­րու այ­ցե­լու­նե­րը հիմ­նա­կա­նօ­րէն ա­նոնք են, ո­րոնց հա­մար խո­հա­նո­ցէն, ու­տե­լի­քէն ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է տե­սա­րա­նը եւ ա­նոնք նմա­նա­տիպ վայ­րեր կը նա­խընտ­րեն վա­յե­լե­լու հա­մար հա­մայ­նա­պատ­կե­րը: Այդ­պէս է նաեւ աշ­խար­հի այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ. տե­սա­րա­նին ար­ժէ­քը գիտ­ցող­նե­րը մա­նա­ւանդ այն­պի­սի վայ­րեր կը փնտռեն, ուր­կէ քա­ղա­քը ա­ռա­ւել տե­սա­նե­լի եւ գե­ղե­ցիկ է: Բայց վե­րին սրճա­րան­նե­րը սո­վո­րա­բար ու­նին նաեւ հրա­շա­լի խո­հա­նոց, որ ա­ւե­լի խորհր­դա­ւոր կը դարձ­նէ վայ­րը, տե­սա­րա­նին կ՚ա­ւել­նայ հա­մեղ ու­տե­լիքն ու տա­րաշ­խար­հիկ սնուն­դը:

Այդ­պէս է նաեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ. բարձր վայ­րե­րու մէջ տե­ղադ­րուած բո­լոր սրճա­րան­նե­րը ու­նին ինք­նա­տիպ ու­տե­լիք եւ ըմ­պե­լիք­ներ եւ այս­պէ­սով ա­նոնք չեն մնար զուտ քա­ղա­քա­յին հա­մայ­նա­պատ­կեր դի­տե­լու վայ­րեր:

Ե­րե­ւա­նի ա­մա­նէն բարձր վայ­րին մէջ տե­ղա­կայուած բա­ցօ­թեայ սրճա­րա­նը կը գտնուի Ա­զա­տու­թեան պո­ղո­տա­յին վրայ։ Ա­րե­նի լի­ճին եւ Յաղ­թա­նա­կի զբօ­սայ­գիին յա­րա­կից տա­րած­քին վրայ կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի նո­րա­կա­ռոյց հիւ­րա­նոց­նե­րէն մին՝ Radisson Blue պան­դո­կը, ո­րուն տա­նի­քին՝ եօթ­նե­րորդ յար­կին վրայ բա­ցուած է AdAstra Restaurant&Bar-ը, ուր­կէ ոչ միայն հիաս­քանչ տե­սա­րան մը կը բա­ցուի դէ­պի քա­ղաք, այլ նաեւ վայր մըն է՝ քա­ղա­քի աղ­մու­կէն կտրուե­լու եւ բնու­թեան մէջ հան­գիս­տը վա­յե­լե­լու հա­մար:

Radisson Blue պան­դո­կը Carlson Rezidor ա­մե­րի­կեան խո­շոր կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գի­ծե­րէն մէկն է, որ իր ա­նու­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ դրոշ­մած է 2016 թուա­կա­նին։ Ե­րե­ւա­նեան այս պան­դո­կը հա­մալ­րուած է ողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին գոր­ծող այդ ա­նուան 990 պան­դոկ­նե­րուն շար­քը: Կան եր­կիր­ներ կան, Radisson Blue-ի ա­նու­նով քա­նի մը պան­դոկ կը գոր­ծէ: Պան­դո­կա­յին շու­կա­յին մէջ գոր­ծող չա­փան­ի­շա­յին սանդ­ղա­կին մէջ Blue-ն հա­մար­ժէք է հինգ աստ­ղին եւ կը նկա­տուի ա­մե­նէն բարձր վար­կա­նի­շը: Ա­մե­նէն խստա­պա­հանջ հիւ­րե­րը բա­ւա­րա­րող այս պան­դո­կին չա­փա­նիշ­նե­րը նոյն­քան խիստ են նաեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, իսկ պան­դո­կի տա­նի­քին գոր­ծող սրճա­րա­նը՝ AdAstra-ն, կը լրաց­նէ այդ չա­փա­նի­շը: Ճա­շա­րա­նի ա­նու­նը լա­տի­նե­րէ­նէն թարգ­մա­նա­բար կը նշա­նա­կէ դէ­պի աստ­ղեր եւ մա­նա­ւանդ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ա­նու­նը հա­մա­հունչ է այն զգա­ցո­ղու­թեան, ինչ որ այ­ցե­լուն կը զգայ Ե­րե­ւա­նի բար­ձունք­նե­րէն մէ­կուն վրայ: Սրճա­րա­նի պա­տու­հա­նէն կը բա­ցուի նաեւ Ա­րա­րատ լե­րան հա­մայ­նա­պատ­կե­րը, իսկ ներ­սը միշտ կը հնչէ կեն­դա­նի ե­րաժշ­տու­թիւն:

Ինչ­պէս քա­ղա­քի բազ­մա­թիւ վայ­րեր, AlAstra-ն նոյն­պէս զատ­կուան ե­րե­կոյ ու­նի եւ Կի­րա­կի իր այ­ցե­լու­նե­րուն կ­­՚ա­ռա­ջար­կէ զատ­կուան ճաշ եւ տօ­նա­կան մի­ջա­վայր:

Ու­րիշ գողտ­րիկ վայ­րի մը՝ մայ­րա­քա­ղա­քին սիր­տը նկա­տուող Կաս­կադ հա­մա­լի­րին մէջ, Շարլ Ազ­նա­ւու­րի տուն-թան­գա­րա­նին քով ար­դէն իր դռնե­րը բա­ցած է Cascade Royal Restaurant and Lounge Bar հա­մա­լի­րը: Այս ճա­շա­րա­նի հիմ­նա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը հա­մայ­նա­պատ­կերն է, որ օրուան իւ­րա­քան­չիւր ժա­մուն ա՛յլ տեսք կ՚ու­նե­նայ եւ եր­բեք նոյ­նը չ՚ըլ­լար: Առ­տու այս­տե­ղէն Ե­րե­ւա­նը տար­բեր հմայք կ՚ու­նե­նայ, կէ­սօ­րին եւս, իսկ ե­րե­կո­յեան ճիշդ այս վայ­րէն կա­րե­լի է վա­յե­լել հա­մայն հա­յու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քի ողջ գոյ­նե­րը:

Երկ­յար­կա­նի Cascade Royal-ը ու­նի չորս սրահ եւ պատշ­գամ­ա­յին հա­տուած, ծխող­նե­րու եւ չծխող­նե­րու սրահ­ներ, ու­րիշ դահ­լիճ մը սի­կա­ռի սի­րա­հար­նե­րուն հա­մար, իսկ ա­ռա­ջին յար­կին վրայ կը գոր­ծէ ման­կա­կան սրա­հը, ուր ե­րա­խա­նե­րը կը հսկեն յա­տուկ աշ­խա­տող­ներ եւ կը զբա­ղին ա­նոնց հետ:

Խո­հա­նո­ցը այս­տեղ եւս բազ­մա­զան է հայ­կա­կան ու եւ­րո­պա­կան ճա­շա­տե­սակ­նե­րով: Cascade Royal տա­նի­քա­յին սրճա­րա­նը այ­սօր կը նկա­տուի բարձ­րաշ­խար­հիկ խա­ւի եւ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան սի­րե­լի այ­ցե­վայ­րե­րէն, ուր­կէ նոյն­պէս Ա­րա­րատ լե­ռը կ­­՚ե­րե­ւի իր ողջ հմայ­քով: Մա­նա­ւանդ շա­բա­թա­վեր­ջին այս տա­նի­քին վրայ դժուար է ա­զատ տեղ գտնել եւ պէտք է օ­րեր ա­ռաջ ամ­րագ­րել: Ե­րե­ւա­նի բարձ­րա­դիր այս սրճա­րա­նին մէջ նոյն­պէս կը հնչէ կեն­դա­նի ե­րաժշ­տու­թիւն:

Մօտ եր­կու տա­րի ա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի Ա­բո­վեան փո­ղո­ցի շէն­քե­րէն մէ­կուն չոր­րորդ յար­կին վրայ բա­ցուե­ցաւ Paparazzi ա­կում­բը, որ նոր շունչ բե­րաւ ե­րե­ւա­նեան ա­կում­բա­յին կեան­քին: Ան ոչ միայն նկու­ղա­յին վայ­րի մէջ չէ, ինչ­պէս բո­լոր ա­կումբ­նե­րը, այ­լեւ հրա­շա­լի տե­սա­րան կ­­՚ա­ռա­ջար­կէ իր բարձ­րա­դիր պա­տու­հան­նե­րէն: Ա­կում­բին տէ­րե­րը ո­րո­շած են յա­ռա­ջա­նալ նաեւ ճա­շա­րա­նա­յին գոր­ծին մէջ եւ այ­սօր նաեւ ա­նի­կա լա­ւա­գոյն ճա­շա­րան­նե­րէն մին է, որ բարձր տա­րած­քի վրայ կը գոր­ծէ: Paparazzi Cafe-ին մէջ կան զա­նա­զան հա­տուած­ներ, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ բա­ցօ­թեայ հա­տուա­ծը, ուր­կէ գե­ղե­ցիկ տե­սա­րան մը կը բացուի դէ­պի Մոս­կուա շար­ժան­կա­րա­յին սրահ. կայ նաեւ աշ­խա­տան­քա­յին հա­տուած մը, ուր կա­րե­լի է ա­ռանձ­նա­նալ եւ փո­ղո­ցի ան­ցու­դար­ձը դի­տե­լով աշ­խա­տիլ: Paparazzi Cafe-ին մէջ, նկա­տե­ցինք, որ լու­սան­կար­չա­կան շար­քեր ը­նե­լու եւ քա­ղա­քի հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ յի­շա­տա­կե­լի լու­սան­կար­ներ ստա­նա­լու հա­մար կ՚այ­ցե­լեն նո­րապ­սակ զոյ­գեր եւ ի­րենց հար­սա­նե­կան նկար­նե­րէն քա­նի մը հա­տը նաեւ այս վայ­րին մէջ կը լու­սան­կա­րուին:

Paparazzi Cafe-ին ճիշդ դի­մա­ցը՝ Մոս­կուա շար­ժան­կա­րա­յին սրա­հին եր­րորդ յար­կին վրայ կը գոր­ծէ Monroe Cafe&Lounge-ը, որ կրկին Ե­րե­ւա­նի գլխա­ւոր փո­ղոց­նե­րէն մէ­կուն՝ Ա­բո­վեան փո­ղո­ցի ան­ցու­դար­ձը վե­րէն դի­տե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ: Ա­բո­վեան փո­ղո­ցը ա­ռատ է տա­նի­քա­յին սրճա­րան­նե­րով. թե­րեւս ա­նոր հա­մար, որ շա­տե­րուն սի­րե­լի փո­ղոց­նե­րէն մին է եւ այս­տեղ գրե­թէ կեդ­րո­նա­ցած է քա­ղա­քա­յին կեան­քին մեծ մա­սը: Ա­բո­վեան 3 հաս­ցէի տա­նի­քին գոր­ծող BLACKBERRY սրճա­րա­նը, ինչ­պէս նա­խորդ եր­կու տա­րի­նե­րուն, այս տա­րի եւս կը յա­ւակ­նի ա­մե­նէն պա­հան­ջուած ու մար­դա­շատ բա­ցօ­թեայ սրճա­րան­նե­րէն մէ­կը ըլ­լալ, ուր ինչ­պէս կլկլակ կը ծխեն, այն­պէս ալ՝ այլ զուար­ճան­քի եւ հան­գիս­տի մի­ջոց­նե­րէն կ՚օգ­տուին։

Խօ­սե­լով Rooftop-ե­րու մա­սին, նշենք, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ այդ մշա­կոյ­թի ներ­մու­ծող­նե­րէն ե­ղած է El Sky Bar-ը, ուր ա­մէն օր կը հնչէ կեն­դա­նի ու ճա­շա­կա­ւոր ե­րաժշ­տու­թիւն: Ան կը գտնուի Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ 9 հաս­ցէին վրայ գոր­ծող «Ե­րե­ւան փլա­զա պիզ­նը­ս» կեդ­րո­նի տա­նի­քին: Այս­տեղ նոյն­պէս նշա­նա­ւոր մար­դոց ներ­կա­յու­թեամբ հե­տաքրք­րա­կան ձեռ­նարկ­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն, ան մա­նա­ւանդ շոու-պիզ­նը­սի նշա­նա­ւոր ա­նուն­նե­րուն նա­խընտ­րած վայ­րե­րէն մին է:

Բաղ­րա­մեան փո­ղո­ցին վրայ, Գրող­նե­րու միու­թեան ճիշդ ե­տե­ւը, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բացուած Opera Suite պան­դո­կի 13-րդ յար­կին վրայ կը գոր­ծէ Forty-Four Sky Bar-ը: Ան տաս­նե­րեք յար­կի բարձ­րու­թե­նէն Ե­րե­ւա­նը դի­տե­լու բա­ցա­ռիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ այ­ցե­լու­նե­րուն, նա­խընտ­րե­լի վայր մը՝ բարձ­րաշ­խար­հիկ հիւ­րե­րու, դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու հա­մար: Իսկ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը այս վայ­րը կ՚այ­ցե­լեն պա­րե­լու, ինչ­պէս նաեւ՝ այդ­քան բարձ­րու­թեան վրայ լու­սան­կա­րուե­լու հա­մար: Նշա­նա­ւոր են 13-րդ յար­կի այդ տա­նիք-սրճա­րա­նէն կա­տա­րուող ինք­նիկ­նե­րը:

Ա­մի­րեան փո­ղո­ցին վրայ գտնուող «Փա­րիզ» պան­դո­կի տա­նի­քին կը գոր­ծէ Montmartre Restaurant-Cocktail-Bar-ը, ուր մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը յա­ճա­խա­կիօ­րէն կը կազ­մա­կեր­պեն ի­րենց հա­ւա­քոյթ­նե­րը:

Քիչ մը ան­դին՝ Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին վրայ գտնուող «Է­լիտ փլա­զա պիզ­նը­ս» կեդ­րո­նի վեր­ջին եր­կու յար­կե­րը կը զբա­ղեց­նէ Mozaic Sky Restaurant&Sky Bar-ը, որ կը գոր­ծէ մին­չեւ կէս­գի­շեր, եւ ուր­կէ նոյն­պէս ամ­բող­ջա­կան տե­սա­րան մը կը բա­ցուի դէ­պի Ե­րե­ւան:

Ան­շուշտ, որ­քան գե­ղե­ցիկ է քա­ղա­քը տա­նի­քէն, նոյն­քան հրա­պու­րիչ է վա­րէն, երբ ուղ­ղա­կի աղ­մու­կի, ան­ցու­դար­ձի մէջ ես եւ այդ­պէս կը վա­յե­լես սի­րե­լի փո­ղոց­նե­րը, մար­դոց ներ­կա­յու­թիւ­նը: Ե­րե­ւա­նի մէջ օր օ­րի նոր վայ­րեր կը բա­ցուին եւ նկա­տե­լի է, որ մի­տում­նե­րը, այդ վայ­րե­րը զար­դա­րե­լու, ձե­ւա­ւո­րե­լու, կ­­՚եր­թան դէ­պի հնա­գոյն ոճ: Հան­գիս­տի վայ­րեր բա­ցող­նե­րը կ­­՚աշ­խա­տին խա­ղալ մար­դոց յի­շո­ղու­թիւն­նե­րուն հետ եւ ան­ցեա­լէն յու­շե­րով ու պա­տա­ռիկ­նե­րով կը ձե­ւա­ւո­րեն նո­րա­գոյն վայ­րե­րը: Շատ­ցած են այն սրճա­րան­նե­րը, ուր հին ի­րե­րը նոր շունչ կ՚առ­նեն եւ այ­ցե­լու­նե­րը ծա­նօթ գոյ­ներ եւ յի­շո­ղու­թիւն­ներ փնտռե­լու ակն­կա­լի­քով կը նստին այդ­պի­սի տե­ղե­րու մէջ: Շատ­ցած են նաեւ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ո­ճով ձե­ւա­ւո­րուած սրճա­րան­ներն ու ճա­շա­րան­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ ան­պա­կաս է խիստ ժա­մա­նա­կա­կից ո­ճը, որ նոյն­պէս գե­րիշ­խող է ե­րե­ւա­նեան հան­գիս­տի վայ­րե­րուն մէջ: Իր բազ­մա­զա­նու­թեամբ Ե­րե­ւա­նը միշտ կը մնայ սի­րե­լի՝ թէ՛ տե­ղա­ցի­նե­րուն, թէ՛ հիւ­րե­րուն հա­մար:

Ե­րե­ւա­նի գրե­թէ բո­լոր սրճա­րան­նե­րը, կեդ­րոն­նե­րը ի­րենց ա­ռա­ջարկ­նե­րը պատ­րաս­տած են Կի­րա­կի օ­րուան Զատ­կուան տօ­նին առ­թիւ: Ձե­ւա­ւո­րուած է հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջա­վայր՝ կա­նաչ, դե­ղին, կար­միր, գար­նա­նա­յին թարմ գոյ­նե­րով, իսկ ճա­շա­ցան­կին մէջ ա­ւել­ցուած է զատ­կուան ձու­կը, փի­լա­ւը, կու­լի­չը եւ այլ ա­նու­շե­ղէն­ներ:

Մա­նա­ւանդ Ե­րե­ւա­նի մէջ հաս­տա­տաուած սփիւռ­քա­հա­յե­րը եւ ա­նոնց այս օ­րե­րուն դուր­սէն միա­ցած բա­րե­կամ­ներ սո­վո­րու­թիւն ու­նին Զա­տի­կը դուր­սը, բա­րե­կամ­նե­րու, ըն­կեր­նե­րու հետ նշե­լու եւ այս օ­րե­րուն կը փնտռեն յար­մար մի­ջա­վայր՝ գե­ղե­ցիկ ըն­տա­նե­կան այդ տօ­նը յի­շար­ժան դարձ­նե­լու հա­մար:

Աշ­խար­հի շուրջ

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ նոյն­պէս, ինչ­պէս շատ մը եւ­րո­պա­կան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ, Սուրբ Յա­րու­թեան տօ­նէն ա­ռաջ  կը զար­դա­րուին սրճա­րան­նե­րը, ա­նու­շե­ղէն­նե­րու խա­նութ­նե­րը եւ զար­դա­րան­քի մէջ մեծ տեղ կը գրա­ւեն  զատ­կո­ւան հաւ­կիթ­նե­րը՝ գու­նա­ւոր եւ զար­դա­րուած: Տուր­մէ հաւ­կիթ­ներն ու նա­պաս­տակ­նե­րը այն հիմ­նա­կան զար­դա­րանք­ներն են, ո­րոնք կան գրե­թէ բո­լոր եր­կիր­նե­րու մէջ, բայց ա­հա­ւա­սիկ, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ Զա­տիկ տօ­նե­լու տար­բեր սո­վո­րոյթ­ներ կան։ Իսկ եր­կիր­ներ ալ կան, որ նա­պաս­տա­կին այլ կեն­դա­նի­ներ կը փո­խա­րի­նեն:

Եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան մէջ ե­կե­ղե­ցիի զան­գակ­նե­րը, ո­րոնք Զա­տի­կի իս­կա­կան խորհր­դա­նիշն են, հնչե­լէ կը դադ­րին Ա­ւագ Ուր­բա­թէն մին­չեւ Զա­տի­կի Կի­րա­կին, ո­րով­հե­տեւ, ըստ ա­ւան­դու­թեան, ա­նոնք Հռոմ կ՚եր­թան հաւ­կիթ­նե­րով բեռ­նա­ւո­րուած վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար: Վե­րա­դար­ձին ա­նոնք կ՚անց­նին պար­տէզ­նե­րուն մէ­ջէն, ուր կը նե­տեն ի­րենց հաւ­կիթ­նե­րը:

Սա­կայն եւ­րո­պա­կան այլ եր­կիր­նե­րու մէջ զատ­կուան լու­րը բե­րող­նե­րը զան­գակ­նե­րը չեն. Թի­րո­լի շրջա­նին մէջ հաւն է, Զուի­ցե­րիոյ մէջ՝ գու­գուն է, Գեր­մա­նիոյ մէջ՝ ճեր­մակ նա­պաս­տակ մը, իսկ անգ­լիա­խօս եր­կիր­նե­րուն մէջ՝ վայ­րի նա­պաս­տակ մը:

Ի­տա­լիոյ մէջ վար­դա­պե­տը կ՚օրհ­նէ Զա­տի­կի հաւ­կիթ­նե­րը: Զատ­կուան Կի­րա­կիի ճա­շին ըն­թաց­քին տան­տի­կի­նը այդ հաւ­կիթ­նե­րը կը դնէ սե­ղա­նին կեդ­րո­նը, ո­րուն շուրջ կը հա­ւա­քուի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քը, որ­մէ ետք կը սկսի խրախ­ճան­քը:

Աւստ­րա­լիոյ մէջ ալ զատ­կո­ւան օ­րը նա­պաս­տակն է, որ կը բե­րէ հաւ­կիթ­նե­րը եւ զա­նոնք կը պա­հէ պար­տէ­զին մէջ: Մա­նուկ­նե­րը շատ հա­ճե­լի ժա­մա­նակ կ՚ան­ցը­նեն այդ պա­հուած հաւ­կիթ­նե­րը փնտռե­լով:

13-րդ դա­րէն ի վեր է, որ ներկո­ւած հաւ­կիթ­նե­րը իս­կա­պէս յայտ­նուած են: Ա­նոնք կը փո­խա­նա­կուէին Մեծ պահ­քի վեր­ջա­ւո­րու­թեան ա­ռի­թով՝ այս ձե­ւով խորհր­դան­շե­լով ձմրան զրկանք­նե­րու շրջա­նին ա­ւար­տը:

Զատ­կուան այս հաւ­կիթ­նե­րը տուր­մէ են: Այս սո­վո­րու­թիւ­նը հա­մե­մա­տա­բար նոր է: Տար­բեր կա­ղա­պար­նե­րով ձե­ւա­ւո­րուած տուր­մե­րը յայտ­նա­բե­րուած են 19-րդ դա­րու սկիզ­բը: Մար­դիկ հաւ­կիթ­ներ կը ներ­կեն եւ կը զար­դա­րեն աշ­խար­հի չորս կող­մե­րը: Կարգ մը եր­կիր­նե­րու մէջ ա­սի­կա իս­կա­կան ա­րուեստ կը հա­մա­րուի:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017