ԾԻՐԱՆԻ ԾԱՌԸ

Այն­ճար, 1990: Դեկ­տեմ­բե­րի ցուրտ գի­շեր մը, պա­ղէն պաշտ­պա­նուե­լու հա­մար մենք ալ ա­մէ­նուն պէս վա­րած էինք սո­պան:

Թէ­յա­մա­նէն բարձ­րա­ցող շո­գին եւ ա­նոր ար­ձա­կած բուր­մուն­քը խորհր­դա­ւո­րու­թիւն մը կու տա­յին մեր ե­րե­կո­յին: Իսկ պա­տու­հա­նէն ե­րեւ­ցող ծի­րա­նի ծա­ռը պար­զա­պէս մեզ կը փո­խադ­րէր ե­րա­զա­յին ու հե­քիա­թա­յին աշ­խարհ:

Կրտսեր զա­ւակս չեմ գի­տեր ի՞նչ բա­նէ դրդուած, տագ­նա­պե­լով ին­ծի հարց տուաւ.

-Հայ­րի՛կ, ծի­րա­նի մերկ ծա­ռը այս ցուր­տին չի՞ մսիր:

Զինք հան­դար­տեց­նե­լու հա­մար ան­հիմն տե­սու­թիւն մը ը­րի.

-Ընդ­հա­կա­ռա­կը, ծի­րա­նի ծա­ռը ցուր­տէն ուժ կը ստա­նայ, իսկ անձ­րեւ­նե­րէն՝ սնունդ, որ­պէս­զի գար­նան ըն­թաց­քին տե­րեւ հագ­նի, հա­մեղ ծի­րան տա­լու մե­զի ա­մա­ռը:

Զա­ւակս հան­դար­տե­ցաւ ու ոտ­քի բարձ­րա­նա­լով դրան մօ­տե­ցաւ:

-Ժի­րայր, ո՞ւր կ՚եր­թաս գի­շե­րով:

-Հայ­րիկ, դուրս կ՚ու­զեմ ել­լել, կ՚ու­զեմ ծի­րա­նի ծա­ռին տակ կե­նալ, որ­պէս­զի ես ալ ցուր­տէն ուժ ստա­նամ ու անձ­րեւ­նե­րէն սնունդ:

-Դուն ծա՞ռ ես որ ուժ ստա­նաս: Դուն ծա­ռին զօ­րու­թիւ­նը ու­նի՞ս, որ դի­մա­նաս այս ցուր­տին: Դուն տկար ա­րա­րած մըն ես, որ պա­ղէն ու անձ­րե­ւէն կ՚ազ­դուի եւ կը հի­ւան­դա­նայ: Ան­ցիր վեր­մա­կիդ տակ, պաշտ­պա­նուիր ցուր­տէն, ու թող քու­նը սնունդ տայ մարմ­նիդ, որ­պէս­զի մեծ­նաս ու զօ­րա­ւոր դառ­նաս:

Ան­ցաւ ձմե­ռը, հա­սաւ գա­րու­նը:

Ժի­րայ­րին աչ­քե­րը տե­սան ա­ռա­ջին ծի­լե­րը ծի­րա­նի ծա­ռին:

-Հայ­րիկ, ծի­րա­նի ծա­ռը ծաղ­կիլ սկսած է, ե­կուր եւ տես:

Ի­րա­պէս ծաղ­կիլ սկսած էր ծի­րա­նի ծա­ռը ու գա­րու­նը իր օրհ­նա­բեր դե­րը կա­տա­րե­լու ճամ­բուն մէջ էր:

Ամ­բողջ գար­նան ըն­թաց­քին, օ­րէ օր ա­ւե­լի կը ծաղ­կէր ու կը գե­ղեց­կա­նար ծա­ռը: Իսկ լեռ­նե­րէն փչող զե­փիւ­ռը կեան­քի կը բե­րէր թարմ տե­րեւ­նե­րը ու ա­նոնք կար­ծես կը պա­րէին ու կ՚եր­գէին:

Խե­լաց­նոր տես­քը ծա­ռին խորհր­դա­ւոր էր: Ու մեր այս ժա­մա­նա­կա­ւոր տան զարդն էր ան: Դրա­ցի­նե­րէն ի­մա­ցանք թէ այդ ծա­ռը իր «աշ­նա­ն» օ­րե­րը կ՚ապ­րէր:

-Այս ա­լե­հեր ծա­ռին պտու­ղը մէյ մը ե­թէ համ­տե­սէք՝ ամ­բողջ կեանք մը ձե­զի պար­գե­ւած հա­մը չէք մոռ­նար,- ը­սաւ Տի­կին Ե­ւան ու ան­ձե­ռո­ցը ծա­լե­լով իր տու­նը մտաւ:

Հա­սաւ ա­մա­ռը ու ծի­րա­նի ծա­ռին ծի­րան­նե­րը հա­սուն­նա­լու սկսեր էին: Տի­կին Ե­ւա­յին ը­սած­նե­րը հաս­տա­տե­լու հա­մար, ձեռ­քերս եր­կա­րե­ցի ու ա­ռա­ջին հան­դի­պած ծի­րա­նը քա­ղե­ցի ու համ­տե­սե­ցի:

Ծի­րա­նին հա­մը զիս գի­նով­ցուց ու ան­ցեալ փո­խադ­րե­լով, աչ­քե­րուս առ­ջեւ ու­րուագ­ծուե­ցաւ ծա­ռը ցա­նող մու­սա­տաղ­ցի հա­յը, որ իր օրհ­նեալ ձեռ­քե­րով հո­ղին մէջ կը տնկէր ծի­րա­նի ծա­ռի մը բա­րակ ճիւ­ղը: Վստա­հա­բար այդ ճիւ­ղը մեր հայ­րե­նի հո­ղին մէջ ա­ճած ծա­ռի մը վրա­յէն փրցու­ցած ու հե­տը բե­րած էր Այն­ճար ու ցա­նած էր ի­րեն տրա­մադրուած հո­ղին մէջ:

*

Խա­ղա­ղու­թեան լու­րեր առ­նե­լով Պէյ­րու­թէն, ան­մի­ջա­պէս ո­րո­շե­ցինք վե­րա­դառ­նալ մեր տու­նե­րը ու միա­նալ հօրս, զոր տա­րիէ մը ի վեր չէի տե­սած:

Ան­շուշտ չմոռ­ցանք մեր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­լու շրջա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, այդ տու­նը մե­զի տրա­-մադ­րած ըլ­լալ­նուն հա­մար, նաեւ տան­տի­րոջ, մեր աջ ու ձա­խի ազ­նիւ դրա­ցի­նե­րուն: Ու վեր­ջին սի­րա­լիր հա­յեացք մը նե­տե­ցինք ա­լե­հեր ծի­րա­նի ծա­ռին ու բաժ­նուե­ցանք այդ հա­յա­ւա­նէն ու վե­րա­դար­ձանք Պէյ­րու­թի մեր բնա­կա­րա­նը:

Մեզ­մէ ետք ու­րիշ ըն­տա­նի­քի մը տրա­մադ­րեր են մեր ապ­րած տու­նը:

Ա­միս­ներ ետք լսե­ցի, թէ այդ ըն­տա­նի­քը ծի­րա­նի ծա­ռը կտրեր ու այ­րեր էր տաք­նա­լու հա­մար, այդ­պէ­սով ջնջե­լով տան խորհր­դա­ւո­րու­թիւ­նը: Տան­տէ­րը ծա­ռին ճա­կա­տագ­րին մա­սին լսե­լով բար­կա­ցեր էր ու նե­ղու­թե­նէն՝ հի­ւան­դա­ցեր: Իսկ ես երբ լսե­ցի այս պա­տու­հա­սին մա­սին, մա­նու­կի մը պէս թրջե­ցան աչ­քերս, ու ա­լե­հեր ծա­ռին այս ող­բեր­գու­թիւ­նը յու­զում ցա­նեց ողջ էու­թե­նէս ներս:

Յ. ՀԵԼ­ՎԱ­ՃԵԱՆ

Պէյ­րութ

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016