ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ՝ ՄՇՏԱԲԱՐԲԱՌ ՅՈՒՇԱՐԱՐ

Ս. Մեսրոպի լուսաբաղձ աչքերուն մէջ առաջին անգամ ճառագայթեցին հայկական տառերը։ Աչքերէն անոնք իջան գիրի որոնումէն մաշած մատներուն, ուրկէ ձեւ առին հայերէն բառերը մագաղաթին վրայ.

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ  իմանալ զբանս հանճարոյ»

Ասկէ ետք, Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ իրենց աշակերտներուն հետ զարկ տուին հայկական դպրութեան եւ դաստիարակութեան։ Շարունակ դըպ-րոցներ բացուեցան, ուսուցիչներ պատրաստուեցան եւ հայ լեզուն՝ իր աստ-ւածաքանդակ տառերով, մեծ խանդավառութեամբ սկսաւ հնչել ամէնուրեք։ Ապա ծնունդ առաւ ծէսը, հայկական գիրն ու մշակոյթը, մատենագրութիւնը, այլ խօսքով՝ հայ ժողովուրդի քաղաքակիրթ էութիւնը։

Հայ գիրը չեղաւ միայն գիրերու գիւտը նշանաւորող, այլ՝ փրկութեան ոսկեդար մը եւ սրբազան խորհրդանիշ։ Դար մը, որ մշակութային մեծ վերելքի մը սկիզբը հանդիսացաւ եւ հաւատքի ախոյեանութեան խորհրդանիշ։ Աւելի՛ն. Մեսրոպեան աննիւթ կոթողները՝ «երեսուն վեցաբանեան», Հայաստան աշխարհին համար դարձան պայծառ կանթեղներ, որոնց ճառագայթները շողարձակեցին մէն մի հայու հոգւոյն մէջ։ Հայ գիրերու գիւտով մենք հա՛յ մկրտուեցանք եւ ունեցանք գրաւոր ուրոյն լեզու, որ դարձաւ մեր ազգի գոյատեւման հիմնական ու անփոխարինելի երաշխիքը։

Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Ա.Բ.Գ.-ը մեր ժողովուրդին համար դարձաւ իր ազգային ինքնութիւնը կերտող հոգեմտաւոր ուժ։ Ան դարձաւ մեր ժողովուրդի պատմութեան ճամբան լուսաւորող պայծառ արեգակ…։ Եւ այս բոլորին առընթեր՝ Ա.Բ.Գ.-ով մարմնաւորուած հայոց ոսկեղնիկ լեզուն դարձաւ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը ապահովող ու կռանող աստուածառաք գերագոյն պարգեւ ու յաւերժութեան ճանապարհ»։

Հայ ազգը գիրո՛վ կերտեց իր մշակոյթը, գիրով ապրեցաւ ու հոգեկան վերելք ունեցաւ։ Մէկ խօսքով՝ Հայ գիրը մեր ժողովուրդի գոյապահպանման հիմնական դրոշմը դարձաւ։ Եաթաղանն անգամ չկրցաւ բնաջնջել մեզ, որովհետեւ հայ մամիկը, անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ Ա.Բ.Գ. սորվեցնելով՝ գոյատեւման ազդանշանը տուաւ ու պատուաստեց ապագայ սերունդը, որ հաւատքով, յոյսով եւ վճռականութեամբ ապրի (…) եւ Քրիստոսն ու Մեսրոպ Մաշտոցը քանդակէ սրտերու վէմին վրայ, ինչպէս անոնք ըրին Տէր Զօրի աւազներուն վրայ։

Ազգերու պատմութենէն գիտենք, թէ ազգեր ու ժողովուրդներ կը ճանչցուին իրենց գրականութեամբ, լեզուով ու մշակոյթով։ Իսկ այն ժողովուրդները, որոնք այլեւայլ պատճառներով աղարտած են իրենց ինքնութիւնն ու ազգութիւնը, չեն կրցած պահել ու պահպանել իրենց ազգութիւնը, դատապարտուած են ձուլումի եւ տակաւին, հայ լեզուն մեզի համար դարձաւ վահան ամրութեան՝ ընդդէմ օտարացման եւ ձուլման։ Ան դարեր շարունակ մեզի ուժ ու եռանդ ներշնչեց՝ պայքարելու մեր ազգը ջլատող օտարածին վտանգներուն ու ազդեցութիւններուն դէմ։ Հուսկ, հայ լեզուն դարձաւ մեր կեանքի հիմնաքարը, հայու գոյութեան պատճառը ու լինելութեան աւիշը, որուն շնորհիւ հայոց երկիրը ծաղկազարդուեցաւ։

Միայն լեզուն ու գիրը չեղան մեր գոյապահպանման միակ զէնքերը, այլ գիրքն ալ իր դերակատարութիւնը ունեցաւ հայ անհատին կեանքին մէջ։ Հայ դպրութեան զինուորագրեալ անձնաւորութեանց, կղերականներուն եւ մտաւորականներուն շնորհիւ հայ գիրը քանդակուեցաւ մագաղաթներու վրայ։ Սկզբնական շրջանին կատարուեցան թարգմանական կոթողային աշխատանքներ, օտար հայրերու գործերն ու գրութիւնները եւ օտար փիլիսոփաներու իմաստասիրական աշխատանքները հայերէնի թարգմանուեցան։ Ապա, անոնք իրենց մտածումները, ապրումներն ու գաղափարները յանձնեցին մագաղաթին։ Մոմի լոյսով անոնք անդադար Աստուծաշունչը վերընդօրինակեցին՝ իրենց աչքերուն լոյսը մաշեցնելով։ Այլ խօսքով՝ գիրքը դարձաւ հայ անհատին հոգեմտաւոր աշխարհին արտացոլացումը։

Գիրերու գիւտէն մինչեւ մեր օրերը, դարեր շարունակ, հայ լեզուն ու հայ գիրքը մշտնջենաբուխ շունչ տուին հայ միտքին ու սրտին։ Հայ մարդը իր կեանքի ընթացքին կառչած մնաց այդ ճշմարտութեան եւ խորագոյն իմացումով ըմբռնեց, ապրեցաւ եւ զայն փաստեց իր կեանքով։

Ես ինծի պահ մը հարց կու տամ։

Ինչպէ՞ս պիտի աղբերանային մեր միտքն ու սիրտը յորդահոս բխումով, եթէ չըլլային հայ գիրն ու հայ գիրքը։

Ինչպէ՞ս պիտի իմանայինք անպատմելի պատմութիւնը լուսասփիւռ հաւատքի ախոյեան Գրիգոր Լուսաւորչի, եթէ չըլլար հայ գիրքը։

Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայինք մենք՝ իբրեւ հայութիւն, եթէ չըլլար աստուածապարգեւ գիրը մեսրոպեան։

Ո՞վ մեզի պիտի պատմէր, թէ ինչպիսիք էին մեր նախահայրերը, ի՞նչ գործեր էին կատարած, եթէ մարմին ու հոգի առած չըլլար մեծասքանչը։

Ինչպիսիներուն շարքը երկար է…

Երբ թերթատենք հայոց պատմութեան էջերը, վստահաբար պիտի տեսնենք, թէ հո՛ն՝ ուր հայութեան շունչը շիջելու աստիճան տկարացած է, հայ գիրքը փչած է շունչ կենդանի ու կենսաւորած է զայն։ Հո՛ն՝ ուր հայութիւնը օտար ազդեցութեանց տակ աղօտանալու ընթացքին մէջ է եղած, հայ գիրքը եղած է շեփորահար յուշարար եւ մշտահունչ ղօղանջ։ Մէկ խօսքով՝ «Հայ գիրքը մեր ժողովուրդի յաւերժութեան ճամբան բացող մեր կեանքի լոյսի ու յոյսի փարոսներէն մէկը դարձաւ» (Արամ Ա. Կաթողիկոս)։

Սակայն ներկայ աշխարհի թոհուբոհին եւ մանաւա՛նդ համաշխարհայնացման հոլովոյթին մէջ, հայ երիտասարդը, դժբախտաբար, սկսած է ուրանալ իր հայկական արժէքները՝ հայ լեզուն, հայ գիրքը, հայ մշակոյթը եւ իր մէջ սկսած է ընկալել ու արմատաւորել օտարածին այնպիսի՛ յոռի յատկութիւններ, որոնք պատճառ հանդիսացած են իր հայկական ինքնութեան ջլատման ու աղարտման։    

Ներկայիս, դժբախտաբար, հայ գիրքին տեղը դարձած են միմիայն գրադարանն ու մատենադարանը։ Հայ երիտասարդներ սկսած են կարդալ օտար գիրքեր, կարծելով թէ այդ է զարգացման միակ միջոցը։ Ընդհակառակն, հայ գիրքին տեղը հայ տո՛ւնն է։ Պէտք չէ որբ թողուլ հայ գիրքը, ինչպէս Գարեգին Բ. Կաթողիկոս պիտի ըսէր. «Եթէ որբ մնայ գիրքը հայ մարդէն, ո՛րբ կը մնայ հայը իր հայութենէն»։ Խոպան է մեր կեանքի հողը առանց հայ գիրքի ակօսումին։ Ան աղբիւր է, իսկ մենք՝ սափոր։ Իւրաքանչիւր հայորդի պէտք է հայ գիրքը առնչէ, տարրացնէ եւ միաձուլէ իր կեանքին հետ։

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Հայոց հողը ո՛չ թէ միայն մարտիրոսներու եւ հերոսներու արիւնով է ոռոգուած, այլեւ հայու գիրքերով է կանաչ մնացած։ Հայ գիրքը հայ հողին կեանք կու տայ, հայ մարդուն՝ հաց, հայ մանկտւոյն՝ սննդանիւթ»։ Այո՛, հայ գիրքը մեր ժողովուրդին հացը, հոգիին ծնունդը, մտքին սնունդը եւ մեր սրտերուն տրոփումը եղաւ։ Անիկա դարձաւ հայրենիքը անհայրենիք հայուն։ Անիկա եղաւ այն ճանապարհը, որուն մէջէն դարեր շարունակ, իր տագնապահար եւ տառապակոծ օրերուն, մեր ժողովուրդը քալեց, երբ փորձեցին վերջ տալ մեր կեանքին։

Սիրելի հայորդի, քու ճիտիդ պարտքն է կառչած մնալ քու նախնեաց կողմէ փոխանցուած աւանդներուն եւ ջահակիրն ու պահապանը դառնալ հայ լեզուին ու հայ գիրքին, ապա թէ ոչ ձուլման յորձանուտին դիմաց պիտի «ոչնչանաս»։ Դարձիր քու արմատներուդ եւ անոնցմով ապրէ՛…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ
 

Շաբաթ, Օգոստոս 18, 2018