«ԵՐԲ ԱՐԹՆՑԱՒ»

Ամերիկեան գրականութեան նշանաւոր անուններէն Հիլարի Ճորտընի երկրորդ վէպն է «Երբ արթնցաւ» հատորը, որ լոյս տեսաւ 2011 թուականին։ Գիրքը լայն արձագանգ ստեղծեց Ամերիկայի մէջ ու քիչ ժամանակ անց թարգմանուեցաւ բազմաթիւ լեզուներու։ Հակաիւթոփիական վէպերու շարքին բացառիկ տեղ զբաղեցուցած է վերոյիշեալ գիրքը եւ արժանացած՝ գրաքննադատներու գովասանքին։ Հեղինակի ուրոյն ոճն ու սահուն լեզուն իր ընթերցողները կը տանի վայրէ վայր եւ լոյս կը սփռէ ժողովրդական հարցերէն մի քանիին։ Իբրեւ իր մտածումներու ու գաղափարներու աղբիւր, Ճորտըն իր ստեղծագործ տողերով կը թափանցէ կրօնապետական եւ բռնապետական վարչակարգերու ազդեցութեան ու իրողութիւններուն։

Գիրքի պատմութիւնը տեղի կ՚ունենայ չնշանակուած ժամանակի մը ընթացքին, երբ քաղաքական եւ հոգեւոր իշխանութիւնը կեդրոնացած է հոգեւորականութեան ձեռքերուն մէջ։ Օրէնքով պետութեան գլուխը «Աստուծոյ կամքը» կատարողն է։ Կրօնապետութեամբ ղեկավարուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին դիմագրաւած քաղաքական ու ժողովրդական հարցերը սրամիտօրէն եւ երեւակայական սահմաններէ դուրս պատկերուած է գիրքին մէջ։ Ամերիկայի ներքին կացութիւնը աղէտալի վիճակ մը կը ստանայ պատերազմներու եւ համաճարակներու հետեւանքով։ Հիւանդութիւններու տարածման արգելք ըլլալու համար կը սահմանուի «Կեանքը փրկելու օրէնքներ»ը՝ որով արգիլուած է նաեւ վիժումը։ Պետութեան օրակարգը զբաղեցնող առաջնահերթ հարցերէն մին է բանտերու մէջ տեղի անբաւարարութիւնը։ Այս պատճառով ստեղծուած նոր պատժամիջոցով՝ ոճրագործներու մարմնին կը ներարկուի թոյն մը, որ կը փոխէ մորթին գոյնը եւ այսպէսով հասարակութեան մէջ երեւելի կը դառնայ անոնց առկայութիւնը։ Ոճրագործներ կը կոչուին նաեւ «գունաւորներ», կը պարտաւորուին բնակիլ հրէական թաղերու մէջ եւ կ՚ընկալւին ամօթահարութեան խորհրդանիշներ։

Գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ Հենա Փէյն երիտասարդ դերձակուհի մըն է։ Ան կրօնամոլ ընտանիքի մը երկրորդ զաւակն է եւ կ՚ապրի ճնշիչ մթնոլորտ տիրող երդիքի մը տակ, ուր արգիլուած է արտայայտել իր անձնական գաղափարներն ու որոշումները։ Հենա իր մանկութեան տարիներէն ի վեր կը հարցաքննէ սահմանուած օրէնքներու հիման վրայ ապրած կեանքը, ներկայ ժողովրդական արժէքներն ու մանաւանդ պետութեան հետամուտ եղած արժանիքները։ Սակայն  իր հարցումները կը մնան անպատասխանի եւ ճարահատեալ երիտասարդուհին կը փնտռէ ճամբայ մը՝ ուղի մը, ուր ան հասարակութեան մէջ իր գոյութիւնը պիտի փաստէ թէ՛ վայելչագեղ արտաքինով եւ թէ գաղափարներով ու մտածելակերպով։ Ան յաճախ կը կարէ եւ կը հագնի հագուստներ, զորս երբեք կարելիութիւնը պիտի չունենայ կրել իր աշխատասենեակէն դուրս։ Հենա կը ծանօթանայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Էյտընի հետ, որու մօտ ինքզինք կը զգայ ազատ։ Կը սիրահարուին իրարու՝ աննկատ մնալով իրենց գործած արարքներու հետեւանքներուն։ 

Օր մը Հենա աչքերը կը բանայ բանտի մէջ՝ մորթի գոյնը փոխուած կարմիրի։ Ապօրինի կենակցութեան արդիւնքին արհեստական միջամտութեամբ զաւակը վիժեցուցած ըլլալուն համար կը ձերբակալուի մարդասպանութեան մեղադրանքով եւ կ՚ենթարկուի տասնվեց տարուան արգելափակման։ Ինչպէս միւս ոճրագործերը, ան ալ կ՚արտաքսուի ժողովուրդէն, մասնաւորապէս իր ծնողքն ու բարեկամները կը խզեն իրենց կապերը անոր հետ եւ ան կը մնայ առանձին։ Իր կեանքի շրջադարձային այս փուլին կ՚անդրադառնայ կեանքի աներեւակայելի երեսակներուն, կը սկսի աշխարհը տարբեր տեսանկիւնէ մը դիտել եւ կը փորձէ անսասան մնալ հանդիպած դժուարութիւններու եւ թշուառութիւններու դէմ։ 

«Երբ արթնցաւ»ի մէջ հեղինակը խոշորացոյցի տակ կը դնէ կանանց դէմ յանդիման եկած բազում խնդիրները։ 21-րդ դարուն քաղաքակրթութեան զարգացումով հանդերձ, սակաւաթիւ են այն երկիրները, որոնք ըմբռնած են սեռական հաւասարութիւնը։ Աշխարհի բիւրաւոր երկիրներու մէջ կանայք զրկուած են որոշ իրաւունքներէ։ Այժմ գոյութիւն ունին այնպիսի կազմակերպութիւններ եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք կը հետապնդեն արդար ու հաւասար մթնոլորտ ստեղծել բազում բնագաւառներու մէջ, սակայն կ՚երեւի, որ դեռ ժամանակի կը կարօտի այս մէկը։

Հեղինակը նաեւ ընթերցողներու նկատառման կը յանձնէ այն հաւանական հետեւանքները, որոնք կրնան վերանալ, երբ կրօնի եւ քաղաքականութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները ջնջուին անմիջականօրէն։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2019