ԱՐԺԱՆԻ՞ ԵՆՔ ՄԵՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ

Ըն­դա­մէ­նը մէկ շա­բաթ ա­ռաջ ե­թէ փո­ղո­ցը, աշ­խա­տա­վայ­րը կամ ո­րե­ւէ այլ տեղ հարց տա­յիր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րէն ոե­ւէ մէ­կուն, թէ ի՞նչ կ՚ը­նէ, ե­թէ պա­տե­րազ­մը վերսկ­սի Ար­ցա­խի մէջ, պա­տաս­խա­նը, խիստ բոր­բո­քած ու ջղա­յին, կ՚ըլ­լար մօ­տա­ւո­րա­պէս այս­պէս. «Այդ ղա­րա­բաղ­ցի՛­նե­րը թող եր­թան պաշտ­պա­նեն Ար­ցա­խը», «Ես Սեր­ժի հա­մար ոչ մէկ բան կ՚ը­նեմ. ին­քը ին­չո՞վ ին­ծի օգ­նեց որ…», «Թող ի­րենց՝ այդ շիշ­կե­քի լա­կոտ­նե­րը եր­թան կռուե­լու», «Այդ ԴԱՀԿ-ի տղա­քը թող եր­թան ճա­կատ. ես եր­կիր, հող պաշտ­պա­նեմ, որ­պէս­զի Միհ­րա­նը օֆֆ­շոր­նե­րու մէջ փո՞ղ կու­տա­կէ»: Եւ այլն, եւ այլն: Մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը կրնայ ա­ւե­լի սուր, ա­ռա­ւել բնո­րոշ օ­րի­նակ­ներ տալ: Ա­յո՛, ըն­դա­մէ­նը մէկ շա­բաթ ա­ռաջ մեր հա­սա­րա­կու­թեան, դժգոհ ու չա­րա­ցած, ա­ռիթ պէտք էր բնո­վե­լու թէ՛ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, թէ՛ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն, թէ՛ ղա­րա­բաղ­ցի­նե­րուն, թէ՛ մանր ու խո­շոր պաշ­տօ­նեա­նե­րուն ու մե­նաշ­նոր­հեալ պիզ­նես­մեն­նե­րուն: Դժգոհ ու ան­հան­դուր­ժող՝ նոյ­նիսկ հա­րե­ւա­նի ու բա­րե­կա­մի հան­դէպ՝ յոյ­սը դրած դէ­պի Ռու­սաս­տան կամ այ­լուր ծլկե­լու վրայ:

Բայց… Ապ­րի­լի 2-ին ար­դէն ա­մէն ինչ փո­խուե­ցաւ, կար­ծէք հրա­շիւք իմն: Բո­լո­րի հա­յեաց­քը թե­քուե­ցաւ դէ­պի մէկ ուղ­ղու­թիւն, դէ­պի Ար­ցախ, դէ­պի մեր տղա­նե­րը, դէ­պի մեր բա­նա­կը, մեր… Ե­րե­ւի Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մէն մին­չեւ Սար­դա­րա­պատ, մին­չեւ Վան ու Մու­սա լեռ այս­պէս է ե­ղած, այս­պէս է մեր ժո­ղո­վուր­դը բռնցքուած օր­հա­սի պա­հուն: Եւ ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այդ ե­ղած է թշնա­մի­ներն ու բա­րե­կամ­նե­րը զար­մաց­նող մեր գլխա­ւոր յատ­կու­թիւ­նը, ազ­գա­յին այս տա­րօ­րի­նակ ե­րե­ւոյ­թը, որ ըմբռ­նե­լը ոչ թէ դժուար, այլ ան­կա­րե­լի է, ան­գամ մե՛­զի հա­մար, ա­ռա­ւել եւս՝ մեր շատ ղե­կա­վար­նե­րու հա­մար…

Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին մենք եւ մեր հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը տե­սան ազ­գա­յին այդ ե­րե­ւոյ­թի տար­բեր դրսե­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնց մա­սին հե­տա­գայ է­ջե­րու մէջ դոյզն չա­փով կ՚անդ­րա­դառ­նան մեր աշ­խա­տա­կից­նե­րը, վեր­լու­ծա­բան­նե­րը, հե­տե­ւա­բար չեմ ու­զեր կան­խել զա­նոնք: Բայց կ՚ու­զեմ, ա­ռա­ւել եւս՝ կը ցան­կամ հարց տալ. ար­ժա­նի՞ ենք մեր անն­ման հե­րոս­նե­րուն, մա­հուան աչ­քե­րուն նա­յող մեր քա­ջա­րի զի­նուոր­նե­րուն, ա­նոնց ա­րեան, ա­նոնց մա­տաղ կեան­քին, ա­նոնց ծնող­նե­րուն եւ առ­հա­սա­րակ մեր ժո­ղո­վուր­դին:

Երբ մեր երկ­րի ու ժո­ղո­վուր­դի դէմ նիւ­թուած դա­ւադ­րու­թիւն­ներն ու սադ­րանք­նե­րը գէթ ո­րոշ ժա­մա­նա­կով կանգ առ­նեն, թող վստահ ըլ­լան մեր ղե­կա­վար­նե­րը, փտա­ծու­թեամբ յատ­կան­շուող պաշ­տօ­նեա­նե­րը, մեզ հարս­տա­հա­րող սե­փա­կան պիզ­նես­մեննե­րը, խար­դախ­ներն ու յու­սալ­քու­թեան մատ­նող­նե­րը, որ միեւ­նոյն դժգո­հու­թիւնն ու չա­րա­ցա­ծու­թիւ­նը, որ կար Ապ­րի­լի 2-էն ա­ռաջ, դար­ձեալ պի­տի բոր­բո­քուի, ա­ւե­լի՛ կա­տա­ղի ձե­ւով, ա­ւե­լի յու­սա­հատ ու բո­լո­րիս հա­մար կոր­ծա­նա­րար:

Մենք ու­նե­ցած ենք նման պա­հեր ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ, երբ մեր հա­ւա­քա­կան ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը զոհ դար­ձած է ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու, ան­պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան, փնթի կա­ռա­վար­ման, «մեր դէմ խաղ չկայ» կար­գա­խօս­նե­րու: Պէտք չէ թոյլ տալ նոյ­նի կրկնու­թիւ­նը այժմ, երբ կրկին բարձ­րա­ցած է հա­մազ­գա­յին ո­գե­ւո­րու­թեան ա­լի­քը: Ճիշդ է՝ կո­րուստ­նե­րու եւ ար­ցունք­նե­րու մէ­ջէն, բայց բարձ­րա­ցա՛ծ է: Մնանք այդ բարձ­րու­թեան վրայ ընդ­միշտ:

Մեր ժո­ղո­վուր­դը իս­կա­պէս ար­ժա­նի է ա­ւե­լի լաւ կեան­քի: Ա­պա­ցոյց՝ մեր հե­րոս­նե­րը, մեր նա­հա­տակ­նե­րը:

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

«Ազգ»
Արեւմտահայերէնի վերածուած

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016