ԱՔՍՈՐԷՆ ԵՏՔ
Այս օրերուն Երեւանը լարուած վիճակի մէջ է: Անհնազանդութեան ցոյցերն ու բողոքի գործողութիւնները՝ իշխանական նոր կարգին դէմ, թափ առած եւ ընդրգկած են Երեւանի ողջ կեդրոնն ու մերձակայ տարածքները:
Նախօրօք ծրագրուած կարգ մը ձեռնարկներ, որոնք տեղի պիտի ունենային այս օրերուն, անորոշ ժամանակով յետաձգուած կամ ջնջուած են, իսկ տարուան այս շրջանին սովորաբար մայրաքաղաքի մշակութային կեանքը շատ եռուն կ՚ըլլայ, ձեռնարկներն ու մշակութային տօները՝ բազմազան:
Որոշ մշակութային կազմակերպութիւններ նախընտրեցին չջնջել նախօրօք ծրագրուած ձեռնարկները եւ իրենց ժամանակացոյցերը չխանգարեցին՝ փողոցներուն մէջ ընթացող զանգուածային ցոյցերուն պատճառով:
Մինչ Բաղրամեան պողոտան գոց էր փշալարերով եւ ցուցարարները աղմուկ բարձրացուցած էին փողոցին սկիզբը, ճիշդ նոյն օրը, նոյն շրջանին Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ, դասախօսութիւն մը տեղի կ՚ունենար, որ հակառակ փողոցներուն փակ ըլլալուն, հաւաքած էր բազմաթիւ ունկնդիրներ:
Դասախօսութեան նիւթն էր՝ Աւետիք Իսահակեանը՝ աքսորի տարիներուն, իսկ բանախօսը՝ թանգարանի երիտասարդ աւագ գիտաշխատող Սոնա Խեչիկեան:
Ան մանրամասնօրէն ու հետաքրքրական կերպով ներկայացուց մեծ գրողին աքսորը դէպի Ուքրայնոյ Օտեսա քաղաքը, ուր Իսահակեան աքսորուած էր որպէս ցարական միապետութեան դէմ պայքարող «Ընդյատակեայ յեղափոխական կազմակերպութիւններ»ու անդամ: Օտեսայի մէջ ան, որոշ ժամանակ, բնակած է տան մը մէջ, որուն պատին, վերջերս, 2017-ի Մայիսին, յուշատախտակ մը տեղադրուեցաւ, ուր արձանագրուած է, թէ՝ Պունինի փողոցին, թիւ 24 տան մէջ, բնակած է հայ մեծ բանաստեղծը: Դասախօսութեան ժամանակ ցուցադրուեցաւ նաեւ յուշատախտակին նկարը՝ Օտեսայէն հասած:
Ներկաները դիտեցին նաեւ ժապաւէն մը՝ յուշատախտակի տեղադրման մասին:
Բանախօսը տեղեկացուց, որ թէ՛ այս աքսորի, թէ՛ այլ միւս աքսորի տարիներուն Իսահակեան երբեք չէ դադրած ստեղծագործելէ։ Անոր կամքը միշտ զօրաւոր եղած է, ոգին՝ արթուն, միտքն ալ՝ սթափ:
Ծնած ըլլալով Ալեքսանդրապոլ քաղաքին մէջ, Աւետիք Իսահակեանի մանկութիւնը անցած է Շիրակի մարզի Ղազարապատ գիւղին մէջ, որ այսօր, գրողին պատ-ւին կը կոչուի՝ Իսահակեան: Հոն յիշատակի վայրեր կան նուիրուած գրողին, իսկ մօտակայ Կիւմրի քաղաքին մէջ կը գործէ Իսահակեանի յուշատունը:
Հարուստ քաղաքական եւ ստեղծագործական կեանք մը ունեցած է Իսահակեան, որուն մանրամասնութիւնները ներկայացուեցան գրողին աքսորին մասին դասախօսութեան ընթացքին:
Իր նախնական կրթութիւնը Իսահակեան ստացած է Ալեքսանդրապոլի մէջ եւ Հառիճի վանքը, ուսանած է նաեւ Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ: Բաւական նիւթեր, վկայութիւններ կան անոր ճեմարանական կեանքին մասին, որու ընթացքին գրողը ուսանած է անուանի մարդոց հետ: 1893 թուականին ան Գերմանիոյ Լայպցիք քաղաքը, իբրեւ ազատ ունկնդիր, ընդունուած է համալսարան, իսկ երբ վերադարձած է հայրենիք, այդ ժամանակ սկսած է անոր քաղաքական գործունէութիւնը: Անդամագրուած է ՀՅԴ-ին: Զբաղած է ազգային-ազատագրական պայքարի քարոզչութեամբ, դրամահաւաքներ կազմակերպած է, կամաւորական խումբեր կազմած է… Անոր առաջին ձերբակալութիւնը եղած է 1896 թուականին, երբ մէկ տարի պահուած է Երեւանի նահանգային բանտէն ներս: Մէկ տարի յետոյ լոյս տեսած է անոր բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածոն: Սակայն գրական գործունէութեան զուգահեռ չէ դադրած քաղաքական գործունէութիւնը եւ 1898 թուականին ան կրկին ձերբակալուած է եւ այն ժամանակ է, որ աքսորուած է Օտեսա:
Վերադառնալէ ետք Աւետիք Իսահակեան որոշ ժամանակ բնակած է Թիֆլիզ, ուր 1908-ի Դեկտեմբերին, ի թիւս 158 հայ յառաջադէմ մտաւորականներու, Իսահակեան ձերբակալուած է «դաշնակցութեան գործով» եւ կէս տարի Թիֆլիզի Մետեխի բանտին մէջ մնալէ ետք, խոշոր գրաւով ազատած է կալանքէն։
Ձերբակալութիւններու այս շարքի պատճառաւ Կովկասի մէջ մնալը այլեւս անհնար էր, եւ 1911-ին Իսահակեան տարագրուած է արտասահման՝ ապրելով Գերմանիա, Թուրքիա, Զուիցերիա, Իտալիա, Ֆրանսա, եղած է նաեւ Յունաստան: Արտասահմանի մէջ ան նոյնպէս բուռն գործունէութիւն ունեցած է: Երկար տարիներ բնակելով, այդ ընթացքին անգամ մը Հայաստան այցելած է եւ 1936 թուականին վերջնականապէս վերադարձած է հայրենիք, ուր իր ստեղծագործական կեանքի ամենէն յատկանշական շրջանը անցուցած է՝ ընդունուելով եւ սիրուելով հայրենի ժողովուրդին կողմէ, արժանանալով կոչումներու, փառքի եւ գնահատանքի:
Աքսորներու կազմակերպիչները փորձած են կոտրել գրողի ոգին, սակայն անոր ունեցած գրական հարուստ գործունէութիւնը կը վկայէ, որ Իսահակեան ոչ մէկ բանէ ընկճուած է, հակառակ, որ իր բանաստեղծութիւններու եւ գրութիւններու մէջ տառապանքի, հայրենիքի ունեցած ցաւի եւ ժողովուրդի ծանր ապրումներու նիւթը անպայման կայ:
Իսահակեանի աքսորի տարիներուն մասին նիւթը ունկնդրելէ ետք, բանախօսութեան մասնակիցները զբօսնեցին տուն-թանգարանի սենեակներուն մէջ, առանձնատան այգիին մէջ, ուր ամէն ինչ կը շնչէ հայ մեծ բանաստեղծին ոգիով: Այգիին մէջ քարէ նստարան մը կայ, ուր գրողը կը սիրէր նստիլ երեկոյեան ժամերուն, այդ նստարանի պատմութիւնն իսկ, ինչպէս այս թանգարանին մէջ ամէն ինչ, ինքնատիպ է եւ ակնածալի: Նստարանին պատմութիւնը, ինչ որ կը պատմէ թանգարանին աշխատակիցը, հետեւեալն է.
Յովհաննէս Թումանեանին դուստրը՝ Թամարը, որ մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ էր, յաճախ կ՚այցելէր Աւետիք Իսահակեանին տունը: Այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին Իսահակեան կը յայտնէ բակին մէջ նստարան ունենալու իր ցանկութեան մասին: Թամարը գրողին այս ցանկութիւնը ի կատար կ՚ածէ բանաստեղծին ծննդեան 80-ամեակին: Թումանեանի դստեր առաջարկութեամբ Հայաստանի Ճարտարագէտներու միութիւնը, տաղանդաւոր ճարտարագէտ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի նախագիծով, տուֆակերտ նստարան մը կը նուիրուէ Իսահակեանին: Ճարտարագէտները իրենք անձամբ կը բերեն նստարանը: Անիկա կը դրուի տան բակը՝ թթենիին տակ: Իսահակեան սովորապէս իր այգին գիշերով կը ջրէր, որմէ ետք կը նստէր եւ կ՚անրջէր այդ նստարանին, որ բացի նստարան ըլլալէ, ճարտարապետական եւ պատմական արժէք ունի: Առանձնատան մուտքին երկու կողմը ծաղկոցներ կան, սրբութեամբ պահպանուած է այգին, խնամուած են գրողին ձեռքով տնկուած բազմամեայ ծառերը:
Իր կեանքին վերջին տասը տարին Աւետիք Իսահակեան բնակած է այս առանձնատան մէջ, որ 1963-ին է, որ պետական որոշումով վերածուած է թանգարանի:
1945 թուականին, բանաստեղծին ծննդեան 70-ամեակին առթիւ, Հայաստանի կառավարութիւնը Աւետիք Իսահակեանին առանձնատուն նուիրելու որոշում մը ընդունած է: Շէնքը կառուցուած է ճարտարապետ Պերճանոյշ Մսըրեանի նախագիծով, Իսահակեանի ցանկութեամբ՝ սրբատաշ սեւ տուֆ քարով: Անիկա երկյարկանի կառոյց մըն է, որ իր արտաքին տեսքով կը յիշեցնէ հայկական մատուռը՝ եռանկիւն գմբէթով, մուտք-գաւիթով: Այս շէնքը այժմ ներառուած է Կեդրոն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ: Տուն-թանգարանի վերածուելէն ետք շէնքը մասնակիօրէն փոխուած է. երկրորդ յարկի յետնամասը կառուցուած են մեծ սրահ մը եւ աշխատասենեակներ, տան փայտէ պատշգամը եւ սանդուխները քարապատուած են։
Թանգարանին ամենանուիրական հատուածը, անշուշտ, բանաստեղծին աշխատասենեակն է, ուր տեղադրուած է Իսահակեանի հնօրեայ գրասեղանը, Վարպետին համար յատուկ պատրաստուած բազմոցը։ Գրասեղանին վրայ կան բանաստեղծին ձեռագրերը, անոր կարդացած վերջին օրաթերթերը, անդին՝ գիրքերը, հարազատներուն լուսանկարները եւ անձնական իրերը՝ գրիչը, ակնոցը, ձեռքի համրիչ-տէրողորմեան եւ այլ իրեր։ Իր կեանքի վերջին տասը տարիներուն ան ստեղծագործած է այդ գրասեղանին առջեւ եւ կ՚ըսեն, որ կը նախընտրէ աշխատիլ մանաւանդ գիշերները, երբ տան մէջ բոլորը քնացած էին, եւ ոչ ոք կը խանգարէր զինք:
Տուն-թանգարանին հպարտութիւնն է բանաստեղծին անձնական գրադարանը, որ կահաւորուած է դասական ոճով եւ հարուստ է դասական գրականութեան ընտիր նմոյշներով: Մեծագոյն ակնածանքով թանգարանը կը պահէ ու կը պահպանէ մեծ բանաստեղծին ինքնագրերը, որոնք հաւաքածոյի ամենէն արժէքաւոր մասն են: Ատոնք նամակներ են, ստեղծագործական մտայղացումներ, անտիպ գրառումներ, առանձին թուղթեր: Այդ ձեռագրերը Վարպետի ստեղծագործ մտքի ու հոգիի արգասիքն են, որոնք առաւել ամբողջական պատկերացում կու տան Իսահակեան բանաստեղծի, քաղաքացիի, մտածողի աշխարհընկալման եւ ստեղծագործական աշխատանքի մասին։
Անոր բոլոր ձեռագրերը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանէն ներս կը մշակուին, թանգարանի մէջ կը վերծանուին, կը թուայնացուին եւ կը պահուին թթուայնութիւն չունեցող յատուկ թուղթերու մէջ: Թուղթերու վերականգնման միջոցներով կը բուժուին հիւանդ, հնամաշ գիրքերն ու գեղանկարները: Այն ամէնը, ինչ որ կրնայ ժամանակի աւերիչ փորձութեան ենթարկուիլ, այստեղ մեծ հոգածութեան առարկայ է:
Շատ հազուագիւտ գիրքերու օրինակներ այսօր Հայաստանի մէջ կարելի է գտնել միայն Իսահակեանի գրադարանին մէջ: Գիրքերու մէկ մասը հայ մեծ երախտաւորներու մակագրութիւններով են: Անձնական գրադարանի շատ գիրքեր կը կրեն բանաստեղծի ինքնագիրը, բազմաթիւ են գիրքերու լուսանցքներու վրայ անոր կատարած մատիտանշումները:
Թանգարանի յուշասենեակներէն է Վարպետին հիւրասենեակը, ուր գտնուող գեղանկարները հայ նկարիչներուն նուէրներն են Իսահակեանին։ Ատոնց կարգին են Մարտիրոս Սարեանի՝ Վարպետի դիմանկարը (որ նկարուած է ածուխով), Գէորգ Բաշինճաղեանի «Էջմիածին վանքի լճակը» կտաւը, Փանոս Թերլեմեզեանի «Հայ աղջնակի դիմանկարը» եւ այլ գեղարուեստական արժէք ներկայացնող նկարներ։ Հիւրասենեակին մէջ կախուած է նաեւ «Սասունցի Դաւիթ» անունով գորգը, որ Իսահակեան նուէր ստացած է Հայաստանի կառավարութենէն՝ իր ծննդեան 65-ամեակին: Գորգը յատուկ Իսահակեանի համար գործուած է, եւ կ՚առանձնանայ անով, որ չմանուած բուրդի թելերով գործուած է:
Թանգարանին յուշերու մասը կ՚եզրափակէ ննջարանը՝ պարզ ու համեստ կահաւորանքով։ Ննջարանին մէջ կան անոր գիշերազգեստն ու հողաթափերը, որոնք բանաստեղծը հագած է կեանքին վերջին տարիներուն: Իսահակեանի հրապարակուած լուսանկարներէն մեզի ծանօթ գիշերազգեստը խնամքով ծալուած-կախուած է մահճակալին քովը դրուած աթոռին, իսկ հողաթափերը՝ մահճակալին քով, հին գորգին վրայ: Ննջասենեակին մէջ ցուցադրուած է նաեւ Իսահակեաններու ընտանիքին սիրելի սկուտեղը, որ Փարիզէն բերուած է: Այդ սկուտեղով բանաստեղծին կինը՝ Սոֆին, սիրելի ամուսնոյն ամէն առտու սուրճ մատուցած է: Իսահակեան շատ սիրած է մանաւանդ կաթով սուրճը, որ խմելու սովորոյթը արտասահմանէն բերած է: Ի դէպ, սուրճին առընչուող իրեր կան ցուցադրուած նաեւ Աւետիք Իսահակեանի՝ Կիւմրի քաղաքը գտնուող միւս տուն-թանգարանին մէջ:
Բանաստեղծին երեւանեան տան մէջ նուիրական ուրիշ իր մըն է Իսահակեանին մօրը շալը եւ նաեւ լուսանկարը, որ, ըստ վկայութիւններուն, Վարպետը իրեն հետ տարած է ամէնուր: Արտասահման ապրելու տարիներուն նոյնպէս լուսանկարը Վարպետին աշխատասենեակին կամ ննջարանին մէջ փակցուած է: Իսկ Երեւանի մէջ վերջին տարիներուն Իսահակեանը լուսանկարը կախած է ննջասենեակը եւ մօր պատկերը իրեն ուղեկցած է մինչեւ կեանքին աւարտը:
Հին սարքեր ալ կան պատմական այս տան մէջ, ինչպէս՝ նուագարկիչը, հին ոճով, սեւ-ճերմակ, շատ փոքր պաստառով հեռատեսիլը: Թանգարանին աշխատակիցը կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ առաջիններէն էր Իսահակեաններու ընտանիքը, որ հեռատեսիլ ունէր: Գրողին թոռը՝ Աւիք Իսահակեանը, իր վկայութիւններուն մէջ կը յիշէ, որ ընկերներուն հետ յաճախ կու գային տուն՝ հեռատեսիլ դիտելու: Անգամ մը ընկերներով կը դիտէին հարաւ-սլաւական «Կանա» շարժանկարը, որուն ընթացքին համբոյրի տեսարան մը եղած է: Իսահակեանը մինչ այդ տեսարանը՝ երիտասարդներուն հետ դիտած է շարժանկարը, ապա պատշգամ ելած, ծխախոտ մը վառած եւ մտախոհ ըսած. «Այս արկղը օր մը մեր երեխաները կը փճացնէ»:
Տուն-թանգարանին մէջ երեք ցուցասրահներ յատկացուած են Իսահակեանի կեանքին ու ստեղծագործութեան լուսաբանման: Կը ցուցադրուին նմոյշներ ձեռագրերէն, կարգ մը անձնական իրեր, կարեւոր վաւերագրեր, լուսանկարներ եւ այլն:
Ամէն մէկ իր սիրելի եղած է Աւետիք Իսահակեանի համար, քանի որ ամէն մէկ իրի մէջ արժէքաւոր պատմութիւն մը կայ, կան յիշատակներ, որոնք անկրկնելի են: Եւ նման անգին յիշատակներէն է նաեւ արձանիկը, որ Իսահակեանին ղրկած է Եղիշէ Չարենց եւ որ նոյնպէս սրբութեամբ կը պահուի թանգարանէն ներս: Չարենցի դէմ սկսած հալածանքներէն ու կալանքներէն յետոյ երկու մեծ հայ գրողները չեն դադրած իրարու հանդիպելէ: Չարենցը կեանքի վերջին ամիսներուն տնային կալանքի տակ էր, իսկ Աւետիք Իսահակեանն ու անոր ընտանիքի անդամները կը փորձէին կապը պահել: Իսահակեանի հարսը՝ դերասանուհի Պելլա Իսահակեան, ձերբակալութենէն առաջ կ՚երթայ Չարենցին տեսակցութեան, հանդիպման աւարտին Չարենց կը խնդրէ քիչ մը սպասել: Ան իր սեղանէն կը վերցնէ չինական օճառաքարէ արձանիկն ու գամով անոր տակ կը փորագրէ. «Սիրելի Աւետիքին, Չարենց , 24 / VI 1937 թ.»:
Թանգարանին մէջ կայ այլ սեղանի մը վրայ ցուցադրուած ուրիշ արձանիկ մը, որ նոյնպէս Իսահակեանի պաշտելի իրերէն եղած է. աղջիկը եղնիկին հետ այդ արձանիկը միշտ անոր աչքի առջեւ եղած է: Երբ Իսահակեան կը նստէր գրասեղանի առաջ աշխատելու, ձեռքի համրիչը կը կախէր աղջկան վիզէն: Իսահակեանի լուսանկարներու մէջ արձանիկը միշտ աշխատասեղանին վրայ է:
Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը մայրաքաղաքին այն մշակութային կեդրոններէն է, ուր ամէն օր միջոցառում կայ: Օրեր առաջ Վարպետին տուն-թանգարանին մէջ, Ֆրանսախօսութեան երկամսեակին ծիրէն ներս տեղի ունեցան նաեւ գրական ընթերցումներ՝ «Ֆրանսական քերթողութիւնը՝ Աւետիք Իսահակեանի անձնական գրադարանին մէջ», ինչպէս նաեւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւն՝ «Իսահակեանի անձնական գրադարանի ֆրանսերէն դասական գրականութիւնը» խորագրով: Ներկայացուած էին գրողին ունեցած ֆրանսերէն գիրքերը եւ այն դերը, որ ֆրանսական գրականութիւնը ունեցած է անոր ստեղծագործական կեանքին վրայ:
Ընթերցումներէն եւ ելոյթներէն վերջ, Հայ-ֆրանսական խոհարարական կեդրոնի սաները պատրաստեցին եւ ներկաները հիւրասիրեցին Աւետիք Իսահակեանի սիրած ֆրանսական անուշեղէնով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ