ՄԱՐԴԻԿ

Եկէք, այս անգամ, այս դահլիճը, դիմացի բեմն ու անոր վրայի երաժիշտները, զորս կը տեսնենք, տարբեր ակնոցով զննենք։ Անգամուայ մը համար նայինք անոնց ամենաիրական ակնոցով, որ կարելի է դնել մեր աչքերուն։ Պիտի տեսնենք, ապակիներուն ընդմէջէն, մարդ էակը իր էութեամբ, իր պարզութեամբ ու բարդութեամբ միաժամանակ։

Ահա նայեցէք, մարդիկ են բոլորը, այս ու այն կողմը բաժանարար գծին։ Իրաններ, երկուքական թեւ ու ոտեր բոլորն ալ, վերն ալ գլուխ մը, քիթ, բերան, ականջ, աչքերով։ Դահլիճն աւելի բազմամարդ է, քան բեմը։ Այս կողմէն բոլոր դէմքերն ու աչքերը դէպի այն կողմ կը նային։ Հոն, ի՞նչ կ՚ընեն։

Հոն մէկը, կռնակը հանդիսատեսներուն, ձեռքի շարժումներ կ՚ընէ. երկու մատներուն մէջ ցպիկ մը ունի։ Շարժումները կանոնաւոր կշռոյթ մը ունին յաճախ։ Իր դիմաց, կիսակլոր դասաւորմամբ նստած, մի քանի տասնեակ մարդիկ են, ամէն մէկը ձեռքին տակ բան մը բռնած. մարդակերտ իրեր, որոնց այս կամ այն ձեւի հպումը ձայն մը կը ստեղծէ։ Ձայները կու գան դուրս իրերէն, կը հասնին այս կողմ, դահլիճ։

Հոս, հարիւրաւորներ, հասած ձայներուն հետ իրենց գլուխները կը խաղցնեն, դէմքի ծամածռութիւններ կ՚ունենան, ոտքով կշռոյթին կը հետեւին... Իրենց միս ու կրճիկ ականջներէն ներս մտած ձայնային ալիքը կ՚ազդէ գանկերէն ներս ուղեղներուն վրայ, կը գրաւէ զանոնք ակնյայտօրէն, յատուկ վիճակի մը կը մատնէ զանոնք։ Ձայները կ՚աճին, կը զարգանան, աղմուկի կը վերածուին գրեթէ, ու յանկարծ, ընդոստ, կը լռեն։

Ահա այդ պահուն, ձայնը կը տեղափոխուի այդ կողմէն այս կողմ։ Գործիքները կը հանգչին, կռնակով մարդը կ՚իջեցնէ ձեռքերն ու ցպիկը վար, կը դառնայ դէմքով դէպի այս կողմ նստածներուն, որոնք, մէկէն ի մէկ, ափ-ափի տալով աղմուկ մը կը թափեն դէպի բեմ։ Բեմի մարդը մարմինը կը ծռէ տարօրինակօրէն, դէպի առջեւ, ձեռքն ալ փորին դնելով. բայց ոչ մէկուն տարօրինակ կը թուի շարժումն այդ. ծանօթ լեզու մըն է. մարդկային լեզու մը։ Ձեռքերու աղմուկն աւելի կը բարձրանայ, շուտով վերածուելու համար կշռոյթաւոր ձայնի մը։ Այս կողմ նստած մարդիկ, ձայնային ընկալման ինչպիսի բնազդով, կը յաջողին համակերպիլ իրարու, ձեռքերու խփումները անթերի չափականութեան մը բերել. առանց խմբավարի։

Քիչ անց, բեմին վրայի մարդիկը քալելով կը հեռանան։ Այս կողմ նստածները ոտքի կ՚ելլեն, եւ իրենց թաթերուն վայ շարժելով, կարգով, կամաց-կամաց, դուրս կու գան դահլիճէն։

Սրահը կը դատարկուի ձայնային թէ տեսողական տարբեր լեզուներով խօսակցող, անհասկնալիօրէն զիրար հասկցող, միս, ոսկոր, ջուր ու արիւնէ բաղկացած, բայց եւ զանոնք անիրեղէն էութեամբ մը լեցնելու ունակ էակներէն, որոնք մարդիկ են։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 19, 2021