ՍԹԵՖԱՆ ՑՎԱՅԿԻ ԴԺՈՒԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՆ ՈՒ ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿԸ

Աւստրիացի գրող Սթեֆան Ցվայկ երկար տարիներ ապրած է նացիներու ճնշման տակ եւ չդիմանալով Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի հետեւանքներուն, ինքնասպան եղած է կնոջ հետ։

Աւստրիացի յայտնի հեղինակը ծնած է 1881 թուականին, Վիեննայի մէջ։ Ան շրջած է գրեթէ ամբողջ աշխարհով։ Ան սկսած էր համբաւ ձեռք բերել իր շատ յաջող գործերով։ Ցվայկ կ՚արտադրէր մեծ գրական ժառանգութիւն։ Ի հարկէ, այս իրավիճակը նախընտրելի չէր նացիներուն համար։ 

Նացիներու թշնամանքը Սթեֆան Ցվայկի նկատմամբ հետզհետէ կ՚աճէր եւ անոր գիրքերը նացիներու այրած առաջիններէն էին։ Ժամանակի ընթացքին այս իրավիճակը ծնունդ տուաւ իր գործերու հետախուզման ու գրաքննութեան եւ Ցվայկ փախաւ Լոնտոն՝ իր ետին թողլով նոյնիսկ իր ընտանիքը։ Ան ամուսնալուծուեցաւ, իսկ յետոյ երկրորդ անգամ ամուսնացաւ Լոթթէ Ալթմընի հետ եւ միասին շարունակեցին ճամբորդել։ 

Իր ամենայայտնի գիրքերէն «Ճատրակ»ի եզրափակիչ մասը կը ցոլացնէ հեղինակի 1942 թուականի սկիզբի տրամադրութիւնը։ Յուսահատութեան ճիրաններուն մէջ Ցվայկ մխիթարութիւն կը փնտռէր իր ամենասիրած գրողներուն՝ Կէօթէի, Հոմերոսի, Շէյքսփիրի երկերուն մէջ։ Ան պատահաբար կը ծանօթանայ Մոնթէյնի «Փորձեր» ստեղծագործութեան։ Մոնթէյն կը փափաքէր ազատ ըլլալ մահուան առջեւ։ Իսկ Ցվայկ մահը կը համարէր նացիներէն ազատելու միակ միջոցը։ 

Եթէ կարդաք անոր կենսագրութիւնը, նաեւ ապրումները, ապա կրնաք աւելի տարբեր տրամաբանութեամբ ընկալել հեղինակի գրածներն ու արտայայտած գաղափարները։ 

1942 թուականի փետրուարի 14-ին Ցվայկ իր կողակցին հետ Պրազիլ կ՚երթայ՝ Ռիոյի փառատօնը դիտելու։ Սակայն անոնց անդորրը շատ կարճ ժամանակի մէջ կը խանգարուի այն ատեն, երբ թերթերէն հաղորդ կը դառնան, թէ նացիները Սուէզի ջրանցքին մօտեցած են եւ կու գան Լիպիա։ Սթեֆան Ցվայկ կնոջ հետ կը վերադառնայ Պրազիլի իրենց բնակարանը՝ առանց փառատօնը դիտելու։ 

1942 թուականի փետրուարի 23-ի առաւօտուն, ննջասենեակի դուռը կը բացուի ոստիկանութեան կողմէ եւ այդտեղ կը գտնեն Սթեֆան Ցվայկն ու Լոթթէ Ալթմընը։ Անոնք «Վերոնալ» կոչուած դեղամիջոց գործածելով վերջ տուած էին իրենց կեանքին։ Իսկ դասաւորուած սեղանի վրայ դրուած էին հրաժեշտի նամակներ։ Անոնց շարքին կար «Յայտարարութիւն» վերնագրով նամակ մը՝ ուղղուած Փեթրոփոլիսի կուսակալին.

«Պարտք կը զգամ կատարել վերջին պարտականութիւնս՝ նախքան կեանքէ կամաւոր եւ գիտակցաբար հեռանալը։ Պէտք է անկեղծօրէն շնորհակալութիւն յայտնեմ Պրազիլին. այն հիանալի երկրին, որ այդքան սիրալիր եւ հիւրընկալ ձեւով ընդունեց զիս եւ իմ աշխատանքները։ Ես սորված եմ ամէն օր աւելի ու աւելի սիրել այս երկիրը։ Չէի կրնար այլ վայր մը երեւակայել իմ կեանքս վերակառուցելու համար, երբ կործանուեցաւ այն աշխարհը, ուր իմ լեզուն կը խօսուի եւ ինքնաոչնչացաւ Եւրոպան։ 

«Բայց եւ այնպէս, 60 տարեկանէն յետոյ կեանքի վերստին սկսելու համար անհրաժեշտ են յատուկ ուժեր։ Ուժերս սպառեցան իմ երկար տարիներու անհայրենիք ճանապարհորդութիւններու ընթացքին։ Ուստի, կը կարծեմ, ամենալաւն է, որ կեանքս աւարտեմ ժամանակին եւ ճիշդ ձեւով։ Իմ ամբողջ կեանքի ընթացքին իմ հոգեւոր հետազօտութիւնները եղած են իմ հաճոյքի ամենամեծ աղբիւրը, իսկ անձնական ազատութիւնը՝ իմ ամենաբարձր արժէքը։

«Ողջո՜յն իմ բոլոր ընկերներուն։ Թող անոնք արժանանան տեսնելու երկար գիշերէ մը յետոյ արեւածագի կարմիր երանգը։ Ես կանխաւ հրաժեշտ կու համ՝ իմ սովորական անհամբերութեամբ»։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2022