ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ(1). ՏԻՐԱՆ ԵՐԳԻԾԱՆԿԱՐԻՉԸ
Անհրաժեշտ հատոր մը, արդարութիւն ընելու համար տաղանդաւոր երգիծանկարիչի մը, որ կէս դար տիրական - թերեւս լաւ է ըսել՝ Տիրանակա՛ն - ներկայութիւն մըն էր լիբանանեան ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ։ Փայլուն դէմք մը, որ լոյսի կը բերէր երկրին եւ մարդոց ստուերոտ երեսները, իր այնքան ինքնուրոյն մօտեցումով։ Ան նաեւ իր մնայուն տեղը ապահոված էր հայկական արուեստի պատմութեան մէջ եզակի ստեղծագործութիւններով։
Հատորին խմբագիրն է երգիծանկարիչին աղջիկը՝ արուեստաբան Սիլվիա Աճեմեան, որ Պէյրութի Սուրսոք թանգարանի խնամակալուհին է։
Դիւրին աշխատանք մը պէտք չէ եղած ըլլայ այս հատընտիրին պատրաստութիւնը, նկատի առնելով Տիրանի տասնամեակներու վրայ երկարող եւ տարբեր քաղաքական պայմաններու մէջ երկնուած բազմահազար եւ բազմաբնոյթ գործերը, որոնցմէ մասնաւոր խնամքով եւ գիտութեամբ յաջողօրէն ընտրուած են 250 գծագրութիւններ որպէս վկայութիւն անոր գրաւած առանձնայատուկ դիրքին։ Հատորին մաս կը կազմեն նաեւ, առանց խճողումի, ժամանակին Տիրանի մասին մամուլի մէջ լոյս տեսած մի քանի վկայութիւններ արաբերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն, այս վերջինը՝ Նշան Պէշիկթաշլեանի գրչին պատկանող (1948)։
Պարզապէս շնորհաւորելի է հատորին պատրաստութեան մէջ Սիլվիա Աճեմեանի ցոյց տուած հմտութիւնը։
Տիրան Աճեմեան ծնած է Հալէպ, Սուրիոյ պատմական քաղաքը, 1904-ին տիգրանակերտցի հօրմէ։ Յաճախած է տեղւոյն գերմանական դպրոցը։ Առաջին օրերէն իսկ իր ուշագրաւ գծագրութիւնները քաջալերուած են իր գերմանացի ուսուցիչէն, այնպէս որ Մեծ եղեռնին հետեւանքով Հալէպ հասած երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեան, բանաստեղծ Գէորգ Կառվարենց եւ բեմադրիչ Աշոտ Մատաթեան կը դառնան պատանիին երգիծա-նըկարչութեան անուանի դէմքերը։ Գերմանիա իր ուսումը շարունակելու ծրագիրը կը խանգարուի, երբ Պոլիս կը հասնի, իր հօրը յանկարծակի մահուամբ։ Հալէպ վերադառնալէ առաջ արդէն պատանի գծագրիչին տաղանդը կը նուիրագործուի, երբ Երուանդ Թոլոյեան իր համբաւաւոր «Կավռօշ» երգիծաթերթին մէջ մնայուն տեղ կու տայ անոր գործերուն։
Պոլսոյ մէջ շուտով երեւան կու գայ Տիրանին ուրիշ մէկ շնորհքը - թատերական արուեստը։ Այս առումով ան կը դրսեւորուի որպէս ամբողջական արուեստագէտ, որուն ներսիդին գծագրութեան հանդէպ ջերմ սիրոյն համազօր է փարումը թատրոնին։ Պոլսոյ մէջ Մատաթեան զինք 16 տարեկանին բեմ կը հանէ։ Հալէպի մէջ իր թատերական կեանքին մաս կը կազմէ Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»ուն բեմադրութիւնը։ Վերջին անգամ Պէյրութի մէջ, արդէն 55 տարեկան կը բեմադրէ Ալեքսանտր Տիւմայի (Հայր) «Քին» գործը(2)։ Իր մէկ ինքնաերգիծանկարը զինք կը պատկերէ փութկոտ՝ իր աշխատանքի ճամբուն վրայ, բայց նաեւ կլանուած՝ Եակոյի դերը սորվելով։ Խորքի պատին՝ Օթելլոյի ներկայացման որմազդը։ Իր թատերական կեանքին մէկ բնական դրսեւորումն է իր «Քաջ Նազար»ի հրատարակութեան առթիւ Պէյրութի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին, որպէս շնորհակալական խօսք Թումանեանի «Անուշ»էն հատուածի մը արտասանութիւնը։ 82 տարեկան է։ Սիլվիա Աճեմեան կը պատմէ իր հօրմէն յուզիչ պահ մը. իր կեանքին վերջին օրերուն՝ Տիրան որպէս հրաժեշտի խօսք իւրայիններուն - իր կնոջ՝ ֆրանսե-րէնի դասախօս եւ մամուլի աշխատակից Եոլանտ Աճեմեանին եւ աղջկան - ինքնաբուխ կ՚արտասանէ Կէօթէէն տողեր բնագրային գերմաներէնով, որ իր սկզբնական ուսանողական լեզուն եղած է. «… Այո՛ պիտի մեկնիմ… բայց, ա՜հ, սիրտս միշտ հոս պիտի մնայ»։
Հայ երգիծանկարչութեան մէջ երկու մեծութիւններ են Տիրան Աճեմեան եւ Ալ. Սարուխան, իրենց նմանութիւններով եւ յստակ տարբերութիւններով։ Անոնք սերնդակից են իրարու, երկուքն ալ ծնած են Պոլսէն կամ հայկական գաւառներէն դուրս, բայց երկուքն ալ ապրած եւ ստեղծագործած են Միջին Արեւելքի արաբական երկու երկիրներու հայահոծ գաղութներուն մէջ տեղական տարբեր ստիպողական պայմաններու տակ։ Երկուքն ալ իրենց արուեստով տասնամեակներ դրոշմած են երկրին քաղաքական եւ ընկերային կեանքը։ Բաղդատութիւնները հոս կանգ պէտք է առնեն, նշելէ ետք, թէ բացի խառնուածքի, ոճերու եւ մերձեցումի բացորոշ զանազանութիւններէ, Սարուխանի դերն ու ազդեցութիւնը եզակիօրէն ծանրակշիռ եղած է համահայկական ընկերային եւ քաղաքական նժարին վրայ, իսկ մշակութային կալուածին մէջ անոնք երկուքը կը կանգնին որպէս անկորնչելի տիտաններ՝ հայկական գանձարանի իրենց կալուածին մէջ։
Տիրան Հալէպէն Պէյրութ կը փոխադրուի 1926-ին եւ շուտով մաս կը կազմէ լիբանանահայ եւ ապա, իր աշխատակցութիւններուն շնորհիւ, տեղական շաղախին։ Ժամանակի ընթացքին կ՚աշխատակցի արաբական, ֆրանսական, հայկական շուրջ 30 թերթերու։ Իր գծագրութիւնները ներկայ են տեղական երգիծաթերթերու մէջ, ինչպէս՝ «Ատ-Տապպուր», «Աս-Սայատ», կամ ֆրանսատառ օրաթերթերու մէջ, ի միջի այլոց՝ «Լ՚Օրիան», «Լը Սուար»։ Լիբանանի անկախութենէն ասդին (1943), իր երգիծանկարները պատմութիւնն են այդ երկրին եւ քաղաքական ղեկավարներու բարքերուն եւ դէմքերուն։ Ալպոմին մէջ տեղ գտած է իր յատկանշական մէկ երգիծանկարը, որ տիտղոսուած է «Օթէլ էթուալ» («Պանդոկ աստղ»)։ Լիբանանի խորհրդարանը կը գտնուի կեդրոնական Էթուալ հրապարակին վրայ եւ բառը որպէս հոմանիշ կը գործածուէր խորհրդարանին։ Գծագրութիւնը կը պատկերէ խորհրդարանի նախագահ Համատէն, որ «Պանդոկ» փոխադրել կու տայ բազմատասնեակ անկողիններ երկրին ներկայացուցիչներուն համար, ու նաեւ կ՚ապահովէ սպասարկումը ուտելիքներու, առանց մոռնալու սուրճն ու կլկլակը։ Համատէ այս կարգադրութիւնները կ՚ընէ որպէս գերագոյն խայծ՝ ապահովելու համար երեսփոխաններուն ներկայութիւնը տարեհաշիւի քուէարկութեան համար.- «Այս բոլորէն ետք եթէ դեռ այս պարոնները գոհ չեն»…։
Տիրան սկիզբէն հակում ունեցած է պատկերախումբի յօրինումներու։ Իւրաքանչիւրը չորս գծագրութիւններէ բաղկացած այդ դասակարգին կը պատկանի իր համբաւաւոր «Ղանթուսի արկածները», որ 1950-ին սկսած է լոյս տեսնել Տիգրան Թոսպաթի(3) «Le Soir» ֆրանսատառ օրաթերթին մէջ ամբողջ երեք տարի, բայց հատորով չէ հրատարակուած, հակառակ այն իրողութեան որ,- ինչպէս որ կը վկայուի,- Տիրան անոնցմէ ընտրովի պատրաստած է գունաւոր շարքեր եւ նոյնիսկ հատորին կողքը։ Ղանթուս լիբանանցի ուշիմ, որոշապէս սրամիտ եւ հնարամիտ, այլ եւ բարի տիպարն է։ Արտաքինով՝ գեղջուկ (ֆէս, շալվար, ձեռքին գաւազան եւ կամ համրիչ)։ Այդ շրջանի միջին քաղաքացին՝ անկաշառ եւ անխարդախ։ Ղանթուս կը պատկերէ լիբանանեան առօրեայի ընկերային եւ այլ ծռութիւնները։ Ան ժողովուրդին մէկ կենսախինդ երակն է, հասարակական բարքերու արթուն վկան, որ կը մատնանշէ կեանքի սղութիւնը, անարդարութիւնները, ընտրական խեղկատակութիւնները, խտրականութեան ոգին - ինչ որ արգիլուած է քաղաքացիի մը, օրինակ, արտօնուած է զինուորականի մը։
Հայկական գետնի վրայ Տիրանի դէմքերը կը կազմեն շքեղ ալպոմ մը։ Պատկերուած են մասնաւորաբար իր ժամանակակից գրողները, արուեստագէտները, մը-տաւորականները պերճախօս ինքնուրոյնութեամբ, ինչպէս՝ Վահան Թէքէեան, Մուշեղ Իշխան, Նշան Պէշիկթաշլեան, հարիւրեակ մը ուրիշ դէմքերու կարգին։ Գիրքերու կալուածին մէջ, Տիրանական պատկերազարդում մը առանձին երկի վերածած է Յովհաննէս Թումանեանի «Քաջ Նազար»ը(4)։ 150 գունաւոր գծագրութիւններէ բաղկացած սքանչելի հատոր մը, Նազարին երազած մեծութեան արժանի եւ անոր վայել։ Անշուշտ տաղանդաւոր արուեստագէտ մը, երբ այդ ճոխութեամբ «կը պատկերազարդէ» աւանդավէպ մը, առասպելը կը ստանայ նաեւ իր որոշ մեկնաբանութիւնը, կը դրսեւորուի նոր երանգաւորումով, կ՚ունենայ նաեւ իր առանձին կեանքը գրական հեղինակին կողքին։ Տիրան մեր համբաւաւոր հերոսը օժտած է իրմէ սպասելի թատերականութեամբ եւ նիւթին պերճութեամբ։ Հատուածէ հատուած, մթնոլորտը կը զօրանայ իր ուժականութեամբ։ Ալպոմ մը՝ որ հաճոյք կը պատճառէ որքան պզտիկին նոյնքան եւ առաւել վայելք՝ մեծին։ Յաջողութեան մաս կը կազմեն իր շարժուն եւ պերճախօս պատկերները, իրենց յստակութեամբ եւ անմիջականութեամբ։ Տիրան վաստակաւոր է նաեւ իր այլ արժէքաւոր պատկերազարդումներով։ Ցանկին մաս կը կազմեն Թումանեանի այլ գրութիւններէն «Երկինքը փուլ կու գայ» (1969, 23 նկար), «Անխելք մարդը» (1972, 55 նկար) եւ «Խօսող ձուկը» (1982), բանաստեղծ Գեղարդի «Հասկցողին շատ բարեւ»ը, (1979), Մուշեղ Իշխանի «Նամակ Կաղանդ Պապային»(5) (1980)։
Տիրանի հիւմըրը նուրբ է։ Ունի չափի զգացումը, որ հարցերուն մօտենալու լաւագոյն եղանակ մըն է իր մօտ։ Իրեն կը յարմարի հետեւեալ հասկացողութիւնը. «Երգիծանկարչութիւնը կը նմանի թուղթէ շատ բարակ պատի մը. եթէ չափի զգացողութիւնը չունենաս, շուտով կը պատռի»։ Թերեւս նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ երգիծանկարիչ բառը, իր տառացի եւ տարրական իմաստով, քիչ մը կ՚եղծանէ իր դէմքը եւ կրնայ շփոթեցնել զինք։ Ասով ըսել չ՚ուզուիր, թէ իր յիսնամեայ վաստակին մէջ չկան գործեր, ուր ան չէ դարձած խիստ, նոյնիսկ շառաչուն։ Բայց այդ կը պատահի բացառիկ պայմաններուն մէջ միայն, ինչպէս՝ 1939-1945 պատերազմի տարիներուն։ Կարելի չէ թաւշեայ ձեռնոցներով մօտենալ Հիթլէրներու, Մուսոլինիներու եւ անոնց նմաններուն։ Ամէն պարագայի, Տիրանի սլաքները մահացու նետեր չեն։ Իր զուարթախոհութիւնը յաճախ բարեկամական, բարեացակամ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, որքան որ երգիծանկարիչ մը կրնայ արտայայտել։ Այս ձեւով, իր գործերը կը դառնան «թեթեւ», «դիւրամարս»։ Թշնամութիւններ չեն գրգռեր։ Միւս կողմէ, ինք անհատապէս անսովոր երեւոյթ մը կը պարզէ. անձնական խօսակցութեան պահուն դէմ յանդիման կը գտնուիք շատ ջերմ, վճռական, յախուռն արտայայտութեան եւ դատողութեան տէր անձի մը հետ, որ սակայն իր գործին մէջ կը մեղմանայ, կը նրբանայ, եւ կը դառնայ այնքա՜ն ընտանի, «գործակից»։ Թերեւս այս է պատճառը, որ ան սիրուած եւ յարգուած էր անխտիր բոլորէն, նոյնիսկ այն պետական մարդոցմէ, որոնք չէին խնայուած։ Անոնց դէմքերը, ինչպէս ընդհանրապէս ուրիշներուն, չեն հասիր ձեւազեղծման, այլանդակման աստիճանի։ Նոյնիսկ տգեղ անձ մը գազանակերպ չի դառնար։ Ինք արտայայտուած եւ միշտ պաշտպանած է այն համոզումը, թէ երգիծանկարչութիւնը «պզտիկ արուեստ» չէ, եւ ան իր հաւասար տեղը ունի միւս բոլորի կողքին։ Այս բոլորով ըսել չ՚ուզուիր, թէ իր մօտ «մեղմութիւն» կը նշանակէ նպատակակէտի պակաս կամ համոզումի տկարութիւն։ Արուեստագէտը, որ է Տիրան, միշտ կ՚առաջնորդուի միտքէ մը, գաղափարէ մը, որ ի՛րն է։
Տիրան Աճեմեանի արուեստը գիծերու նրբագեղութիւնն է եւ գծագրական վայելչագեղութիւնը-էլէկանսը։ Անոնց ակնբախ յատկանիշը՝ տիրապետութիւնն է գիծերու, անոնց մաքրութիւնը, որ հիմը կը կազմէ իր արուեստին, նկարագիրը իր դէմքին։ Պիրկ, մաքուր, զտուած, յստակ եւ վերջնական գիծեր, որոնք էականը կը կազմեն իր յօրինումներուն։ Իր գիծերը առանց ընդհատումի կամ կտրատումի կը շարունակ-ւին մինչեւ լրում պարուրելով եւ դրոշմը տալով իր կերպարին։
Մակարդակներ եւ ձեւեր չեն ցայտեր գիծերու ցանցով, կամ մութ ու լոյսի խաղերով։ Խորութիւնները կը ստացուին միայն գիծերու շեշտաւորումներով։ Այսուհանդերձ նկարը չի հասնիր գիծերու ժուժկալութեան այն աստիճանին, որ դառնայ վերացական ոգեկոչում մի քանի թելադրական գիծերով. չեն անտեսուիր զգեստի մը ծալքերու թէկուզ շատ թեթեւ գիծերով (բացի Թումանեանի պատկերազարդումներէն, ուր անոնք անհետացած են)։ Բիւրեղացումի աշխատանքը չի տկարացներ կառոյցին ամրութիւնը, այլ կը ստեղծէ ոճաւորումը եւ կ՚ապահովէ գծագրութեան ուրոյնութիւնը, առաջին ակնարկով իսկ ճանաչելի դարձնելով ոչ միայն ենթակային ինքնութիւնը այլ նաեւ հեղինակինը, առանց իր ստորագրութեան։ Մեծ արուեստագէտ մը արդէն կը ձգտի հասնիլ այդ բարձրութեան։
Տիրան, Վարպետը, իր ուրոյն եւ ուսանելի պատուանդանը ունի մեր երգիծանկարչութեան ցանցառ փաղանգին մէջ։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
(1). DIRAN, Caricaturiste, (1904-1991), Beyrouth, Liban, 2017. Textes de Sylvia Agémian.
(2). Էտմընտ Քին (Edmund Kean, 1787- 1833) հռչակ հանած է որպէս 19-րդ դարու սկիզբի անգլիացի «աշխարհի մեծագոյն դերասան», առաւելաբար՝ մեծագոյն Շէյքսփիրեան դերասան։ Ան համբաւաւոր եղած է նաեւ բեմէն դուրս իր անձնական կեանքի անսանձ վարմունքով, բաժանուած՝ երկու ծանօթ սիրուհիներու միջեւ։ Տիրան Աճեմեանի ներկայացուցած «Քին»ը Տիւմայի գործին 1953-ի վերամշակումն է Ժան Փոլ-Սարթրի կողմէ։
(3). Dicran Tosbath (1909-2002). Լիբանանահայ ֆրանսագիր լրագրող։ 1947-ին կը հիմնէ իր «Le Soir» օրաթերթը։ 1951-ին եւ 1953-ին կ՚ընտրուի Խորհրդարանի երեսփոխան։ Կը մեռնի Գալիֆորնիոյ մէջ։ Իր կինն է Լիւսի Զարիֆեան-Թոսպաթ (1913-1987), քոյրը՝ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի եւ գրագիտուհի Սեզայի։ Թոսպաթները կը հիմնեն նաեւ «Այգ» (1953-1975) հայկական օրաթերթը (տնօրէնուհի՝ Լիւսի Թոսպաթ)։ Լիւսի մօրաքոյրն է Եոլանտ Աճեմեանի։
(4). «Քաջ Նազար, Nazar the Brave, Երգիծական աւանդավէպ», պատկերազարդեց Տիրան Աճեմեան, Պէյրութ 1986, 103 մեծադիր էջեր։
(5). Տիրանի գործերէն կողքի տակ ամփոփուած հրատարակութիւն մըն է նաեւ Լիբանանի նորահաստատ Պէլէմընտ համալսարանի հրատարակած հատորը, որ կ՚ամփոփէ արուեստագէտին շուրջ 80 գծագրութիւնները (2016)։ Համալսարանը հիմնուած է 1988-ին երկրին ուղղափառ յունաց պատրիարքին կողմէ։
ԳՐԻԳՈՐ ՔԷՕՍԷԵԱՆ
«Նոր Օր», Լոս Անճելըս
Յունիս 7, 2018, Հինգշաբթի