Հայ Աղ­ջիկ­նե­րու Կրթու­թիւ­նը

19-րդ դա­րուն աղ­ջիկ­նե­րը տղոց հա­ւա­սար ու­սում չէին ստա­նար: Հա­րուստ­նե­րու աղ­ջիկ­նե­րը քիչ մը հա­յե­րէ­նի եւ քիչ մըն ալ ֆրան­սե­րէ­նի անձ­նա­կան դա­սեր կ’առ­նէին, իսկ աղ­քատ­նե­րը ա­տոնց­մէ ալ զրկուած էին:

Հայ կնոջ ըն­կե­րա­յին եւ ի­րա­ւա­կան կա­ցու­թեան հա­մար պայ­քա­րած ա­ռա­ջին գրա­գի­տու­հին ե­ղած է Սրբու­հի Տիւ­սաբ (1841-1901): Ան կը շեշ­տէր, որ կի­նե­րը այ­րե­րու հա­ւա­սար կրթու­թիւն պէտք է ստա­նան: Տիւ­սաբ կ՚ա­ռա­ջար­կէր, որ աղ­ջիկ­նե­րու կրթու­թիւ­նը հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թեան են­թար­կուի,  եւ ա­նոնք ստա­նան տղոց հա­ւա­սար ու­սում, որ­պէս­զի հե­տա­գա­յին կա­րե­նան ա­զա­տօ­րէն աս­պա­րէ­զի ընտ­րու­թիւն կա­տա­րել: Շնոր­հիւ Սրբու­հի Տիւ­սա­բի նման­նե­րուն ար­ծար­ծած յա­ռա­ջա­դէմ գա­ղա­փար­նե­րուն, հայ աղ­ջիկ­ներ Պոլ­սոյ մէջ սկսան թա­ղա­յին վար­ժա­րան­ներ յա­ճա­խել: Հիմ­նուե­ցան նաեւ աղջ­կանց վար­ժա­րան­ներ:

1866 թուա­կա­նի դրու­թեամբ՝ Պոլ­սոյ մէջ գոր­ծած է 46 հայ­կա­կան վար­ժա­րան (ե­րե­սու­ներ­կու ա­րա­կան, տասն­չորս ի­գա­կան)՝ 4700 ա­շա­կերտ, 1472 ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րով: 19-րդ դա­րու կէ­սե­րէն սկսեալ երկ­սեռ վար­ժա­րան­ներ հիմ­նադ­րուած են նաեւ պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի բո­լոր գա­ւառ­նե­րու կեդ­րոն­նե­րուն, ա­պա նաեւ գիւ­ղե­րուն մէջ:

Քե­սա­պի Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին 1855 թուա­կա­նին կը հիմ­նադ­րէ եր­կու ան­ջատ դպրոց­ներ, ո­րոնք գոր­ծել սկսած են 1855 թուա­կա­նին, մէ­կը՝ ման­չե­րու, միւ­սը՝ աղ­ջիկ­նե­րու:

Գրող, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Պերճ Պռո­շեան հիմ­նադ­րեց Շու­շիի (1864թ.) եւ Ե­րե­ւա­նի Գա­յա­նեան (1866թ.) դպրոց­նե­րը: Հայ աղ­ջիկ­նե­րու հա­մար բացո­ւած ա­ռա­ջին դպրոց­նե­րէն է Շու­շիի Մա­րիա­մեան (Մա­րիամ Հա­խու­մեան) օ­րիոր­դաց դպրո­ցը, որ հիմ­նադ­րուած է 1864 թուա­կա­նին: Շու­շիի Մա­րիա­մեան դպրո­ցը Ար­ցա­խի մէջ սկիզ­բը դրաւ կա­նանց կրթու­թեան:

Էրզ­րու­մի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ  տա­րած­քին մէջ 1870 թուա­կա­նին  հիմ­նադ­րուած է Հռիփ­սի­մեան օ­րիոր­դաց դպրո­ցը, որ նա­խա­պէս կո­չուած է Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րան, այ­նու­հե­տեւ՝ Հռիփ­սի­մեան վար­ժա­րան: Ա­ռա­ջին ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին (1870-1871) այդ դպրո­ցը կը յա­ճա­խէին 291, իսկ 1882 թուա­կա­նին՝ 400 ա­շա­կեր­տու­հի­ներ: Վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րէն ե­ղած է Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն  Ռոս­տոմ:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016