«… ԱՆՈՐ ՀԵՏ ԱԼ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌՆԵՆՔ»
Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան մասին դարերու ընթացքին շա՜տ շատեր խօսած ու գրած են: Ներքեւ ներկայացուածը այդ գրութիւններէն հատուած մըն է, որ կը պատկանի 9-րդ դարուն ապրած ու գործած Թէոփիլոս անունով եկեղեցականի մը: Գրութեան մէկ հատուածը գրուած է թատերական ոճով, ա՜յնքան կենդանի կերպով, եւ այդ հատուածն է, որ գրաբարէ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ընթերցողներու ուշադրութեան՝ ի վայելումն եւ ի խորհումն Տէր Յիսուսի Յարութեան կարեւորութեան:
Եւ դժոխք իջաւ Ան, որ երէկ խաչ ելլել կամեցաւ, այսօր գերեզմանի մէջ դրուեցաւ, որ մեզի համար մեռնիլ ընդունեց եւ անօրէններուն հետ դասուեցաւ. արարածներուն սիրոյն ամէն ինչ յանձն առաւ եւ ինչպէ՞ս իր ստեղծուածներուն ձեռքով հոն՝ (գերեզման) իջաւ։ Եւ որո՞նք կային այնտեղ։ Ադամ՝ առաջին մարդը։ Աբէլ՝ Աստուծոյ առաջին պատարագը։ Սէթ՝ առաջին աւետիսը։ Ենովս՝ Աստուծոյ առաջին անունը։ Նոյ՝ առաջին արդարը։ Սէմն ու Յաբէթը՝ առաջին օրհնութիւնները։ Մելքիսեդէկ՝ առաջին քահանան։ Աբրահամ՝ առաջին նահապետը։ Ղովտ՝ առաջին անդրանիկը։ Յակոբ՝ առաջին իսրայէլը [աստուածատես]։ Յովսէփ՝ առաջին արքան։ Մովսէս՝ առաջին մարգարէն։ Ահարոն՝ առաջին եփուտը։ Երեմիան՝ առաջին նուագարանը։ Ամբակում՝ առաջին Աստուածընկալը։ Նաւէի որդի՝ Յեսուն, առաջին զօրագլուխը։ Սամուէլ՝ առաջին տեսանողը։ Դաւիթ՝ առաջին բարեպաշտ արքան։ Սողոմոն՝ առաջին իմաստունը։ Եսայի՝ առաջին աստուածախօսը։ Սիմէոն՝ առաջին Աստուած շալկողը։ Յովհաննէս՝ մարգարէն ու առաքեալը, Կարապետ Մկրտիչն ու վերջին քարոզողը։ Ամբողջ մարգարէութիւնները, սկիզբէն՝ Ադամէն սկսեալ մեռնողները մինչեւ՝ Քրիստոս։
Տեսէ՛ք, ո՜վ հաւատացեալներ, թէ մեր մատնուած, արհամարհուած, ապտակուած, թաղուած Փրկիչը՝ Քրիստոս ի՞նչ գործեց. բացայայտօրէն ըսէ՛ք եւ օրհնեցէ՛ք Փրկիչը։
Տեսան զԱյն դժոխքի բարապանները եւ կը փութային իրենց թագաւորին մօտ ու կ՚ըսէին թէ՝ Ան որուն ձայնէն զարհուրեցանք եւ Ղազարոսի հոգին արձակեցինք, ահա Ի՛նք եկած է բանտի դրան առջեւ, եւ Անոր տեսքը կայծակներու փայլակէն աւելի (զօրաւոր է), եւ մենք ամէնքս իսկոյն խորտակուեցանք։
Դժոխապետը կ՚ըսէ. ի՞նչ կ՚ըսէք, երէկ ես զԱյն այպանուած տեսայ յանցաւորի մը նման եւ դատապար-տըւած՝ չարագործի նման, խաչուած՝ որպէս աւազակ, որովհետեւ խաբեբայ էր եւ մոլորեցուցիչ, որ մեզ եւս խաբեց եւ յափշտակեց (մեր մօտէն) Ղազարոսը։
Դժոխքի բարապանները կ՚ըսեն. Ասիկա Ա՛ն է, որ երկու աւազակներու միջեւ խաչուած է եւ (որ) մեր մէջէն Ղազարոսը հանեց. կը վախնանք թէ ամէն հոգիները յափշտակէ մեզմէ եւ մեզ անլուծելի կապանքներով կապէ, որովհետեւ ձկնորսի մը պէս, սակայն այս անգամ Իր մարմինը իբրեւ ձեր դրուած է եւ կարթով պիտի խաբէ մեզ ու դժոխքի անդունդներէն պիտի որսայ՝ մեզ կործանելու համար, մինչ մենք մեր խորին իմաստութեամբ չիմացանք, այլ՝ ձուկերէն աւելի յիմար եղանք եւ յորդորեցինք Յուդան, որպէսզի մատնէ զԱյն, եւ հրեաները՝ որպէսզի իրենց կամքը կատարեն, (եւ մենք) որսանք զԻնք կործանելու համար. սակայն, Ան՝ Իր զօրութեամբ մեր զօրութիւնը որսաց։ Վա՜յ մեզի, որովհետեւ ի՞նչ կ՚ընենք չենք գիտեր, որովհետեւ մեծատուն էինք եւ աղքատացանք, հարուստ էինք եւ խեղճացանք, գերողներս նախատուեցանք, աւերիչներս աւերուեցանք։
Դժոխապետը կ՚ըսէ. ջանք ըրէ՛ք եւ դուռը պղինձով ու երկաթեայ նիգերով ամրացուցէ՛ք եւ կղպեցէք, ու ամբողջ զօրութեամբ հաւաքուեցէ՛ք եւ Անոր դէմ պատերազմեցէք, միթէ կրնա՞յ մեր քաղաքը աւերել։
Բարապանները կ՚ըսեն. ի՞նչ կ՚ըսես, Անոր ձեռքին մէջ գաւազան մը տեսանք այն փայտէն, որուն պատճառով մեր պատրանքներով բազմաթիւ հոգիներ հաւաքեցինք եւ երբ այդ գաւազանը բանտին մօտեցաւ, պղինձէ դռները հալելով լուծուեցան, ինչպէս մոմը կրակին առջեւ կը հալի եւ երկաթէ նիգերը փոշիի նման մանրուեցան, իսկ կղպանքները ամպի նման շոգիացան եւ անյայտացան եւ մենք Անոր երեսին փայլատակումներէն չարաչար հալածուեցանք եւ պիտի չի՛ կրնանք ազատիլ Անկէ, որովհետեւ Անոր տանջանքներուն երկիւղը շատ վախցուց մեզ։
Եւ մինչ իրարու հետ այսպէս կը խորհէին, ահա երկնաւորներու խումբերը շրջապատեցին բանտը եւ Միքայէլ անմարմնական ձայնով մեծապէս կը գոչէր ու կ՚ըսէր. «Ո՛վ իշխաններ, ձեր դռները վե՛ր վերցուցէք» (հմմտ. Սղ 24.7)։ Գաբրիէլը փողը կը հնչեցնէր եւ բարձրաձայն կ՚ըսէր. «Թող վերցուի՛ն յաւիտենական դռները, որպէսզի փառաց Թագաւորը մտնէ» (հմմտ. Սղ 24.7)։ Եւ Անոր զօրաւոր ձայնէն դժոխքը սասանեցաւ, հիմունքները քակուեցան, զօրութիւնները դողացին, շտեմարանները քակուեցան եւ անոնց զէնքերը պակսեցան, դղրդելով կործանեցան եւ անոնց պարիսպը դղրդիւնով կործանեցաւ ու անոնց քաղաքը աւերուեցաւ եւ հզօր ու դիմացկուն (տեղերնին) հրդեհուելով վառուեցաւ։
Ապա Ուրիէլը կ՚ըսէ. «Թող ելլէ՛ Աստուած եւ Անոր թշնամիները թող ցրուին» (Սղ 68.1)։ Այդ ձայնը խաւարային իշխանները վրդովելով կը հաւաքէր։
Ռափայէլ ձայնը կը բարձրացնէր ու կ՚ըսէր. մեռեալները թող ելլե՛ն, ահաւասիկ Աստուած Իր հզօր զօրութեամբ (հմմտ. Սղ 24.8-10), եւ Տէրը կը տկարացնէ Իր հակառակորդը եւ Տէրը՝ սուրբ է։ Այդ պահուն կապանքներուն շղթաները հալեցան եւ զօրութիւնները հալածուեցան։
Փանուէլ իր զօրքերով կապեալները կ՚արձակէր եւ բանտի կապանքներէն կը հանէր։
Դագոնիէլ, կապողը անլուծելի կապերով կը կապէր։
Ադոնիէլ, իր խումբերով դժոխքին մեծամեծ իշխանները կը խորտակէր խաւարային անդունդներուն խորերը։
Բարաքիէլ, արձակուածները կը հաւաքէր եւ դէպի մշտնջենաւոր կեանք (տանող) լոյսի ճանապարհները կ՚առաջնորդէր։
Սաղաթիէլ, մտնելով գուբին մէջ, ամենէն խորերը կը նուաճէր ու կ՚ըսէր. «Ահա զօրութեանց Աստուածը, պատերազմի մէջ հզօր Տէրը» (հմմտ. Սղ 24.8), եւ խաւարային պետութիւնները փախստական եղան։ Եւ Տէրը դժոխք կոխելով, Ադամ լսեց Տիրոջ ոտնաձայնը եւ իր բնակակիցներուն կ՚ըսէ, իններորդ ժամուն դրախտին մէջ լսած ոտնաձայնս, ահաւասիկ հիմա ականջներուս լսելի եղաւ։
Ո՜հ, եթէ ստուգեմ որ այդ ոտնաձայնն է, չե՛մ վախնար, որովհետեւ զիս կրկին պիտի պատուէ, պիտի ջնջէ դատապարտութեանս գիրը, ձեռագիրս պիտի պատռէ, անէծքը պիտի լուծէ, դատապարտութենէն պիտի ազատէ, փշաբերութիւնը պիտի ծաղկեցնէ, արցունքները պիտի փարատէ, ապականեալս պիտի նորոգէ, տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի (վերածէ), մահը պիտի հալածէ եւ մեռածներուն յարութեան յոյս պիտի պարգեւէ։
Ո՜հ, եթէ կրկին լսեմ Տիրոջ ըսածը, որ կ՚ըսէ. «Ո՞ւր ես Ադամ» (Ծն 3.9). ո՛չ թէ պահուըտելով կը ծածկուիմ թզենիով, այլ յայտնապէս կը կանգնիմ Անոր դիմաց եւ չե՛մ պատճառաբաներ թէ՝ «այն կինը որ ինծի հետ ըլլալու տուիր» (Ծն 3.12), խաբեց զիս եւ մահացայ, այլ՝ անոր աղջկան միջոցաւ յարութեան ձայն լսեցի եւ կենդանացայ. դատապարտութեան պատուհաս չե՛մ լսեր, այլ՝ ուրախութեան աւետիս. եւ ոչ ալ փուշ եւ տատասկ թող բուսցնէ քեզի, այլ՝ արմաւենիներու նման ծաղկեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ՝ «հող էիր դուն եւ հող պիտի դառնաս» (Ծն 3.19), այլ՝ (դուն որ) դրախտէն արտաքսուեցար, կրկին դրախտ պիտի մտնես։ Եւ մինչ ան՝ (Ադամ), այսպէս կը խօսէր, Աստուածութեան ահաւոր ձայնը լսելի կ՚ըլլար, որ կ՚ըսէր՝ ո՞ւր ես (Ադամ)։ Մի՛ վախնար ձայնէս եւ թզենիի տերեւներով (մի՛) ծածկուիր, որովհետեւ ինչպէս որ դուն դրախտին մէջ պարտուեցար, Ես ալ պարտէզին մէջ մատնուեցայ։ Մի՛ վախնար, որովհետեւ դուն փայտին պատճառով դատապարտուեցար, իսկ Ես քեզի համար փայտով չարչարուեցայ, որպէսզի քեզ՝ պարտուածդ, ազատեմ։ Մի՛ վախնար ու երեսդ տերեւապատ պատուիրանազանցութեամբ (մի՛) ծածկեր, որովհետեւ քեզի համար թուք ստացայ, որպէսզի երեսդ արեգակէն աւելի պայծառացնեմ։ Մի՛ վախնար, որովհետեւ ձեռքերովդ պտուղէն առիր եւ արտաքսուեցար, իսկ Ես քեզի համար ձեռքերս խաչին վրայ բեւեռել հաճեցայ, որպէսզի քեզ նորոգեմ։ Մի՛ վախնար, որովհետեւ պտուղէն ճաշակելով դառնացար եւ մահուամբ մեռար, իսկ Ես հիմա քեզի համար լեղի ճաշակեցի, որպէսզի դառնութիւնդ քաղցրացնեմ։ Մի՛ վախնար, որովհետեւ Ինձմէ պատուհաս լսեցիր եւ փշաբերութեան անէծք (ստացար), բայց Ես քեզի համար փուշերով պսակուեցայ, որպէսզի քեզ ծաղկեցնեմ։ Մի՛ վախնար խոցէն, որ սատանայի նետերէն ստացար, որովհետեւ կամեցար Ինծի նման ըլլալ, իսկ (Ես) քեզի համար, քեզ նման եղայ եւ կողէս խոցուեցայ, որպէսզի առողջացնեմ քեզ՝ արիւնովս։ (Մի՛ վախնար), որովհետեւ մեռնելով դժոխք իջար ու Ես քեզի համար մահ ճաշակեցի, որպէսզի քեզ կենդանացնեմ Արքայութեան վայելումին։ Մի՛ վախնար դժոխքին խորերը թաղուածդ, որովհետեւ քեզի համար գերեզմանի մէջ թաղուեցայ, որպէսզի թաղուածդ եւ ապականած պատկերդ վերստին նորոգեմ։
Ադամ այս ամէնը լսելով կ՚ըսէ. ո՛վ իմ Տէրս, Արարիչս եւ ամէնուն Թագաւորը։ Առաջին ձայնդ շատ զարհուրեցուց զիս, (իսկ) երկրորդը՝ շատ ուրախացուց։ Առաջին ձայնդ լսեցի ու վախցայ, որովհետեւ մերկ էի եւ պահուեցայ. որովհետեւ շնորհքներէն մերկացայ, որ (Դուն) ինծի հագցուցիր, իսկ երկրորդ անգամ ձայնդ լսեցի եւ համարձակեցայ առջեւդ գալ, որովհետեւ դարձեալ այն շնորհքները զգեցայ։ Առաջին ձայնդ մահացուց զիս, որովհետեւ խորհեցայ բարձունքները ելլել, իսկ երկրորդը՝ ուրախացուց, որովհետեւ խոնարհեցար քովս իջնելու։ Առաջին ձայնդ անէծք զգեցուց ինծի եւ շնորհքներէն մերկացուց, իսկ երկրորդը՝ պատուհասէն ազատեց եւ ուրախութիւն զգեցուց ինծի։ Առաջին ձայնդ դրախտի փափկութենէն արտաքսեց զիս եւ անդունդները նետեց, իսկ երկրորդը՝ դժոխքէն յափշտակեց ու փառքով երկինք վերցուց։
Այս բաները ըսաւ եւ ելաւ ու իր ձայնը բարձրացնելով գոչեց ու ըսաւ. ամէն մեռելներդ, լսեցէ՛ք աւետիսի ձայնը, (դուք) որ իմ պատճառովս դառնացաք, ահաւասիկ իմ միջոցաւս (դարձեալ), ազատութեան աւետիս կ՚աւետարանեմ ձեզի։
Ահա, (Ան), որ մերկացուց զիս, դարձեալ զգեցուց զիս, որովհետեւ դժոխապետը կը դատապարտէ եւ ձեզ այս չարագոյն բանտէն պիտի ազատէ ու դառն բարկութենէն դառնացածներդ դրախտը վայելելու համար քաղցրութեամբ պիտի քաղցրացնէ։
Երբ այս կը լսեն, Աբէլ կ՚ելլէ ու կ՚ըսէ. ահաւասիկ Ան որ պատարագս ընդունեց՝ ինծի համար ինքզինք պատարագ մատուցեց, որպէսզի Իր զենումով մեզ կենդանացնէ։
Նոյ կ՚ըսէ. ահա՛ Տէրը, որ իմ ճենճերող զոհիս բոյրը հոտոտաց, հիմա ինծի համար Ինքզինք անարատ պատարագ (մատուցեց), Ի՛նքն է, որ կը զենու եւ Ի՛նքն է, որ կը զենուի. Ի՛նքն է, որ կը մատուցանէ եւ Ի՛նքն է, որ կը մատուցուի. Ի՛նքն է, որ կը բաշխուի եւ Ի՛նքն է, որ կ՚ընդունի, որպէսզի մենք Անոր անոյշ բոյրով (այս) դառն մահուանէն կենդանանանք։
Աբրահամ կ՚ըսէ. ահաւասիկ Ան որ ցանկացի տեսնել՝ տեսայ եւ ուրախացայ. խոյը՝ Իսահակ որդիիս փոխարէն ծառէն կախուած տեսայ, որովհետեւ խոյը զենուեցաւ եւ որդիս ապրեցաւ. նոյնպէս եւ այս անարատ Գառնուկը փայտէն կախուեցաւ եւ ես բերկրելով ուրախացայ։
Մելքիսեդէկ կ՚ըսէ. Ահաւասիկ Ան, Որուն մասին կանխագուշակեցի (Իր կատարելիքը) հացով եւ գինիով՝ իբր օրինակ Անոր արեան, որ ինծի համար Իր Մարմինը տուաւ եւ Իր Արիւնը շատերու փրկութեան համար թափեց. Աբրահամին տուաւ որպէսզի թագաւորներուն աւարները ետ վերադարձնէ, իսկ հոս՝ Ինք, Աբրահամի Որդին, եկաւ եւ ազատեց մեզ դժոխքի թագաւորներէն։
Իսահակ կ՚ըսէ. ահաւասիկ Անկէ օրինակ առի, ուսովս շալկեցի զենումի փայտերը եւ մեռնելու մօտեցայ, բայց չի՛ մեռայ. նոյնպէս Ասիկա, խաչափայտը շալկեց, սպաննուեցաւ, սակայն չի՛ մեռաւ. եւ (ինչպէս) ես հօրս ծոցին մէջ կենդանի մնացի, նոյնպէս Ասիկա, աստուածացեալ մարմինով մեռաւ շատերու փոխարէն, սակայն Աստուածութեամբ կենդանի մնաց Հօր ծոցին մէջ եւ եկաւ կենդանացնելու համար մեզ խաւարամած դժոխքէն։
Յակոբ կ՚ըսէ. ահաւասիկ Ան Որուն մասին ըսի, թէ առիւծի նման եւ առիւծի կորիւնի նման կը բազմի եւ ո՛չ ոք (կրնայ) վերցնել զինք, այլ՝ Ինք առանձին ելաւ ու եկաւ ու փշրեց այս զայրացեալ առիւծին ժանիքները եւ կլլուածները անոր չարակեր որովայնէն ազատեց։
Յովսէփ կ՚ըսէ. ահաւասիկ Ան, զոր օրինակեցի խոր գուբին մէջ իջնելով եւ ծախուեցայ իսրայէլի որդիները ապրեցնելու՝ Եգիպտոսի վրայ թագաւորելովս. նոյնպէս Ասիկա ծախուեցաւ եւ գուբի մէջ իջաւ եւ յաւիտեան թագաւորեց ապրեցնելու համար մեզ եւ Նոր Իսրայէլը։
Մովսէս կ՚ըսէ. ահաւասիկ Ան, Որուն մասին ըսի, թէ՝ «պիտի տեսնէք ձեր կեանքը ձեր աչքերուն դիմաց փայտէ մը կախուած» (հմմտ Բ. Օր 28. 66). եւ իրապէս մեր կենդանութիւնը փայտէ մը կախուեցաւ եւ մահացածներուս կենդանութիւն պարգեւեց։
Դաւիթ կ՚ըսէ. ահաւասիկ Ան, Որուն մասին մարգարէութիւն ըրի, թէ՝ «բարձր տեղը ելար, գերութիւնը գերի ըրիր» (Սղ 68. 18), եւ հիմա խաչին վրայ բարձրացաւ, գերեց դժոխքը եւ գերեալները ազատեց։
Եսայի կ՚ըսէ. ահաւասիկ Ան, Որուն մասին պարծեցայ ըսելով. «Ո՛վ հեթանոսներ դիտեցէք եւ պիտի պարտուիք, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է» (հմմտ Ես 8. 9-10)։ Իսկ հիմա, ո՛վ խաւարային թագաւորներ, դիտեցէ՛ք եւ պիտի պարտուի՛ք, որովհետեւ մեր Աստուածը մեզի հետ է՝ փրկելու համար մեզ ձեր ձեռքերէն։
Ամբակում կ՚ըսէ. Սա է Որուն մասին ըսի՝ «Քու ժողովուրդիդ փրկութեան համար ելար» (Ամբ 3. 13), եւ ահաւասիկ կառքերուն վրայ ելաւ եւ զիս այս ապականութենէն ազատեց։
Երեմիան կ՚ըսէ. Անոր մասին որ մարգարէացայ, Ասիկա է, Աստուած (Ի՛նք), «որ երկրի վրայ երեւեցաւ եւ մարդոց հետ շրջեցաւ» (Եր 3. 38), եւ հոս Իր Աստուածութեամբ երեւցաւ լուսաւորելով խաւարածներս։
Միքիան կ՚ըսէ. ահաւասիկ Որուն մասին ըսի. «Բեթղէհէմէն իշխան մը պիտի ելլէ եւ Անոր ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է» (Մք 5. 2)։ Իսկ հիմա մեծ իշանութեամբ եկաւ, դժոխքի իշխանները սպաննելով եւ մեզ, որ խաւարի իշխանութեան տակն էինք, մեր ոտքերը ուղղեց դէպի խաղաղութեան ճանապարհները։
Յովէլ կ՚ըսէ. ահաւասիկ Ան, Որուն մասին ըսի թէ՝ «որովհետեւ Տիրոջ օրը հասած է, խաւարի եւ մէգի օրը, ամպի ու մառախուղի օրը» (Յվլ 2. 1-2), եւ յանկարծակիօրէն, ինչպէս առաւօտը լեռներուն վրայ կը ծագի, եւ հոս մեզ Արեգակը ծագեցաւ, որ մութ խաւարին մէջ կը բնակէինք անյուսութեամբ։
Բաղամը կ՚ըսէ. ահաւասիկ զոր ըսի. «Յակոբէն աստղ մը պիտի ծագի ու Իսրայէլէն իշխանութեան գաւազան մը պիտի ելլէ ու Մովաբի իշխանները պիտի զարնէ» (Թւ 24. 17), եւ Դամասկոսի զօրութիւնը աւար պիտի առնէ եւ մարդոց որդիներուն պիտի բաշխէ։
Զաքարիան կ՚ըսէ. Դուն, որ անջրդի եւ տղմուտ գուբէն արձակեցիր կապուածները, այսօր եկո՛ւր եւ հանէ՛ մեզ այս տղմուտ եւ անջրդի գուբէն ու ծարաւեալներս կենդանութեան ջուրով արբեցուր, որպէսզի յաւիտեան չի՛ ծարաւնանք։
Յովհաննէս (Մկրտիչին) հայրը՝ Զաքարիան՝ կ՚ըսէ. «Ան է բարձունքներէն (եկող) Արեգակը, որ խաւարին եւ մահուան ստուերին մէջ նստողներուս այցելեց, մեր ոտքերը դէպի խաղաղութեան ճանապարհները ուղղելու եւ երեւեցաւ մեզի որպէսզի խաւարածներս լուսաւորէ» (հմմտ. Ղկ 1. 68- 79)։
Սիմէոն կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ Ան որ գիրկիս մէջ ընդունեցի, գգուեցի եւ աղաչեցի որ ծերունի ծառաս արձակէ մարմինի ծերութենէն, իսկ հիմա եկած է որպէսզի արձակէ ծերացածներս այս բանտէն եւ մահացածներուս յարութիւն, ու իր ժողովուրդին Իսրայէլին՝ փառք պարգեւէ» (հմմտ Ղկ 2. 29- 32)։
Կարապետն ու Մկրտիչը ելլելով եւ ամէնուն նման բարձր ձայնով բացայայտապէս կ՚ըսէ. Անոր մասին, որ դուք մարգարէութիւն ըրիք, ես նո՛յնը մկրտեցի, զոր ես քարոզեցի եւ դուք տեսաք. «Ահաւասիկ Աստուծոյ Գառնուկը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յհ 1. 29)։ Գառնուկը զենուեցաւ եւ անէծքը վերցուց եւ ինչպէս որ երկրի վրայ ես Անոր գալուստին կարապետը եղայ մարդոց, նոյնպէս առաջընթաց պիտի ըլլամ Աստուածութեան գալուստին հոգիներուն մօտ. արուսեակ պիտի ըլլամ՝ բանալու առաւօտը, ծագեցնելու արդարութեան Արեգակին լոյսը, որ մեզ՝ ամէն կարօտեալներուս պայծառ լոյսով ծագեցաւ, որպէսզի խաւարածներս դժոխքի նսեմափակ եւ խաւարաճոխ մութէն լուսաւորուինք։
Իսկ հիմա մենք՝ Անոր մեծափառ եւ մեծապատիւ անունին հաւատացողներս, անդադար ձայնով օրհնութեամբ փառաւորենք Անոր անճառելի տնօրէնութիւնը, երկրպագենք Անոր ոտքերուն պատուանդանին եւ կենարար Սուրբ Խաչին, բարեբանենք Անոր չարչարանքները, պատուենք Անոր բեւեռները, լուանք օձաթոյն անջինջ մեղքերը (3-4 բառ պակաս է ձեռագրին մէջ), գալիքներուն, Անոր կողահոս Արեան Սուրբ վտակներէն եւ արդարանանք անոնցմով, որոնց միջոցաւ յանցանքներու ձեռագիրները ջնջնուեցան եւ կենարար մահուամբ կենդանանք։
Երէկ խաչուած էր Ան։ Անոր նմանող եղէ՛ք, այսօր Անոր հետ թաղուինք, որպէսզի Անոր հետ ալ յարութիւն առնենք եւ Անոր պայծառացեալ լոյսով ուրախութեամբ տօնենք եւ զուարճութեամբ զիրար ողջունենք եւ մեզի ատելի եղողները սիրենք ու ամէնուն թողութիւն տանք, որպէսզի խոստացուած բարիքներուն հասնինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովն ու մարդասիրութեամբը, որուն վայել է փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024