ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ ՕՐ ՄԸ

Գրականութեան դասաժամուն Անին կ՚արտասանէր աշնան թախծոտ երգիչ՝ Վահան Տէրեանի գոհարներէն մին.

Աշուն է, անձրեւ…

Ստուերներն անձեւ

Դողում են դանդաղ…

Պաղ, միապաղաղ…

Արտասանութեան ընթացքին Անդրանիկը, որ նստած էր դասարանի վերջին նստարանին, շշուկով մը ձայնեց իր դիմացինին.

-Հէ՜յ, Նարեկ։

-Այո։

-Հետաքրքրական բան մը խորհեցայ։

-Ի՞նչ խորհեցար։

-Այսօր դասերէն վերջ երթանք մօտակայ պարտէզը տէրեանական աշունը վայելելու։ Ի՞նչ կ՚ըսես։

-Անդրանիկ լաւ միտք է։ Միւսներուն ալ ըսենք, բոլոր դասընկերներով երթանք։

-Նարեկ, Միրային հարցուր, ան ալ թող իր դիմացը նստողին հարցնէ, որպէսզի իմանանք, թէ քանի՞ հոգի պիտի գայ։

-Շատ բարի, հիմա պիտի հարցնեմ։

Քանի մը վայրկեանի մէջ Անդրանիկի մտայղացումը փսփսուքով մը տարածուեցաւ ամբողջ դասարանին մէջ։ Բոլոր տասնվեց դասընկերներն ալ ողջունեցին այս միտքը։ Ուսուցչուհին երբեմն շշուկ մը իմանալով, կը խնդրէր աշակերտներուն մէկ կողմ ձգել երկրորդական զբաղումերը եւ համակ ուշադրութեամբ կեդրոնանալ դասին վրայ։ Սակայն վեցերորդ «Ա» դասարանի աշակերտները, որոնք վարժարանին մէջ յայտնի էին իրենց արկածախնդրութիւններով, միայն քանի մը վայրկեան կրցան ընդառաջել ուսուցչուհիի խնդրանքին։ Արդարեւ, տղաքը շատ կը սիրէին դասաժամերուն իրարու միջեւ փսփսալ, իսկ երբ ուսուցչուհին նկատողութիւն ընէր, փսփսուքը կը վերածուէր նամակագրութեան։ Ըստ իրենց, կարգ մը դասաժամերու ընթացքին, միայն դասերով զբաղիլը շատ տաղտկալի ու անհետաքրքրական էր։

Ինչեւէ, գաղտնի գործակալներու պէս աշակերտներու միջեւ սկսաւ ծածուկ երկխօսութիւն մը, զոր տեղի կ՚ունենար ուսուցչուհիի աչքէն հեռու՝ շարժուձեւերու լեզուով, նամակագրւթեամբ ու փսփսուքներով։ Դասարանի մէջ կը տիրէր տեսակ մը անձայն ոգեւորութիւն ու աշխուժութիւն։ Լսարանէն ներս տիրող գաղտնի մթնոլորտը բաւական կ՚ոգեւորէր չարաճճի պատանիները։ Այս բոլորը տեղի կ՚ունենար այն պահերուն, երբ ուսուցչուհին կը դառնար դէպի գրատախտակ, կը լրացնէր մատեանը, բան մը կը կարդար, կամ կը պատասխանէր հեռախօսազանգի մը։

Ահաւասիկ հնչեց զանգակը։

Զբօսանքին կիսատ մնացած բոլոր հարցերը ստացան լուծում։ Որոշուեցաւ, որ Անդրանիկը դպրոցէն անմիջապէս ետք, պիտի շտապէ տուն՝ ինքնաեռ (սեմավեր) առնելու։ Արմանը հաց պիտի բերէ, Գայուշը՝ պանիր, Անահիտը՝ քէյք եւ այսպէս շարունակ։ Իսկ Տէրեանի ստեղծագործութիւններու մեծ եր-կըրպագու՝ Անժէլը պիտի բերէ հեղինակին գիրքերէն քանի մը հատ։ Համերաշխ դասարանի աշակերտները իրարու միջեւ բաժնեցին իրենց ընելիքները։ Պայմանաւորուեցան եւ ժամը չորսին ժամադրուեցան վարժարանի պարտէզը։

Ճիշդ ժամուն վեցերորդ «Ա» դասարանի աշակերտներն ու աշակերտուհիները համա-խըմբուեցան ու միասնաբար քայլեցին դէպի մօտակայ ճեմապարտէզ։

Երբ պատանիները մտան դրախտավայր յիշեցնող այգին, պարզապէս չկրցան զսպել իրենց զմայլանքը։ Ամենակարող մայր բնութիւնը կը փայլատակէր իր ամբողջ գեղեցկութեամբ։ Ոսկեզօծ աշունը շռայլօրէն փռած էր իր բոլոր գոյները։ Ծառերը աստիճանաբար կը մերկանային… Գետինը ծածկուած էր երփներագ տերեւներով։ Տղաքը յաճախ ականատես կ՚ըլլային հովու եւ տերեւներու անզուգական ու դիւթիչ պարին։ Հովը զգուշութեամբ պոկելով խամրած, սակայն նոր սեթեւեթանք ու փայլք ստացած տերեւը ճիւղէն՝ հեզասահ, անձայնութեան մէջ թնդացող երաժշտութեան մը ելեւէջներուն տակ կ՚իջեցնէր վար, միախառնելու իր հազարագոյններուն։

Ճեմապարտէզի օդը կախարդուած էր սիրով ու ներդաշնակութեամբ, ամէնուր կը տիրէր խաղաղ լռութիւն մը, որ ժամանակ առ ժամանակ կ՚ընդհատուէր թռչուններու համահունչ դայլայլով։ Անձայն երաժշտութիւնը կախարդած ու հրապուրած էր բոլորը։ Տղաքը հոգեզմայլ կը քայլէին լուռ։ Ճեմելու ընթացքին ոտքերու տակ կը լսուէր չորցած տերեւներու խշշիւնը։ Այդ գեղեցիկ տեսարանը դարձաւ առաւել զարմանահրաշ, երբ Անժէլը սկսաւ արտասանել Տէրեանի «Աշնան երգ» բանաստեղծութեան առաջին քառեակը.

Ցրտահա՜ր, հողմավա՛ր.

Դողացին մեղմաբար

Տերեւները դեղին,

Պատեցին իմ ուղին...

Այնուհետեւ աշակերտները առանձնացան։ Քանի մը պատանի նստարաններուն նստած կը շարունակէր հրապուրուիլ տերեւներու անզուգական պարով, ոմանք զանազան դիրքեր ընդունելով կը լուսանկարուէին, ոմանք ալ ոտքերու տակ զգալով տերեւներու խշշիւնը՝ ծայրէ ծայր կը պտըտէին ճեմապարտէզին մէջ, իսկ երիտասարդուհիները կը հաւաքէին գեղեցիկ չորցած տերեւներ։

Երբ այլեւս իւրաքանչիւր ոք որոշ չափով գոհացուցած էր իր գեղագիտական հաճոյքը, բարձրաշուք չինարի ծառի մը տակ փռեցին սփռոցը։ Երիտասարդուհիները սեղան դրին, զարդարելով զայն տերեւներով ու կաղնիներով, իսկ երիտասարդները ինքնաեռը վառելու նպատակաւ՝ փայտ հայթայթեցին։

Քիչ ետք թէյը պատրաստ էր։ Աշակերտները շրջանակ կազմած ծալապատիկ նստան ու սկսան վայելել իրենց իրիկնապահի թէյասեղանը։

Իրենց ստամոքսները յագեցնելէ վերջ, թէյի սեղանի շուրջ տղաքը խաղացին՝ բացառապէս աշնանն ու թախծոտ ամսուան բանաստեղծին առընչուող՝ զանազան մտային խաղեր։ Այնուհետեւ, անոնք իրենց դասարանի լաւագոյն ձայնէն՝ Անդրանիկէն խնդրեցին երգել աշնան մասին երգ մը։ Իսկ Անժէլը, որ յայտնի է իր ասմունքելու ձիրքով, Տէրեանէն քանի մը բանաստեղծութիւն արտասանեց, արժանանալով իր դասընկերներու որոտընդոստ ծափահարութիւններուն։

Ահաւասիկ այսքանը։ Մթնալոյսին, տունդարձի ճանապարհին աշակերտները իրենց չքնաղալից օրուան վերջակէտը դրին միասնաբար արտասանելով հետեւեալ բանաստեղծական քառեակը՝ Տէրեանէն.

Նորից անձրեւ, մշուշ, ամպ,

Թախիծ անհուն, տխրանք հեզ,

Աշուն, քեզ ի՞նչ քնքշութեամբ,

Ի՞նչ խօսքերով երգեմ քեզ…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019