ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԱՆՎԵՐՋ ԸՆԹԱՑՔ
Հայաստանի մտաւորական եւ ծանօթ դէմքերէն մին է գրող, թարգմանիչ, բանաստեղծ եւ հրապարակախօս Լեւոն Պլպուլեան: Նախապէս այլ մասնագիտութիւն մը ստանալով՝ ան լրագրութեան եւ գրականութեան ասպարէզ մուտք գործած է 70-ականներէ սկսեալ: Աշխատած է քանի մը խմբագրութիւններու մէջ ու իր յօդուածներով նշանաւոր դարձած՝ ընթերցասէր հանրութեան մօտ:
Բանաստեղծական, թարգմանական, երգիծական շուրջ քսան գիրքերու հեղինակ է: Իր «Քառեակներ» հատորին համար Լեւոն Պլպուլեան արժանացած է Հայաստանի Գրողներու միութեան Աւետիք Իսահակեանի անուան մրցանակին: Իսկ անցեալ տարի՝ 2014-ին, ան արժանացաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համատեղ «Կանթեղ» թարգմանական մրցանակին, որ աւանդական դարձած մրցանակ մըն է եւ կը տրուի լաւագոյն թարգմանչին, Թարգմանչաց տօնի օրերուն՝ կազմակերպուած յատուկ միջոցառման մը ընթացքին:
Հայ հանրութեան Լեւոն Պլպուլեան ծանօթ է նաեւ իր ստեղծած երգերով, որոնք դարձած են հանրութեան սեփականութիւնը եւ յաճախ կը հնչեն հեռատեսիլով, ձայնասփիւռով։ Այս երգերը խորհրդային տարիներուն, հնչեցուցած են ժամանակի լաւագոյն հայ երգիչ կատարողները եւ այսօր նոյնպէս կը հնչեն լաւագոյն երգիչներու կատարմամբ: Լեւոն Պլպուլեանի երգաստեղծ աշխատանքին միացած է անոր քոյրը՝ նշանաւոր երգահան, դերասանուհի Ժաննա Պլպուլեան, որ ներկայիս կը բնակի Փարիզ: Բազմաթիւ են այն երգերը, որոնց խօսքերու հեղինակը Լեւոն Պլպուլեանն է, իսկ երաժշտութեան՝ Ժաննա Պլպուլեան:
2014 թուականին Լեւոն Պլպուլեան լոյս ընծայած է «Տարիներու միջով» գիրքը, որ ձեւով մը ամփոփումն է իր անցած ճանապարհին: Անոր լոյս ընծայած վերջին գիրքն ալ առիթ դարձաւ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ Երեւանի իր աշխատասենեակին մէջ հանդիպի ծանօթ մտաւորականին: Փորձեցինք գիրքի մէջ արծարծուած հարցերու միջոցաւ քննել անոր տարիները եւ անցած ճանապարհը, ինչպէս նաեւ հասկնալ, թէ ի՞նչ մտորումներով կ՚ապրի ու կը ստեղծագործէ մտաւորականը, որ երկու տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ ապրած է եւ քաջատեղեակ է այդ համակարգերուն լաւ ու թերի կողմերուն եւ ունի ըսելիք՝ զանազան հարցերու շուրջ:
ՍԿԻԶԲԸ
Ինչպէ՞ս սկսած է իր գրական ճանապարհին՝ Լեւոն Պլպուլեան.
«Դպրոցական տարիներուն արդէն տարուած էի գրականութեամբ, երրորդ-չորրորդ դասարանէն սկսեալ շատ ընթերցասէր էի, կարելի է ըսել՝ մոլի ընթերցասէր, ագահաբար կը կլանէի ձեռքս անցած ամէն մէկ գիրք։ Եղած են երբեմն, երբ նախորդ օրը սկսած ու ամբողջ գիշեր կարդալով՝ առաւօտեան արդէն աւարտած եմ որեւէ ծաւալուն գիրք: Եւ, ահա, կարդացածս այդ գիրքերու ազդեցութեամբ ալ սկսայ ստեղծագործական փորձեր ընել: Քանի որ կ՚ընթերցէի միայն վէպեր ու պատմուածքներ, այդ ժամանակ քերթողութեան աշխարհը ինծի համար տակաւին փակ էր, բնականաբար, ինքզինքս կը փորձէի արձակին մէջ:
Արդէն համալսարանի մէջ էի, երբ տպագրուեցան առաջին բանաստեղծութիւններս՝ նախ Գաւառի շրջանային թերթին մէջ, ապա նաեւ՝ հանրապետական մամուլի՝ «Աւանկարտ» թերթի եւ «Գարուն» ամսագրի մէջ, որոնք հսկայական տպաքանակ ու շատ բարձր հեղինակություն ունէին այն ժամանակ: Գրականութեան զուգահեռ տարուած էի նաեւ լրագրութեամբ։ Ինքզինքս հասցուցած էի որոշ չափով ու արդէն յայտնուեցայ Գաւառի շրջանային թերթի խմբագրութեան մէջ: Երբ քսանմէկ տարեկան էին, արդէն Հանրապետական ձայնասփիւռի Սեւանի աւազանի սեփական թղթակիցն էի, յետոյ փոխադրուեցայ Երեւան։ Պաշտօն ստանձնած էի ձայնասփիւռի երիտասարդական հաղորդումներու գլխաւոր խմբագրութեան մէջ, ապա տեղափոխուեցայ «Աւանկարտ» թերթի խմբագրութիւն ու շուրջ տաս տարի կը վարէի գրականութեան ու արուեստի բաժինը… Յետոյ ճանապարհը զիս տարաւ Մոսկուա՝ Մ. Կորքիի անուան գրականութեան հիմնարկի բարձրագոյն դասընթացքներ, ուր ամբողջացուցի իմ մասնագիտական բացը, կարողութիւններս փորձեցի նաաւ թարգմանութեան մէջ, մասնաւորապէս, թարգմանելով ռուս նշանաւոր երգիչ-կատարող Վլատիմիր Վիսոցքիի բանաստեղծութիւններն ու երգերը, որոնք տպագրուցան առանձին գիրքով»:
ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Լրագրութեան ասպարէզին մէջ երկար տարիներ աշխատած Լեւոն Պլպուլեան իր լրագրութեան քառասուն տարիներու ուղիղ կէսը աշխատած է խորհրդային շրջանին եւ զուգահեռներ կը գծէ թէ՛ անցեալի եւ թէ այսօրուան լրագրութեան միջեւ:
«Խորհրդային մամուլը, անշուշտ գաղափարական անողոք կաշկանդումներու մէջ էր: Վստահաբար դուք դժուարութեամբ կը հաւատաք, որ ես ու իմ գործընկերներս, օրինակ, ձայնասփիւռով որեւէ հարցազրոյց հաղորդելէ առաջ պարտաւոր էինք ձայնագրութեան ամբողջ բովանդակութիւնը ծայրէ ի ծայր սղագրել (որքան ալ ան ծաւալուն ըլլար), նախապէս գրա-քըննիչներու դատին ներկայացնելու համար: Բացի այդ, որ կար այդ գրաքննութիւն կոչուածի ամենատես աչքը, շատերուս մէջ հասկնալի պատճառներով արդէն բնակութիւն հաստատած էր նաեւ ներքին գրաքննիչը ու մենք միայն կրնայինք երազել ազատ մամուլի մասին:
Անկախութենէն ետք շատ կաշկանդումներ, արգիլուած թեմաներ վերացան, անշուշտ, բազմակարծութեան հնարաւորութիւն տրուեցաւ: Բայց չեմ կրնար ըսել, թէ իսկապէս ազատ է մեր մամուլը: Բացայայտ է, որ նիւթական ու կուսակցական կախուածութիւն կայ, նոյնիսկ ժողովուրդի մէջ կը խօսին այսպէս՝ «այս մարդու հեռուստաաալիքը»: Իսկ ասոնք բնականաբար, մեզ այդ ինչ մարդու «ճշմարտութիւնը» կը ներկայացնեն նախեւառաջ, եթէ որեւէ մեէկը կը գովաբանեն կամ կը փնովեն՝ շատ պարագաներու մանաւանդ անոր վերաբերմունքը կ՚արտայայտեն: Իմ կարծիքով, այսօրուան թերթերու ու միւս լրատուամիջոցներու մէջ քիչ են իսկապէս անաչառ, սրտացաւ, առանց յետին միտքի հրապարակումները: Երբեմն կարեւոր, օրախնդիր որեւէ հարցի, այնպիսի չարախնդութեամբ, հեգնանքով (նոյնիսկ երբեմն հրճուանքի հասնող) կ՚անդրադառնան, որ կարծես հեղինակը առանձնապէս չի հետաքրքրեր անոր լուծումը, կարեւորը այդ առիթով իր ինքնադրսեւորումը ըլլար… Մեր մամուլին այսօր կը պակսի բարութիւնը (որ խորհրդային մամուլին մէջ կար անպայման), ինչպէս նաեւ չափի զգացումն ու անաչառութիւնը: Շատ ցանկալի է, որ դրական լիցքեր պարունակող, մարդկոց լաւատեսութիւն ներշնչող հրապարակումները աւելնան, որքան որ ալ մեր կեանքը, այո, լի է հոգերով ու խնդիրներով… Իսկ մեր մամուլէն ու հեռուստատեսութենէն գրեթէ վտարուած են գրականութիւնն ու արուեստը, անշուշտ հաճելի բացառութիւնները յարգելի են, այդ մէկը արդէն ակնառու է: Այնտեղ միայն շոու պիզնըսի ներկայացուցիչները մենաշնորհ ունին կարծես»:
ԱՅՍՕՐ...
Ի՞նչ մտորումներ ունի գրողը 21-րդ դարու սկիզբին, անցնելով 60-ամեայ ճանապարհ մը՝ անցեալ համակարգէն հասնելով եւ տեսնելով անկախ Հայաստանի օրերը:
«Այսօր, այսպէս ըսած, խաղաղած եմ, կարնամ խոհականօրէն վերաբերիլ երեւոյթներուն: Գիտեմ, հասկցած-ընդունած եմ, որ կեանքը տօն մը չէ միայն, ոչ ալ աշխարհն ու մարդիկ՝ կատարեալ: Եւ, ուրեմն, անիմաստ է տեղի-անտեղի «վաշ-վիշ» ընելը կամ հայհոյելը: Քեզմէ առաջ ապրած են, չէ՞, այս անկատար աշխարհին մէջ ու կրցած են ստեղծել, արարել, ամէնքն ալ իր չափով գեղեցկացնել զայն, որեւէ հետք ձգել իրենցմէ յետոյ… Դուն ալ քու բաժինդ ըրէ, եթէ կրնաս (ոչ ոք աննպատակ կու գայ այս աշխարհ), իրականացուր քեզի տրուած հնարաւորութիւնները, քու չափովդ աւելցուր գեղեցիկն ու բարին… «Խաղաղ անցիր, ուրախ անցիր երկու օրուան այս ճամբէն»: Մէյ մըն ալ այսօր ես ինծի կը ձգեմ փոքր ինչ հակառակիլ Տոստոեւսքիին, որ ըսած է «Գեղեցկութիւնը կը փրկէ աշխահրը»: Իմ կարծիքով՝ ո՛չ թէ գեղեցկութիւնը, այլ՝ բարութիւնը կը փրկէ աշխարհը: Կամ գուցէ՝ երկուքը՝ միասի՛ն»:
ԽՕՍՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ
«Ես երիտասարդներուն կը մաղթեմ աշխուժութիւն, նպատակասլացութիւն, իրենց ցանկութիւններու, երազանքներու իրականացման ճանապահին: Անշուշտ, մեր սերունդին համեմատ, առաւել բարդ ու դժուարին ժամանակներու մէջ կ՚ապրին անոնք, բայց զերծ են այն կաղապարներէն, սահմանափակումներէն ու կաշկանդումներէն, որոնց մենք ենթակայ էինք: Այս մէկը շատ կարեւոր առաւելութիւն մըն է: Մեր իրականութեան մէջ ես կը հանդիպեմ երիտասարդներու, որոնք գործունեայ են, աշխատասէր, յամառ ու շրջահայեաց: Անոնք չեն խուսափիր, չեն ընկրկիր դժուարութիւններէն, ընդհակառակը՝ այդ դժուարութիւններուն մէջ կը կոփուին, իրենց մէջ նոր հնարաւորութիւններ ու որակներ կը յայտնաբերեն: Եւ պատահական չէ, որ լուրջ ձեռքբերումներու կը հասնին իրենց ընտրած ոլորտներուն մէջ: Բայց, ցաւօք, քիչ չեն նաեւ այնպիսիներ, որոնք շուտ կը տկարնան, կը բողոքեն ու կը տրտնջան միայն, առանց մատը շարելու, պատճառներ կը գտնեն ու կը յօրինեն իրենց անգործութիւնն ու անյաջողութիւնները արդարացնելու համար: Ես շատ կը փափաքէի, որ վերջիններս ոչ թէ նախանձին իրենցմէ նախկիններուն, այլ սորվին, օրինակ առնեն անոնցմէ, չարանալու, բամբասելու փոխարէն՝ պարզապէս լռին, չյայտարարուած, գեղեցիկ մրցակցութեան մէջ մտնեն անոնց հետ: Եւ յաջողութիւնը շատ չ՚ուշանար: Իմ ամենասիրած ասոյթներէն մէկն է. «Փափաքիլ՝ կը նշանակէ կրնալ»: Ու իմ կեանքի ճանապարհին ընթացքին մէկ անգամ չէ, որ սեփական փորձով համոզուած եմ այս ասոյթին գծով: Բայց խօսքը, ի հարկէ, ոչ թէ պարապ տեղ երազելու, այլ իրապէս փափաքելու, ողջ էութեամբ, ներքին մղումով ու հնարաւորութիւններով քու նպատակներուն նուիրուելու մասին է: Մեր երիտասարդներուն կ՚ուզէի խորհուրդ տալ նաեւ, որ որքան ալ տարուած ըլլան համացանցով ու այլազան հեռուստաալիքներով, օրուան մէջ գոնէ փոքրիկ բաժին մը մշտապէս ընթերցանութեան յատկացնեն, առհասարակ ժամանցային զուարճութիւններէ զատ, նաեւ հոգեւորով ապրելու վարժեցնեն իրենք զիրենք: Այդ մէկն է ինքն իրմէ բարձրանալու, լիարժէք մարդ ըլլալու, կեանքի գեղեցկութիւնները տեսնել-զգալու, ապագային արժանաւոր սերունդ դաստիարակելու երաշխիքը»:
ՈՐՊԷՍ ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ Լեւոն Պլպուլեան սա միտքը արտայայտած է.
«Երբ ես զբաղած չեմ, ձեռնարկած չեմ որեւէ օգտակար, հաճելի գործի, իմ օրը «խորթ մօր» կը նմանի: Եւ հակառակը՝ ինքզինքս հարազատ մօր գիրկին մէջ կը զգամ, երբ այդ օրը, օրինակ, լաւ բանաստեղծութիւն մը գրած կամ թարգմանութիւն կատարած կ՚ըլլամ, կամ որեւէ օրախնդիր յօդուածի վրայ կ՚աշխատիմ»:
Դատելով ստեղծագործական անոր վաստակէն՝ պարգեւներէն ու ձեռքբերումներէն (քսանէ աւելի բազմաժանր գիրքեր, զանազան երգահաններու հետ գրած երկուհարիւրէ աւելի երգեր, տասնեակ թերթ ու ամսագրերու մէջ սփռուած հարիւրաւոր յօդուածներ, բազմաթիւ ձայնասփիւռային հաղորդումներ, Վլատիմիր Վիսոցքիին նուիրուած հեռուստատեսային բեմագրութիւն), պէտք է ենթադրել, որ անոր օրերը հազուադէպ նմանած են «խորթ մօր»։ Ան միշտ հաւատարիմ եղած է կարեւոր մէկ նշանաբանին՝ «Ամէն նոր օրուան քեզմէ որեւէ բան պիտի տաս ու անկէ անպայման որեւէ բան պիտի ստանաս»։ Հաւատարիմ է, եւ այսօր ատոր վառ ապացոյցն են միայն վերջին երկու տարուան մէջ ռուսական ժամանակակից քերթողութենէն կատարած թարգմանական չորս գիրքերը, որոնց համար, ան արժանացաւ «Կանթեղ» թարգմանական մրցանակին:
Նոր երգեր ալ կը ծնին: Վերջին տարիներուն մանաւանդ աշխոյժ կը գործակցէր խմբավար ու երգահան Կոնստանդին Օրբէլեանի հետ: Կ՚ըսէ, որ նուիրական ցանկութիւն մը ունէին, վարպետին հետ որոշած էին երգ մը ստեղծել, այնպիսի ստեղծագործութիւն մը, որու մէջ թէ՛ ցաւն ու ընդվզումը ըլլան եւ թէ մեր ազգի յարա-տեւութիւնը, լուսաւոր գալիքի հաւատը: Աւա՜ղ, Կոնստանդին Օրբէլեան մէկ տարի առաջ անսպասելի հեռացաւ կեանքէն ու չկրցան լրացնել ծրագիրը: Ահա թէ ինչու սիրով ու պատրաստակամութեամբ ընդունեց սիրուած երաժշտահան Արա Գէորգեանի՝ նոյն այդ նիւթով երգ ստեղծելու առաջարկը: Իր այդ բոլորովին նոր ստեղծած երգի մասին Լեւոն Պլպուլեան կ՚ըսէ.
«Կը կարծեմ, մենք կարողացանք ստեղծել ճիշդ այնպիսի երգ մը, զոր կ՚երազէր մասին մաէսթրօ Օրբէլեան: Այն պարզապէս հրաշալի հնչեց «Արամ Խաչատրեան» մեծ համերգասրահին մէջ կայացած համերգին ընթացքին՝ Յովհաննէս Չեքիճեանի երգչախումբի կատարմամբ, ու հանդիսատեսը շատ տպաւորուած էր: Իսկ այժմ արդէն ըստ երգի տեսահոլովակ կը նկարահանուի»:
Այս տարի ան երկու նոր երգ գրած է նաեւ Երուանդ Երզնկեանին հետ, ռազմահայրենասիրական թեմայով: Երգերու առաջին կատարումը կայացած է Օփերայի եւ պալէի թատրոնի դահլիճին մէջ՝ Հայոց բանակի տարեդարձի առթիւ կայացած շքեղ համերգի ժամանակ:
Լեւոն Պլպուլեան սիրով ու հաճոյքով կը շարունակէ համագործակցիլ նաեւ սիրելի քրոջ՝ երգահան Ժաննա Պլպուլեանին հետ: Երեք նոր երգ ստեղծած են միասին: Բոլորովին վերջերս «Անտարես» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց անոնց համատեղ գործերու ընտրանին՝ «Սիրոյ ու նուիրումի երգեր» խորագրով:
Իսկ յառաջիկային հաճելի ու պատասխանատու իրադարձութեան մը կը սպասուի բանաստեղծէն։ Անցեալ տարեվերջին, երբ իր էջը ունեցաւ քերթողութեան Poetasdelmundo միջազգային կայքին մէջ՝ ռուսերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն հրապարակումներով, կարճ ժամանակ վերջ հրաւէր ստացաւ Պուտափաշտէն եւ, ահա, Յուլիսի սկզբին կը մասնակցի այնտեղ կայանալիք բանաստեղծութեան Curtea de Argeş Poetry Nights փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ արդէն 29-րդ անգամ ու հետաքրքրական յագեցած իր ծրագրին մասնակից կը դարձնէ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած եօթանասունհինգ բանաստեղծները: Հեղինակաւոր ու ներկայացուցչական այդ փառատօնը, հանդիպումը աշխարհի երկիրներու բանաստեղծներուն հետ, անշուշտ ստեղծագործական նոր լիցքեր կը հաղորդէ մեր զրուցակցին, ծնունդ կու տայ նոր, թարմ յղացումներու:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ