ԵՐԿՆԱԳՈՅՆ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻՆ ԵՒ ՄԵՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Բրիտանացի գիտնականները տասնամեակէ մը ի վեր հետաքրքրական դիտարկում մը կը հրապարակեն: Ըստ որու, կատարուած ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ՝ Յունուար ամսուան կէսին համընկած շաբաթը, աւելի ստոյգ երրորդ Երկուշաբթին տարուան ամենէն ընկճուած տրամադրութեամբ օրն է: Այս տարի այդ օրը համընկած է 16 Յունուարին, իսկ գիտնականներու ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, ընկճուած տրամադրութեամբ սկսած Երկուշաբթին իր տրամադրութիւնը ինքնաբերաբերաբար կը տարածէ նաեւ շաբթուան միւս օրերուն վրայ: Այս եզրակացութեան հեղինակը Քարտիֆի համալսարանի բրիտանացի հոգեբան՝ Քլիֆ Առնոլն է, որ ըստ իր կատարած ուսումնասիրութեան բանաձեւ մը ներկայացուցած է:
Անոր կազմած բանաձեւին մէջ նկատի առնուած են այնպիսի գործօններ, ինչպէս՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն վրայ վերջին գումարը ծախսելու հանգամանքը, եղանակային պայմանները, զուարճութիւններուն տրամադրուող ժամանակի կրճատուած քանակը, «մշակութային» ոչ աշխոյժ հանգիստը, ճնշումի (stress) մակարդակը, նաեւ աշխատավարձը եւ պարտքերը: Վերջ ի վերջոյ, գիտնականը եզրակացուցած է, որ տարուան երրորդ Երկուշաբթին տարուան ամենէն տխուր օրն է:
Այս կանխատեսումը ամրագրը-ւած է Եւրոպայի, մանաւանդ Բրիտանիոյ մէջ, ուրկէ հռչակուած է այս բանաձեւը: Ըստ բրիտանացի հոգեբանի մշակած բանաձեւին, Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունի Երկնագոյն Երկուշաբթի (Blue Monday) արտայայտութիւնը, որ տարուան ամենէն ընկճուած օրուան կը վերաբերի:
Այս ուսումնասիրութիւնը հիմք դարձած է կարգ մը այլ ուսումնասիրութիւններու, որոնք յենելով Քլիֆ Առնոլի բանաձեւին վրայ, Յունուարի կիսուն ուրիշ օրեր եւս անուանած են ընկճախտ պատճառող, այսպէսով, նկատի առնելով Երկնագոյն Երկուշաբթի արտայայտութիւնը, սահմանած են նաեւ Երկնագոյն Երեքշաբթի, Երկնագոյն Չորեքշաբթի, եւ մինչեւ երրորդ շաբթուան վերջին օրը նկատած են ընկճախտային:
Շատեր կը նկատեն, որ Յունուարի վերջաւորութեան ընկճուածութիւն բերող եւ տխուր օրերը կը սկսին հրաժեշտ տալ, մարդիկ կը դիմաւորեն ձմրան վերջին ամիսը՝ Փետրուարը եւ վերջին ցուրտ ու մռայլ ամիսը ըլլալու գաղափարը ինքնին կ՚ուրախացնէ եւ տրամադրութիւն կը բարձրացնէ:
Բրիտանացի գիտնականները այս տարուան Երկնագոյն Երկուշաբթիի առթիւ ըսած են, որ մարդոց վատ տրամադրութիւններուն վրայ կրնայ ազդեցութիւն ունենալ նաեւ աշխարհի քաղաքական իրավիճակը, որ մանաւանդ այս տարի բարդ ու խճճուած է:
Երկնագոյն Երկուշաբթի օրը Մեծն Բրիտանիոյ որոշ խանութներու մէջ մարդոց անվճար պտուղներ կը բաժնեն՝ հաւատալով, որ պտուղները կրնան տրամադրութիւն բարձրացնել:
Հոգեբանները, սննդաբանները, այլ մասնագէտներ, խորհուրդ կու տան ընկճուած ժամանակ ուտել մանաւանդ գունաւոր պտուղներ՝ նարինջ, քիուի, կանաչ խաղող, պատրաստել պտղային աղցաններ, որոնք երբեմն կարելի է համեմել տուրմէ թերթիկներով, տուրմային կամ սերուցքային թացաններով, նաեւ՝ շատ քիչ ալքոլային հեղանիւթով:
Պտուղներէն տրամադրութեան վրայ խիստ բարերար ազդեցութիւն ունի պանանը, որուն մէջ առկայ յատուկ նիւթերը մարմնին մէջ կը փոխակերպուին սերոթոնին անունով ներազդակի (hormone), որ նաեւ լաւ տրամադրութեան պատասխանատու հորմոններէն մին է: Սովորաբար կիներու մօտ սերոթոնին հորմոնը աւելի քիչ կ՚արտադրուի, քան՝ տղամարդոց, ուստի կիները աւելի հակուած են ընկճուածութեան, նեարդային բախումներու, մեղքի զգացողութեան, տագնապի, միայնութեան, քան՝ տղամարդիկ: Կիները նաեւ աւելի զգայուն են եղանակային փոփոխութիւններուն հանդէպ։ Ահա թէ ինչու անոնք պաղ, մռայլ ու անձրեւոտ եղանակին ընկճուած կը զգան կամ՝ նուազ աշխատունակ:
Հակաընճախտային կարգը մշակելու ժամանակ գիտնականները սովորաբար կը շեշտադրեն սերոթոնին հորմոնը, որ կարելի է վերահսկել եւ մարմնին մէջ անոր քանակը բարձրացնել որոշ քայլերու միջոցաւ:
Պանանի մէջ առկայ Պէ. խումբի կենսանիւթերը նաեւ ճնշուածութեան զգացումը մեղմելու յատկութիւն ունին, ուստի խորհուրդ կը տրուի օրական մէկ պանան ուտել:
Տրամադրութեան բարձրացման եւ ընկճուածութեան դէմ պայքարի համար լաւ ազդեցութիւն ունին նաեւ լեղի տուրմը, սուրճը, հատապտուղները, հաւկիթը, գունաւոր պղպեղները, վարսակի փաթիլները… Վարսակի փաթիլները ընկճուած մարդոց լաւագոյն նախաճաշը կրնան ըլլալ, քանի որ հացազգիներուն պատկանող այս բոյսը ունակ է ուղեղի վրայ անմիջական ազդեցութիւն ունենալու եւ բարելաւելու անօթներուն աշխատանքը:
Մասնագէտները ընկճուած օրերուն ուտելիքներէն խորհուրդ կու տան բուսական ծագում ունեցող, կանաչեղէնի հիմքով ուտելիքները, ճերմակ միսը, խաշուած ձուկը, որոնք չեն ծանրանար մարսողական համակարգին վրայ, որ կրնայ աւելի ընկճել տրամադրութիւնը. ծանր ուտելիքին մարսման համար ուժ պէտք է, իսկ ընկճուած մարդը չ՚ունենար այդ ուժը, ուստի աւելի լաւ է ընտրել բուսական ծագմամբ, դիւրամարս ուտելիքներ:
Գունաւոր ուտելիքներու խորհուրդ տալը պատահական չէ, քանի որ գոյները մարդոց տրամադրութիւնը բարձրացնելու յատկութիւն ունին: Վառ գոյները, ուրախ երանգները, լուսաւոր պատկերները միշտ ալ դէպի դրականը մտածելու կը մղեն, իսկ գունաբուժութիւնը, գունաշտկումը նոր գիտութիւն չէ, անոր արմատները կը հասնին մինչեւ հնագոյն քաղաքակրթութիւններ` Եգիպտոս, Չինաստան, Հնդկաստան, Պարսկաստան:
Այսօր ալ, ժամանակակից հոգեբանութեան եւ այլ գիտութիւններու մէջ կան մշակուած համակարգեր, որոնք մարդոց գունային նախընտրութեան, բնաւորութեան եւ այլ յատկանիշներու հիման վրայ կը շտկեն տրամադրութիւնը:
Ուրիշ միջոց մըն է նաեւ հոտաբուժութիւնը, որ նոյնպէս հնագոյն ժամանակներէն եկած եւ այսօր կրկին վերականգնած բուժական հնարաւորութիւն մըն է, որ զանազան ախտանիշներ, տրամադրութեան անկում, ճնշուածութիւն եւ վերջապէս ընկճուածութիւնը վերացնելու կամ թեթեւցնելու համար կ՚օգտագործուի:
Անուշահոտերով բուժած են դարեր առաջ՝ առասպելական Աթլանթիոյ մէջ, զայն կիրառած են նաեւ եգիպտացիք։ Մարդուն վրայ անուշահոտերու յիշատակումներ կան նոյնիսկ 5 հազար տարի առաջ բուժակներու կողմէ կատարուած գրառումներուն մէջ: Հոգեբանները ընկճուած մարդոց խորհուրդ կու տան կիրառել անանուխի, սուսամպարի, ասեղնատերեւ եղեւիններու, դարսենիի (cinnamon), կոճապղպեղի, վարդի, համեմուկի (vanilla), յասմիկի, նարդոսի եւ այլ հոտեր, որոնք ուղեղին վրայ դրական ազդեցութիւն ունին:
Արդէն ժամանակակից արտադրութեան մէջ կան զանազան հոտերով մոմեր, օդափոխիչներ, նոյնիսկ փոքրիկ բարձիկներ, որոնք մարդիկ կրնան քնանալու ատեն քովերնին առնել եւ շնչել անոնց սիրելի հոտերը:
Իսկ ընկճուածութենէն դուրս գալու լաւագոյն միջոցը անշուշտ, պատճառարկութիւնն է (motivation) եւ հաւատքը՝ սեփական ուժերու հանդէպ:
Սեփական ուժերու հանդէպ հաւատքը, ի դէպ, արտաքին աշխարհէն եկող գերբնական բան մը չէ, ան մարդուն հետ կը ծնի ու կը վերածնի մարդուն մէջ ամէն անգամ, երբ փոքրիկ յաջողութիւն մը կ՚ունենայ մարդ եւ կ՚ապրի այդ յաջողութեան դրական լիցքերով:
Գրականութեան մէջ ծանօթ են գրական կերպարներ, որոնք իրենք իրենց մազերէն կը քաշեն եւ դուրս կը բերեն ճահիճէն: Անհրաժեշտ է մոռնալ անցեալի անյաջողութիւնները եւ ապրիլ ներկայով։ Միայն այդ պարագային յաջողութիւնն ու յաղթանակը կ՚այցելեն մարդուն: Կեանքը անսահմանափակ հնարաւորութիւններ կ՚առաջարկէ, եւ ան, որ կ՚ըլլայ նախաձեռնող, համարձակ եւ ստեղծարար, կը քալէ լաւագոյն դռներուն առջեւէն: Գեղեցիկ առակ մը կայ այն մասին, թէ ան, որ կը քնանայ անտառին մէջ՝ ստիպուած կ՚ըլլայ հաւաքել անտառի եզրին կուտակուած ծառի ճիւղերը, առանց գիտնալու, թէ ի՜նչ թաքնուած գանձեր կան անտառին խորքը:
Աշխարհի բոլոր իմաստունները արտայայ-տըւած են մարդուն ներքին ուժին մասին, նշելով, որ մարդ անվերջ պէտք է գտնէ ու փայփայէ իր ներսի ուժը ուրախ, երջանիկ եւ առանց ճնշուածութեան ապրելու համար։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ