ՈՒՂԵՐՁՆԵՐ՝ ՔՈՐՈՆԱՅԻ ԺԱՄԱՆԱԿ

Մարդկութեան պատմութիւնը համաճարակներու, պատերազմներու, աղէտներու պատմութիւն է: Յիշելով անցեալը եւ ուսումնասիրելով պատմութիւնը՝ մեր աչքին առջեւ նախ կու գան աւերները, մահերը, պատերազմները, ապա ծաղկուն կեանքի, սիրոյ, արարումի պատմութիւնները:

Այդպէս է. մարդ արարածը վարժութիւն ունի պատմութիւնը տեսնել նախ աւերներու միջոցով: Պատերազմներն ու համաճարակներն են, որ բազմաթիւ կեանքեր խլած են, իսկ վերջին ուսումնասիրութիւններէն պարզ դարձաւ, որ համաճարակները պատերազմներէն աւելի կեանքեր տարած են եւ այսօր ալ զարհուրանք կը տարածեն բազմապիսի պատմութիւնները՝ համաճարակներու մասին: Յայտնի ճշմարտութիւն է, որ համաճարակը ոչ մէկ ազգ, մասնագիտութիւն կը հարցնէ. չի նայիր յայտնի կամ անյայտ ըլլալուն, մորթի գոյնին, ընկերային դիրքին եւ իր սեւ գործը կը կատարէ: Բայց մարդկութեան համաճարակներու պատմութիւնը նաեւ փորձառութեան պատմութիւն է, ահա թէ ինչո՛ւ այսօր կարելի է համաճարակներէն քիչ թէ շատ յաղթական դուրս գալ եւ 21-րդ դարու համաճարակը այլեւս ոչ ոք կը պատկերացնէ մանգաղը ձեռքին աջուձախ հնձող մահուան կերպարանքով:

Ժամանակին համաճարակները թէ՛ գրականութեան, թէ՛ կերպարուեստի, թէ՛ շարժանկարային արուեստի մէջ նկարագրելով, պատկերներուն մէջ գերիշխող էր սեւ հագուստով, դիմակով եւ երկար հանդերձով, գերանդին ձեռքին խորհրդանշական մահի կերպարը: Մարդկութեան բաժին հասած համաճարակաները արուեստի մէջ անհետեւանք չեն մնացած եւ անցեալ դարերու եւրոպական արուեստին վրայ բացասական ազդեցութիւն ձգած են:

Միջնադարուն տարածուած «Սեւ մահ» կոչուած ժանտախտը եւ ուրիշ համաճարակներ, խելագարութեան, դաժանութեան, տառապանքի եւ նոյնիսկ գռեհկութեան տեսարաններ ներմուծած են արուեստին մէջ: Արուեստը զօրաւոր ազդեցութիւն ունի եւ կարելի չէ, որ այդ տեսարանները դիտող մարդիկը ազդուած չըլլան եւ վախերով չհամակուին: Ստեղծուած են կերպարուեստի գլուխ-գործոցներ, ուր ժանտախտի նիւթը ներկայացուած է երկրագունդը հարուածող սլաքներու, նետերու միջոցով. սեւ դիմակներով դեւերը կը հնձեն մարդիկը, Աստուծոյ զայրոթը նոյնպէս ներկայ է այդ նկարներուն մէջ, բայց ամէն ինչ նկարուած է չափազանցուած եւ ազդեցիկ կերպով, հակառակ որ «Սեւ մահ» կոչուած ժանտախտի զոհերուն թիւը հասած էր տասնեակ միլիոններու: «Սեւ մահ» կը կոչուէր, որովհետեւ մորթին վրայ սեւ գոյն ունեցող այտուցներ կը ձգէր:

Ժանտախտի նիւթով այդ նկարներուն մէջ իշխող կմախքները, գերանդիները, մահուան կարգի սպասողները, գետին փռուած մահացող մարդիկը, անոնց սեւցած եւ ուռած մորթերը եւ այլ զարհուրելի տեսարաններ յետագային ներմուծուած են նաեւ խաղաղ ժամանակներու արուեստներուն, այդ կարգին գրականութեան, երաժշտութեան մէջ, քանի որ յիշողութիւնը դիւրին չէ ջնջել:

Այդ համաճարակը, լիովին վերացած չըլլալով, յաջորդ դարաշրջաններուն երբեմն-երբեմն կրկին բռնկած է, անշուշտ ոչ նոյն ուժգնութեամբ. ինչպէս՝ 1346-1353 թուականներուն, երբ Եւրոպայի բնակչութեան յիսուն տոկոսը զոհ գնաց անոր:

Այսօր, մերթ ընդ մերթ անցեալի պատկերներու այդ յիշողութիւնն է, որ խուճապի կը մատնէ մարդկութիւնը, բայց այսօրուան համաճարակին իրավիճակը, վերահսկելիութեան եւ մարդկային գիտակցութեան առումով, անհամեմատելի է անցեալին տեղի ունեցածով:

Այսօր արուեստը աւելի խաղաղութիւն կը սփռէ, քան՝ խուճապ: Նոյն սիրոյ, համերաշխութեան, զիրար օգնելու, դժուար պահերուն հանդարտ մնալու կոչերն են, որ կը տարածուին նաեւ արուեստէն դուրս՝ բարձր մակարդակով: Մարդկութեան անցեալի դասերէն քաղուած այսօրուան կենսակերպը դէպի վեհին ու գեղեցիկին ձգտելու ամբողջութիւն մըն է:

Անցնող օրերուն միջազգային մակարդակով հնչեցին ճառեր, որոնք ամրապնդեցին քորոնայի վախով ապրող մարդոց կամքը, վաղուան հանդէպ աւելի յոյս տուին եւ թերեւս, քիչ մը ետ մղեցին խուճապը:

Այդ ճառերէն ամենանշանաւորը թերեւս Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապի ուղերձն էր, որ ուղղուած էր իտալացիներուն եւ շուտով աշխարհով մէկ տարածուեցաւ.

«Այսօր՝ քնանալէ առաջ, մտածեցէք այն օրուան մասին, երբ կրկին փողոց պիտի ելլէք: Մտածեցէք այն մասին, թէ երբ դարձեալ գիրկընդխառն պիտի ողջագուրուիք, իսկ ընտանիքով առեւտուր ընելու հնարաւորութիւնը իրական տօն պիտի թուի:

«Մտածենք այն օրուան մասին, թէ ինչպէս մեր կեանք պիտի վերադառնան սուրճը սրճարաններուն մէջ, գիրկընդխառնութիւնները, իրարու հպած մարդոց լուսանկարները:

«Մտածենք այն մասին, թէ ինչպէս իրողութիւնը անցեալ պիտի դառնայ, իսկ մեր բնականոն կեանքը՝ անսպասելի ու հիասքանչ նուէր մը:

«Սիրենք այն ամէնը, ինչ որ մինչ օրս կը նկատէինք բնականոն ու սովորական: Սկսինք գնահատել ամէն մէկ վայրկեանը. ծովուն մէջ լողալը, արեւածագը, արեւամուտը, կենացներն ու ծիծաղը:

«Մենք կրկին միասին պիտի ծիծաղինք:

«Ուժ եւ քաջութիւն ձեզի:

«Շուտով կը հանդիպինք»:

Աշխարհահռչակ ֆութպոլի աստղ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին ուղերձը.

«Աշխարհ կ՚երթայ դէպի շատ բարդ ժամանակներ, որ մեզմէ՝ իւրաքանչիւրէս աւելի հոգատարութիւն եւ ուշադրութիւն կը պահանջէ: Հիմա ես կը խօսիմ ձեզի հետ ոչ որպէս ֆութպոլիստ, այլ որպէս զաւակ, որպէս հայր եւ վերջապէս որպէս մարդ, որ անհանգստացած է ողջ աշխարհին վրայ ազդող զարգացումներով: Կարեւոր է, որ բոլորս հետեւինք Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան խորհուրդներուն եւ իշխանութիւններուն, թէ ինչպէս վարուիլ ստեղծուած իրավիճակին:

«Մարդկային կեանքի պահպանումը վեր է ամէն ինչէն: Իմ համերաշխութիւնը կը յայտնեմ բոլոր այն մարդոց, որոնք կը պայքարին վարակին դէմ, ինչպէս իմ խաղընկեր Տանիելէ Ռուկանին, ես իմ անվերջ աջակցութիւնը կը յայտնեմ այն հիասքանչ բոյժաշխատողներուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով, կ՚օգնեն ուրիշներուն»:

Հոլիվուտեան օսքարակիր դերասան Թոմ Հենքսն ու իր կինը՝ Ռիթա Ուիլսընը, ի թիւս հազարներու, նոյնպէս վարակուած են քորոնաժահրով: Վարակը անոնք առած են նկարահանումներու ժամանակ Աւստրալիոյ մէջ: Այս պահուն Հենքսն ու կինը, բուժումներէն ետք, արդէն անցուցած են վտանգի օրերը եւ կը գտնուին պարզապէս մեկուսացման մէջ: Անոնց քաջալերանք կը յղեն աշխարհի բոլոր ծագերէն միլիոնաւոր մարդիկ, Հենքսը իր կարգին ուղերձ մը յղած է.

«Ողջոյն ժողովուրդ: Ռիթա Ուիլսընը եւ ես կ՚ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք այդքան լաւ կը վերաբերին մեզի: Մենք ունինք Covid-19 եւ կը գտնուինք մեկուսացման մէջ, ուստի վարակը չենք տարածեր ուրիշներուն: Գիտենք, որ կան մարդիկ, որոնց պարագային այս վարակը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ: Մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, հետեւինք փորձագէտներու խորհուրդներուն եւ հոգանք մեզ ու ուրիշները: Յիշեցէք, հակառակ բոլոր ընթացիկ իրադարձութիւններուն, գըն-դակախաղին մէջ լաց չկայ»:

Բազմաթիւ հռչակաւոր մարդիկ կասկածներ ունեցած են քորոնաժահրով վարակուած ըլլալուն առումով, քննութիւններէ անցած են: Հիմնականին քով հերքուեցաւ վարակին առկայութիւնը, իսկ ահա, կարգ մը յայտնիներու փորձանակները դրական նշաններ ցոյց տուին:

Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի կնոջ՝ Սոֆի Կրեկուարի մօտ հաստատուած է քորոնաժահրին առկայութիւնը: Կը նշուի, որ վարչապետը վարակ չի կրեր, բայց ան մեկուսանալու որոշում ընդունած է: Սոֆի Կրեկուար վերադարձած է Լոնտոնէն, ունեցած է հարբուխի նշաններ եւ աւելի ուշ հաստատուած է քորոնան:

Աւստրալիոյ Ներքին գործոց նախարար Փիթըր Տաթոն նոյնպէս յայտարարած է, որ իր մօտ քորոնավարակ յայտնաբերուած է: Բժիշկներու պահանջքով ան հիւանդանոց փոխադրուած է:

Լոնտոնի «Արսենալ» խումբի գլխաւոր մարզիչ Միկել Արտետայի քորոնայի փորձանակին պատասխանը նոյնպէս դրական է: Խումբին բոլոր ֆութպոլ խաղացողները, ակումբի աշխատակազմը եւ անոնք, որոնք վերջին շրջանին հաղորդակցած են Արտետային հետ, մեկուսացուած են:

Լոնտոնի «Չելսի» խումբի 19-ամեայ անգլիացի յարձակող Քալում Հաթսըն-Օտօ նոյնպէս վարակուած է քորոնայով: Քորոնավարակը չէ շրջանցած նաեւ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարը, վերջինս նոյնպէս վարակուած է: Քորոնայի վարակը հաստատուած է նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ առողջապահութեան փոխ-նախարարին մօտ: Բոլոր վարակուածները ինքզինքնին լաւ կը զգան եւ համապատասխան հսկողութենէն եւ ժամանակէն ետք միայն կրնան բնականոն կեանքին անցնիլ:

Իսկ Իրանի մէջ, ուր վարակը ահռելի սահմաններ ընդգրկած է, բազմաթիւ վարակակիրներու մէջ են նաեւ երկրին փոխ-նախագահը, զբօսաշրջութեան, մշակութային ժառանգութեան եւ արհեստներու նախարարը, ինչպէս նաեւ առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարարը: Իրանի մահացողներուն մէջ են երեսփոխաններ, նշանաւոր բժիշկներ, հիւանդանոցի տնօրէններ:

ՀԱՅԸ, ՈՐ ՓՐԿԵՑ ՎԵՆԵՏԻԿԸ

Համաճարակներու պատմութեան մէջ նշանակալի դեր ունեցած մարդոց կարգին բոլոր ժամանակներուն կը նշուի վենետիկցի հայուն՝ Անտոն Սուրեանին անունը, որուն մասին կ՚ըսեն, թէ փրկած է Եւրոպան: Ճարտարագէտ, գիւտարար, զինագործ, դեղագործ, բժիշկ, համաճարակաբան, բարերար Անտոն Սուրեան իր գործունէութիւնը ծաւալած է 16-րդ դարուն եւ իր բժշկական գիտելիքներուն շնորհիւ Վենետիկը փրկած՝ ժանտախտէն: Զայն կոչած են նաեւ Անտոն Սուրէն, իսկ Վենետիկի մէջ ունեցած է Անտոն Հայ անուանումը, Վենետիկ փոխադրուած է 16-րդ դարու կէսերուն:

Ղեւոնդ Ալիշան իր «Հայ-Վենետ կամ Յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց» աշխատութեան մէջ այսպէս կը գրէ Հայ Անտոնին մասին. «ԺԶ. դարուն կիսուն կամ քիչ մի վերջ, ի Վենետիկ գտնուած դեռ ոչ բազմութիւ Հայոց մէջ ամենէն նշանաւորն եղած է սա, եւ երեսուն տարիէ աւելի զանազան դիպուածոց եւ պիտոյից մէջ ցուցեր է մեծ հանճարը, մեծ գործօնէութեամբ եւ յաջողութեամբ: Իր յատուկ կամ մկրտութեան անունն է Անտոն, մականունն Սուրիան, որ կամ նոյնպէս յատուկ անուն է, եւ կամ թերեւս հայրենեօք։ Միջագետաց եւ Ասորւոց կողմէն ըլլալով՝ այսպէս կոչուած ըլլայ յԻտալացւոց, որք Սիրիա կամ Սուրիա կ՚անուանեն այն կողմերը. արդ դիւանաց մէջ կու գրուի սա Antonia Suriano detto l Armeno ( Անտոն Սուրիան՝ կոչեցեալն Հայ )»:

Ալիշան այնուհետեւ կը նկարագրէ Հայ Անտոնի փորձառու ըլլալը ծովագնացութեան ու նաւաշինութեան ոլորտներուն մէջ: Անտոն Սուրեան դիմած է Վենետիկի տոճին՝ այդ ժամանակուան ղեկավարին եւ առաջարկած իր ունակութիւններն ու կարողութիւնները գործածել ծովային հանրապետութեան հետաքրքրութիւններուն համար:

Իր կարողութիւններուն եւ գործնական ու արժէքաւոր առաջարկներուն համար ան ստացած է «ճարտարապետ»ի կոչում: Հայ Անտոն մշակած է նաւերու՝ ծով դուրս գալու նոր համակարգ, ստեղծած է ծովը հաւաքուած բնական աղբէն ու ցեխէն մաքրելու յատուկ գործիք:

Անոր հեղինակութիւնը բարձրացած է մանաւանդ դէպքէ մը ետք. 1571 թուականին Լեպանտոյի ճակատամարտին ընթացքին Անտոն Սուրեան ի սկզբանէ նախապատրաստուած էր եւ նորարարական եղանակով դասաւորած էր իր իսկ պատրաստած թնդանօթները: Այդ օրը ան փրկած է Տուոտոյի ռազմանաւը:

1575 թուականին Վենետիկի մէջ բռնկեցաւ ժանտախտի համաճարակ մը: Ամէն մարդ սարսափի մէջ էր, պետութիւնը ոչ մէկ լուծում ունէր անոր դէմ: Միայն կրցան Սան Մարքոյի ծովափին որոշ ժամանակ անց նաւերով կառուցել հսկայ հիւանդանոց մը, ուր կը պահուէին ժանտախտով հիւանդ հարիւրաւոր մարդիկ: Անտոն Սուրեան, որ արդէն յօրինումներ կատարած էր զանազան ոլորտներու մէջ, իր աջակցութիւնը առաջարկեց կառավարութեան:

Բայց այդ ժամանակ Վենետիկի մէջ ապօրինի բուժումներու վերաբերեալ օրէնքները խիստ էին եւ անով զբաղող ամէն մարդ խստօրէն կը պատժուէր: Սակայն Վենետիկի կառավարութիւնը, ճանչնալով Սուրեանը վստահեցաւ անոր եւ համաձայնեցաւ, որ հայը թաղամասի մը բնակչութեան բուժումով եւ փրկութեամբ զբաղի:

Անտոն Սուրեան լծուեցաւ գործի եւ յօրինեց դեղամիջոց մը, որով փրկուեցան հազարաւոր մարդոց կեանքեր: Ժամանակակիցները, նկարագրելով Անտոն Հայի գործունէութիւնը եւ մանաւանդ անոր գործը ժանտախտին ժամանակ, կ՚ենթադրեն, որ ան կարդացած կամ ձեռքին տակ ունեցած է բժշկարան մը, որուն մասին անտեղեակ էին 16-րդ դարու քաղաքակրթութեան կեդրոն հանդիսացող Վենետիկի բժիշկները: Հաւանաբար անոնք հայկական բժշկական գիրքեր ըլլալու էին։ «Շատ վիրաւորեալներ բժշկեց եւ շատ ազնուական ընտանիք ապրեցուց», կը գրէ Ալիշան անոր մասին:

Իբրեւ երախտագիտութիւն, Վենետիկի կառավարութիւնը Անտոն Սուրեանը մշտական ծառայութեան առաւ զինագործարանին մէջ եւ անոր ցմահ անվճար սնունդ տրամադրեց: Ի հարկէ, Սուրեան աւելին կը սպասէր եւ կառավարութեան վերաբերմունքէն վիրաւորուեցաւ: Ժանտախտը յաղթահարելէ եւ Սուրեանի մահէն ետք կառավարութիւնը շատ մանրամասնութիւններ կը պարզէ եւ յետմահու կը պարգեւատրէ հայը, իսկ յուլիս 17-ը կը հռչակէ Փրկութեան օր: Տեղեկութիւններ կան, թէ այդ իրադարձութեան առթիւ ալ կառուցուած է Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին: Անտոն Սուրեան մահացած է 22 օգոստոս 1591 թուականին Վենետիկի մէջ եւ յուղարկաւորուած՝ Սեն Մարթին եկեղեցւոյ մէջ:

Հայ Անտոնի մասին պատմութիւնը Ղեւոնդ Ալիշան կը շարունակէ՝ «Հայ Անտոնի որդիքն եւ թոռն» գրութեան մէջ, ուր կը պատմէ Անտոնի զաւակներուն մասին, որոցնմէ ոմանք շարունակած են իրենց հօր նաւաշինութեան արհեստը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2020