ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ Դ. ԿԻՐԱԿԻ. ՏՆՏԵՍԻՆ
Մեծ պահքի չորրորդ կիրակին կը կոչուի Տնտեսի կիրակի։ Մեր Տէրը Քրիստոս «Անառակ որդի»ին առակը պատմելէ ետք, կը պատմէ նաեւ «Անիրաւ տնտեսինե» առակը։ Այսպէս.
Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ իր ստացուածքներուն վրայ տնտես մը ունէր: Երբ տնտեսին մասին մարդիկ ամբարտաւանութիւն ըրին՝ ըսելով թէ իր տիրոջ հարստութիւնը կը վատնէ, մեծահարուստը կանչեց զինք եւ ըսաւ. «Ի՞նչ են քու մասիդ այս ըսուածները: Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուս հաշիւը տուր: Այլեւս իմ տնտեսս չես կրնար ըլլալ»:
Տնտեսը ինքնիրեն խորհեցաւ. «Ի՞նչ կրնամ ընել. ահա տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն կը զրկէ: Բանուորութիւն չեմ կրնար ընել, մուրալու կ՚ամչնամ: Սակայն գիտեմ, թէ ինչ պէտք է ընեմ, որ երբ տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն հեռացնէ, մարդիկ ընդունին զիս իրենց տուներէն ներս»: Ապա մէկ առ մէկ կանչեց իր տիրոջ պարտապանները եւ առաջինին հարցուց. «Ո՞րքան պարտք ունիս տիրոջս»: Անիկա պատասխանեց. «Երկու հարիւ թիթեղ ձէթ»: Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ անմիջապէս գրէ՝ հարիւր»: Յետոյ հարցուց միւսին. «Դո՞ւն որքան պարտք ունիս»: Անիկա պատասխանեց. «Չորս հարիւր յիսուն պարկ ցորեն»: Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ գրէ՝ երեք հարիւր յիսուն»: Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար» (Ղկ 16.1-8): Եւ Տէր Յիսուս առակը կ՚եզրակացնէ՝ ըսելով. «Որովհետեւ այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են քան լոյսի որդիները: Եւ Ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին» (Ղկ 16.8-9): Ինչպէ՞ս կրնանք ընդունուիլ յաւիտենական յարկերուն մէջ: Պատասխանը վերի տողերուն նմանութեամբ դարձեալ Տէր Յիսուս Ի՛նքն է, որ կու տայ, ըսելով. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն: Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ: Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21): Իսկ Պօղոս առաքեալ իր աշակերտ՝ Տիմոթէոսին ուղղած առաջին նամակին մէջ, այսպէս կը յորդորէ հարուստներուն. «Այս աշխարհի հարուստներուն պատուիրէ, որ շատ չհպարտանան եւ անկայուն հարստութեան չվստահին, այլ՝ վստահին Աստուծոյ, որ ամէն ինչ առատօրէն կու տայ մեզի, որպէսզի վայելենք: Պատուիրէ որ բարիք գործեն, լաւ գործերով հարստանան, եւ ըլլան առատաձեռն, սիրալիր եւ իրենց ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ: Այդպիսով իրենք իրենց համար կ՚ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ՚ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգելու համար» (Ա. Տմ 6.17-19):
Գալով առակին: Շատերուն կրնայ տարօրինակ թուիլ այս առակը։ Եւ իրօք ալ այդպէս է։ Սակայն, այս առակը պէտք չէ բառացիօրէն հասկնալ, այլ պէտք է փորձել այդ առակին ետին եղած դասը լաւապէս ըմբռնել, որովհետեւ այս առակը իր մէջ կը պարունակէ հոգեւոր խոր իմաստներ, որոնցմէ մի քանին այստեղ պիտի թուենք.-
1) Մեծահարուստ մարդը Աստուած Ի՛նք է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրիս շնորհած է պարգեւներ, եւ գործածութիւնը ձգած է մեր ազատութեան։ Որպէս այդպիսին մարդ պէտք է զգոյշ ու զգօն ըլլայ հասկնալու ու գիտակցելու իրեն տրուած պարգեւներուն, եւ ամենէն կարեւորը՝ լաւապէս գիտնայ, թէ օրին մէկը այդ ստացած պարգեւներուն համար հաշիւ պիտի պահանջուի իրմէ։ Եւ երանի անոր որ գիտակցելով իր ունեցած ձրի պարգեւներուն, զանոնք կ՚օգտագործէ Աստուծոյ փառքին համար։
2) Տնտեսը, մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ըլլալ։ Անոնք որոնք 1-ին կէտին մէջ նշած արթնութիւնը ունեցած են եւ իրենց կարելին կ՚ընեն Աստուծոյ կամքին համաձայն կեանք մը ապրելու, տնտեսութեան պաշտօնէն դուրս եկած են արդէն եւ ա՛լ աւելի մօտեցած են Աստուծոյ։ Իսկ անոնք որոնք տակաւին այդ գիտակցութեան չեն հասած, կը նմանին առակին մէջ նկարագրուած տնտեսին, որ իրը չեղած հարստութեան հետ կը վարուէր այնպէս, ինչպէս որ կը կամենար, այլ խօսքով՝ կը չարաշահէր իր տիրոջ իրեն վստահած պատասխանատուութիւնը։
3) Դէպի արթնութիւն։ Երբ մեծահարուստը կ՚իմանայ կատարուածներու մասին, կը կանչէ իր տնտեսը եւ կը յայտնէ, թէ պիտի արձակէ զինք իր պաշտօնէն։ Մեր առօրեային մէջ յաճախ Աստուած կը խօսի մեզի զանազան կերպերով, մեր աչքերը բանալու համար, որպէսզի անդրադառնանք մեր սխալներուն եւ ուղղենք զանոնք։ Այլ խօսքով, Աստուած կը զգուշացնէ մեզ եւ առիթ կու տայ փոխուելու։ Աւելին, Աստուած կը կանչէ ու կը հարցնէ, չնայած կարիք չունի այդպէս ընելու, որովհետեւ ըստ Սաղմոսասաց Մարգարէին, Ան՝ «սիրտին խորհուրդները քննող Աստուած է». կանչելով ու հարցնելով առիթ կու տայ մարդուն, որպէսզի անդրադառնայ իր գործած սխալներուն, գիտակցի իր գործած յանցանքներուն եւ զղջալով ու ապաշխարելով վերադառնայ Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհին։
4) Տնտեսը լսելէ ետք իր գործատիրոջ որոշումը, առանց խառնուելու, կը մտածէ, թէ ինչպէս պիտի ապահովէ իր յետագայ կեանքը, եւ որոշումի յանգելով անմիջապէս գործադրութեան կ՚անցնի։ Մենք եւս, նման իրավիճակներու մէջ պէտք չէ խառնուինք ու շփոթուինք, այլ պէտք է մտածենք յետագայի մասին։ Յետագան այստեղ պէտք չէ հասկնալ աշխարհիկ այս կեանքը, այլ՝ յաւիտենականը։ Այսինքն երբ մեր կեանքի որեւէ մէկ հանգրուանին անդրադառնանք, թէ սխալ ուղղութեամբ է որ կ՚ընթանանք, սրբագրենք մեր թերութիւնները եւ աշխատինք գտնել այն ճանապարհը, որ դէպի յաւիտենականութիւն կը տանի։ Իսկ յաւիտենականութիւն տանող ճամբան կը սկսի ապաշխարութեամբ՝ զղջալով ու խոստովանելով, ապա բարեգործութիւն կատարելով, ներելով ու բոլորը անխտիր սիրելով։ Աւելին, տնտեսին կատարած արարքը, որ իր տիրոջ պարտապաններուն ունեցած պարտքերը զեղչեց, օրինակն են բարի եւ առաքինի գործերուն, որոնց միջոցով մարդ իր սխալները կը սրբագրէ։ Բարի եւ առաքինի գործերն են, աղօթական կեանքը, պահքն ու ծոմապահութիւնը, ողորմութիւն ընելը, կարիքաւորներուն օգնելը, հիւանդներուն եւ բանտարկեալներուն այցի երթալը, ներողամտութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, առանց փոխարէնը ակնկալելու տալը եւ այլն։
5) «Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հաւատարմութեան համար» (Ղկ 16.8)։ Մեծահարուստին գովքը փաստ մըն, թէ հակառակ մեզի տրուած ձրի պարգեւներուն նկատմամբ մեր ապերախտութեան, սակայն Ամենաբարին Աստուած միշտ կը ներէ մեզ ու կ՚ընդունի, եթէ գիտակցինք մեր գործած մեղքերուն, ապաշխարենք, զղջանք եւ վերադառնանք Իրեն։
Ինչ կը վերաբերի Տէր Յիսուսի այս արտայայտութեան, թէ՝ «այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են քան լոյսի որդիները», ապա՝ այս աշխարհի մարդիկը մենք ենք, որ կ՚ապրինք այս աշխարհի վրայ։ Աւելի ճարպիկ արտայայտութիւնը կը նշանակէ, թէ մեր ճարպիկութեամբ՝ մենք մեզ սրբագրելու, զղջալու եւ ապաշխարելու առիթ ունինք, եւ այդ ընելու համար բազմաթիւ կարելիութիւններ ու միջոցներ ունինք։ Լոյսի որդիներ ըսելով կը մատնանշէ հրեշտակները, որոնք մեր նման առիթ չունին իրենց սխալները սրբագրելու եւ զղջալու, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր վիճակին մէջ հաստատ է։ Ինկած հրեշտակները առիթ չունին վերադառնալու իրենց նախկին վիճակին, իսկ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ մնացած հրեշտակները, յաւիտեան իրենց ծառայութեան մէջ պիտի մնան հաստատ կերպով։
Այստեղ, Մատթէոս Ջուղայեցիին այս մասին գրածը գրաբարէն արեւմտահայերէնի վերածած կը ներկայացնենք ընթերցողներու ուշադրութեան.
Իսկ արդարեւ, մարդիկ աւելի իմաստուն են, քան լոյսի որդիները, այսինքն՝ քան հրեշտակները: Եւ ասիկա բազմաթիւ կերպերով:
Ա. Նախ՝ որովհետեւ մարդիկ մեղքերէն դառնալու առիթ ունին, իսկ հրեշտակները՝ չունին, օրինակի համար՝ դեւերը:
Բ. Երկրորդ՝ մարդիկ կրնան ապաշխարութեամբ ապրիլ, իսկ հրեշտակներուն համար ապաշխարութեան հնարաւորութիւն չկայ:
Գ. Երրորդ՝ քանի որ մեղքերու թողութիւն կը ստանան [մարդիկ], իսկ հրեշտակներուն համար մեղքերու թողութեան հնարաւորութիւն չկայ:
Դ. Չորրորդ՝ որովհետեւ մարդիկ կրնան իրենք զիրենք նուաճեցնել նորագոյն հրամաններով, իսկ անոնք՝ [հրեշտակները] բնականապէս կը վարուին եւ փոփոխում չունին:
Ե. Հինգերորդ՝ քանի որ երբ ինչ որ մեղքի մէջ իյնանք, մեղանչելէն ետք անցածները կ՚ողբանք, իսկ անոնք՝ [հրեշտակները] չարին մէջ իյնալով ա՛լ աւելի կը չարանան, ինչպէս սատանան եւ իւրայինները:
Զ. Վեցերորդ՝ որովհետեւ մենք առաքինութիւնները կ՚աւելցնենք, իսկ անոնք՝ [հրեշտակները] չեն կրնար, քանի որ մարմնական գործիք չունին:
Է. Եօթներորդ՝ որովհետեւ մենք մեր արեամբ կը գնենք արքայութիւնը, իսկ անոնք՝ [հրեշտակները] չեն կրնար արիւն հեղուլ եւ ո՛չ ալ գնելու, քանի որ մահ չունին եւ ո՛չ ալ՝ արիւն:
Ը. Ութերորդ՝ որովհետեւ մեզի համար հնարաւորութիւն կայ հրեշտակներուն դասին մօտիկ ըլլալ եւ անոնցմէ աւելի եւս ըլլալ, իսկ հրեշտակները մէկ ճգնաւորի պսակի չեն կրնար հասնիլ:
Թ. Իններորդ՝ քանի որ մենք Աստուծոյ ձեռքին մէջ ստեղծուած ենք, իսկ հրեշտակները՝ միայն խօսքով, ինչպէս եւ՝ անասունները:
Ժ. Տասերորդ՝ որովհետեւ Աստուած մեր բնութենէն մարմին առաւ եւ ոչ թէ հրեշտակներէն, այդ պատճառով Տէրը Ինք կ՚ըսէ՝ «աւելի իմաստուն», այսինքն՝ գերագոյն եւ բարձրագոյն է, քան անոնք, քանի որ բնութեամբ Աստուած է, իսկ հրեշտակները՝ անոր սպասաւորներն են:
Ի վերջոյ, երանի՜ թէ մենք ալ հնարամտութիւնը ունենանք զերծ մնալու ամէն տեսակի մեղքերէ, կառչիլ Աստուծոյ, ապաւինիլ ու հաւատալ Անոր, եւ ընթանալ այն ճանապարհով, որ դէպի յաւիտենականութիւն կը տանի, վայելելու Անոր ներկայութիւնը, եւ փառաբանելու համար զԻնք, Իր Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, յաւիտեանէ յաւիտեան։ Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ