ԲՌՆԱԿԱԼԱԿԱՆ ԿԱՐԳԻ ԳՈՐԾԱՐԿՈՒՄԸ (Ա.)

Պենիթօ Մուսոլինի 1922 թուականին երբ վերահսկողութեան տակ առաւ Իտալիան, ան ներմուծեց իր քաղաքական գաղափարախօսութիւնը՝ բռնակալութիւնը, որ աշխարհը ներքաշեց մեծ պատերազմի մը մէջ: Թէեւ բռնակալութիւն բառը առաջին անգամ օգտագործուած է Հին Հռոմի մէջ՝ իշխանութիւնը բնութագրելու համար, սակայն Մուսոլինին անոր տուաւ մեր այսօր գիտցած նշանակութիւնը: 1932 թուականին իտալական հանրագիտարանի մէջ Մուսոլինիի բռնակալութեան սահմանումը գրուած է ըստ հետեւեալի. «Բռնակալութիւնը կը հաւատայ ո՛չ մշտական խաղաղութեան հնարաւորութեան, ո՛չ ալ այդ խաղաղութեան օգտակարութեան»։

Բռնակալութեան մէջ պետութիւնը ամէն ինչէն վեր է, իսկ պետութեան պատիւի համար պատերազմները անհրաժեշտ են։ Մարդոց արժանապատուութիւնը անոր միայն մէկ մասն է։

«Պայքարեցէ՛ք, պայքարեցէ՛ք ձեր ամբողջ ուժով եւ ազնուութեան շքանշանը դրէ՛ք յաղթանակ բերած քաջերու վզին», ըսած է Մուսոլինի։

Բռնակալութիւնը, որ մենք շատ յաճախ կը լսենք այս օրերուն, սովորաբար կ՚օգտագործուի նկարագրելու համար բռնապետ առաջնորդը կամ կառավարութիւնը, որ ֆիզիքական կամ հոգեբանական բռնութիւն կը կիրառէ իր քաղաքացիներու դէմ: Բայց սա այս գաղափարախօսութեան միայն մէկ կողմն է։ Եթէ նայինք Եոսէֆ Սթալինի գլխաւորած համայնավարական կառավարութեան, ապա կը տեսնենք բռնապետութեան եւ արտասովոր բռնութեան օրինակներ. բայց բռնակալութիւնը տրամագծօրէն հակառակ է համայնավարութեան։ Բռնակալութիւնը, որ աւելի կը նմանի մոլեռանդութեան մարմնաւորման եւ կը հակադրուի ներկայ դարաշրջանի արժէքներուն, տակաւին կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ։

Քանի որ բռնակալութիւնը բազմակողմանի է, դժուար է յստակ սահմանել զայն, ինչպէս որ կան տարբերութիւններ Մուսոլիի բռնակալութեան եւ Հիթլերի բռնակալութեան միջեւ։ Նէօֆաշիզմը եւ Երկրորդ աշխարհամարտէն յետոյ բռնակալութիւնը նոյնպէս կը տարբերին իրարմէ: Կան քանի մը սկզբունքներ բռնակալութեան գործարկման մասին։

Լաւագոյնի գոյատեւումը. բռնակալական գաղափարախօսութեան կողմնակից որոշ փիլիսոփաներ կրած են Չարլզ Տարուինի եւ իր բնական ընտրութեան տեսութեան ազդեցութիւնը: Այս համատեսքին մէջ պետութիւնը հզօր է այնքան, որքան կը կռուի եւ յաղթանակ կը տանի։ Այսպէսով, այն կուսակցութիւնը, որ ուժեղ է եւ հեղինակութիւն կը վայելէ, կ՚ըլլայ բնական ընտրութեան յաղթողը։ Այդ իսկ պատճառով, ռազմական հզօրութիւնը եւ բռնութիւնը կը համարուին ամենակարեւոր տարրերը, քանի որ անոնք թոյլ կու տան պետութեան շարունակականութեան եւ խաղաղութիւնը կը դիտարկուի որպէս թուլութիւն:

Ընկերային կարգի խստութիւն. բռնակալական համակարգի մը մէջ ընկերային կարգը հաստ գիծերով կը հակասէ համայնավարական համակարգին։ Յստակ սահմանները անհրաժեշտ են, քանի որ անոնք պետութիւնը կը պաշտպանեն անորոշութեան պատճառով ստեղծուած քաոսային միջավայրի ներքեւ։ Պետութեան հզօրութիւնը կախեալ է դասակարգային համակարգէն եւ իւրաքանչիւր անհատ ունի անփոփոխ, որոշ եւ յստակ դեր։ Սա կը նշանակէ մարդասիրութեան եւ ժողովրդավարութեան լիակատար մերժում։

Հեղինակաւոր առաջնորդի մօտեցում. կ՚ենթադրուի, որ պետութեան անհրաժեշտ է տաղանդաւոր, հրապուրիչ առաջնորդ մը: Սա «առաջնորդութեան սկզբունք» հասկացութեան հետ նոյնն է, որ գերմաներէնի մէջ յայտնի է որպէս «Führerprinzip»: Այս ըմբռնմամբ կը կարծուի, թէ առաջնորդը, որ կ՚ապահովէ միասնութիւնն ու ամբողջականութիւնը, ան պէտք է ունենայ անսահմանափակ իշխանութիւն ու անոր անվերապահ հնազանդուի։ Պետութեան խորհրդանիշը միշտ առաջնորդն է։

Բռնակալական գաղափարախօսութեան մէջ կը համարուի, որ պետութեան շարունակականութիւնը հնարաւոր չէ ապահովել առանց կարգապահութեան խիստ կանոններու եւ մտաւոր ու ֆիզիքական ամբողջականութեան։ Ուստի, ֆիզիքական բռնութիւնը միշտ անհրաժեշտ է իշխանութիւններու հակառակորդները ենթարկելու համար: Պետութեան հզօրացումը իրականութեան մէջ կեանքի իմաստն է։

Ոմանք կրնան մտածել, թէ ի՞նչ է ապրիլ բռնակալական հասարակութեան մէջ: Ինչպէ՞ս մարդ կրնայ ապրիլ միայն պետութեան պատուին համար։

Երբ բռնակալութիւնը ծաղկման շրջանին էր, առաջնակարգ անհրաժեշտութիւնը ընկերային նորութիւնն էր, որ տեղի կ՚ունենար անհատականութեան մերժմամբ եւ ազգային միասնութեան գիտակցմամբ։ Այս գործընթացէն ներս բռնակալութիւնը հանրութեան աջակցութեան կարիքն ունի։ Իսկ այդ աջակցութիւնը կը ստանայ՝ լրատուամիջոցներն ու հանրահաւաքները վերածելով շատ արդիւնաւէտ քարոզչական գործիքի: Բռնակալական կարգի գործարկման համար կան նաեւ քանի մը հանգամանք։

Ճգնաժամային ժամանակաշրջանին գտնուող ժողովուրդ. Հասարակութեան ներքեւ իրարանցման եւ անկարգութիւններու մթնոլորտը կապուած է տարբեր կրօններու եւ ազգութիւններու պատկանող խումբերու հետ: Այս բազմազանութիւնը կը վնասէ «մաքուր ցեղը» եւ թոյլ չի տար պահպանել մաքուր ցեղի շարունակականութիւնը: Եթէ անոնց պահանջները չկատարուին, այդ խումբերը կրնան սպանութիւններու կամ գաղտնի պայմանաւորուածութիւններու միջոցով պետութեան փլուզման պատճառ դառնալ։

Իտէալականացուած անցեալ. սա «մաքուր ցեղի» առասպելական, անցեալի փառահեղ օրերը վերադարձնելու ջանքերն են: Բռնակալութիւնը բառացիօրէն կը ձգտի այդ անցեալի վերադարձին։

Ընկերային փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւն. եթէ հասարակութիւնը վերածնունդ կ՚ուզէ, ապա ան պէտք է ենթարկուի նոր կարգի պահանջներուն, մեծ փոփոխութիւններուն:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի…

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2024