ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ «ՎԵԶԻՒՎԻ ՏԵՍԱՐԱՆԸ» ԳՈՐԾԸ ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ ԱՃՈՒՐԴԻ ՊԻՏԻ ՀԱՆՈՒԻ ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ
Աշխարհի կարեւորագոյն աճուրդի ընկերութիւններէն «Տորոթէում»ի Փրակի մասնաճիւղը վաճառքի դրած է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի «Վեզիւվի տեսարանը» կտաւը։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, հաւանական է, որ Այվազովսքիի այս գործին աճուրդը տեղի ունենայ յառաջիկայ Նոյեմբերի 28-ին։ Որպէս մեկնարկային գին սահմանուած է 220 հազար ամերիկեան տոլար։
Յիշեալ աճուրդի տան տնօրէնուհի Մարիա Կալովա, որ Չեխիոյ կարեւոր մասնագէտներէն մին է, այս կապակցութեամբ յայտնեց՝ որ սոյն գեղանկարը իրենց աճուրդի տան ամենաարժէքաւոր նմոյշներէն մին է։ Անտարակոյս, այդ մէկուն տիրանալու համար պիտի ապրուի թէժ պայքար մը։
Այվազովսքիի «Վեզիւվի տեսարանը» ստեղծագործուած է 1891 թուականին։ Ան մաս կը կազմէ մեծանուն նկարչի յայտնի բնապատկերային շարքին, որ ստեղծուած է Հարաւային ծովու եւ իտալական հզօր հրաբուխի տեսարաններու ազդեցութեան տակ։ 48.5x60 սանթիմեթր չափերով այս կտաւի ստորոտի աջ անկիւնին կ՚երեւի Այվազովսքիի ռուսատառ ստորագրութիւնը։