ՄՆԱՍ ԲԱՐԵԱՒ

Քու մէջ կայ մեծ յոյս: Կը պակսի ուրախութիւնը: Բաւական դժուար է ապրիլ քեզմէ հեռու, թէկուզ հայրենիքիդ մէկ ուրիշ անկիւնի մէջ: Երբ կը շնչէի քու մաքուր օդը ու կը վայելէի մեծ ու փոքր սարերուդ, լեռներուդ ներկայութիւնը՝ երջանիկ էի, անհոգ: Երկար բարակ չէի խորհեր: Կ՚ապրէի պահով, ակնթարթով, թէպէտ քաջ կը գիտակցէի, որ այդ լեռներէն շատեր գերեվարուած են: Գերութեան մէջ անգամ անոնք կը շարունակէին շնչել հայերէն: Դրօշակի մը առկայութիւնը չի փոխեր անոնց էութիւնը:

Այստեղ կը շնչէ Աստուած:

Արցախ... դուն աղօթք մըն ես հայու համար: Շնորհակալ եմ ամենակարող Տիրոջը, որ դուն կաս, թէկուզ պատառոտած, քրքրած, վիրաւոր, քու որդիներդ արեան ծովու մէջ սուզուած, սակայն կաս: Կը շարունակես շնչել ու արարել:

Մայրաքաղաքի մէջ եռուզեռ է: Կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին Ստեփանակերտի մէջ գրեթէ վերացուցած են պատերազմի հետքերը: Սակայն Ստեփանակերտը այլեւս առաջուանը չէ՝ հանգիստ ու սակաւամարդ: Այժմ՝ օրուայ իւրաքանչիւր ժամու, քաղաքս լեցուն է բնակիչներով, իսկ ճանապարհները ծանրաբեռնուած ինքնաշարժներով: Պատերազմէ վերջ արցախահայութիւնը հաւաքուած է ափ մը հողին մէջ, հիմնականին մայրաքաղաքի: Իմ այս կարճատեւ այցելութեան ընթացքին ես քաղաքս գտայ այնպիսին, ինչպիսին կը ցանկայի տեսնել տարիներ առաջ՝ բանուկ: Սակայն իմ փափաքը երբեք չէ եղած տեսնել Ստեփանակերտը աշխոյժ ի հաշիւ հայրենիքիս եօթանասունհինգ տոկոս կորուստի...

Շաբաթ մը ակնթարթի պէս թռաւ ու անցաւ, թողնելով լոկ թարմ յիշատակներ ու անսահման կարօտ: Շաբաթուայ մը ընթացքին չկրցայ յագենալ քեզնով, մնացի ծարաւ: Հայկական մէկ մայրաքաղաքէն տեղափոխուեցայ միւսը: Իմ միտքը, սիրտն ու հոգին թողեցի քեզի, աւելի ճիշդ՝ դուն կորզեցիր ինձմէ: Անոնք նոյնպէս կը գտնուին գերութեան մէջ՝ քաղցր ու ցանկալի: Ամէն անգամ դուն կը ստիպես ինծի ապրիլ, լիաթոք շնչել միայն քու գիրկին մէջ, իսկ երբ քեզմէ հեռանամ ծածուկ կը պահես իմ ներաշխարհը, որպէս երաշխիք յաջորդ այցի:

Առաջին անգամ քու գիրկի մէջ մտքով հեռու չգացի, չերազեցի, չխորհեցայ աշխարհի, քու սահմաններէդ դուրս կեանքի մասին: Ուզեցի մնալ ու վայելել: Վայելել իմ դրախտավայրը, իմ սրբավայրը, աշխարհի ամենագողտրիկ անկիւնը:

Արցախ իմ, որդիս ալ քու գիրկին մէջ ուրիշ էր՝ միշտ կայտառ ու զուարթ: Ան ալ կը զգայ, կը շնչէ ու կը վայելէ Արցախը իւր մարմնի ամէն մէկ բջիջով: Ուրիշ մայրերու պէս չխոչընդոտեցի զաւկիս խառնուելու մայր հողին. օր ու գիշեր կը խաղար աւազի, հողի մէջ: Փոշոտած, ձեռքը կամ ոտքը քերծած երեկոյեան հազիւ կը կանչէի տուն: Այս միջոցին մեր թաղամասի մէջ կը կատարուին ասֆալթապատման աշխատանքներ: Ասֆալթի հոտը տակաւին չկայ, սակայն քարշակներն ու միւս խոշոր մեքենաները կ՚աշխատին: Ճանապարհները բաւական լայնացուցին: Ներկայիս կը քաշեն կոյուղագիծերը, այնուհետեւ գեղեցիկ պատ պիտի շարեն եւ վերջում ասֆալթապատեն: Տասնամեակներ անց Արմէնաւանի բնակիչները ցեխի ու փոշիի փոխարէն պիտի քայլեն մաքուր ճանապարհով:

Մեր փողոցի միւս բալիկներու պէս, Զաւէնը նոյնպէս ամբողջ օրը փողոցն էր: Քիչ մը անդին կ՚աշխատին շինարարները, իսկ քիչ մը ասդին ալ մանուկները կը խաղան, կը վազվզեն՝ արձակելով ուրախութեան ճիչեր: Զաւէնը նոյնպէս անմասն չմնաց: Թող խաղայ, թող զգայ հողի բոյրն ու գինը: Այս տարիքէն թող զգայ, որ հողը թանկ է ու անգին, զայն երբեք անկարելի, անընդունելի է զիջիլ:

Դէպի տուն տանող ճանապարհը միշտ կարճ է, իսկ տունէն հեռու՝ անվերջ երկար ու ձանձրալի: Այս զգացումը ապրած եմ միշտ: Շաբաթ կէսօրին մեր հանրաշարժը ճամբայ ելաւ: Ակերու իւրաքանչիւր պտոյտի հետ իմ ուրախութիւնը կը վերաճէր տխրութեան: Իսկ երբ լքեցինք քու սահմաններդ՝ տխրութիւնս փոխուեցաւ լացի: Այն ամէնը ինչ-որ թանկ է ու անգնահատելի՝ պահելով քու մէջ, ամէն անգամ դուն զիս կը ճանապարհես կարօտով: Այս անգամ կարօտի չափաբաժինը բաւական շատ էր: Կրնա՞յ պատահիլ շփոթեցար ու հանրաշարժի մէջ գտնուող բոլոր ուղեւորներու կարօտը տեղաւորեցիր իմ ճամպրուկի մէջ... Եւ կամ այս կերպ կը պատժես զիս աւելի քան մէկուկէս տարի քեզմէ հեռու գտնուելու համար...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021