ԶՕՀՐԱՊԷՆ ԴԻՄԱՆԿԱՐՆԵՐ (Բ)

Մտաւորականներ Գրիգոր Զօհրապի «Դիմանկարներ» շարքին անդրադարձած են տակաւին Զօհրապ ապրած ժամանակ։ Ռուբէն Զարդարեան, օրինակ, «Մեղրագետ» ժողովածոյին մէջ (Պոլիս, 1914. թ., «Մեղրագետ», Զ. Գիր բարձրագոյն կարգերու համար) այդ դիմանկարներուն մասին գրած է.

«Իր նորավէպերուն շարքին հետ զուգահեռաբար՝ բոլորովին նոր սեռի մը՝ գրական դիմաստուերներու վրձնումն է, որ առաջին անգամն ըլլալով փորձած է Զօհրապ մեր մէջ՝ ներկայացնելով մէկ քանի յատկանշական գիծերու մէջ գրագէտներ ու հանրային գործիչներ, այնպէս՝ ինչպէս որ են անոնք, իրենց առաւելութիւններով եւ թերութիւններով. եւ իբրեւ դիմանկարիչ Գրիգոր Զօհրապ եւս մինչեւ այժմ մնացած է անմրցելի»:

Յակոբ Քիւֆէճեան (Յակոբ Օշական) դիմանկարներուն մասին Զմիւռնիա տպագրուած «Հայ Գրականութիւն» հանդէսին մէջ 1912 թուականին գրած է. «Զօհրապի ծանօթ դէմքերը նոր տեսակ է եւ այլապէս շահեկան գրականութեան մը նմոյշն են»:

Յետագայ ուսումնասիրողները նոյնպէս՝ Արշակ Ալպօյաճեան, Մինաս Հիւսեան, Ստեփան Շահպազ եւ այլք անդրադարձած են Զօհրապի դիմանկարներուն: Ստեփան Շահպազի այս գնահատականը, օրինակ, տպուած է Պէյրութ, 1959 թուականին՝ իր «Գրիգոր Զօհրապ» աշխատութեան մէջ. «Իր Ծանօթ դէմքերը՝ իրենց տեսակին մէջ, գրական եւ արուեստի իմաստով ալ, ետ չեն մնար եւ բարձրագոյն տեղերէն մին գրաւելու իր արտադրութիւններուն մէջ: Յայտնութիւն մը եղած էին անոնք մեր գրականութեան մէջ»:

Զօհրապ մօտէն ճանչցած է հերոսները, զորս նկարագրած է: Թովմաս Թէրզեանին, օրինակ, աշակերտած է, իսկ Հրանդ Ասատուրը իր աւագ դստեր՝ Տոլորէս Նուարդին կնքահայրն էր: Պոլսահայ հայագէտ, գրաքննադատ Հրանդ Ասատուրի դիմանկարը Զօհրապ ներկայացուցած է «Ծանօթ դէմքեր» խորագրի ներքոյ.

ՀՐԱՆԴ ԱՍԱՏՈՒՐ

Հեռուէն՝ բարձր ու պարթեւ հասակ մը որուն շքեղութեանը քով գլուխը, պզտիկ մնացած, աչքի չի զարներ։

Հագուստ ու կապուստ մը որ ընդունուած կանոններէ չի վրիպիր ու սովորական ըլլալէ դուրս չ՚ելլեր ոեւէ կէտի վրայ. քալուածք մը, որ զինուորական խրոխտութիւնը չունենալուն համար ոչ նուազ կանոնաւոր է, շարժուձեւեր որոնք բարեկիրթ մարդոց յատուկ օրէնքներէն եւ ոչ մէկուն դէմ կը մեղանչեն, եւ ինծի պէս՝ դիմացինին վրայ պակասութիւն գտնելու աշխատող ամենէն բծախնդիր ու պահանջկոտ մարդուն ջանքերն ի դերեւ կը հանեն։

Ամառ ձմեռ, առտու իրիկուն, ահագին ծրարներ, հսկայ դէզեր հայերէն լրագիրներու, հանդէսներու՝ որոնք իր երկու դիի գրպաններէն դուրս կը սպրդին, գլուխնին կը հանեն, կարծես շնչահեղձ չըլլալու սարսափով։ Շատ անգամ ալ տետրակներ, սեղմուած թեւին տակ, երբեմն գիրքերու ամբողջ հատորներ զորս տեղէ տեղ կը փոխադրէ ամէն օր, կը տանի կը բերէ, կը շտկէ, կը մաքրէ, կը գոցէ, կը բանայ, կը նօթագրէ։

Ատկէ անդին մնացածը՝ գեղեցիկ երիտասարդ մը, ուսեալ եւ պարկեշտ տղայ մը։

***

Գրականութեան մէջ՝ Հրանդը, ինչպէս կ՚անուանենք զինքը, մեր աշխարհաբարին դայեակը ու ստնտուն է. մի՛ զարմանաք էրիկ մարդ մը ստնտու տեսնելով. յորմէհետէ կանայք կը գրկեն արանց… մի՛ վրդովիք նորէն պարկեշտասուն հոգիներ, ասպարէզները պիտի ըսեմ միայն եւ ուրիշ ոչինչ, էրիկ մարդիկ ալ փոխադարձը ընելու, կանացի զբաղումները ձեռք անցընելու իրաւունքը ստացած են։

Աչալուրջ պահապանն է ան որ երախային ձեռքը կամ ոտքը ծուռ չի ձգելու երկիւղով կը փաթթէ զայն Քերականութեան մը կապերուն մէջ, այն աստիճան սեղմ եւ ուժգին, որ մանկիկը թեւը ճիւը երերցնելու անկարող, շատ հաւանականութեամբ պիտի աւանդէր հոգին՝ եթէ դիպուածով իր ճակատագիրը ըլլար այս երիտասարդին ձեռքը մնալ։

Թող տուէ՛ք, որ երիտասարդ բառը շարունակեմ գործածել իրեն համար որ ինէ տարու մը միայն պզտիկ է։ Շնորհ մըն է զոր կ՚ընեմ իրեն՝ երբ իրօք ես եմ որ անկէ կ՚օգտուիմ անուղղակի։ Հայ մեծատուններուն ազգին ըրած շնորհներու կարգէն է այս եւ ես հիմա մեծատունի հովեր սկսած եմ առնել. գիտցէ՛ք Ազնուաշուք կը գրեն ինծի Պատրիարքարանէն կամ Թաղ. Խորհուրդէն։ Ի՞նչպէս կատարուեցաւ այս աստիճանի բարձրացումը. գլուխս չեմ յոգնեցներ պատճառը գտնելու համար. բայց կը խոստովանիմ որ այս անակնկալը կը շոյէ ու կը գգուէ փառասիրութեան սատանան որ ներսիդիս կը բնակի։

Այս երիտասարդը ուրեմն, կարգի ու կանոնի սիրահար մըն է ամէն բանի մէջ։ Դիտած եմ սակայն որ այս սէրը խոտոր կը համեմատի միշտ ձեռներէցութեան ոգիին հետ որ անհատականութիւնները ու նկարագիրները կը կազմէ։ Կը կարծեմ որ այս հակումը պատասխանատուութենէ խուսափումէ ուրիշ բան մը չէ վերջապէս։ Շատ մը մարդիկ միմիայն անոր համար կանոնով կը շարժին, որպէսզի կարող ըլլան, ի հարկին, այդ կանոնին ետեւը ապաստանելու։ Մարդկային ամէն արարքները արդարացնելու համար դիւրին ու առաջուց գտնուած պատասխանն է ան։ Կամ թէ կոխուած ճամբան է, ուրկէ ուրիշներ, քենէ առաջ, տարիներով անցեր դարձեր են եւ ուրկէ դուն ալ, քու կարգիդ կը քալես, ոտքիդ տակ փոսի մը չի հանդիպելու ստուգութեամբ։ Առաջինը սակայն, որ այդ ճամբան բացաւ, քու այսօրուան ունեցած ստուգութիւնդ չունէր անիկա։ Քիչ մը վարանելով, քիչ մը խոհեմութեամբ, քիչ մը արիութեամբ, քիչ մը խելքով, քիչ մը տաղանդով, քիչ մը վնասուելով՝ քիչ մը վնասելով կոխեց այդ տեղին վրայ. ուրիշներ հետեւեցան անոր եւ ուղին հարթեցաւ այնքան որ տափակութիւնը եղաւ ուրկէ այսուհետեւ կուրաց, կաղաց, գօսացելոց անգամ ներելի է անցնիլ դառնալ։ Այդ է ահա կանոնը ինծի համար։

***

Ես որ համակ զարտուղութիւն եմ, այս չափուած ձեւուած մտքին հետ բարեկամ եմ միանգամայն, քսան տարուան բարեկամ մը, այնքան իրաւ է որ մարդս իր չունեցածին կարօտը կը քաշէ, այդ չունեցածը անոյշ կ՚երեւայ իրեն աչքին։

Ասոր համար թերեւս ամէն անգամ որ ճշմարտազանցութիւններուս խոնջէնքը կամ յարուցած վրդովմունքը կը զգամ, իսկոյն Հրանդին կը վերադառնայ միտքս։ Իր քարոզած անդորր ու խաղաղ սկզբունքները աչքիս առջեւ կուգան, յստակ ու վճիտ խօսքերը, անսեթեւեթ ոճը, անքննադատելի շարադասութիւնները ուր՝ տէր բային, սեռի խնդիրը, բայը եւ չեմ գիտեր ի՛նչը կարգով շնորհքով կը կենան, խելօք տղաքներու պէս, եւ որոց դէմ ըսելիք չեմ գտներ։

Հարկաւ, ակներեւ ճշմարտութիւնները վայելուչ ձեւով մը շարունակ կրկնելովը, Հրանդ իր գրուածքներուն մէջ կը շռայլէ քիչ մը տրամաբանութեան այն միջոցը զոր չեմ գիտեր ի՛նչու հասարակ տեղիք կը կոչեն ոմանք։ Հասարա՞կ, ի՞նչու համար արդեօք։ Բայց ամէն պարագայի մէջ, ասով հաւատարիմ կը մնայ իր կոչումին, իր ուխտին պիտի ըսէի, որ է դէմի մարդուն քննադատութեանը տեղի չի տալ, մարդու հետ չի գժտիլ։

Ինքը, որ ամէնուն բարեկամն է ի հարկէ կը բաղձայ որ ամէնն ալ իրեն բարեկամ մնան։

Ես երանի կուտամ իրեն. ատելութենէ անմասն եղող իր հոգիին վրայ կը նախանձի իմինս որ չարութեամբ լեցուն է։ Ես միայն սրտմտիլ ու խնդալ գիտեմ. սահմանափակ ու նախնական գիտութիւն։ Հրանդը գիտէ ժպտիլ անոնց դէմ որոց ներելի չէ ծուռ նայիլ. ժպիտ՝ որ դրուատիք է, պարսաւ է, այո՛ է, ո՛չ է, ամէն անհաշտ բառերու ամենէն հեշտ խտացումն է. Հրանդն է վերջապէս, հսկայ հակասութիւն մը։

Իր համբերող սրտին, ամէն հակասութեանց մէջ հաշտութիւն գոյացնելու ճգնող ճարտարութեան վրայ կը զմայլիմ միշտ. եւ այդ շնորհիւ իր ձեռք բերած ընդհանուր համակրութիւնը՝ բոլոր հոգիովս, ներսէս, կամաց մը կը վաւերացնեմ, վախնալով որ ինէ եկող յայտնի վաւերացում մը այդ համակրութիւնը չի պակսեցնէ իր շուրջը։

***

Եւ ահա այդ ընդհանուր համակրութեան մթնոլորտին մէջ Հրանդ կը շարժի, կը գրէ, կ՚օրագրէ, կ՚ուսուցանէ. երբեմն կը քննադատէ, իր ամենէն անոյշ ժպիտը պարզած իր դէմքին վրայ եւ չի յաջողիր մէկու մը սիրտը կոտրել։

Ապիկարներ կան որոնք ոտք կոխած տեղերնին անպատճառ բան մը կը կոտրեն, կը թափեն. ես ատոնցմէ եմ. ուրիշներ՝ ապակիէ, բիւրեղէ առարկաներով լեցուն խանութի մը մէջ կը մտնեն ուր, ամէն քայլափոխի, ամէն շարժումի, հազար նուրբ դիւրաբեկ ու թանկագին բաներ - անձնասիրութիւններ - կոտրելու ստուգութիւնը կայ. եւ ահա քաջարուեստ լարախաղացի պէս հոն կը շարժին անոնք, կ՚երերան, կ՚անցնին, ետ կը դառնան, իբրեւ թէ լայն ու ամայի հրապարակի մը մէջ միս մինակ ըլլային։

Ասիկա ինքնածին յատկութիւն մըն է ու սորվելով չի ստացուիր։

***

Հրանդ Ասատուր իրաւագէտ մըն է, բայց փաստաբան մը չէ. մարդը բովանդակ՝ այս զանազանութեան մէջն է։ Դուն ուրեք, չըսելու համար երբեք, ի գործ կը դնէ իր արուեստը. իր ուսումը վայելող մը ու վայելցնող մը չէ. ագահ ու կծծի մարդու մը պէս որ իր հարստութեանը տէրը չէ։ Այս էապէս վէճի, պայքարի, կրքի, երբեմն նախատինքի կեանքը չի պատշաճիր իր հեզահամբոյր սովորութեանցը. ծանր բառեր ըսելու եւ լսելու վարժութիւնը չունի։

Հրապարակագրութեան մէջ՝ իր եղանակն է ընտրել այնպիսի նիւթեր որոնք իրեն դէմ ընդդիմախօսներ յարուցանելու բնութիւնը չունենան։ Այս մտահոգութեամբ, ատեն մը վարանելէ ետքը, Պատանեկան Ներշնչումներու հեղինակը վերջ ի վերջոյ կանգ առած է տեղ մը, իր ընտրած առանձին մէկ անկիւնը որ իր սեպհականութիւնն է ալ. աշխարհաբար լեզուի Քերականութիւնը եւ վերջացող դարուն մէջ Պոլսոյ Հայոց վիճակին վրայ ուսումնասիրութիւններ՝ իր ճիւղը կը կազմեն։

Այս ըստ երեւոյթին անփառունակ ու անվարձահատոյց վաստակին մէջ՝ Հրանդ Ասատուր խղճամիտ եւ ուշիմ տոկունութիւն մը ի հանդէս կը բերէ, ինքնիրեն եւ, քիչ մը ինքն իր գլխուն, պրպտելով, քակելով, քակռտելով հանգոյցները, լուծելով առեղծուածները, փնտռելով եւ երբեմն գտնելով, ո՜վ երջանկութիւն, կանոններ, իր սիրական կանոնները մեր լեզուին Քերականութեան, հաւաքելով ժողվելով ասոնք ամէնքը, ամէն մէկին etiquette-ները դնելով, թանգարանի մը մէջ զետեղելու պէս։

Պատմական նիւթերու վրայ իր պատրաստած նմոյշներէն դատելով, իր աշխատութիւնը՝ անուններու ու թուականներու ժողովածու մըն է զոր կարդացողը հին գերեզմաննոցէ մը դուրս ելլողի տպաւորութիւնը կ՚ունենայ։ Իր մեթօտը, որ ամէն հաւաքածուի սիրահար մեթօտն է, համբերութեամբ ու մանրամասնութեամբ ձեւացած է։

Կարծեմ թէ բանասիրութիւնը ասիկա չէ բոլորովին։ Ապա թէ ոչ, շատ դիւրին պիտի ըլլար բանասէր կոչուիլը. ըստ իս, ոչ այնքան հաւաքելու որքան դատելու մէջն է անիկա. ոչ այնչափ կարդալու որքան իմաստը հանելու մէջ, ոչ այնչափ կանթեղները քովէ քով շարելու բազմապատկելու՝ որքան զանոնք վառելու մէջ։

Այս վերապահումներով հանդերձ, իր աշխատութիւնները Աբրահամ Այվազեանի մը մասալներուն չեն նմանիր, ո՛չ հեռուէն ո՛չ մօտէն. ամենէն մաքուր ու ազնիւ նիւթը, ապիկար ու անվարժ մարդու մը ձեռքն ինկած, ծիծաղելի շինուածք մը կ՚արտադրէ. միեւնոյն նիւթը ձեռնհաս մէկու մը շնորհիւ թանկագին բան մը կ՚ըլլայ։

Այս պարապմունքին մէջ Հրանդ Ասատուր՝ ա՛լ մարդու սիրտ կոտրելու վախը չունի. իր գրելիք ու պատմելիք դէմքերը շատոնց մեռած գացած մարդոց դէմքերն են. այսու հանդերձ իր գրիչը, նոյն իսկ այս մեռնողներուն համար, միշտ զգոյշ ու մեղմ է, առօրեայ կեանքէն առնուած ծալքով մը, ստացուած վարժութեամբ մը. երկաթ չէ անիկա, այլ հնօրեայ փետուրը որ կը փայփայէ այն միջոցին անգամ ուր խայթելու կը ջանայ։

Հրանդ Ասատուր իր այս սահմանին, ու այս պզտիկ բայց իրօք լայն անկիւնին մէջ տեղաւորուած, կը պահանջէ որ իր հեղինակութիւնը ճանչցուի։

Կռնակը տուած գրադարանին, որ կարծեմ ամենէն ճոխն է իր տեսակին մէջ, լեզուական ու բանասիրական նիւթերու մագիստրոսն ըլլալու ճամբան բռնածի պէս է, ինչպէս Մկրեան Հայրն ալ քահանայութեան դասինն է ատենէ մը ի վեր։ Իր միամիտ ու անխարդախ համոզումն է որ մենք Հայերս իրեն կը պարտինք քիչ մը մեր լեզուական կանոններով։ Սահակ Մեսրոպի նման գիւտ մը ըրած ըլլալու չափ սնապարծ չէ. բայց թանկագին ու ծածկուած հնութիւն մը երեւան հանող գիտնականին արդար հպարտութիւնը ունի անիկա։

***

Քսան տարի առաջուան աղուոր տղայէն, որուն համար աղջիկները հոգի կուտային, հիմակուան դեռ առոյգ, միշտ աղուոր, բայց քիչ մը դահացած մարդուն գալու համար, ի՜նչ փոփոխութիւններ։ Այն ժամանակի ոսկեզօծ շրջանակէն, որ իր պատանի ու խարտեաշ բանաստեղծի դէմքը կը պարուրէր, մինչեւ մատենագրութեան ուսուցչի պատկերը, որ այսօրուան իր պատկերն է, ի՜նչ ուղեւորութիւն. եւ մինչեւ Հիւանդանոցին օրացոյցին հեղինակը ի՜նչ խոտորում։

Կիները մանաւանդ, անոնք որ աղուորը աղէկէն կը նախընտրեն հարկաւ չի պիտի հասկնան եւ չի պիտի ներեն երբեք ասիկա, երբ ես, որ էրիկ մարդ եմ, ես անգամ չեմ ներեր իրեն։

Իրեն վախճանը շատ դիւրին է ճշդել. հիմակուց կը տեսնեմ զինքը ահագին ձեռագիր մը թեւին տակ, որ Իզմիրեանց Մրցանակի Յանձնաժողովին կը մօտենայ։ Վերջին դարու մէջ Պոլսահայոց մտաւորական զարգացման պատմութիւնն է այս երկը, որուն կմախքը մասամբ մը հրատարակած է արդէն։

Ասկէ օգտակարագոյն գործի մը չէր կրնար սահմանուիլ այս մրցանակը որ արդար վարձատրութիւն մը պիտի ըլլայ հեղինակին եւ պսակումը իր գրական փառասիրութեան։ Ատկէ անդին, ապագան ոչինչ կը վերապահէ Հրանդին համար։ Մոռցայ ըսելու որ Պարոնեանի Կենսագրութիւնը պիտի աւարտէ օրին մէկը. բայց այս գործը լուրջ մարդոց շրջանակին մէջ, անոնց՝ որոնց կարծիքին մէծ կշիռ կ՚ընծայէ ինքը, միեւնոյն ընդունելութիւնը չի պիտի գտնէ. յետոյ ուրիշ դառնութիւններ պիտի յաջորդեն ասոր. Զօրայեանի Կենսագրութիւնը զոր Հրանդ իր ծերութեան օրերուն մէջ պիտի աւարտէ, թշնամիներ պիտի յարուցանէ իրեն դէմ, բան մը զոր Հրանդ մինչեւ այդ ժամը ճանչցած չի պիտի ըլլայ։ Հոն՝ ուր վերջին անխառն ու մնայուն սփոփանքը վերապահած պիտի մնայ իրեն, նորէն Հիւանդանոցի օրացոյցը պիտի ըլլայ, ուր այս գրագէտը ճարտարութեամբ պիտի սպրդեցնէ իր բանասիրական յօդուածները, բաթաթէսի տապկածի մը եւ շագանակի անոյշի մը մէջտեղ։

Ապագային Տէր Երեմիան պիտի ըլլայ անիկա, անոր պէս կառչած իր ժամանակագրական հմտութեանցը եւ անոր պէս՝ սպիտակ բայց միշտ ազդեցիկ մօրուքը ձեռքը բռնած։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2020